Category: Միջազգային
ԼԱԹՎԻԱՑԻ ՔՈՒԷԱՐԿՈՂՆԵՐԸ ՄԵՐԺԵՑԻՆ ՌՈՒՍԵՐԷՆԸ ՊԵՏԱԿԱՆ ԵՐԿՐՈՐԴ ԼԵԶՈՒ ՀՌՉԱԿԵԼԸ
Լաթվիոյ մէջ ռուսերէնի պետական երկրորդ լեզու հռչակման շուրջ հանրաքուէին մասնակից լաթվիացի քուէարկողներուն 80 առ հարիւրը մերժեցին այդ գաղափարը: Հանրաքուէին, որ կազմակերպուած էր Լաթվիոյ մէջ ապրող ռուսերուն կողմէ, մասնակցեցան աւելի քան ... Շարն.
ՔՐԵՄԼԻՆ ՀԱՄԱԽՈՀԱԿԱՆ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԻ՞ՒՆ ՊԻՏԻ ՁԵՒԱՒՈՐԷ
«Իզվեսթիա» օրաթերթը, վկայակոչելով ռուսական Տումայի Սփրավետլիվայա Ռոսիա խմբակցութեան անանուն մէկ անդամը, կը հաղորդէ, որ Քրեմլին ապագայ կառավարութեան կազմին վերաբերեալ խորհրդարանական կուսակցութիւններուն հետ նախնական խորհրդակցութիւններ կը կատարէ: Վերջերս Ռուսիոյ նախագահ Տմիթրի ... Շարն.
«ԴԱՄԱՍԿՈՍԻ ԵՒ ՀԱԼԷՊԻ ԱԿԱՆԱՀԱՐՈՒՄՆԵՐԸ ԿԱՏԱՐԱԾ ԿՈՂՄԸ ԻՐԱՔԻ ՄԷՋ ՔԱՅԻՏԱՅԻ ԹԵՒՆ Է» Կ՛ԸՍԷ «ՍԻ. ԱՅ. ԷՅ.»-Ի ՏՆՕՐԷՆԸ
ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովը հինգշաբթի երեկոյեան 137 թեր, 12 դէմ եւ 17 ձեռնպահ քուէներով որդեգրեց Սուրիոյ հարցով բանաձեւ մը, որ սուրիական վարչակարգին կոչ կ՛ուղղէ անմիջապէս վերջ տալու ընդդիմադիրներուն դէմ բռնարարքներուն եւ ... Շարն.
ԸՍՏ ՓԵՆԹԱԿՈՆԻ ՀԵՏԱԽՈՒԶԱԿԱՆ ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ ՏՆՕՐԷՆԻՆ ԻՐԱՆ ՊԱՏՐԱՍՏ Է ՊԱՏԱՍԽԱՆ ՀԱՐՈՒԱԾ ՀԱՍՑՆԵԼՈՒ, ՍԱԿԱՅՆ ԱՌԱՋԻՆԸ ՊԻՏԻ ՉՅԱՐՁԱԿԻ
«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութեան հետախուզական ծառայութեան տնօրէն զօր. Ռանըլտ Պըրկես Միացեալ Նահանգներու ծերակոյտին մէջ լսումներու ժամանակ յայտարարած է, որ Իրան իր վրայ յարձակման պարագային ... Շարն.
ԻՍՐԱՅԷԼ ԿԻՊՐՈՍԻ ՄԷՋ ՌԱԶՄԱԿԱՅԱ՞Ն ՊԻՏԻ ՀԻՄՆԷ
Թրքական «Միլլիյէթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու Կիպրոս իր այցելութեան ընթացքին Կիպրոսի նախագահ Տիմիթրիս Խրիսթոֆիասի հետ ստորագրած է համաձայնագիր մը, որուն հիմամբ իսրայէլեան բանակի ցամաքային ուժերը եւ ... Շարն.
ԻՏԱԼԻՈՅ ՎԱՐՉԱՊԵՏԸ Կ՛ՈՒԶԷ, ՈՐ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ՀԱՐԿԵՐ ՎՃԱՐԷ
«Պի.Պի.Սի.» կը հաղորդէ, որ Եւրոպական յանձնաժողովը ողջունած է Իտալիոյ վարչապետ Մարիօ Մոնթիի այն ծրագիրը, ըստ որուն, Իտալիոյ տարածքին եկեղեցական անշարժ գոյքերը պէտք է հարկի ենթարկուին: Այս քայլը Իտալիոյ տարեկան լրացուցիչ ... Շարն.
26 ՓԵՏՐՈՒԱՐԻՆ ՆՈՐ ՍԱՀՄԱՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ՇՈՒՐՋ ՀԱՆՐԱՔՈՒԷ. ՄԱԿ-Ի ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԺՈՂՈՎԸ ԱՅՍՕՐ ԿԸ ՔՆՆԱՐԿԷ ՍՈՒՐԻՈՅ ՇՈՒՐՋ ԲԱՆԱՁԵՒ ՄԸ
Քուէյթեան «Քունա» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Ռուսիա երեքշաբթի գիշեր Սուրիոյ հարցով ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովին ներկայացուած արաբական բանաձեւին բարեփոխումներ ներկայացուց: Դիւանագիտական աղբիւր մը լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովը այսօր ... Շարն.
ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԲԱՆԱԿԻ ՍՊԱՅԱԿՈՅՏԻ ՆԱԽԿԻՆ ՊԵՏԸ ՑԿԵԱՆՍ ԲԱՆՏԱՐԿՈՒԹԵԱՆ ԴԱՏԱՊԱՐՏՈՒԵՑԱՒ
Պոլսոյ մէկ դատարանը որդեգրեց Թուրքիոյ բանակի սպայակոյտի նախկին պետ զօր. Իլքեր Պաշպուղը խստացուած համակարգով ցկեանս բանտարկութեան դատապարտելու մասին մեղադրական հռչակագիրը: Անցեալ ամիս Պոլսոյ 13-րդ դատարան ներկայացուած մեղադրական հռչակագիրին մէջ Պաշպուղ ... Շարն.
ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԷՋ ԽԱՂԱՂԱՊԱՀ ՈՒԺԵՐ ՏԵՂԱԿԱՅԵԼՈՒ ԳԱՂԱՓԱՐԸ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿԷ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄԻ ԱՌԱՐԿԱՅ ԴԱՌՆԱԼ
Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան ազրպէյճանական պետական պատկերասփիւռի կայանին հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատին կոչ ուղղեց իշխանութենէն հեռանալու` նշելով, որ Ասատ սխալ ուղղութեամբ կ՛ընթանայ: Ան շեշտեց, ... Շարն.
ԻՍՐԱՅԷԼ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՄԷՋ ԶԵՏԵՂՈՒԱԾ ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ ՌԱՏԱՐԻՆ ՕԺԱՆԴԱԿՈՒԹԵԱՄԲ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄԻ ԴԻՊԱՇԱՐ ՄԸ ԿԸ ՓՈՐՁԱՐԿԷ
Թրքական «Հիւրրիյէթ» օրաթերթին համաձայն, իսրայէլեան ՏԵՊՔԱ կայքէջը կը հաղորդէ, որ Իսրայէլ 10 փետրուարին Մալաթիոյ Քիւրեճիք զօրակայանին մէջ զետեղուած ամերիկեան հակահրթիռային համակարգի ռատարին կողմէ փոխանցուած տեղեկութեան հիմամբ իր «Արօ» տիպի հակահրթիռային ... Շարն.
ԻՐԱՆ ԱՐԱԲԱԿԱՆ ԾՈՑԻՆ ՄԷՋ ԱԿԱՆՈՒԱԾ ՆԱՒԱԿՆԵՐ ԿԵԴՐՈՆԱՑՈՒՑԱԾ Է
Ռուսական «ԻԹԱՐ-ԹԱՍՍ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Պահրէյնի մէջ գտնուող Միացեալ Նահանգներու 5-րդ նաւատորմիղի հրամանատար, փոխծովակալ Մարք Ֆոքս յայտարարած է, որ Իրան Արաբական ծոցին մէջ իր ուժերը կ՛աւելցնէ` կեդրոնացնելով քանի ... Շարն.
«ՌՈՒՍԻԱ ԱՐԱԲԱԿԱՆ ԵՒ ՄԱԿ-Ի ՄԻԱՑԵԱԼ ԽԱՂԱՂԱՊԱՀ ՈՒԺԵՐ ՍՈՒՐԻԱ ՈՒՂԱՐԿԵԼՈՒ ԱՐԱԲԱԿԱՆ ԼԻԿԱՅԻ ՈՐՈՇՈՒՄԸ ԿԸ ՔՆՆԱՐԿԷ» ԸՍԱՒ ԼԱՒՐՈՎ
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով երէկ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու արտաքին գործոց նախարար Ապտալլա պըն Զայետ Ալ Նահիանի հետ հանդիպումէն ետք տրուած միացեալ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին կոչ ուղղեց Սուրիոյ մէջ ... Շարն.
ՆԵԹԱՆԻԱՀՈՒ ԻՐԱՆՆ ՈՒ ՀԸԶՊԱԼԼԱՆ Կ՛ԱՄԲԱՍՏԱՆԷ. ՅԱՐՁԱԿՈՒՄ` ՀՆԴԿԱՍՏԱՆԻ ԵՒ ՎՐԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ԻՍՐԱՅԷԼԻ ԴԵՍՊԱՆԱՏՈՒՆԵՐՈՒՆ ԴԷՄ
Հնդկաստանի մայրաքաղաք Նիւ Տելհիի մէջ Իսրայէլի դեսպանատան մէկ աշխատակիցին պատկանող ինքնաշարժէն ոչ շատ հեռու ռումբ մը պայթեցաւ` պատճառելով չորս վիրաւորներ, որոնցմէ մէկը` դեսպանատան աշխատակից մը: Այլ ռումբ մը տեղադրուած էր ... Շարն.
