Category: Լիբանանեան
Հրդեհներու Հսկայ Ալիք Մը Հարուածեց Աքքարի Անտառները
Նախանցեալ գիշեր Աքքարի անտառները հարուածեց հրդեհներու հսկայ ալիք մը, որ հրկիզեց Այեաթի, Տուրայի եւ Պայնոյի սնոպրիի անտառները: Երէկ առաւօտեան վերոնշեալ շրջաններուն մէջ բռնկած հրդեհը աւելի եւս սաստկացաւ եւ անոր բոցերը ... Շարն.
Ռաատ. «Սուրիոյ, Լիբանանի, Եգիպտոսի Եւ Թունուզի Մէջ Պատահածը Կը Միտի Տկարացնել Եւ Պառակտել Արաբ Ազգը»
Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատ յայտնեց, որ Սուրիոյ, Լիբանանի, Պաղեստինի, Եգիպտոսի, Թունուզի եւ Լիպիոյ մէջ պատահածը կը միտի տկարացնել եւ պառակտել արաբ ազգը, ինչպէս նաեւ անոր մէջ ... Շարն.
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆԸ հինգշաբթի, 3 յուլիս 2014-ին, վարչապետարանին մէջ պիտի գումարէ իր նիստը: Այս շրջագիծին մէջ վարչապետ Թամմամ Սալամ արդէն իսկ կառավարութեան նիստին օրակարգը բաժնած է: «ՏԻԱՐ» օրաթերթին համաձայն, այս շաբթուան ընթացքին ... Շարն.
Ռաշիտ Սոլհ Ոչ Եւս Է
Ռաշիտ Սոլհ Նախկին վարչապետ Ռաշիտ Սոլհ երէկ երեկոյեան մահացաւ, յետ երկարատեւ հիւանդութեան: Ռաշիտ Սոլհ ծնած է 1926-ին. ան երկու անգամ նշանակուած է վարչապետ: Առաջին անգամ 31 հոկտեմբեր 1974-ին, եւ այդ ... Շարն.
Պըրրի – Հէյլ Հանդիպում
Հէյլ եւ Պըրրի Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տէյվիտ Հէյլը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը եւ շրջանը յուզող իրադարձութիւնները: Միւս կողմէ, Պըրրի յայտնեց, ... Շարն.
Միւֆթի Քապպանի Զգուշացուց Պայթումներու Շարունակութենէն
Հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Մոհամետ Ռաշիտ Քապպանի երէկ Տար Ֆաթուայէն փոխանցեց ռամատանի առիթով իր պատգամը, որուն մէջ շեշտեց, որ նախագահական աթոռին թափուր մնալը արտասովոր է եւ այդ առնչութեամբ պէտք է անմիջական ... Շարն.
Երեսփոխան Միշել Հըլու Ոչ Եւս Է
Միշել Հըլու Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Միշել Հըլու երէկ մահացաւ, յետ երկարատեւ հիւանդութեան: Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն գուժեց Հըլուի մահը: Հըլուի յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի ... Շարն.
«Ահաբեկչութիւնը Ոչ Մէկ Քաղաքացիութեան Հետ Կապ Ունի Եւ Հանրային Կարծիքը Շեղելը Ամօթ Է» Շեշտեց Ապպաս Իպրահիմ
Ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք շաբաթավերջին նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմը, որ անդրադարձաւ կարգ մը լրատուամիջոցներուն կողմէ դիտումնաւոր կերպով լիբանանեան հանրային կարծիքին ուշադրութիւնը շեղելու ... Շարն.
Խոստովանութիւններու Իբրեւ Արդիւնք` Բանակը Ֆնայտեքի Մէջ Կը Գրաւէ Զէնքի Պահեստանոց Մը
Լիբանանեան բանակի հրամանատարութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ ձերբակալեալ Մահմուտ Խալետի հետ կատարուած հարցաքննութիւնը փաստած է, թէ Աքքարի Ֆնայտեք գիւղին մէջ կը գտնուի զէնքի եւ զինամթերքի պահեստանոց մը: ... Շարն.
Պասիլ Ընդունեց Իրանի Դեսպանը
Պասիլ եւ Ֆաթհ Ալի Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլ երէկ Պուսթրոս պալատին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Մոհամետ Ֆաթհ Ալին, որուն հետ քննարկեց տեղական եւ ... Շարն.
