Category: Գաղութային
Հայաստանի Դեսպանը` Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ
Ուրբաթ, 13 յունիս 2014-ի առաւօտուն, Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Աշոտ Քոչարեան այցելեց Արամ Ա. կաթողիկոսին: Դեսպանը բարի գալուստ մաղթեց վեհափառին` Վատիկանէն վերադարձին: Վեհափառ հայրապետը իր գոհունակութիւնը յայտնեց Վատիկան կատարած իր ... Շարն.
Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը Ընդունեց Լիբանանի Մէջ Հայաստանի Դեսպանը
Ամենապատիւ հոգեւոր տէրը եւ դեսպան Քոչարեան Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքը 12 յունիս 2014-ին Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան ... Շարն.
Հալէպի Մէջ Ջրամատակարարումը Վերսկսած Է
Երկու շաբթուան անջատումէն ետք, Հալէպի կարգ մը շրջաններու մէջ ջուրի մատակարարումը վերսկսաւ: «Արմենփրես»-ի հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին բերիոյ թեմի Ազգային առաջնորդարանի մամլոյ քարտուղար Ժիրայր Ռէյիսեան յայտնած է, որ հասանելի ... Շարն.
«Սուրիոյ Հարցին Քննութեամբ Զբաղող Միջազգային Յանձնախումբը Յատուկ Կարեւորութիւն Պէտք Է Տայ Քեսապին» Կ՛ըսէ Արամ Ա. Կաթողիկոս
Դոկտ. Փաուլօ Սերժիօ Փինհէյրօ Չորեքշաբթի, 11 յունիս 2014-ին, Արամ Ա. կաթողիկոս յատուկ պատգամ մը ուղղեց Սուրիոյ մէջ մարդկային իրաւանց բռնաբարումները քննելու կոչուած միջազգային յանձնախումբի նախագահ դոկտ. Փաուլօ Սերժիօ Փինհէյրոյին: Իր ... Շարն.
Հռիփսիմեանց Կոյսերու Մասունքները Սրբոց Քառասնից Մանկանց Եկեղեցիէն Փոխադրուեցան Ս. Աստուածածին Եկեղեցի
Ս. Հռիփսիմեանց կոյսերու նուիրուած աղօթքի շաբթուան տօնակատարութիւններուն ծիրին մէջ, չորեքշաբթի, 11 յունիսի երեկոյեան ժամը 5:00-ին, Նոր Մարաշի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ յատուկ աղօթք` նուիրուած Ս. Հռիփսիմեանց կոյսերուն: Աղօթքին ... Շարն.
Ներսէս Պետրոս Ժթ. Կաթողիկոս Պատրիարքը Ընդունեց Դեսպան Տէյվիտ Հէյլը
Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքը չորեքշաբթի, 11 յունիս 2014-ի կէսօրին, Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տէյվիտ Հէյլը: Հանդիպումին ներկայ եղաւ հայր ... Շարն.
Նոր Գեղանկար Մը` «Ազդակ»-ի Հաւաքածոյին
«Ազդակ»-ի տնօրէնութիւնը երէկ առաւօտ լիբանանահայ երիտասարդ գեղանկարիչ Մարալ Տէր Պօղոսեանէն ստացաւ «Քաղաքի հին տուներ» անունը կրող գեղանկար մը: Մարալ Տէր Պօղոսեան լիբանանահայ երիտասարդ կայացած արուեստագիտուհի է, որ կը դասաւանդէ Լիբանանեան ... Շարն.
Պարոյր Յակոբեան Կը Ներկայացնէ Մուսուլի Հայ Համայնքին Վիճակը
Իրաքի Ազգային կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Պարոյր Յակոբեան հեռաձայնով կապուեցաւ «Ազդակ»-ին եւ ներկայացնելով Իրաքի` մօտաւոր 2 միլիոն բնակչութիւն ունեցող Մուսուլ քաղաքի գրաւումը, ըսաւ, որ գրաւումը շատ արագ կատարուած է, քաղաքային իշխանութիւնը, ... Շարն.
Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Միացեալ Նահանգներու Դեսպանը
Հէյլ եւ Արամ Ա. կաթողիկոս Չորեքշաբթի, 11 յունիս 2014-ի առաւօտուն, Արամ Ա. կաթողիկոս իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տէյվիտ Հէյլը: Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան ընդհանրապէս Միջին Արեւելքին ... Շարն.
«Պէյրութեան Արուեստի Յայտնաբերում» Թեմայով Հաւաքական Ցուցահանդէսին Առիթով. «Կը Փափաքիմ, Որ Ամէն Մարդ Հետաքրքրուի Արուեստով Եւ Իր Կեցուածքները Արտայայտէ Արուեստի Ճամբով» Ըսաւ Արուեստագէտ Էմմանուէլ Փոլ Կիրակոսեան
Կազմակերպութեամբ Էմմանուէլ Կիրակոսեանի եւ իր գործակիցներուն երէկ` չորեքշաբթի, 11 յունիս 2014-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, բացումը կատարուեցաւ լիբանանցի արուեստագէտներու հաւաքական ցուցահանդէսին, «Էմմանուէլ Փոլ Կիրակոսեան թանգարան»-ին մէջ, Ժտէյտէ: Ցուցահանդէսին ներկայ էին հայ ... Շարն.
