Category: Միջազգային
ԾՈՑԻ ԵՐԿԻՐՆԵՐԸ Կ՛ՈՐԴԵԳՐԵՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆԻՆ ԱՆՑՆԵԼՈՒ ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ ԱՌԱՋԱՐԿԸ
Ծոցի համագործակցութեան խորհուրդի անդամ երկիրներու ղեկավարները երէկ Ռիատի մէջ իրենց ժողովի աւարտին յայտարարեցին, որ կ՛որդեգրեն «մարտահրաւէրներու» դիմակայման համար մէկ գոյացութեան մէջ միանալու հանգրուան մուտք գործելու Սէուտական Արաբիոյ Ապտալլա պըն Ապտել ... Շարն.
ՄԱԿ-Ի ՄՕՏ ԻՐԱՆԻ ԴԵՍՊԱՆԸ ՅՈՅՍ ԿԸ ՅԱՅՏՆԷ, ՈՐ ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ ԻՐԱՆԻ ՕԴԱՅԻՆ ՏԱՐԱԾՔԸ ԴԱՐՁԵԱԼ ՉԽԱԽՏԷ
ՄԱԿ-ի մօտ Իրանի դեսպան Մոհամետ Խազայի ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին մէջ իր արտասանած խօսքին մէջ յայտնեց, որ Աֆղանիստանի մէջ օտար ուժերու ներկայութեան պատճառով վտանգներու համեմատութիւնը աւելի է, քան անցեալ տարուան կացութիւնը: ... Շարն.
ԸՍՏ ՀԱՐՑԱԽՈՅԶԻ ՄԸ ԻՐԱՔՑԻՆԵՐԸ ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ ՆԵՐԽՈՒԺՈՒՄԷՆ ԱՌԱՋ ԱՒԵԼԻ ԼԱՒ Կ՛ԱՊՐԷԻՆ
Զոկպի հետազօտական կեդրոնի եւ «Ճէյ.Զի Անալիթիքս» ընկերութեան` Իրաքի մէջ կատարած ընկերաբանական հարցախոյզի արդիւնքները ցոյց կու տան, որ Իրաքի բնակչութեան մեծամասնութիւնը այն կարծիքը ունի, որ ամերիկեան ներխուժումէն առաջ երկիրը աւելի լաւ ... Շարն.
ԻՍՐԱՅԷԼ ԱԶԱՏ ԱՐՁԱԿԵՑ 550 ՊԱՂԵՍՏԻՆՑԻ ԳԵՐԻՆԵՐ
Իսրայէլ Համասի հետ գոյացած գերիներու փոխանակման համաձայնութեան երկրորդ եւ եզրափակիչ հանգրուանը գործադրելով` ազատ արձակեց 550 պաղեստինցի գերիներ: Երկու կողմերուն միջեւ եգիպտական միջնորդութեամբ գոյացած համաձայնութեան ծիրին մէջ Համաս արդէն ազատ արձակած ... Շարն.
ՍՈՒՐԻԱ ԱՐԱԲ ԴԷՏԵՐՈՒ ՏԵՂԱԿԱՅՄԱՆ ԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒԹԻՒՆԸ ՍՏՈՐԱԳՐԵՑ
Սուրիա երէկ կէսօրին Գահիրէի Արաբական լիկայի կեդրոնատեղիին մէջ ստորագրեց Սուրիոյ մէջ արաբ դէտերու առաքելութեան օրինական շրջագիծը ճշդող արձանագրութիւնը: Արձանագրութիւնը ստորագրուեցաւ Սուրիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Ֆայսալ Մըքտատի եւ Արաբական լիկայի ընդհանուր ... Շարն.
ԵԳԻՊՏՈՍԻ ԶԻՆԵԱԼ ՈՒԺԵՐՈՒ ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ ԿԸ ՅԱՅՏԱՐԱՐԷ. «ՎԵՐՋԻՆ ԴԷՊՔԵՐԸ ԱՊԱՀՈՎՈՒԹԻՒՆՆ ՈՒ ՊԵՏՈՒԹԻՒՆԸ ՀԱՐՈՒԱԾԵԼՈՒ ԼԱՒԱՊԷՍ ՍԵՐՏՈՒԱԾ ԾՐԱԳԻՐ ՄԸ ՄԱՍ ԿԸ ԿԱԶՄԵՆ»
Եգիպտոսի իշխող Զինեալ ուժերու բարձրագոյն խորհուրդի բանբեր Ատել Ամարա մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին անդրադարձաւ Գահիրէի մէջ տեղի ունեցող վերջին իրադարձութիւններուն` յայտնելով, որ ներկայիս «անկիւնադարձային հանգրուան է, հայրենիքը վտանգուած է եւ ... Շարն.
