Category: Յօդուածներ
Հնագիտական. Նախապատմական Ժամանակներուն Գոյութիւն Ունեցած «Տարօրինակ» Ուղտերու Բրածոներ Յայտնաբերուած` Փանամայի Մէջ
Մարտի սկիզբը ողնայարաւոր անասուններու բրածոներու ուսումնասիրութեամբ զբաղող ամերիկացի խումբ մը մասնագէտներ երկու նոր տեսակի շատ փոքր ուղտերու կտրտուած բրածոներ յայտնաբերած են Փանամայի հնագիտական վայրերէն Լաս Քասքատասի մէջ: Բրածոներուն ուսումնասիրութիւնը ցոյց ... Շարն.
Հնագիտական. Հնագոյն «Ծովային Հրէշ»-ի Բրածոն Յայտնաբերուած` Հարաւային Բեւեռի Ջուրերուն Մէջ
Օգոստոսի կէսերուն պրազիլցի խումբ մը մասնագէտներ հարաւային բեւեռին ծովերէն մէկուն մէջէն յայտնաբերած են «ծովային հրէշ» կոչուած հնագոյն հոյամողէզի բրածոն: Նշեալ բրածոյին ուսումնասիրութիւնը ցոյց տուած է, թէ անիկա գոյութիւն ունեցած է ... Շարն.
Պարտաւորեցնող Արձագանգումներ
«Ազդակ»-ի հիմնադրութեան 85-ամեակին յատկացուած մեր յատուկ հրատարակութեան բովանդակութեան մեր կայքէջին վրայ տեղադրումը բաւարար եղաւ, որ մինչեւ երէկ երեկոյ շարունակուին «Ազդակ»-ին յղուած շնորհաւորական ելեկտրոնային նամակներն ու ֆեյսպուքեան արձագանգները: Երէկ երեկոյեան դրութեամբ ... Շարն.
Կիրակնօրեայ Խօսքը. Պահա՛նջք Կայ «Անառակ Որդի»-Ներուն…
ՄԵՍՐՈՊ ՀԱՅՈՒՆԻ Սիրելի՛ ընթերցող, մարտ 4-ը Մեծ պահքի երրորդ կիրակին է, որ մակագրուած է «Անառակին»: «Անառակ» բնիկ հայերէն բառ է, որ կը նշանակէ «1. անբարոյական, շուայտ, զեխ: 2. անկարգ, վատ: ... Շարն.
Ակնարկ. Բեկորին Երազը, Փասքալեւային Խոստումը…
ՆՈՐԱ ԲԱՐՍԵՂԵԱՆ Պուլկարացի լրագրող Ցվեթանա Փասքալեւա իր «Ղարաբաղի վէրքերը» ժապաւէնին մէջ երբ արցախցի հերոս Աշոտ Ղուլեանին հարց կու տայ, թէ ի՛նչ երազ ունի արցախեան պայքարի աւարտէն ետք իրականացնելիք, Աշոտ Ղուլեան ... Շարն.
Ցեղասպանութեան Օրինագիծի Խայտառակ Մերժումը` Ֆրանսայի Սահմանադրական Խորհուրդին Կողմէ
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ Ֆրանսայի եւ առհասարակ աշխարհասփիւռ հայութիւնը չափազանց վրդովուած էր Ֆրանսայի Սահմանադրական խորհուրդի` Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծը մերժելուն մասին ընդունած խայտառակ որոշումէն: Խորհրդարանն ու ծերակոյտը վերջերս ընդունեցին օրէնք մը, որով ... Շարն.
Ֆիլիփսի Հայաստան-Թուրքիա Արձանագրութիւններուն Մասին Մենագրութիւնը
ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ Քոլումպիա համալսարանի մարդկային իրաւանց ուսումնասիրութեան հիմնարկն ու Հարվըրտ համալսարանի Քենետի դպրոցի Դիւանագիտութեան ապագայի ծրագիրը 2012-ին հրատարակեցին Տէյվիտ Լ.Ֆիլիփսի «Դիւանագիտական պատմութիւն` Թուրքիա-Հայաստան արձանագրութիւնները» խորագիրը կրող մենագրութիւնը, որ 2009-ին ստորագրուած ... Շարն.
