Category: Միջազգային
ՌՈՒՍԻԱ ՀԻՒՍԻՍԱՅԻՆ ԲԵՒԵՌԻՆ ՄԷՋ ԻՐ ՆԵՐԿԱՅՈՒԹԻՒՆԸ ՊԻՏԻ ԸՆԴԼԱՅՆԷ
Ռուսական «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ վարչապետ Վլատիմիր Փութին յայտնած է, որ Ռուսիա մտադիր է իր ներկայութիւնը ընդլայնելու Հիւսիսային բեւեռին մէջ: «Կ՛ուզեմ ընդգծել, որ Ռուսիա անպայման պէտք ... Շարն.
ԸՆԿԵՐՎԱՐ ՄԻՋԱԶԳԱՅՆԱԿԱՆԻ ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔԻ ՀԱՐՑԵՐՈՎ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԸ ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ՀՐԱՊԱՐԱԿԵՑ
Ընկերվար միջազգայնականի Միջին Արեւելքի հարցերով յանձնախումբը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով վերահաստատեց պաղեստինցի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքին, ներառեալ` Արեւելեան Երուսաղէմը մայրաքաղաք ունեցող պաղեստինեան պետութիւն մը ունենալու անոր իրաւունքին նկատմամբ իր զօրակցութիւնը եւ վերահաստատեց ... Շարն.
«ԱՆԹԱԼԻՈՅ ՄԷՋ ԶԲՕՍԱՇՐՋԻԿՆԵՐԸ ԹԱԼԱՆԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ ԱՆՈՆՑ ԹՄՐԵՑՈՒՑԻՉՈՎ ՈԳԵԼԻՑ ԸՄՊԵԼԻՆԵՐ ԿԸ ԽՄՑՆԵՆ» ԿԸ ԳՐԷ «ՍԱՆՏԷՅ ԹԱՅՄԶ»
Բրիտանական «Սանտէյ Թայմզ» օրաթերթը` անդրադառնալով անցեալ տարի Անթալիոյ Մանաւկաթ շրջանին մէջ տեղի ունեցած բրիտանացի զբօսաշրջիկ Էնտրիւ Սմիթի մահուան պայմաններուն, կը գրէ, որ Անթալիոյ մէջ բրիտանացի զբօսաշրջիկին խմցուցած են թմրեցուցիչով ոգելից ... Շարն.
«ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՄԷՋ ԼՈՒՌ ՅԵՂԱՓՈԽՈՒԹԻՒՆ ՏԵՂԻ Կ՛ՈՒՆԵՆԱՅ» Կ՛ԸՍԷ ԵԱԿԼԱՆՏ
Եւրոպական խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Թորպիոռն Եակլանտ գերմանական «Տէօչ Թիւրքիշը Նախրիխթըն» կայքէջին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնած է, որ կարելի է ըսել, թէ Թուրքիոյ մէջ լուռ յեղափոխութիւն տեղի կ՛ունենայ: Եակլանտ անդրադարձած ... Շարն.
ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՆՎՏԱՆԳՈՒԹԵԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ 6 ԺԱՄ ՔՆՆԱՐԿԵՑ ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔԻ ԶԱՐԳԱՑՈՒՄՆԵՐԸ
Թրքական լրատուամիջոցները կը հաղորդեն, որ Թուրքիոյ ազգային ապահովութեան խորհուրդը երկուշաբթի օր Թուրքիոյ նախագահ Ապտիւլլա Կիւլի գլխաւորութեամբ 6 ժամ տեւած նիստի մը ընթացքին քննարկած է Միջին Արեւելքի զարգացումները: Ժողովէն ետք հրապարակուած ... Շարն.
ՍՈՒՐԻԱ ԽՍՏԻՒ ԿԸ ՔՆՆԱԴԱՏԷ ԹՈՒՐՔԻԱՆ
Թուրքիոյ մէջ Սուրիոյ դեսպան Նիտալ Քապալան թրքական կառավարութեան կոչ ուղղեց Թուրքիա-Սուրիա սահմանը հատող եւ դէպի Սուրիա զէնք մաքսանենգող ահաբեկիչներուն դէմ քայլերու դիմելու: Դեսպան Քապալան «Հիւրրիյէթ» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին ... Շարն.
ԷՐՏՈՂԱՆ ՔԱԹԱՐԻ ԻՇԽԱՆԻՆ ԿԸ ԳԱՆԳԱՏԻ «ԺԱԶԻՐԱ» ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ԿԱՅԱՆԷՆ
Թրքական «Սապահ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Քաթարի իշխանին հետ ուրբաթ օրուան իր հանդիպումին ընթացքին գանգատած է Լիպիոյ նկատմամբ Թուրքիոյ քաղաքականութեան մասին «Ժազիրա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանի ... Շարն.
