Category: Միջազգային
Փեթրիաշվիլի. «Եւրոպական Միութեան Հետ Ընկերակցութեան Համաձայնագիրը Պիտի Ստորագրուի Ամէնէն Ուշը 2014-ի Սեպտեմբերին»
Ալեքսի Փեթրիաշվիլի ԻԹԱՐ-ԹԱՍՍ կը հաղորդէ, որ Վրաստանի համարկման հարցերով պետական նախարար Ալեքսի Փեթրիաշվիլի յայտարարած է, որ Վրաստանը Եւրոպական Միութեան հետ Ընկերակցութեան համաձայնագիր պիտի ստորագրէ ամէնէն ուշը 2014-ի սեպտեմբերին: Ան նշած ... Շարն.
Փտածութեան Գայթակղութեան Հարց. Պաղըշ Ու Այլ Թուրք Նախարարներ Կրնան Զրկուիլ Անձեռնմխելիութենէն
Էկեմեն Պաղըշ Թրքական «Զաման» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ թուրք երկու նախարարներու, ներառեալ` Թուրքիոյ Եւրոպական Միութեան հարցերով պետական նախարար Էկեմեն Պաղըշի դէմ կրնայ փտածութեան գայթակղութեան հարցով մեղադրանք ներկայացուիլ: Տեղեկութիւններ տարածուած են, ... Շարն.
«Իրանի Դէմ Պատժամիջոցները Ուժի Մէջ Պիտի Չմտնեն» Կը Յայտարարէ Սպիտակ Տունը
Ճէյ Քառնի Սպիտակ տան բանբեր Ճէյ Քառնի նշեց, որ հինգշաբթի օր Ծերակոյտին ներկայացուած այն օրինագիծը, որ Իրանի դէմ նոր պատժամիջոցներ կը նախատեսէ, պէտք չէ ընդունուի: Յիշեցնենք, որ Իրանի եւ Վեցեակին ... Շարն.
Փութինի Ներման Հրամանագիրով Խոտորքովսքի Ազատ Արձակուեցաւ
Միխայիլ Խոտորքովսքի Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին երէկ ստորագրեց քարիւղի մարզի նախկին մեծահարուստ Միխայիլ Խոտորքովսքիին ներում շնորհելու մասին հրամանագիրը, որ ուժի մէջ մտաւ իր ստորագրման պահուն: Ռուսական ԵՈՒՔՈՍ քարիւղի ընկերութեան նախկին ... Շարն.
Վրաստանի Նախագահը Պիտի Այցելէ Ազրպէյճան
Կէորկի Մարկվելաշվիլի Ազրպէյճանական «Թրենտ» լրատու գործակալութիւնը` յղում կատարելով դիւանագիտական աղբիւրներու, հաղորդեց, որ Վրաստանի նախագահ Կէորկի Մարկվելաշվիլի յառաջիկայ շաբաթ պիտի այցելէ Ազրպէյճան: Այցելութեան ընթացքին կ՛ակնկալուի, որ երկկողմ եւ շրջանային համագործակցութեան վերաբերեալ ... Շարն.
Ֆրանսայէն Իսրայէլ Գաղթող Հրեաներուն Թիւը Մեծ Աճ Արձանագրած Է
Իսրայէլի գաղթականներու հիւրընկալման նախարարութիւնը հաղորդեց, որ Ֆրանսայէն Իսրայէլ գաղթած հրեաներուն թիւը 2013-ին կրնայ 50 առ հարիւրի աճ մը արձանագրել: Ըստ նախարարութեան թիւերուն, շուրջ 3 հազար հրեաներ պիտի գան Իսրայէլի մէջ ... Շարն.
Ըստ Էրտողանի. Պալքանները Թուրքիոյ Մէկ Մասն Են
Ռուսական «Ռուսպլաթ» կայքէջը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտարարած է, որ Պալքաններու մէկ մասը կը պատկանի իր երկրին, ինչ որ միջազգային գայթակղութիւն յառաջացուցած է: Էրտողանը բացատրած է, ... Շարն.
Անդրադառնալով Փտածութեան Գայթակղութեան` Էրտողան Ձերբակալութիւնները Իր Կառավարութեան Դէմ «Կեղտոտ Գործողութիւն» Կը Նկատէ
Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան փտածութեան գայթակղութեան ծիրին մէջ տեղի ունեցած ձերբակալութիւնները մեկնաբանելով յայտարարած է, որ իր կառավարութիւնը գործողութեան մասին տեղեակ չպահելը անընդունելի է, եւ այն մարդիկ, որոնք այդ գործողութիւնը ... Շարն.
«Շատ Կարեւոր Է, Որ Մեր Ներքին Հարցերուն Միջամտութիւն Տեղի Չունենայ» Կ՛ըսէ Եանուքովիչ
Վիքթոր Եանուքովիչ Ուքրանիոյ նախագահ Վիքթոր Եանուքովիչ դատապարտեց «միջամտութիւնը արեւմուտքցիներուն, որոնք կ՛աջակցին Եւրոպական Միութեան հետ Ընկերակցութեան համաձայնագիրը ստորագրելէ ետդարձ կատարելէն ի վեր ցոյց կատարող Եւրոպայի համակիր ցուցարարներուն»: Ան շեշտեց, որ «շատ ... Շարն.
