Category: Միջազգային
«Իրան Ամբողջ Կասպից Ծովուն Կը Վերահսկէ». Կ՛ըսէ Իրանի Ծովուժի Հրամանատարը
Իրանի ծովուժի հրամանատար Հապիպուլլա Սիարի յայտարարեց, որ «Իրան ամբողջ Կասպից ծովուն կը վերահսկէ եւ կ՛ուզէ ծովուն արեւելեան բաժինին մէջ գտնուող իր նաւատորմիղին ներկայութիւնը ընդլայնել»: Սիարի մատնանշեց «քարիւղով եւ կազով հարուստ ... Շարն.
Եգիպտական Բանակը Սինայի Մէջ Հրթիռային Յարձակումով Մը 15 Ծայրայեղականներ Կը Սպաննէ
Եգիպտական պետական պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ եգիպտական բանակի զինուորական ուղղաթիռներ յարձակում գործած են Սինայի մէջ ծայրայեղականներու կեդրոններուն դէմ եւ անապատային շրջանին մէջ 15 ծայրայեղականներ սպաննած: Յարձակումը թիրախ դարձուցած է Իսրայէլի ... Շարն.
Ասատ Շրջանային Պատերազմի Վտանգի Գոյութենէն Կը Զգուշացնէ. «Սուրիան Հարուածելը «Ժընեւ-2»-ի Յետաձգման Պատճառ Պիտի Դառնայ» Կ՛ըսէ Լաւրով
Սերկէյ Լաւրով Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ ֆրանսական «Լը Ֆիկարօ» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտարարեց, որ «Ֆրանսա Սուրիոյ թշնամին պիտի ըլլայ, եթէ անոր դէմ զինուորական գործողութեան մասնակցի, եւ Ֆրանսայի շահերը ... Շարն.
Թրքական Հիւպատոսարանի` Մուսուլէն Էրպիլ Ուղղուող Շքախումբին Դէմ Յարձակում
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, որ Իրաքի մէջ Թուրքիոյ հիւպատոսարանին մէկ շքախումբը ականահարման ենթարկուած է: Թրքական «Էն.Թի.Վի.» պատկերասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ յարձակումը տեղի ունեցած է Մուսուլ քաղաքին մէջ: Ըստ ... Շարն.
Սուրիոյ Կառավարութիւնը Ապահովութեան Խորհուրդին Կոչ Կ՛ուղղէ Իր Հողերուն Դէմ Որեւէ Յարձակում Արգիլելու
Պորուժերտի - Ասատ հանդիպումէն պահ մը Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ յայտարարեց, որ «Սուրիա(...) որեւէ արտաքին յարձակումի դէմ դնելու կարողութիւնը ունի, ճիշդ ինչպէս այսօր ներքին յարձակումին դէմ կը դնէ եւ ապահովութեան ... Շարն.
Իրան Քարիւղի Վաճառքէն Իր Ստացած Գումարներուն Կէսը Չի Կրնար Օգտագործել
«Արապիա» պատկերասփիւռի արբանեակային կայանին կայքէջը կը գրէ, որ ամերիկացի վերլուծաբաններու գնահատումով` իրականութեան մէջ Իրան չի կրնար քարիւղի ամսական վաճառքէն ստացուած գումարներուն կէսը օգտագործել: Պատճառը` Թեհրանի դէմ կիրարկուող միջազգային պատժամիջոցներն են, ... Շարն.
Օպամա Սուրիոյ Դէմ Զինուորական Հարուածին Վերաբերեալ Տակաւին Վերջնական Որոշում Մը Չէ Տուած
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա երէկ գիշեր ամերիկեան պետական պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտարարեց, որ Սուրիոյ դէմ զինուորական հարուածին վերաբերեալ տակաւին վերջնական որոշում մը չէ տուած: Ան նշեց, ... Շարն.
Ուքրանիա Պիտի Մեծցնէ Կազի Պահեստաւորման Ծաւալները` Դէպի Եւրոպա Տարանցում Ապահովելու Համար
Gazeta.ru կայքէջը կը հաղորդէ, որ Ուքրանիոյ ուժանիւթի նախարար Էտուարտ Սթավիցքի յայտարարած է, որ Ուքրանիա համաձայն գտնուած է կազի ստորերկրեայ պահեստանոցներուն մէջ պահուած կազի չափը աւելցնելու 14 միլիառ խորանարդ մեթրէն, որպէսզի ... Շարն.
Ըստ Թուրքիոյ Կառավարութեան. Սուրիոյ Դէմ Զինուորական Հաւանական Գործողութիւնը Ասատի Տապալման Ուղղուած Պիտի Չըլլայ
Թրքական «Զաման» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի եւ շարք մը նախարարներու միջեւ հանդիպումին ընթացքին ըսուած է, որ Սուրիոյ մէջ զինուորական հաւանական ռազմական գործողութեան նպատակը նախագահ Պաշշար ... Շարն.
Արաբական Երկիրները Իրենց Սեփական «Շենկեն»-ը Պիտի Ստեղծեն
«Օպոզրիեւաթել»` յղում կատարելով «Քոմերսանթ-Ուքրանիա»-ին, կը հաղորդէ, որ Ծոցի համագործակցութեան խորհուրդի անդամ երկիրները համաձայնութիւն կնքած են մուտքի արտօնագիրի ընդհանուր գօտիի ստեղծման եւ սահմաններու միացեալ պաշտպանութեան վերաբերեալ: Ատիկա կը նշանակէ, որ արդէն ... Շարն.
