Category: Գաղութային
ՀՄԸՄ ԺԻՒՆԻԷԻ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԻ ԳԱՅԼԻԿԱԿԱՆ ԱՇԽԱՏԱՆՔ
Կիրակի, 8 մայիս 2011-ի առաւօտեան կանուխ ժամերէն ՀՄԸՄ Ժիւնէի մասնաճիւղի փոխադրակառքը արդէն իսկ սկսած էր հաւաքել մասնաճիւղի գայլիկ-արծուիկները, որոնք իրենց կիրակնօրեայ սովորական հաւաքոյթը որոշած էին այլ կերպ կատարել: Արդարեւ, մասնաճիւղի ... Շարն.
«Ս. ԳՐԻԳՈՐ ՆԱՐԵԿԱՑԻ» ԿԵԴՐՈՆԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐԸ ԵՒ ԴՈԿՏ. ՓՐՈՖ. ՃՈՒԼԻԵԹԱ ԿԻՒԼԱՄԻՐԵԱՆ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԴԵՍՊԱՆԱՏՈՒՆ
Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանի «Ս. Գրիգոր Նարեկացի» կեդրոնը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը եւ հայրենի մանկավարժ դոկտ. փրոֆ. Ճուլիեթա Կիւլամիրեան 4 մայիսին այցելեցին Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատուն` Պէյրութի մէջ փրոֆ. Կիւլամիրեանի ղեկավարութեամբ մանկավարժական կազմաւորումի ... Շարն.
ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅ ՎԱՐԺԱՐԱՆՆԵՐՈՒ ԱՇԱԿԵՐՏՈՒԹԻՒՆԸ ՅԱՐԳԵՑ ԼԻԲԱՆԱՆՑԻ ՆԱՀԱՏԱԿՆԵՐՈՒՆ ՅԻՇԱՏԱԿԸ
Կազմակերպութեամբ Ազգային առաջնորդարանին, ուրբաթ, 6 մայիսին, Նահատակաց տօնին առիթով տեղի ունեցաւ ձեռնարկ եւ ծաղկեպսակներու զետեղում` Պէյրութի Նահատակաց յուշարձանին դիմաց` մասնակցութեամբ հետեւեալ վարժարաններու միջնակարգ եւ երկրորդական կարգերու աշակերտներուն. Ազգային Լեւոն եւ ... Շարն.
«ԱԶԴԱԿ»Ի ՄԱՄԼՈՅ 55-ՐԴ ԼՍԱՐԱՆ. ԶԵԿՈՒՑՈՒՄ` «ԱԶԴԱԿ»Ի ԲԱՑԱՌԻԿ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ՄԱՍԻՆ
Կազմակերպութեամբ «Ազդակ»ի խմբագրութեան, ուրբաթ, 6 մայիս 2011-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, «Ազդակ»ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ մամլոյ 55-րդ լսարանը, որուն նիւթն էր ««Ազդակ»ի բացառիկ հրատարակութիւնները»: Զեկուցումը ներկայացուց «Ազդակ»ի բացառիկ հրատարակութիւններու ... Շարն.
ՈԳԵԿՈՉՈՒՄ ԱՅՆԹՈՒՐԱՅԻ ՄԷՋ ԹԱՂՈՒԱԾ 300 ՀԱՅ ՈՐԲԵՐՈՒ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ
Հայոց ցեղասպանութեան 96-ամեակի նախաձեռնութիւններուն ծիրին մէջ եւ Այնթուրայի 300 հայ անմեղ որբերու յիշատակին, երէկ` կիրակի, 8 մայիսի երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Այնթուրայի Սեն Ժոզեֆ քոլեճին մայր եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ ոգեկոչական ... Շարն.
ԱԼԵՔՍԱՆ ՄՆԱԿԵԱՆԻ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ. «ԿԱՐԿԱՉ» ՄԱՆԿԱՊԱՏԱՆԵԿԱՆ ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԻ ՏԱՐԵԿԱՆ ՀԱՄԵՐԳ
Ալեքսան Մնակեանի ծննդեան 75 եւ մահուան 25-ամեակներուն առիթով, կազմակերպութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան «Կարկաչ» մանկական եւ պատանեկան երգչախումբին վարչութեան, երէկ` կիրակի, 8 մայիս 2011-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Ամերիկեան համալսարանի «Էսեմպլի ... Շարն.
ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ ԵՒ ՁԵՌՆԱՐԿ` ԱՐՑԱԽԵԱՆ ԱԶԱՏԱՄԱՐՏԻ ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅ ՆԱՀԱՏԱԿ ՎԻԳԷՆ ԶԱՔԱՐԵԱՆԻ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ
Երէկ` կիրակի, 8 մայիսին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, Արցախեան ազատամարտի լիբանանահայ նահատակ Վիգէն Զաքարեանի նահատակութեան 19-րդ տարելիցին առիթով Նոր Ատանայի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն: Այնուհետեւ, կազմակերպութեամբ ՀՅԴ ... Շարն.
ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ
Ուրբաթ, 6 մայիս 2011-ին տեղի ունեցաւ Համազգայինի Մ. Եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի տարեկան ճաշկերոյթը` «Տոքթ. Ատրինէ Գարագաշեան» սրահին մէջ, հովանաւորութեամբ Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան: Ուրախութեամբ կը յայտնենք, որ ի նպաստ Ճեմարանի ... Շարն.
ՌԸՄԷՅԼԻ Ս. ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԱՆՈՒԱՆԱԿՈՉՈՒԹԵԱՆ ՕՐՈՒԱՆ ՆՇՈՒՄ
Երէկ` կիրակի, 8 մայիս 2011-ին նշուեցաւ Ռըմէյլի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ անուանակոչութեան օրը: Պատարագը մատուցեց եւ հաւատացեալներուն իր պատգամը փոխանցեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան: Ան նկատել տուաւ, որ ... Շարն.
ԺՈՂՈՎՐԴԱՅԻՆ ԵՒ ԷՍԹՐԱՏԱՅԻՆ ԵՐԳԵՐՈՒ ԵՐԳԱՀԱՆԴԷՍ` ՆՈՒՇԻԿ ՍԱՐԳԻՍԵԱՆԻ ՄԵԿՆԱԲԱՆՈՒԹԵԱՄԲ
Հովանաւորութեամբ Րաֆֆի Տարագճեանի, երէկ` կիրակի, 8 մայիսի երեկոյեան ժամը 7:30-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ երգահանդէս` կատարողութեամբ Նուշիկ Սարգիսեանի, ընկերակցութեամբ Սեդօ Պաղտասարեանի եւ իր նուագախումբին: Ձեռնարկին բարի գալուստի ... Շարն.
ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ «ԼԻՒՍԻ ԹԻՒԹԻՒՆՃԵԱՆ» ՑՈՒՑԱՍՐԱՀԻՆ ՄԷՋ. ԱՐՈՒԵՍՏԱԳԷՏ ԼԻՒՍԻ ԹԻՒԹԻՒՆՃԵԱՆԻ ԻՒՂԱՆԿԱՐՆԵՐՈՒ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍԻ ԲԱՑՄԱՆ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆ
Երէկ` հինգշաբթի, 5 մայիս 2011-ին, երեկոյեան ժամը 6:30-ին, Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին մէջ տեղի ունեցաւ ցուցասրահի հիմնադիր, արուեստագէտ Լիւսի Թիւթիւնճեանի իւղանկարներու ցուցահանդէսին բացման հանդիսութիւնը: Ձեռնարկին խօսք առաւ Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ... Շարն.
ԽՄԲԱՎԱՐԻՆ ԽՕՍՔԸ. ԱԼԵՔՍԱՆ ՄՆԱԿԵԱՆ` ՆՈՒԻՐԱԿԱՆ ԱՆՈՒՆ
Կիրակի, 8 մայիսին տեղի պիտի ունենայ Համազգայինի «Կարկաչ» մանկապատանեկան երգչախումբի «Արտուտիկ» երգաշարը: Այս առիթով ստորեւ կը ներկայացնենք խումբի գեղարուեստական ղեկավար խմբավար Զաքար Քէշիշեանի խօսքը: Կը պատրաստուիմ յարգել յիշատակը մարդու մը, ... Շարն.
ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔԻ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՔԱՐՏՈՒՂԱՐԸ ԵՒ ՌԱՅԻ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉԸ
Երէկ` հինգշաբթի, 5 մայիս 2011-ի առաւօտուն, Արամ Ա. կաթողիկոսին այցելեց Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար դոկտ. Կրկես Սալեհը` ընկերակցութեամբ խորհուրդի «Կեանք եւ ծառայութիւն» բաժանմունքի տնօրէն Սեդա Խտըշեանի: Սոյն այցելութեան ... Շարն.
«ԳԱՐԱԿԷՕԶԵԱՆ» ՀԱՍՏԱՏՈՒԹԵԱՆ ՀԻՄՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ 90-ԱՄԵԱԿԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՁԵՌՆԱՐԿՆԵՐՈՒ ՄԵԿՆԱՐԿ
Երէկ իւրայատուկ օր մըն էր «Գարակէօզեան» հաստատութեան պատմութեան մէջ: Արդարեւ, հաստատութեան Պուրճ Համուտի կեդրոնատեղիին մէջ տեղի ունեցած մտերմիկ հանդիպումի մը եւ հիւրասիրութեան մը ընթացքին, յայտարարուեցաւ հաստատութեան հիմնադրութեան 90-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներուն ... Շարն.
ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅ ԲԺՇԿԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՁԵՌՆԱՐԿՆԵՐՈՒՆ ԾԻՐԻՆ ՄԷՋ. «ԳԵՐՃՆՇՈՒՄԻ ԿԱՆԽԱՐԳԻԼՄԱՆ ՀԻՄՆԱԿԱՆ ՆԱԽԱՔԱՅԼԸ` ՅԱՃԱԽ ՃՆՇՈՒՄԻ ԲԱԶԿԵՐԱԿԸ ՔՆՆԵԼ ՏԱԼՆ Է» «ԱԶԴԱԿ»ԻՆ ԸՍԱՒ ՏՈՔԹ. ԳՐԻԳՈՐ ԷՃԻՏԵԱՆ
Կազմակերպութեամբ Լիբանանահայ բժշկական միութեան, երէկ` հինգշաբթի, 5 մայիսի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, գերճնշումի եւ սրտի տագնապի մասին դասախօսութիւն մը ներկայացուեցաւ միութեան կեդրոնին մէջ` Նոր Հաճըն- Մար Մխայէլ մայրուղիին վրայ: Վարչութեան անդամ ... Շարն.
ԲՆՈՒԹԵԱՆ ՍԻՐԱՀԱՐ ԳԵՂԱՆԿԱՐԻՉԸ
Արդէն մէկուկէս տարի է` Պուրճ Համուտ, «Շաղզոյեան» կեդրոնին ներքեւ կը գործէ Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահը: Բազմաթիւ ցուցահանդէսներ տեղի ունեցած են այս մէկուկէս տարուան ընթացքին, եւ ահա այսօր Համազգայինը պիտի հիւրընկալէ ... Շարն.
ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ԽԱՉ. ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆ` ՏՈՒՐՄԻ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ
Կազմակերպութեամբ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի առողջապահական յանձնախումբի եւ «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին, երէկ` չորեքշաբթի, 4 մայիսին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ, տեղի ունեցաւ գործնական ... Շարն.
«ԱԶԴԱԿ»Ի ԿԱՅՔԷՋԻ ԱՐԱԲԵՐԷՆԻ ՄԱՅԻՍԻ ՆՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ
Արդէն իսկ տեղադրուած է «Ազդակ»ի կայքէջի արաբերէնի բաժինի մայիս ամսուան լուրերուն մէկ մասը, որ պիտի համալրուի յաջորդող օրերուն ընթացքին: Ներկայիս կայքէջին վրայ կարելի է կարդալ Հայոց ցեղասպանութեան մասին Քանատայի վարչապետին ... Շարն.
ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ «ԽԱՉԻԿ ՊԱՊԻԿԵԱՆ ՀԻՄՆԱԴՐԱՄ»Ի ՆՈՐ ՅԱՏԿԱՑՈՒՄՆԵՐԸ
Ինչպէս ծանօթ է, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան հովանաւորութեամբ կը գործէ «Խաչիկ Պապիկեան հիմնադրամ»ը: Արամ Ա. կաթողիկոսին նախագահութեամբ յանձնախումբ մը կը ճշդէ տարեկան յատկացումները եւ կը հետեւի հիմնադրամի զանազան աշխատանքներուն: 2011 ... Շարն.
ՔԱՂԱՔԱՑԻԱԿԱՆ ՊԱՏԵՐԱԶՄԻ ՆԱՀԱՏԱԿՆԵՐՈՒՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՅՈՒՇԱՔԱՐԻ ԲԱՑՈՒՄ. «ՀԱՆԳԻ՛ՍՏ ՆՆՋԵՑԷՔ ՍԻՐԵԼԻ՛ ԸՆԿԵՐՆԵՐ, ԶԱՒԱԿՆԵՐ, ԱՄՈՒՍԻՆՆԵՐ, ԵՂԲԱՅՐՆԵՐ, ՀԱՅՐԵՐ, ՀԱՆԳԻ՛ՍՏ ՆՆՋԵՑԷՔ ԵՒ ՎՍՏԱՀ` ՈՐ ՁԵՐ ԳՈՐԾԸ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԻ» ԸՍԱՒ ՃՈՐՃ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ
Ոեւէ ժողովուրդի չէ վիճակուած նահատակ ունենալ, գիտակցիլ նահատակութեան իմաստին ու արժէքին, խոնարհիլ նահատակներու մեծութեան դիմաց եւ դասեր ու պատգամներ քաղել անոնցմէ: Հայ ժողովուրդը սակայն նահատակներէն պատգամներ քաղող ժողովուրդներէն է, որովհետեւ ... Շարն.