Այրող Արժէքները
ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ Հալէպ չեմ ծնած, բայց փոքր տարիքէս միշտ կապուածութիւն մը ունեցած եմ Հալէպին եւ անոր միջոցով` սուրիական երկրին հետ: Կապուածութիւնս կու գայ այն իրականութենէն, որ ծնողքս` հայրս եւ մայրս, ... Շարն.
Արուեստի Աշխարհէն. Արուեստի Գործ Մը Փրկուած Է. Սակայն Կ՛Արժէ՞ր Փրկել Զայն
Բրիտանացիք 45 Միլիոն Սթերլին Վճարած Են Բրիտանիոյ Մէջ Պահելու Համար Թիշընի Մէկ Գլուխ Գործոցը: Սակայն Տնտեսական Տագնապի Այս Օրերուն Գեղանկարի Մը Համար Նման Հսկայական Գումար Մը Ծախսելը Զարմանք Պատճառած Է ... Շարն.
Արուեստի Աշխարհէն. Մանէ Մը Փրկելու Արշաւ
Բրիտանացիք Ամուր Կերպով Կը Կառչին Իրենց Երկրին Մէջ Գտնուող Արուեստի Գործերու Սեփականութեան: Այժմ Օքսֆորտի Մէջ Թանգարան Մը Կը Պատրաստուի Միլիոնաւոր Տոլարի Գնելու Մանէ Մը: «Պի. Պի. Սի.» Կը Մանրամասնէ. Օքսֆորտի ... Շարն.
Ակնարկ. Ամերիկեան Եւ Բրիտանական Գնահատականներ
Հայաստանի մէջ Մեծն Բրիտանիոյ դեսպանը տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւնները գնահատած է ընդհանրապէս դրական, կեդրոնացած է Հրազդանի ընտրութիւններուն վրայ` զանոնք յատկանշելով մրցակցային ուժեղ քարոզարշաւով: Ապա, դեսպանը փոխանցած է նաեւ իր վերապահութիւնները, ... Շարն.
Անփոխարինելի Դաստիարակը
Սուրէն Խանամիրեան ազգային քոլեճի յարկին տակ աշակերտելու, դաստիարակուելու եւ ուսանելու բախտաւորութիւնը ունեցած ոեւէ աշակերտ, անկարելի է, որ չճանչնար պրն. Միքայէլեանը: Բացատրութեան անհրաժեշտութիւնը չկայ, որպէսզի ոեւէ մէկը «ծանօթանար» պրն. Միքայէլեանին: Իր ... Շարն.
Քեզ Երբեք Չենք Կրնար Մոռնալ
Յ. ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ Աւելի քան քառասուն տարիէ ի վեր, առաջին անգամն է, որ Ուսուցիչի տօնին առիթը չունեցայ պրն. Միքայէլեանը շնորհաւորելու եւ «վարձքդ կատար» ըսելու: Քառասուն օր առաջ Ս. նշանականներ, խանամիրեանականներ, ուսուցիչներ ... Շարն.
Գէորգ Միքայէլեանի Մահուան Քառասունքին Առիթով «Ես Ալ Ազգային Գործին Մաս Պիտի Կազմեմ»
ՆՈՐԱ ԲԱՐՍԵՂԵԱՆ - Այո աղջիկս, ինչպէ՞ս ես: - Լաւ եմ պարո՛ն Միքայէլեան. յետմիջօրէին կրնա՞ք մեզ ընդունիլ, ընկեր Ճորճ Աբէլեանին հետ կ՛ուզենք ձեզի այցելել` առաջարկով մը: - Անշո՛ւշտ, անշուշտ, Ճորճ Աբէլեանը ... Շարն.
