Category: Գաղութային
ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՊԱՏԱՆԵԿԱՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ՆԵՐԿԱՅԱՑՆՈՂ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆ ՄԸ` ՊԻՔՖԱՅԱՅԻ ՄԷՋ
24 ապրիլ 2011-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութիւնները ներկայացնող վարչութիւններէ բաղկացած շուրջ 50 պատանիներ մեկնեցան Պիքֆայայի վանք` իրենց յարգանքի տուրքը մատուցելու ապրիլեան նահատակներուն յիշատակը յաւերժացնող յուշարձանին դիմաց: Պատանիները ... Շարն.
ԼԵՄ-ԶՈՄ. ՔԱՅԼԱՐՇԱՒ` ՊՈՒՐՃ ՀԱՄՈՒՏԷՆ ԱՆԹԻԼԻԱՍ
Հայոց ցեղասպանութեան 96-ամեակի ոգեկոչման ձեռնարկներուն շարքին, կիրակի, 24 ապրիլ 2011-ին, աւելի քան 350 երիտասարդներ, ՀՅԴ ԶՈՄ-ի եւ ԼԵՄ-ի կազմակերպութեամբ, կատարեցին քայլարշաւ մը, որ սկիզբ առաւ Պուրճ Համուտէն` հասնելով Անթիլիասի Մայր ... Շարն.
Ս. ԳՐԻԳՈՐ ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ ՃԵՄԱՐԱՆԻ ԲԱԿԻՆ ՄԷՋ. ՀՈԳԵՀԱՆԳՍՏԵԱՆ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ` ՄԵԾ ԵՂԵՌՆԻ ՆԱՀԱՏԱԿՆԵՐՈՒ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ
Հանդիսապետութեամբ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Ներսէս Պետրոս ԺԹ. պատրիարքի, մասնակցութեամբ «Կռունկ» պատրիարքական երգչախումբի` ղեկավարութեամբ դոկտ. Էտուար Թորիկեանի, երէկ` երկուշաբթի, 25 ապրիլ 2011-ի կէսօրէ ետք ժամը 5:00-ին, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ ճեմարանի ... Շարն.
ՀԱՅ ԱՒԵՏԱՐԱՆԱԿԱՆ ԷՄՄԱՆՈՒԷԼ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ ՄԻԱՑԵԱԼ ՊԱՇՏԱՄՈՒՆՔ` ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ԱՊՐԻԼԵԱՆ ՅՈՒՇԱՏՕՆԻՆ
Կազմակերպութեամբ Մերձաւոր Արեւելքի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան Լիբանանի Հովուական ժողովին, շաբաթ, 23 ապրիլի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Հայ աւետարանական Էմմանուէլ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ միացեալ պաշտամունք` նուիրուած Ապրիլեան յուշատօնին: Պաշտամունքի ընթացքին ... Շարն.
ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ 96-ԱՄԵԱԿԻ ՆՇՈՒՄ` ԱՅՆՃԱՐԻ ՄԷՋ
Բացառիկ զուգադիպութեամբ մը, այս տարի Քրիստոսի յարութեան տօնն ու Հայոց ցեղասպանութեան 96-ամեակը կը համընկնէին: Կիրակի, 24 ապրիլ: Ինչպէ՞ս ընել: Ո՛չ այս, ո՛չ ալ միւսը կարելի էր անտեսել կամ երկրորդական նկատել: ... Շարն.
Ս. ԶԱՏԻԿԸ` ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ. «ԱՌԱՆՑ ԽԱՉԻ ՉԿԱ՛Յ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ. ԱՅՍ ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԵԱՆ ՎԿԱՆ ԵՂԱՒ ՀԱՅ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԸ` ՏԱՌԱՊԱՆՔԷՆ ԵՏՔ ԻՐ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ՏԵՍՆԵԼՈՎ»
Կիրակի, 24 ապրիլ 2011-ին, Ս. Զատիկի օրը այս տարի խորհրդալից զուգադիպութեամբ հանդիպեցաւ հայ ժողովուրդի մէկուկէս միլիոն նահատակներու ոգեկոչման օրուան` Հայոց ցեղասպանութեան 96-ամեակին: Յարութեան շունչով լեցուն օրուան խորհուրդին հետ այնքան համատեղուող ... Շարն.
«ՅԱՐՈՒԹԵԱՆ ՏՕՆԻՆ ԵՒ ԱՊՐԻԼ 24-ԻՆ ԶՈՒԳԱԴԻՊԵԼՈՒՆ ՄԷՋ ՄԵՆՔ ՊԷՏՔ Է ՏԵՍՆԵՆՔ ՄԵՐ ՀԱՅՐԵՐՈՒ ՀԱՒԱՏՔԻՆ ՅԱՐՈՒԹԵԱՆ ԳԵՂԵՑԻԿ ՊԱՏԿԵՐԸ» ՀԱՍՏԱՏԵՑ ԳԵՂԱՄ ԱՐՔ. ԽԱՉԵՐԵԱՆ
Քրիստոսի հրաշափառ Յարութեան տօնին առիթով կիրակի, 24 ապրիլին Ս. Նշան Մայր եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Ս. եւ անմահ պատարագ` ձեռամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանի: Առաջնորդ սրբազանը իր քարոզին ... Շարն.