Ս. Հռիփսիմեանց Կոյսերուն Նուիրուած Աղօթքի Շաբաթը Սկիզբ Առաւ
Երկուշաբթի, 9 յունիսի երեկոյեան ժամը 5:00-ին, Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Հռիփսիմեանց կոյսերու աղօթքի շաբթուան բացումը` նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի, ներկայութեամբ թեմի քահանայից դասին եւ ... Շարն.
Գեղարուեստական – Դաստիարակչական Երեկոյ` Ծէսին Նուիրուած Յոբելենական Տարուան Առիթով
Շաբաթ, 7 յունիսի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Պուրճ Համուտի ՀԿՄ-ի «Յովհաննէս Պօղոսեան» թատերասրահին մէջ, Հայ կաթողիկէ պատրիարքութեան կազմակերպած` ծէսին նուիրուած յոբելենական տարուան նախաձեռնութիւններուն ծիրին մէջ տեղի ունեցաւ գեղարուեստական-դաստիարակչական երեկոյ մը: Երեկոյին ... Շարն.
Մամլոյ Հաղորդագրութիւն Թիւ 1
ՍՕԽ-ի ընկերաբժշկական կեդրոնը Նոր Գիւղի մէջ միշտ եղած է մարմնաւորումը ՍՕԽ-ի բազմաբնոյթ եւ մանաւանդ ընկերային ծառայութեան աշխատանքին, որուն միջոցով վստահութիւն եւ յարգանք պարտադրած է ամբողջ շրջապատին: Փաստօրէն, երկրիս եւ մանաւանդ ... Շարն.
Շնորհահանդէս` Հրայր Եւ Արտա Ճեպեճեաններու Պատրաստած «Հայ Մանուկին Անձնական Աստուածաշունչը» Գիրքին
Նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի, երէկ` երեկուշաբթի, 9 յունիս 2014-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Հայ մանուկին անձնական Աստուածաշունչը» խորագրեալ գիրքի ... Շարն.
Նշում Մերձաւոր Արեւելքի Հիմնադրամի` Ցեղասպանութենէն Մազապուրծ Եղած Հայերու Փրկութեան Ուղղուած Գործունէութեան 100-Ամեակին
Ամերիկայի Հայ դատի գրասենեակի արեւմտեան մասնաճիւղը Մերձաւոր Արեւելքի օգնութեան կոմիտէի ժառանգորդի` Մերձաւոր Արեւելքի հիմնադրամի հետ գործակցութեամբ պիտի նշէ վերջինիս` Ցեղասպանութենէն մազապուրծ եղած աւելի քան մէկ միլիոն հայերու փրկութեան ուղղուած գործունէութեան ... Շարն.
Վատիկան Այցելութեան Ընթացքին Հայոց Ցեղասպանութիւնը Դարձաւ Վեհափառ Հայրապետի Օրակարգին Գլխաւոր Հարցերէն Մէկը
Վատիկան կատարած իր եռօրեայ այցելութեան ընթացքին, Արամ Ա. կաթողիկոս յաճախակի առիթներով անդրադարձաւ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման ու հատուցման հարցին: Նախ եւ առաջ վեհափառը Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին մասին խօսեցաւ Ֆրանչիսկոս պապին հետ ... Շարն.
Սուրիահայութեան Առօրեայէն. Հալէպի Նոր Գիւղի Շրջանին Մէջ 1 Յունիսին Վիրաւորուած Լեւոն Չերչեան Իր Մահկանացուն Կնքեց
«Բերիոյ նիուզ» կը հաղորդէ, որ կիրակի, 8 յունիս 2014-ին իր մահկանացուն կնքեց 1963-ի ծնունդ Լեւոն Չերչեան: Ան 1 յունիս 2014-ին ընդդիմադիր զինեալ խմբաւորումներու կողմէ Նոր Գիւղի վրայ կատարուած հրթիռարձակումին պատճառով ... Շարն.
Հայկական Տոհմիկ Օր` Լիբանանի Մէջ Գործող Հայրենակցական Միութիւններու Մասնակցութեամբ
Նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի, հովանաւորութեամբ Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան եւ կազմակերպութեամբ Լիբանանի մէջ հայրենակցական միութիւններու աշխատանքը համակարգող մարմինին, երէկ` կիրակի, 8 յունիսի կէսօրուան ժամը 1:00-էն 3:00, Ազգային ... Շարն.
Իրավիճակը Հալէպի Մէջ. Սիւլէյմանիէի Մայր Փողոցին Վրայ Կատարուած Հրթիռարձակումին Պատճառով Զոհուեցաւ Կարօ Աստուրեանը
«Բերիոյ նիուզ» կը հաղորդէ, որ շաբաթ, 7 յունիս 2014-ին, երեկոյեան մօտ ժամը 7:00-ին, Սիւլէյմանիէ շրջանը հրթիռի մը թիրախ դարձած է: Աշխուժ եռուզեռ ունեցող Սիւլէյմանիէի մայր փողոցի քառուղիին վրայ գտնուող Զինուորական ... Շարն.
«Թեաթրոն» Թատերախումբը Ներկայացուց «Գիշեր Բարի Մամ» Թատերախաղը
30 եւ 31 մայիսին եւ 1, 7 եւ 8 յունիսին «Ժըմմէյզէ թատերասրահ»-ին մէջ «Թեաթրոն» թատերախումբը հանրութեան ներկայացաւ Մարշա Նորմանի «Գիշեր բարի մամ» թատերախաղով, բեմադրութեամբ` Սուրէն Խտըշեանի: Թատերախաղը 70 վայրկեան տեւողութեամբ ... Շարն.