Անդրադարձ` ՀՅԴ «Ռոստոմ» Կոմիտէութեան Նախաձեռնութեան Առիթով. Դաշնակցական Հսկային Քանդակուած Ժպիտը
ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ «Կատարե՛նք մեր պարտքը մեր թշուառ ժողովուրդի հանդէպ... Փա՞ռք, ծա՞փ, դափնինե՞ր...ունայնութիւն ունայնութեանց... Այդպէս կ՛ըսէր մեզի անոր (Ռոստոմի) մշտազուարթ ու ժպտուն դէմքը, անոր իւրաքանչիւր խօսքը եւ ժեսթը»: ՄԻՔԱՅԷԼ ՎԱՐԱՆԴԵԱՆ Երկիւղած ... Շարն.
Իմ Տնօրէններս. Բիւզանդ Եղիայեան
ԱՆԺԵԼ ՄԻՍԻՍԵԱՆ Մելգոնեան կրթական հաստատութեան մէջ աշակերտութեանս առաջին երկու տարիներուն մեր տնօրէնը Բիւզանդ Եղիայեանն էր: Այդ օրերուն փոքր աշակերտներս որեւէ առնչութիւն չէինք ունենար տնօրէնին հետ, եթէ անշուշտ կարգապահական կամ ուսումնական ... Շարն.
Նուիրեալ Դաշնակցական Եզեկիէլ Պայրագտարեանի Յիշատակին
Քառասուն օրեր առաջ մեզմէ բաժնուեցաւ նուիրեալ դաշնակցական Եզեկիէլ Պայրագտարեանը: Կեանքի բնոյթը միօրինակ է, մարդիկ կու գան ու կ՛երթան, ընկերներ կու գան ու կ՛երթան, կը մնայ այն տուրքը, որով իրենք ծառայած ... Շարն.
Ռոբերտ Եսայեանի «Յիշողութեան Քարտէսը»
Ս. ԿԻՐԱԿՈՍԵԱՆ Արցախի բնաշխարհի երկրային ու երկնային կախարդական շշուկներուն, «Անյայտի շնչառութեան» վառ բաբախումներուն, յիշողութեան արշալոյսներուն խորախորհուրդ շարականներուն, ներկայի պայծառ ու մթին օրօրոցներու կշռոյթներուն եւ «յաւերժութեան բարուրներուն» մէջ անհունացող Բանին լուսաշառայլ ... Շարն.
Խմբագրական. Հայագիտութիւն Եւ Մեթոտաբանութիւն(Ուսուցիչներու Օրուան Առիթով)
Ուսուցիչներու տօնին առիթով ճիշդ է, որ վերլուծումները պէտք է կեդրոնացնել ընդհանրապէս ուսուցչական ասպարէզի այսօրուան վիճակին, մանկավարժութեան ներկայ խնդիրներուն եւ առհասարակ կրթութեան վերաբերեալ այժմէական հարցերուն վրայ: Այսուհանդերձ, մեր պարագային լուսարձակները բնականօրէն ... Շարն.
Ընդգծելով Հայ-Սուրիական Եղբայրական Յարաբերութիւնները` «Վաղուան Սուրիան Պիտի Ըլլայ Աւելի Առողջ Եւ Աւելի Հզօր» «Վանայ Ձայն»-Ին Ըսաւ Լիբանանի Մէջ Սուրիոյ Դեսպանը
Լիբանանի մէջ Սուրիոյ դեսպան Ալի Ապտել Քարիմ Ալի լաւատեսութեամբ արտայայտուեցաւ Սուրիոյ ապագային գծով` ընդգծելով, որ Սուրիա իր այժմու տագնապէն դուրս պիտի գայ յաղթահարելով բոլոր արգելքները: «Վաղուան Սուրիան պիտի ըլլայ աւելի ... Շարն.