ՔՐԻՍՏՈՍԻ ԹԱՂՄԱՆ ԿԱՐԳԻՆ ՆԱԽԱԳԱՀԵԼՈՎ` «ԱՅՍ ԳԵՐԵԶՄԱՆԸ ՄԵՐ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻ ՅԱՐՈՒԹԵԱՆ ԵՐԱՇԽԻՔՆ ՈՒ ԳՐԱՒԱԿԱՆՆ Է» ԸՍԱՒ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
Համայն Քրիստոնեայ աշխարհին համար նուիրական Աւագ ուրբաթը տարուան բոլոր օրերէն աւելի երկիւղածութիւն ու յարգանք պարտադրող օր է` իբրեւ մեր Տիրոջ գերագոյն սիրոյ նշան հանդէպ մարդկութեան, որուն համար Աստուածորդին յանձն առաւ ... Շարն.
ՅԻՍՈՒՍԻ ՉԱՐՉԱՐԱՆԱՑ ԵՒ ԹԱՂՄԱՆ ՅԻՇԱՏԱԿԻ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆ` ՍՐԲՈՑ ՔԱՌԱՍՆԻՑ ՄԱՆԿԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ
Երէկ` Աւագ ուրբաթ, 22 ապրիլի կէսօրէ ետք ժամը 4:30-ին, Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ արարողութիւն` Քրիստոսի չարչարանաց, խաչելութեան եւ թաղման յիշատակին: Արարողութեան հանդիսապետեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. ... Շարն.
ԱՒԱԳ ՈՒՐԲԱԹԻ ՔՐԻՍՏՈՍԻ ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ԹԱՂՄԱՆ ԿԱՐԳ` Ս. ՓՐԿԻՉԻ ՄԷՋ
Յիսուս Քրիստոսի Թաղման կարգի հոգեւոր աւանդութեանց արարողութեանց ծիրին մէջ, երէկ` ուրբաթ, 22 ապրիլի յետմիջօրէի ժամը 4:30-էն սկսեալ, Պուրճ Համուտի Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ ժամերգութիւն եւ Թաղման կարգ, որմէ ետք ... Շարն.
ՀՅԴ ԼԵՄ-Ի «ՀԱՄԱԶԱՍՊ» ԿՈՐԻԶ. ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ 96-ԱՄԵԱԿԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՁԵՌՆԱՐԿ
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Համազասպ» կորիզին, չորեքշաբթի, 20 ապրիլի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Զահլէի ՀՅԴ ակումբին մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 96-ամեակին նուիրուած ձեռնարկ: Ներկայ էին Այնճարի քաղաքապետ Կարօ Փամպուքեան, նախկին երեսփոխաններ ... Շարն.
ԱՒԱԳ ՀԻՆԳՇԱԲԹԻ. «ՃՇՄԱՐԻՏ ՍԷՐԸ ԱՄԲՈՂՋԱԿԱՆ ԵՒ ԿԱՏԱՐԵԱԼ ԿՐՆԱՅ ԸԼԼԱԼ ՄԻԱՅՆ» ԸՍԱՒ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
Հայ եկեղեցւոյ տօնակարգին մէջ, Աւագ շաբթուան հարուստ ու հոգեթով արարողութիւնները, հոգեկան անփոխարինելի ապրումներու առիթ կը հանդիսանան հայ հաւատացեալին համար ամէն տարի: Երէկ` հինգշաբթի, 21 ապրիլ 2011-ի առաւօտեան, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր ... Շարն.
Ս. ԳԷՈՐԳ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ. «ՈՏՆԼՈՒԱՆ ԿԸ ՍՈՐՎԵՑՆԷ ԴԻՄԱՑԻՆԻՆ ՆԿԱՏՄԱՄԲ ՍԻՐՈՎ ՎԱՐՈՒԻԼ» Կ՛ԸՍԷ ԳԵՂԱՄ ԱՐՔ. ԽԱՉԵՐԵԱՆ
Երէկ` հինգշաբթի, 21 ապրիլի յետմիջօրէի ժամը 4:00-ին, Նոր Հաճնոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Ոտնլուայի կարգի հանդիսաւոր արարողութիւն` ձեռամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանի: Հաւատացեալ ժողովուրդին ուղղուած ... Շարն.
ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ 96-ԱՄԵԱԿԻ ՆՇՈՒՄ` ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ
Անթիւ, անհամար սպաննուածներու լուսանկարներ, աւերակ եկեղեցիներու պատկերներ, արիւնալի խօսքեր, միջազգային օրէնք, սրտի խօսքեր, հայկական տարազ, եղանակ եւ պար: Չորեքշաբթի, 20 ապրիլի կէսօրուան ժամը 1:00-ին, այս մթնոլորտին մէջ Ժիպէյլի Լիբանանեան ամերիկեան ... Շարն.
ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ
Համազգայինի Կեդրոնական վարչութիւնը մեծ ուրախութեամբ կը յայտարարէ, որ 16 ապրիլ 2011-ին հիմնուեցաւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու Համազգայինի «Մուշեղ Իշխան» մեկուսի մասնաճիւղը: Բացման հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ Շարժայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ համալիրի ... Շարն.
ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ 96-ԱՄԵԱԿԻ ՁԵՌՆԱՐԿՆԵՐՈՒՆ ԾԻՐԻՆ ՄԷՋ. «ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԱՅԺՄՈՒ ՄՕՏԵՑՈՒՄՈՎ ՆԵՐԿԱՅԻՍ ԱՒԵԼԻ ՁԵՌՆՏՈՒ Է ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՀԱՐՑԻ ԱՐԾԱՐԾՈՒՄԸ» ՅԱՅՏԱՐԱՐԵՑ ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ ՖԱՐԻՏ ԽԱԶԵՆ
Կազմակերպութեամբ Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի Լիբանանահայ աւանդներու ակումբին, երէկ` չորեքշաբթի, 20 ապրիլի երեկոյեան ժամը 5:00-ին շահեկան դասախօսութիւն մը ներկայացուեցաւ Թուրքիոյ այժմու արտաքին քաղաքականութեան շուրջ: Լիբանանահայ աւանդներու ակումբին անունով Ռազմիկ Պոյաճեան բացումը ... Շարն.
ՏԱՍԸ ԿՈՒՍԱՆԱՑ ՅԻՇԱՏԱԿԻ ԺԱՄԵՐԳՈՒԹԻՒՆ` ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐ ՏԱՃԱՐԻՆ ՄԷՋ
Աւագ երեքշաբթի, 19 ապրիլ 2011-ին, երեկոյեան ժամը 5:00-ին, Անթիլիասի Մայր տաճարին մէջ հաւատացեալներ ներկայ գտնուեցան Աւագ շաբթուան խորհրդալից արարողութիւններու սկզբնաւորութեան կատարուող` Տասը կոյսերու յիշատակի ժամերգութեան: Յիսուսի պատմած Տասը կուսանաց առակէն ... Շարն.
ԹԷՔԷԵԱՆ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆ. ԵՐԱԺՇՏԱԿԱՆ ԻՒՐԱՅԱՏՈՒԿ ԵՐԵԿՈՅ` ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ 96-ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԻԹՈՎ
Կազմակերպութեամբ Թէքէեան մշակութային միութեան Լիբանանի տեղական վարչութեան, Ապրիլեան եղեռնայուշ խորհուրդի 96-ամեակին առիթով երէկ` չորեքշաբթի, 20 ապրիլ 2011-ի երեկոյեան ժամը 8:30-ին, «Թէքէեան» կեդրոնի «Հրաչեայ Սեդրակեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ երաժշտական երեկոյ` ... Շարն.
ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՄԲ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻՆ ՀՈԳԵՀԱՆԳՍՏԵԱՆ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԾԱՂԿԵՊՍԱԿՆԵՐՈՒ ԶԵՏԵՂՈՒՄ` ԱՅՆԹՈՒՐԱՅԻ ԴՊՐՈՑԻ ՄԷՋ ԳՏՆՈՒՈՂ ՀԱՅ ՈՐԲԵՐՈՒ ՇԻՐԻՄՆԵՐՈՒՆ ՎՐԱՅ
Կազմակերպութեամբ Ազգային առաջնորդարանին, գործակցութեամբ Միսաք Քելեշեանի եւ մասնակցութեամբ Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի, Ազգային Լ. եւ Ս. Յակոբեան քոլեճի, Ազգային Ս. Խանամիրեան վարժարանի, Ազգային Յառաջ- Գ. Կիւլպենկեան վարժարանի, Հայ աւետարանական քոլեճի, ... Շարն.
ՊԷՅՐՈՒԹԻ ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԻ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱԿՈՒՄԲ. ՀԱՅ ԵՐԱԺՇՏԱՀԱՆՆԵՐՈՒ ՄԵԾԱՐԱՆՔԻ ՀԱՄԵՐԳ
Երէկ` երեքշաբթի, 19 ապրիլի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, կազմակերպութեամբ Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի Հայկական ակումբին, Հայոց ցեղասպանութեան ոգեկոչման 96-ամեակին առիթով համալսարանի «Էսեմպլի հոլ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հայ երաժշտահաններու մեծարանքի համերգ` կատարողութեամբ ... Շարն.