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Քամել Ռիֆայի յայտնեց, որ Հըզպալլա տակաւին կը զօրակցի Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի նախագահական թեկնածութեան, որուն մասին սակայն Սէուտական Արաբիա կը ... Շարն.
«Կրցանք Բացայայտել Մեր Թշնամիներուն Ահաբեկչական Ծրագիրները Եւ Ձախողեցուցինք Անոնց Նպատակները» Շեշտեց Վարչապետ Սալամ
Վարչապետ Սալամ Կառավարութիւնը երէկ կէսօրէ առաջ վարչապետարանին մէջ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ վարչապետ Թամմամ Սալամի: Նիստէն ետք վարչապետ Սալամ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին շեշտեց, որ Լիբանանի եւ Ծոցի երկիրներուն ... Շարն.
Պըրրի Խորհրդարանը Հրաւիրեց Նախագահական Ընտրութեան Նիստի Մը
Քուէյթեան պատուիրակութիւնը եւ Պըրրի Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ խորհրդարանը հրաւիրեց նախագահական ընտրութեան նիստի մը, որ պիտի գումարուի չորեքշաբթի, 2 յուլիս 2014-ին: Միւս կողմէ, Այն Թինէի մէջ Պըրրի ընդունեց Արաբական տնտեսութեան ... Շարն.
Հարիրի-Քերրի Հանդիպում
Հարիրի եւ Քերրի Նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ Փարիզի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրիի հետ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները` լուսարձակի տակ ... Շարն.
Ժոմպլաթ Վերադարձաւ Պէյրութ
Ժոմպլաթ եւ Քուէյթի իշխանը Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ, որ մեկնած էր Քուէյթ, ընկերակցութեամբ` կուսակցութեան փոխնախագահ Տորէյտ Եաղիի, առողջապահութեան նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուրի եւ նախագահական ընտրութեան թեկնածու, երեսփոխան ... Շարն.
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն Ռապիէի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի մէջ Պելճիքայի դեսպան Քոլեթ Թաքիէի հետ, ներկայութեամբ` Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան դիւանագիտական յարաբերութիւններու պատասխանատու Միշել ... Շարն.
Ներքին Ապահովութեան Ուժերու Տեղեկահաւաքի Բաժանմունքը Խուզարկեց Այլ Պանդոկ Մը
Ներքին ապահովութեան ուժերու տեղեկահաւաքի բաժանմունքը երէկ Ռաուշէի մէջ գտնուող «Ռամատա» պանդոկը (նախապէս` «Սաֆիր» պանդոկ) խուզարկեց` ձերբակալելու համար ահաբեկչական արարքներ գործած կարգ մը յանցագործներ եւ կասկածելիներ: Տեղեկահաւաքի բաժանմունքին մաս կազմող հսկայ ... Շարն.
Սինիորա. «Լիբանանի Ապահովութիւնը Վտանգի Ենթարկող Կողմերը Ապօրինի Զէնք Կրողներն Են»
Հէյլ եւ Սինիորա Նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորա երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տէյվիտ Հէյլը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս` նախագահական ընտրութիւն կատարելու կարեւորութիւնն ու երկիրը ցնցող ապահովական ... Շարն.
Պէյրութ. Ռաուշէի «Տիւրոյ» Պանդոկին Մէջ Անձնասպանական Գործողութեան Հեղինակ Մը Ինքզինք Կը Պայթեցնէ
Մէկ շաբթուան մէջ երրորդը... Անակնկալներու կամ նուաճումներու մասին չէ խօսքը, ոչ ալ քաջագործութիւններու կամ հերոսական արարքներու, այլ` ահաբեկչութեան, պայթումներու, անձնասպանական գործողութիւններու եւ անոնց յաջորդող սովորական «արարողութիւններուն», սկսեալ` պայթումին վայրի շրջափակումէն, ... Շարն.
Բանակը Ձերբակալեց Ահաբեկչական Բջիջ Մը, Որ Կը Ծրագրէր Սպաննել Հիւսիսային Լիբանանի Ականաւոր Զինուորականներէն Մէկը
Ապտել Քերիմ Հոտրոժ Լիբանանեան բանակի գաղտնի սպասարկութիւնը երէկ ձերբակալեց եւ հարցաքննեց ահաբեկչական բջիջ մը, որուն մաս կը կազմէին Ուասիմ Քաս եւ անոր եղբայրները` Տանի եւ Ուիսամ, Ամժատ Խաթիպ եւ Նեպիլ ... Շարն.