ՀԻՒՍԻՍԱՅԻՆ ՔՈՐԷԱՅԻ ՂԵԿԱՎԱՐԸ ՄԱՀԱՑԱՒ
Հիւսիսային Քորէայի ղեկավար Քիմ Եոնկ Իլ մահացաւ: Ան 69 տարեկան էր: Պետական պատկերասփիւռի կայանէն հաղորդավար մը հեծեծելով յայտարարեց, որ անոր մահը գերյոգնութեան պատճառով էր: Կը կարծուի, որ ան շաբաթ օր ... Շարն.
ՌՈՒՍԻՈՅ ՄԷՋ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԱԿԱՆ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԱՐԴԻՒՆՔՆԵՐԸ ՎԵՐԱՏԵՍՈՒԹԵԱՆ ՊԻՏԻ ԵՆԹԱՐԿՈՒԻ՞Ն
Ռուսական քաղաքական կուսակցութիւններ խորհրդարանական ընտրութիւններու բողոքարկման հոլովոյթին սկսած են: Շատեր արդէն դատական հայցեր ներկայացուցած են քուէարկութեան ընթացքին տեղի ունեցած խախտումներուն եւ հետեւաբար բազմաթիւ տեղամասերու մէջ արդիւնքներու վերատեսութեան հայցերով: «Առ.Պի.Սի.Տէյլի» օրաթերթը ... Շարն.
«ՓՈՒԹԻՆ ՌՈՒՍԻԱՆ ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆ ՊԻՏԻ ՄՏՑՆԷ» Կ՛ԸՍԷ ՇԵՒԱՐՏՆԱԾԷ
Վրաստանի նախկին նախագահ, Խորհրդային Միութեան նախկին արտաքին գործոց նախարար Էտուարտ Շեւարտնածէ յայտարարած է, որ Ռուսիոյ ներկայ վարչապետ Վլատիմիր Փութինի ապագայ նախագահութեան օրերուն Ռուսիա Եւրոպական Միութեան անդամ պիտի դառնայ: «Հակառակ անոր ... Շարն.
ԼԻՊԻՈՅ ՎԱՐՉԱՊԵՏԸ ԸՄԲՈՍՏՆԵՐՈՒՆ ՄԻՋԵՒ ԲԱԽՈՒՄՆԵՐԸ ԱՀԱԶԱՆԳ ԿԸ ՆԿԱՏԷ
Լիպիոյ վարչապետ Ապտել Ռահիմ Քիպ մտահոգութիւն յայտնեց վերջերս լիպիացի ըմբոստներուն միջեւ արձանագրուած բախումներուն առնչութեամբ: Ան վստահեցուց, որ իր կառավարութիւնը յառաջիկայ քանի մը օրերուն ընթացքին երկրին մէջ զինեալ երեւոյթներուն վերջ տալու ... Շարն.
ՌՈՒՍԻԱՆ ԻՐԱՆԻ ԴԷՄ ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ ՀԱՒԱՆԱԿԱՆ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄԻ ՄԸ ԿԸ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԻ
Ռուսական զինուորական աղբիւրներ կը յայտնեն, որ «Սուրիոյ եւ Իրանի շուրջ աշխարհաքաղաքական կացութեան վատթարացումը կը մտահոգէ Ռուսիան եւ զայն կը մղէ Հարաւային Կովկասի, Կասպից ծովու, Միջերկրականի եւ Սեւ ծովու շրջաններուն մէջ ... Շարն.
«ՏԵՂԵԿՈՒԹԻՒՆ ՍՏԱՑԱՆՔ, ԹԷ ԱՍԱՏ ԴԷՏԵՐՈՒ ՏԵՂԱԿԱՅՄԱՆ ԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒԹԻՒՆԸ ՊԻՏԻ ՍՏՈՐԱԳՐԷ» Կ՛ԸՍԷ ՔԱԹԱՐԻ ՎԱՐՉԱՊԵՏԸ
Քաթարի վարչապետ, արտաքին գործոց նախարար շէյխ Համատ պըն Ժասեմ Ալ Թանի յոյս յայտնեց, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ ստորագրէ իր երկրին մէջ դէտերու տեղակայման արձանագրութիւնը: Ան յայտնեց, որ «այսօր ստացանք ... Շարն.
ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ ՈՒԺԵՐԸ ՀԵՌԱՑԱՆ ԻՐԱՔԷՆ
«Էսոշիէյթըտ Փրես» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ ամերիկեան մարտական վերջին ստորաբաժանումը հեռացաւ Իրաքէն: Այսպիսով աւարտած է Իրաքի մէջ ինը տարի տեւած պատերազմը: Ականատեսներու վկայութեամբ, Քուէյթի սահմանը հատած ամերիկացի զինուորականները ուրախութենէն ... Շարն.