«Սուրիական Ընդդիմութեան «Ժընեւ-2»-ին Մասնակցութեան Վերջնական Հաստատում Գոյութիւն Չունի» Ըսաւ Կաթիլով
Կենատի Կաթիլով Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Կենատի Կաթիլով յայտնեց, որ «մինչեւ հիմա սուրիական ընդդիմութեան «Ժընեւ-2»-ի մասնակից պատուիրակութեան անդամներու անունները չեն ճշդուած»` շեշտելով, որ «ընդդիմադիրները մինչեւ հիմա խորհրդաժողովին իրենց մասնակցութիւնը վերջնական ... Շարն.
Ըստ Լրագրողներու Պաշտպանութեան Կոմիտէին. Թուրքիա Բանտարկուած Լրագրողներու Թիւով Աշխարհի Մէջ Առաջինն Է
Լրագրողներու պաշտպանութեան կոմիտէի զեկուցումին մէջ նշուած է, որ աշխարհի մէջ բանտարկուած լրագրողներու թիւով առաջինը Թուրքիան է: Թրքական «Զաման» օրաթերթին համաձայն, Լրագրողներու պաշտպանութեան կոմիտէն 2013-ին անուանած է լրագրողներու համար ամէնէն վատ ... Շարն.
Թուրքիոյ Մէջ Ձերբակալած Են Այսպէս Կոչուած Նախիջեւանի Ինքնավար Հանրապետութեան Մաքսապետը
Թրքական «Հիւրրիյէթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ թրքական ոստիկանութիւնը Թուրքիոյ Կարս քաղաքին մէջ 17 դեկտեմբերին ձերբակալած է այսպէս կոչուած Նախիջեւանի ինքնավար հանրապետութեան մաքսային ծառայութեան պետ Մեհմեթ Սէյիթովը: Նախիջեւանի մաքսային ծառայութեան պետը ... Շարն.
20 Դեկտեմբերին Ժընեւի Մէջ Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-ՄԱԿ Հանդիպում
Մարի Հարֆ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարի Հարֆ յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց փոխնախարար Ուինտի Շըրմըն պիտի գլխաւորէ պատուիրակութիւն մը` Ռուսիոյ, Միացեալ Նահանգներու եւ ՄԱԿ-ի միջեւ 20 ... Շարն.
Էրտողանի Որդին Կրնայ Ձերբակալուիլ Փտածութեան Գայթակղութեան Հարցով
Մուսթաֆա Մեմիր Թուրքիոյ մէջ ծագած փտածութեան գայթակղութեան ծիրին մէջ նոր անուններ շրջանառութեան մէջ դրուած են: Ըստ թրքական «Ճումհուրիյէթ» օրաթերթին, այդ անուններուն շարքին է նաեւ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի աւագ ... Շարն.
«Ուքրանիա Եւրոպական Միութեան Հետ Հինգ Համաձայնագիր Պիտի Ստորագրէ» Ըսաւ Ազարով
Նիքոլայ Ազարով Gazeta.ru կը հաղորդէ, որ Ուքրանիոյ վարչապետ Նիքոլայ Ազարով յայտարարած է, որ ուքրանական կառավարութիւնը Եւրոպական Միութեան հետ համագործակցութեան ընդլայնման շուրջ աշխատանքներու ծիրին մէջ կը պատրաստուի հինգ համաձայնագիր ստորագրելու: «Մեր ... Շարն.
«Ռուսիա Պատրաստ Չէ Առանց Մուտքի Արտօնագիրի Դրութիւն Սահմանելու Վրաստանի Քաղաքացիներուն Համար» Ըսաւ Լաւրով
Սերկէյ Լաւրով «Վրեմիա» կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտարարած է, որ Ռուսիա տակաւին պատրաստ չէ առանց մուտքի արտօնագիրի դրութիւն սահմանելու Վրաստանի քաղաքացիներուն համար, սակայն երկիրներու միջեւ ... Շարն.
Երաժշտութիւնը Տարեկան 5.6 Միլիառ Տոլար Եկամուտ Կ՛ապահովէ Բրիտանիոյ
Dni.ru կայքէջը կը գրէ, որ Բրիտանիոյ երաժշտական մարզը երկրի տնտեսութեան տարեկան 5.6 միլիառ տոլար եկամուտ կը բերէ: Աւելի շատ միջոցներ կը բերեն երաժիշտները, երգահանները եւ երգերու հեղինակները` 2.6 միլիառ տոլար: ... Շարն.
Թուրքիոյ Խորհրդարանին Մէջ Քիւրտ Ձերբակալուած Երեսփոխաններու Համար Հացադուլ
Հացադուլի դիմած չորս երեսփոխանները Թուրքիոյ նորաստեղծ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան անդամ չորս երեսփոխաններ երէկ Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ սկսան հացադուլի` առ ի պաշտպանութիւն քրտական կուսակցութեան ձերբակալուած երեսփոխաններու: Թրքական «Թի24» կայքէջին համաձայն, քրտական ... Շարն.
Վրաստանի Վարչապետը Հանդիպում Ունեցած Է Ալիեւի Հետ
Ղարիպաշվիլի եւ Ալիեւ ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Վրաստանի վարչապետ Իրաքլի Ղարիպաշվիլի Ազրպէյճան կատարած իր առաջին այցելութեան ընթացքին հանդիպում ունեցած է Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ: Կողմերը քննարկած են ... Շարն.
«2007-էն Ի Վեր Կորսուած Ամերիկացին Իրանի Մէջ Չէ» Ըսաւ Զարիֆ
Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ժաուատ Զարիֆ ամերիկեան «Սի.Պի.Էս.» պատկերասփիւռի կայանին հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ «Սի.Այ.Էյ.»-ի նախկին գործակալ Ռոպըրթ Լիվինսըն, որ 2007-ին իրանեան Քիշ կղզիին վրայ կորսուած ... Շարն.

