Category: Գաղութային
ՀՄԸՄ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂ. ՍԿԱՈՒՏԱԿԱՆ ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆ` ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԻ ԱՇԽԱՏԱՆՔՆԵՐՈՒ ՎԵՐԱՄՈՒՏԻՆ ԱՌԻԹՈՎ
Հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանի, ներկայութեամբ Կոմիտաս արք. Օհանեանի, կազմակերպութեամբ ՀՄԸՄ-ի Անթիլիասի մասնաճիւղի վարչութեան եւ Սկաուտական խորհուրդին, գործակցութեամբ խմբապետական կազմին, ՀՄԸՄ Անթիլիասի մասնաճիւղի աշխատանքներու վերամուտին առիթով երէկ` ... Շարն.
«ԵՌԱԳՈՅՆ ՖՈՆՏ»Ի ՀԻՄՆԱԴԻՐ ԵՐՋՕ ՍԱՄՈՒԷԼԵԱՆ ԱՅՑԵԼԵՑ ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ «Լ. ՇԱՆԹ» ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ԿԵԴՐՈՆ
Շաբաթ, 26 նոյեմբեր 2011-ին, կէսօրուան ժամը 12:00-ին, Համազգայինի «Լ. Շանթ» մշակութային կեդրոն այցելեց «Եռագոյն ֆոնտ»-ի հիմնադիր, բարերար Երջօ Սամուէլեան` ընկերակցութեամբ «Եռագոյն ֆոնտ»-ի վարչութեան անդամ Րաֆֆի Սիսլեանի: Սամուէլեան դիմաւորուեցաւ Համազգայինի Լիբանանի ... Շարն.
ՄԻՋԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ` ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ
Շաբաթ, 26 նոյեմբեր 2011-ին, Անթիլիասի մայրավանքին մէջ, նախագահութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսին, տեղի ունեցաւ միջեկեղեցական հանդիպում: Սոյն հանդիպման մասնակցեցան Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար դոկտ. Կրկես Սալեհ, ասորի եկեղեցւոյ ներկայացուցիչ ... Շարն.
ՀԱՅԱՍՏԱՆԵԱՅՑ ԱՌԱՔԵԼԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑԱՍԻՐԱՑ ԵՂԲԱՅՐԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱՑ. ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆ` «ԾՆՈՂՔ- ԵՐԻՏԱՍԱՐԴ ՍԻՐՈՅ ԿԱՊԸ» ՆԻՒԹՈՎ
Նախաձեռնութեամբ Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցասիրաց եղբայրակցութեան երիտասարդացին շաբաթ, 26 նոյեմբեր 2011-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, եղբայրակցութեան կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ փառաբանական երեկոյ: Օրուան հանդիսավարներ Սեպուհ Գարավարդանեան եւ Սեդա Մանկասարեան բարի գալուստ մաղթելէ ... Շարն.
ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՊԵՏԱԿԱՆ ԴՊՐՈՑՆԵՐՈՒՆ ՏՐԱՄԱԴՐԵՑ 120 ՏԱՐՐԱԼՈՒԾԱՐԱՆՆԵՐ
Լիբանանի կրթութեան նախարարութեան կեդրոնին մէջ երէկ տեղի ունեցաւ հանդիպում մը` Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Արմէն Աշոտեանի եւ Լիբանանի կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Հասսան Տիապի միջեւ: Նախարար Աշոտեանի ընկերակցեցաւ ... Շարն.
ԼՕԽ. ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՁԵՌԱԳՈՐԾՆԵՐՈՒ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍԻ ԲԱՑՈՒՄ
Կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի Ձեռարուեստի յանձնախումբին, հովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան, նախագահութեամբ Ցօղիկ Մանճեանի, երէկ` ուրբաթ, 25 նոյեմբերի երեկոյեան ժամը 5:00-ին, Ժել Էլ Տիպի քաղաքապետարանի հանրային պարտէզին ապակեայ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հայկական ... Շարն.
2004-2011 ԶՈՄ-Ի ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԵՒ ԱՐՑԱԽ ԳՈՐԾՈՒՂՈՒՄՆԵՐՈՒ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՄ
Երէկ` ուրբաթ, 25 նոյեմբերի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ 2004-2011 թուականներուն Հայաստան եւ Արցախ կատարուած ԶՈՄ-ի գործուղումներուն ներկայացումը: Ձեռնարկին բացման խօսքը արտասանեց Շողեր Յովհաննէսեան, որ անդրադարձաւ ... Շարն.
ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԱՐԱԶԱՏ ՄԵՂՐԻ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍ-ՎԱՃԱՌՔ
Երէկ` ուրբաթ, 25 նոյեմբեր 2011-ին, երեկոյեան ժամը 6:30-ին, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հայկական հարազատ մեղրի ցուցահանդէս-վաճառք, որուն ընթացքին Հայաստանէն Լիբանան ժամանած Տիգրան Քոթանջեան ներկայացուց հայկական մեղրի ... Շարն.
ՀԱՄՐԱՅԻ ՄԷՋ ԶԱՐԱ ՄԱԶՄԱՆԵԱՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑ ԺԱՄԱՆԱԿԱԿԻՑ ՍԿԻԶԲ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍԸ
Հովանաւորութեամբ զբօսաշրջութեան նախարար Ֆատի Ապպուտի, երէկ` ուրբաթ, 25 նոյեմբերի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, զբօսաշրջութեան նախարարութեան Համրայի կեդրոնատեղիի ապակեայ սրահին մէջ Զարա Մազմանեան առաջին անգամ ըլլալով Լիբանանի մէջ ներկայացուց հաւաքական ցուցահանդէս մը: ... Շարն.
ԼՕԽ. ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆ` «ՄԻԶԱՅԻՆ ՀԱՄԱԿԱՐԳԻ ՀԻՒԱՆԴՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԵՒ ԱՆՈՆՑ ԱԶԴԵՑՈՒԹԻՒՆԸ ՍԵՌԱՅԻՆ ԱՌՈՂՋՈՒԹԵԱՆ ՎՐԱՅ» ՆԻՒԹՈՎ
Կազմակերպութեամբ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի Շրջանային վարչութեան առողջապահական յանձնախումբին եւ «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին, չորեքշաբթի, 23 նոյեմբեր 2011-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ դասախօսութիւն` «Միզային ... Շարն.
«ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ»-ԵՐՈՒ ՄՆԱՅՈՒՆ ՕՐԱՑՈՅՑ
Գաղութային ձեռնարկներու ժամանակացոյցը համակարգելու եւ խաչաձեւումներու առաջքը առնելու համար, «Ազդակ»-ի կայքէջը մօտ օրէն կ՛օժտուի «Գրաւուած օր»-երու մնայուն օրացոյցով մը: Ձեռնարկներու կազմակերպիչ մարմիններ եւ վարչութիւններ «Ազդակ»-ի մէջ հրատարակուող իրենց «Գրաւուած օր»-երը ... Շարն.
«ԲՈԼՈՐՍ ՀՊԱՐՏԱՆՈՒՄ ԵՆՔ, ՈՐ ՄԵՐ ԺՈՂՈՎՐԴԻ ՇԱՐՈՒՆԱԿԱԿԱՆ ՋԱՆՔԵՐԻ ՇՆՈՐՀԻՒ ԱՄՐԱՆՈՒՄ Է ՄԵՐ ՀԱՅՐԵՆԻՔԸ»
Ստորեւ կու տանք Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Աշոտ Քոչարեանի ուղերձը «Ռատիոթոն 2011»-ի լիբանանահայ մասնակիցներուն Սիրելի՛ հայրենակիցներ, «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի շրջանակներում իրականացուող ծրագրերը մշտապէս առնչուել եւ առնչւում ... Շարն.
ՄԱՄԼՈՅ 65-ՐԴ ԼՍԱՐԱՆ. ՍՓԻՒՌՔԵԱՆ ԽՆԴԻՐՆԵՐՈՒՆ ԵՒ ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅԵՐԷՆԻ ԻՐԱՎԻՃԱԿԻՆ ՄԱՍԻՆ ԶԵԿՈՒՑԵՑ ՄԻՀՐԱՆ ՔԻՒՐՏՕՂԼԵԱՆ
Կազմակերպութեամբ «Ազդակ»-ի խմբագրութեան, երէկ` չորեքշաբթի, 23 նոյեմբեր 2011-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Ազդակ»-ի մամլոյ 65-րդ լսարանը, որուն զեկուցաբերն էր Միհրան Քիւրտօղլեան: Անոր զեկուցումին նիւթն էր ... Շարն.