ՆՇԱՆԱԿԱԼԻՑ ԶԱՐԳԱՑՈՒՄՈՎ ՄԸ. ԹՈՒՐՔԻԱ ԱՊԱՀՈՎԱԿԱՆ ՊԱՏՃԱՌՆԵՐՈՎ ՔԱՆԻ ՄԸ ԺԱՄՈՎ ՓԱԿԵՑ ՍՈՒՐԻՈՅ ՀԵՏ ԻՐ ՍԱՀՄԱՆԸ
Լարուածութեան մագլցումի ցուցանիշ նկատուող եւ իր տեսակին մէջ առաջինը եղող քայլով մը, թրքական իշխանութիւնները երէկ քանի մը ժամով փակեցին Թուրքիա-Սուրիա սահմանը, մինչ Թրքական աշխատաւորական կուսակցութիւնը ջնջեց սուրիական վարչակազմին նկատմամբ զօրակցութեան ... Շարն.
ԹՈՒՐՔԻԱ- ՍՈՒՐԻԱ ԼԱՐՈՒԱԾՈՒԹԻՒՆԸ ՀԵՏԶՀԵՏԷ ԱՒԵԼԻ ԿԸ ՍՐԻ
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու Թուրքիոյ սահմանին մօտ սուրիական ուժերու կուտակման լոյսին տակ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցած է Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուալիտ Մոալլեմի հետ: Թրքական դիւանագիտական աղբիւրներ թրքական ... Շարն.
ՍՈՒՐԻԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԸ ԿԸ ՀԱՄԱԽՄԲՈՒԻ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՀԵՏ ՍԱՀՄԱՆԻՆ ՎՐԱՅ
«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը երէկ հաղորդեց, որ սուրիական ուժեր համախմբուած են Թուրքիոյ հետ Սուրիոյ սահմանին վրայ: Այդ ուժերը մուտք գործած են Խըրպըթ Ժոզ եւ Տէյր Ժամմալ սահմանամերձ գիւղերը: Ըստ ականատեսներու, սուրիական ... Շարն.
ՕՊԱՄԱ ԱՖՂԱՆԻՍՏԱՆԻ ՊԱՏԵՐԱԶՄԻ ԱՒԱՐՏԻ ԹՈՒԱԿԱՆԸ ՃՇԴԵՑ
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա պատկերասփռուած ճառի մը ընթացքին յայտարարեց, որ մինչեւ 2012-ի ամառը Աֆղանիստանէն պիտի հեռացնէ 33 հազար ամերիկացի զինուոր: Ան 2010-ին նոյն թիւով զինուորներ Աֆղանիստան ուղարկած էր: Օպամա ... Շարն.
ՆԵԹԱՆԻԱՀՈՒ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԱԿԱՆ ՆԱՄԱԿ ՄԸ ՅՂԱԾ Է ԷՐՏՈՂԱՆԻ
Թրքական «Հիւրրիյէթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու Անգարայի հետ յարաբերութիւնները բնականոնացնելու Թել Աւիւի փափաքը ցոյց տուող քայլով մը, Թուրքիոյ խորհրդարանական ընտրութիւններուն ընթացքին իր արձանագրած յաղթանակին առիթով շնորհաւորական ... Շարն.
Ո՞Վ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ԿԱՐԻՔՆ ՈՒՆԻ. ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԷՆ ՏԱՐԻ ՄԸ ԵՏՔ` ՊԵԼՃԻՔԱ ԱՌԱՆՑ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ
13 յունիս 2010-ին տեղի ունեցած ընդհանուր ընտրութիւններէն տարի մը ետք Պելճիքա տակաւին պաշտօնական կառավարութիւն չունի: Մինչ քոալիսիոնի բանակցութիւնները կը քաշքշուին, երկիրը պէտք է բաւարարուի, գոհանայ աշխատանքի ամբողջացման կառավարութեամբ եւ վարչապետի ... Շարն.
Ի՞ՆՉ ԿԸ ՆՇԱՆԱԿԷ ԽՆԱՄԱԿԱԼՈՒԹԵԱՆ ԵՆԹԱԿԱՅ ԵՐԵԽԱՅ ԸԼԼԱԼ
Բարգաւաճող երկիրներու մէջ երեխայի մը խնամակալ ըլլալը բարեգործութիւն ընելու ժողովրդական, տարածուած ձեւ մըն է: Բայց երեխաները իրե՛նք ի՞նչ կը քաղեն այս համակարգէն: «Ես անոնց գրեցի եւ շնորհակալութիւն յայտնեցի, որ մինչեւ ... Շարն.