ՅՈՒՆԱՍՏԱՆ ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ ՍԵՂՄՈՒՄԻՆ ԵՒ ԲԱԽՈՒՄՆԵՐՈՒՆ ՎՆԱՍՆԵՐԸ ԿԸ ՀԱՇՈՒԷ
Յունաստանի խորհրդարանը կիրակի օր կէս գիշերէն ետք որդեգրեց տնտեսական սեղմումի ծրագիրը: Կիրակի օր Աթէնքի մէջ ցուցարարներու եւ ոստիկանութեան միջեւ բուռն բախումներէ ետք, Աթէնք երէկ առաւօտեան պատերազմի գօտիի կը նմանէր, որովհետեւ ... Շարն.
ՌՈՒՍԻԱ ՈՐՈՇԱԾ Է ՔԱԼԻՆԻՆԿՐԱՏԻ ՄԷՋ «ԷՍ-400» ՀՐԹԻՌՆԵՐ ԶԵՏԵՂԵԼ
Ռուսական «Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ օդուժի հրամանատար Ալեքսանտր Զելին յայտնած է, որ «պաշտպանութեան նախարարութիւնը որոշեց սահմանամերձ շրջաններուն մէջ «Էս-400» տիպի հակահրթիռային յաւելեալ հրթիռներ զետեղել»` աւելցնելով, որ մեծ ... Շարն.
ԷՐՏՈՂԱՆ ԵՐԿՐՈՐԴ ԱՆԳԱՄ ԸԼԼԱԼՈՎ ՎԻՐԱՀԱՏՈՒԹԵԱՆ ԵՆԹԱՐԿՈՒԵՑԱՒ
Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի աշխատակազմը հրապարակած է հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ հաստատած է, որ 10 փետրուարի երեկոյեան Էրտողան երկրորդ անգամ ըլլալով վիրահատութեան ենթարկուած է: Հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ նշուած է, ... Շարն.
ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԷՋ ԽԱՂԱՂԱՊԱՀ ՈՒԺԵՐ ՊԱՀԱՆՋԵԼԷ ԵՏՔ ԱՐԱԲ ՆԱԽԱՐԱՐՆԵՐՈՒ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ ԿՈՉ Կ՛ՈՒՂՂԷ ՍՈՒՐԻՈՅ ՎԱՐՉԱԿԱՐԳԻՆ ՀԵՏ ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ ՀԱՄԱԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ԿԱՍԵՑՆԵԼՈՒ ԵՒ ԿԸ ԴԱԴՐԵՑՆԷ ԱՐԱԲ ԴԷՏԵՐՈՒ ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԻՒՆԸ
Արաբական լիկայի արտաքին գործոց նախարարները երէկ Գահիրէի մէջ գումարեցին ժողով մը, որուն ընթացքին քննարկեցին Սուրիոյ հարցը: Անոնք իրենց արտակարգ ժողովին ընթացքին ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին կոչ ուղղեցին` արաբական եւ ՄԱԿ-ի միացեալ ... Շարն.
ԱԹԷՆՔԻ ՄԷՋ ՑՈՒՑԱՐԱՐՆԵՐՈՒ ԵՒ ՈՍՏԻԿԱՆՆԵՐՈՒ ՄԻՋԵՒ ԲԱԽՈՒՄՆԵՐ
Մինչ Յունաստանի խորհրդարանը 130 միլիառ տոլար արժողութեամբ վարկեր ստանալու համար ժողովրդային բուռն ընդդիմութեան արժանացող տնտեսական սեղմումի քայլեր կը քննարկէր, ցուցարարներ ոստիկանութեան հետ ծանր բախումներ ունեցան: Բախումներուն ընթացքին, որոնք մինչեւ «Ազդակ»-ի ... Շարն.
ՈՒԻԹՆԻ ՀԻՈՒՍԹԸՆԻ ՄԱՀԸ ԿԸ ՑՆՑԷ ԵՐԱԺՇՏՈՒԹԵԱՆ ԱՇԽԱՐՀԸ
Ամերիկացի տաղանդաւոր երգչուհի եւ ուժեղ ու գեղեցիկ ձայնի տէր Ուիթնի Հիուսթըն մահացաւ: Անոր անշունչ մարմինը գտնուեցաւ «Պեւըրլի Հիլթըն» պանդոկին մէջ: Անոր շրջապատը յայտնաբերեցին անոր մարմինը լոգարանին մէջ` դէմքը ջուրին տակ: ... Շարն.
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ ԱՇԽՈՒԺ ԿԵՐՊՈՎ ԱՐԱԲԱԿԱՆ ԾՈՑԻՆ ՄԷՋ ԻՐ ԶՕՐՔԵՐԸ Կ՛ԱՒԵԼՑՆԷ
Իսրայէլեան լրատուամիջոցներ, վկայակոչելով լաւատեղեակ զինուորական աղբիւրներ, կը հաղորդեն, որ Միացեալ Նահանգներու մարտական եւ ռազմափոխադրական օդուժի դէպի Արաբական ծոց թռիչքներու քանակը զգալի կերպով աճած է: Ըստ իսրայէլեան մամուլին, ամերիկեան պատերազմական օդանաւերը ... Շարն.