Ըստ Սնոուտընի Բացայայտած Փաստաթուղթերուն Միացեալ Նահանգներ Իսրայէլը Լրտեսած Են
Էտուըրտ Սնոուտըն «Եու.Փի.Այ.» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ «Սի.Այ.Էյ.»-ի նախկին աշխատակից Էտուըրտ Սնոուտընի բացայայտած եւ «Ուաշինկթըն Փոսթ»-ի հրապարակած փաստաթուղթերը ցոյց կու տան, որ Միացեալ Նահանգներ լրտեսած են թէ՛ իրենց թշնամիները, ... Շարն.
Ասատ. «Սուրիա Ինքզինք Պիտի Պաշտպանէ Որեւէ Յարձակումէ»
Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ Եմէնի խորհրդարանին մէջ ներկայացուած կուսակցութիւններէ կազմուած պատուիրակութեան մը առջեւ յայտարարեց, որ Սուրիա ինքզինք պիտի պաշտպանէ որեւէ յարձակումէ` նշելով, որ Սուրիոյ դէմ ուղղակի յարձակում գործելու գծով արեւմտեան ... Շարն.
Իրանի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Առաջին Անգամ Ըլլալով Բանբերի Պաշտօնին Կին Մը Նշանակած Է
Մարզիեհ Աֆքամ «Արապիա» կը հաղորդէ, որ Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը իսլամական հանրապետութեան հռչակումէն ի վեր առաջին անգամ ըլլալով նախարարութեան բանբերի պաշտօնին նշանակած է կին մը: Մարզիեհ Աֆքամ շուրջ երեք տասնամեակ ... Շարն.
Մատուրօ Խօսած Է Իր Սպանութեան Եւ Սուրիոյ Ներխուժման Ծրագիրներուն Համընկնումին Մասին
Նիքոլաս Մատուրօ «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Վենեզուելայի նախագահ Նիքոլաս Մատուրօ խօսած է իր սպանութեան եւ Միացեալ Նահանգներու` Սուրիա ներխուժման ծրագիրներու ժամանակային համընկնումին մասին: Նախապէս, Մատուրօ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք ... Շարն.
Ռուսիա Ձայնի Արագութիւնը Գերազանցող Հրթիռ Մը Արտադրած Է
Ռուսիա յայտարարեց, որ արտադրած է ձայնի արագութիւնը գերազանցող հրթիռ մը, որ սակայն յաւելեալ զարգացման կը կարօտի, որպէսզի կարենայ երկարատեւ թռիչք կատարել: «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը երէկ հաղորդեց, որ ռուսական «Հրթիռային ... Շարն.
Թուրքիա Էմիրաթական «Թաքա»-ի Յետաձգած Ծրագիրին Շուրջ Կը Բանակցի Սէուլի Հետ
«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ ուժանիւթի նախարար Թաներ Եըլտըզ յայտնած է, որ իր երկիրը սկսած է Հարաւային Քորէայի հետ բանակցիլ հանքածուխի եւ ելեկտրականութեան այն ծրագիրին շուրջ, որուն մէջ ... Շարն.
Վրաստան Բողոքագիր Մը Յղած Է` Փութինի Աբխազիա Այցելութեան Առիթով
Անքվապ եւ Փութին «Առ.Պի.Սի.» կը հաղորդէ, որ Վրաստան բողոքագիր մը յղած է Ռուսիոյ` Վլատիմիր Փութինի Աբխազիա կատարած այցելութեան համար: Վրաստանի արտաքին գործոց նախարար Մայա Փանճիքիծէ յայտարարած է, որ իր երկիրը ... Շարն.
Օթան. «Սուրիոյ Մէջ Քիմիական Զէնքի Օգտագործումը Առանց Պատասխանի Չի Կրնար Մնալ»
Բրիտանիոյ վարչապետ Տէյվիտ Քամերոն յայտարարեց, որ իր երկիրը ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին ներկայացուցած է բանաձեւ մը, որ կը դատապարտէ սուրիական վարչակարգին կողմէ Ղութա Շարքիյայի մէջ քիմիական զէնքի օգտագործումը եւ «քաղաքայինները պաշտպանելու ... Շարն.
Թիպի Դէմ Էրտողանի Յարձակումը Անընդունելի Նկատելով. «Եգիպտոս Թուրքիոյ Սուղ Գին Վճարել Պիտի Տայ Անոր Վարչապետին Կատարած Յայտարարութիւններուն Համար» Ըսաւ Ապտելաթի
Պատր Ապտելաթի Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Պատր Ապտելաթի յայտնեց, որ Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարարութիւնը Ազհարի շէյխ Ահմետ Թիպի հասցէին Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի արտայայտած կեցուածքին հարցով «գործադրուելիք հարցեր ... Շարն.
«Ռուսիոյ Արտաքին Քաղաքականութեան Մէջ Աբխազիոյ Հետ Յարաբերութիւնները Յատուկ Գլուխ Կը Կազմեն» Կ՛ըսէ Լաւրով
Սերկէյ Լաւրով Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով, աբխազական պետական պատկերասփիւռի ընկերութեան տուած հարցազրոյցին ընթացքին, Աբխազիոյ Հանրապետութեան անկախութեան օրուան նախօրեակին յայտարարած է, որ Ռուսիոյ արտաքին քաղաքականութեան մէջ Աբխազիոյ հետ յարաբերութիւնները ... Շարն.