ՆՇԵԼԷ ԵՏՔ, ԹԷ «ԲԱՐԵԿԱՄԸ ՆԵՂՈՒԹԵԱՆ ԱՏԵՆ ՅԱՅՏՆԻ Կ՛ԸԼԼԱՅ» ՄՈԱԼԼԵՄ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԿՈՉ ՈՒՂՂԵՑ ԻՐ ԿԵՑՈՒԱԾՔՆԵՐԸ ՎԵՐԱՏԵՍՈՒԹԵԱՆ ԵՆԹԱՐԿԵԼՈՒ
Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուալիտ Մոալլեմ երէկ սուրիական պատկերասփիւռի կայանին կողմէ ուղղակի սփռուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին բազմաթիւ ուղղութեամբ դիւանագիտական նշանակալից պատգամներ ուղղեց: Մամլոյ ասուլիսին ընթացքին զգալի էր սուրիացի լրագրողներուն ... Շարն.
«ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԵՒ ԻՍՐԱՅԷԼԻ ՄԻՋԵՒ ԳԱՂՏՆԻ ԲԱՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՏԵՂԻ Կ՛ՈՒՆԵՆԱՆ»
Իսրայէլացի բարձրաստիճան պաշտօնատար մը իսրայէլեան «Հաարեց» օրաթերթին յայտնած է, որ Անգարայի եւ Թել Աւիւի միջեւ գաղտնի բանակցութիւններ տեղի կ՛ունենան: Ըստ օրաթերթին, Թուրքիոյ եւ Իսրայէլի միջեւ գոյութիւն ունեցող դիւանագիտական ճգնաժամի յաղթահարման ... Շարն.
ԱՍԱՏԻ ՃԱՌԻՆ ԹՐՔԱԿԱՆ ԵՒ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՀԱԿԱԶԴԵՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ`
Սպիտակ տունը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա վեց օրուան ընթացքին երկրորդ անգամ ըլլալով հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցած է Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հետ` քննարկելու ... Շարն.
«ՄՕՏ ՕՐԷՆ ԿՐՆԱՆՔ ՎԵՐԱԿԵՆԴԱՆԱՑԱԾ ՕՍՄԱՆԵԱՆ ԿԱՅՍՐՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ԴԻՄԱԿԱՅԵԼ» ԿԸ ԳՐԷ «ՆԻՒԶՈՒԻՔ»
Թրքական «Վաթան» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ ամերիկեան «Նիւզուիք» պարբերաթերթը գրած է, թէ «մինչ Թուրքիա իր մկանները կը պրկէ, մօտ օրէն կրնանք վերակենդանացած Օսմանեան կայսրութիւն մը դիմակայել»: Պարբերաթերթը յայտնած է, որ ... Շարն.
ՏՈՂԱՏԱԿԻ ԴԺԳՈՀՈՒԹԻՒՆ ՅԱՅՏՆԵԼՈՎ ԹՐՔԱԿԱՆ ԿԵՑՈՒԱԾՔՆԵՐՈՒՆ ՆԿԱՏՄԱՄԲ. ԱՍԱՏ ԹՈՒՐՔԻԱ ԳԱՂԹԱԾ ՍՈՒՐԻԱՑԻՆԵՐՈՒՆ ԿՈՉ ՈՒՂՂԵՑ ԺԸՍԸՐ ՇՈՒՂՈՒՐ ՎԵՐԱԴԱՌՆԱԼՈՒ
Սուրիոյ մէջ իրադարձութեանց սկիզբէն ի վեր իր երրորդ ճառին մէջ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ Դամասկոսի համալսարանին մէջ յայտարարեց, որ Սուրիոյ դէմ նիւթուող «դաւը» զայն աւելի հպարտ կը դարձնէ եւ անոր ... Շարն.
ԹՈՒՐՔԻԱՅԷՆ ՊԱՏԳԱՄ ՍՈՒՐԻՈՅ. «ՄԵՐ ՀԱՄԲԵՐՈՒԹԻՒՆԸ ՀԱՏԱԾ Է» ԵՒ «ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԷՋ ԱՆԻՐԱՒՈՒԹԵԱՆ Ի ՏԵՍ ՁԵՌՆԱԾԱԼ ՊԻՏԻ ՉՄՆԱՆՔ»
Թրքական «Ենի Շաֆաք» օրաթերթը կը գրէ, որ Թուրքիա բռնարարքներէ փախուստ տուած սուրիացիները իր կուրծքին սեղմած է եւ աշխարհին գնահատանքին արժանացած: Օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը գովաբանած ... Շարն.