ԲԱԶՄԱՎԱՍՏԱԿ ՃԱՐՏԱՐԱՊԵՏ ՄԱՐՏԻՐՈՍ ԱԼԹՈՒՆԵԱՆԻ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԿԻՍԱՆԴՐԻԻ ԲԱՑՈՒՄ
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Անթիլիասի Մայր տաճարին, Լիբանանի խորհրդարանի շէնքին, խորհրդարանի դիմացի հրապարակի ժամացոյցին, Յոյն կաթողիկէ Ս. Պօղոս պազիլիքին-Հարիսա, Նահր Քելպի ժայռերուն վրայ յուշագրութեանց եւ բազմաթիւ ականաւոր շինութեանց շունչ փչած ... Շարն.
ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՖՐԱՆՍԱՑԻ ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ ՔՐԻՍԹԻԱՆ ՎԱՆԵՍԸ
Կիրակի օր, սուրբ եւ անմահ պատարագէն ետք, վեհարանի գրասենեակին մէջ Արամ Ա. կաթողիկոս ընդունեց Ֆրանսայի խորհրդարանի անդամ Քրիստիան Վանեսը, որուն կ՛ընկերանար Սէմ Րագուպեան: Երեսփոխանը մօտէն ծանօթ է Ֆրանսայի հայութեան, Հայոց ... Շարն.
ԱԶԳԱՅԻՆ ԻՇԽԱՆՈՒԹԵԱՆ ՈՒՍՈՒՄՆԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ. ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ 68-ԱՄԵԱԿԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ԱՇԱԿԵՐՏԱԿԱՆ ՁԵՌՆԱՐԿ
Կազմակերպութեամբ Ազգային իշխանութեան Ուսումնական խորհուրդին, երէկ` երկուշաբթի, 21 նոյեմբեր 2011-ի կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ աշակերտական ձեռնարկ` նուիրուած Լիբանանի անկախութեան 68-ամեակին: Բարի գալուստի խօսքը ... Շարն.
«ԱԶԴԱԿ»-Ի ԱՐԱԲԵՐԷՆ ԿԱՅՔԷՋԸ ԿԸ ԹԱՐՄԱՑՈՒԻ ՆՈՐ ՆԻՒԹԵՐՈՎ
Նոյեմբեր ամսուան ընթացքին «Ազդակ»-ի արաբերէն կայքէջը (www.aztagarabic.com) արդէն իսկ թարմացուած է երկու անգամ: Նոր թարմացումներու «Լուրեր» բաժինին մէջ հիմնական տեղ կը գրաւեն Եւրոպական Միութեան արտաքին յարաբերութիւններու եւ անվտանգութեան յանձնակատար Քեթրին ... Շարն.
«ՎԷՐՔ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ» ԳԻՐՔԻ ՄՐՑԱՆՔ
Հովանաւորութեամբ ՀԱՅՈԳԻ մատենաշարին եւ միացեալ նախաձեռնութեամբ Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան ու «Ազդակ»-ին, շաբաթ, 19 նոյեմբերին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Խաչատուր Աբովեանի «Վէրք Հայաստանի» վէպի մրցանքը, որուն մասնակից դարձան ... Շարն.
Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԱՆՈՒԱՆԱԿՈՉՈՒԹԵԱՆ ՏՕՆԻ ՆՇՈՒՄ
Անցնող շաբաթավերջին տօնական մթնոլորտ կը տիրէր Նոր Ատանայի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, թաղականութիւն, տիկնանց յանձնախումբ, դպրաց դաս, քահանայ հայրեր բոլորն ալ լծուած էին ժրաջան աշխատանքի, որովհետեւ եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնը պիտի ... Շարն.
ՌՈՊԵՐ ԿԵՏԻԿԵԱՆԻ «ՔԻԼԻՄԱՆՃԱՐՈՅԻ ՁԻՒՆԵՐԸ» Կ՛ԱՐԺԱՆԱՆԱՅ 2011-Ի ՇԱՐԺԱՆԿԱՐԻ ԼԻՒՔՍ ՄՐՑԱՆԱԿԻՆ
Ռոպեր Կետիկեանի «Քիլիմանճարոյի ձիւները» շարժանկարը տիրացաւ 2011-ի շարժանկարի ԼԻՒՔՍ մրցանակին: Եւրոպական խորհրդարանի նախագահ Ժերզի Պիւզեք Սթրազպուրկի մէջ տեղի ունեցած պաշտօնական արարողութեան մը ընթացքին մրցանակը յանձնեց շարժանկարի ֆրանսացի արտադրիչին: Շարժանկարը հարցականի ... Շարն.