ԳԱՀԻՐԷԻ ՄԷՋ ԲԱԽՈՒՄՆԵՐԸ ԵՐՐՈՐԴ ՕՐՆ ԸԼԼԱԼՈՎ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԵՑԱՆ
Եգիպտոսի մայրաքաղաք Գահիրէի մէջ երրորդ օրն ըլլալով ցուցարարներուն եւ ապահովական ուժերուն միջեւ բախումներ տեղի ունեցան: Բախումներուն պատճառով առնուազն ութ զոհ ու հարիւրաւոր վիրաւորներ արձանագրուեցան եւ շէնքեր հրկիզուեցան: Հրկիզուող շէնքերուն շարքին ... Շարն.
ՎԱՑԼԱՒ ՀԱՒԵԼ ՈՉ ԵՒՍ Է
Չեխ այլախոհ թատերագիր եւ յետխորհրդային Չեխիոյ առաջին նախագահ Վացլաւ Հաւել երէկ առաւօտ կնքեց իր մահկանացուն: 75-ամեայ Հաւել 1979-էն մինչեւ 1984 համայնավարական բանտի մը մէջ իր հնգամեայ արգելափակման պատճառով երկար ատենէ ... Շարն.
ՖԻԼԻՓԵԱՆ ԿՂԶԻՆԵՐՈՒՆ ՄԷՋ ՈՂՈՂՈՒՄԻ ԵՒ ՀՈՂԻ ՍԱՀԱՆՔԻ ԶՈՀԵՐՈՒՆ ԹԻՒԸ ԿԸ ԲԱՐՁՐԱՆԱՅ
Ֆիլիփեան կարմիր խաչը կը հաղորդէ, որ Հարաւային Ֆիլիփեանները հարուածած ողողումներէն եւ հողի սահանքներէն վերապրողներու փնտռտուքը կը շարունակուի, մինչ զոհերուն թիւը բարձրացած է աւելի քան վեց հարիւրի: Ըստ կարգ մը տեղեկութեանց, ... Շարն.
ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ ԴԱՏԱՐԱՆ ՄԸ ԻՐԱՆԸ ՄԵՂՍԱԿԻՑ ԿԸ ՆԿԱՏԷ 11 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐԻ ԱՀԱԲԵԿՉՈՒԹԵԱՆ
Ամերիկեան ազդեցիկ «Նիւ Եորք Թայմզ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ 11 սեպտեմբեր 2001-ին Նիւ Եորքի մէջ տեղի ունեցած ահաբեկչութեան զոհերու ընտանիքներուն շահերը ներկայացնող փաստաբանները շահած են Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ այաթոլլա ... Շարն.
ԱՆԱԿՆԿԱԼ ՔԱՅԼՈՎ ՄԸ ՌՈՒՍԻԱ ՍՈՒՐԻՈՅ ՇՈՒՐՋ ԲԱՆԱՁԵՒ ՄԸ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑ ԱՊԱՀՈՎՈՒԹԵԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻՆ
Ռուսիա միջազգային ընտանիքը անակնկալի մատնելով ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին ներկայացուց Սուրիոյ շուրջ բանաձեւ մը, որ կը դատապարտէ Սուրիոյ մէջ «բոլոր կողմերուն» գործած բռնարարքները եւ սուրիական իշխանութիւնները կը մեղադրէ «ուժի անհամաչափ կիրարկման ... Շարն.
ՏԱՒՈՒԹՕՂԼՈՒ ԼԻԲԱՆԱՆԻ, ՍՈՒՐԻՈՅ ԵՒ ԻՐԱՔԻ ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՆԵՐՈՒՆ ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՇՈՒՐՋ ԽՈՐՀՐԴԱԺՈՂՈՎ ՄԸ ԿԸ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊԷ
Թրքական լաւատեղեակ աղբիւրներ լիբանանեան «Մուսթաքպալ» օրաթերթին յայտնած են, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու անձնապէս աշխատանք կը տանի կազմակերպելու Լիբանանի, Սուրիոյ, Իրաքի եւ Եգիպտոսի քրիստոնեաներուն պաշտպանութեան խորագիրով խորհրդաժողով մը, ... Շարն.
ՕՊԱՄԱ ՀԱՄԱՁԱՅՆ Է ԻՐԱՆԻ ԴԷՄ ՊԱՏԺԱՄԻՋՈՑՆԵՐ ՀԱՍՏԱՏՈՂ ՕՐԻՆԱԳԻԾԻՆ
«Էսոշիէյթըտ Փրես» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի աշխատակազմը յայտարարած է, որ պատրաստ է Իրանի Կեդրոնական դրամատան դէմ տնտեսական պատժամիջոցներ սահմանելու մասին օրինագիծը հաստատելու: Միացեալ Նահանգներու ... Շարն.

