Category: Գաղութային
«Քրիստոսի Յարութիւնը Մարդկութեան Գարունն Է» Շեշտեց Գեղամ Արք. Խաչերեան
Քրիստոսի Հրաշափառ Ս. Յարութեան տօնին առիթով, կիրակի, 31 մարտին, Ս. Նշան Մայր եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Ս. պատարագ` հանդիսապետութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանի: Հաւատացեալ ժողովուրդին փոխանցած իր հայրական ... Շարն.
Յիշեցէք Ան Որ Յարեաւ, Ինչպէս Ինք Ըսաւ
Մտքերնին բերին Անոր խօսքերը Ու գերեզմանէն դառնալով` այս բոլորը պատմեցին տասնմէկին եւ ուրիշներու: Ղուկ. 24. 8-9 Յաճախ մոռացութեան կու տանք Տէր Յիսուս Քրիստոսը եւ Անոր ըսածները: Անոր պատուիրածները եւ ... Շարն.
Ս. Զատկուան Տօնը` Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ – Ս. Եղիա Եկեղեցւոյ Մէջ
Կիրակի, 31 մարտին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Ս. Զատկուան տօնին առիթով Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ - Ս. Եղիա եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ սուրբ եւ անմահ պատարագ` հանդիսապետութեամբ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Ներսէս Պետրոս ... Շարն.
Հաղորդագրութիւն
«Զաւարեան մատենաշար»-ի երկրորդ թիւը Գարեգին Խաժակի «Ի՞նչ է ազգութիւնը» գիտական հետազօտութիւնն է, որ իր թուայնացուած տարբերակով համացանցի մեր էջին վրայ կը տեղադրենք: «Ի՞նչ է ազգութիւնը» գիրքը կը սկսի 13 էջնոց ... Շարն.
ՀԱՄԱՀՄԸՄ-ական Միջվարչական Դիւաններու 8-րդ Խորհրդաժողովի Բացում
ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան կազմակերպութեամբ, ուրբաթ, 29 մարտ 2013-ի առաւօտեան ժամը 9:30-ին, տեղի ունեցաւ ՀամաՀՄԸՄ-ական միջվարչական դիւաններու 8-րդ խորհրդաժողովի բացումը, Նիկոսիոյ «Սեմըլի» պանդոկին մէջ, Կիպրոս: Խորհրդաժողովին կը մասնակցին ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ... Շարն.
Քրիստոսի Թաղման Կարգին Նախագահելով` «Քրիստոս Գերեզման Իջնելով Իրեն Հետ Նաեւ Գերեզմանեց Մարդուն Մեղքը» Ըսաւ Արամ Ա. Կաթողիկոս
Քրիստոնեայ աշխարհին համար Աւագ ուրբաթը երկիւղածութիւն եւ յարգանք պարտադրող օր է` իբրեւ Յիսուս Քրիստոսի մարդկութեան հանդէպ ունեցած գերագոյն սիրոյ նշան, որուն համար յանձն առաւ Աստուածորդին գերեզման իջնել: Արդարեւ, ուրբաթ, 29 ... Շարն.
Աւագ Ուրբաթ. «Քրիստոսի Ծրագիրը Իր Մահուամբ Չի Վերջանար, Այլ` Յարութեամբ Կը Պսակուի» Կ՛ըսէ Գեղամ Արք. Խաչերեան
Աւագ ուրբաթ, 29 մարտին, Քրիստոսի չարչարանքներուն, խաչելութեան եւ թաղման յիշատակին մատուցուեցաւ Ս. արարողութիւն Նոր Մարաշի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ` հանդիսապետութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանի: Իր քարոզին ... Շարն.
Գլխաւորութեամբ Ներսէս Պետրոս Ժթ. Պատրիարքին. Յիսուսի Թաղման Կարգը` Ս. Փրկիչ Եկեղեցւոյ Մէջ
Քրիստոնեաներուն համար Աւագ ուրբաթը յատուկ նշանակութիւն ունեցող օր մըն է, որուն ընթացքին հաւատացեալները իրենց յարգանքի մօտեցումը կ՛արտայայտեն Յիսուս Քրիստոսին` իր զոհաբերութեան եւ նուիրումին դիմաց: Այս առիթով, երէկ` ուրբաթ, 29 մարտ ... Շարն.
Իրավիճակը Դամասկոսի Մէջ` «Ազդակ»-ի Թղթակիցին Վկայութեամբ
Դամասկոսի մէջ «Ազդակ»-ի թղթակիցը երէկ տեղեկացուց, որ անցնող շաբթուան ընթացքին դէպքերու զարգացումները յատկանշուած էին մայրաքաղաքի տարբեր շրջաններու վրայ պատահաբար ինկած հրասանդի հրթիռներու երեւոյթով: Կիրակի, 24 մարտին, մօտ մէկ տասնեակ հրասանդի ... Շարն.
Աւագ Հինգշաբթի. «Լսենք Քրիստոսի Սիրոյ Պատգամը Եւ Սիրենք Զիրար` Սէրը Դարձնելով Մեր Կեանքին Առանցքը» Ըսաւ Արամ Ա. Կաթողիկոս
Հինգշաբթի, 28 մարտ 2013-ի առաւօտեան, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ կատարուեցաւ առաւօտեան ժամերգութիւն, ապա Կարգ ապաշխարողաց եւ Ս. պատարագ մատուցուեցաւ` Արամ Ա. կաթողիկոսի նախագահութեամբ: Մեծ թիւով հաւատացեալներ ներկայ ... Շարն.
Աւագ Հինգշաբթին` Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ Մէջ. «Ոտնլուայի Արարողութիւնը Սիրոյ Արտայայտութեան Նշան Է» Կ՛ըսէ Գեղամ Արք. Խաչերեան
Աւագ հինգշաբթի, 28 մարտին, կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին, Նոր Ատանայի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Ոտնլուայի արարողութիւն` հանդիսապետութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանի: Այս առիթով հաւատացեալ ժողովուրդին ... Շարն.
Աւագ Հինգշաբթի. Ս. Խաչ Եկեղեցւոյ Մէջ Ոտնլուայի Հանդիսաւոր Արարողութիւն` Հանդիսապետութեամբ Ներսէս Պետրոս Ժթ. Պատրիարքին
Երէկ` հինգշաբթի, 28 մարտ 2013-ին, կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին, Զալքայի Հայ կաթողիկէ Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ Աւագ շաբթուան արարողութիւններուն ծիրին մէջ տեղի ունեցաւ Ոտնլուայի կարգը` հանդիսապետութեամբ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց ... Շարն.
«Օրդ. Աննայի Սէրը, Սէրերը… Եւ Միւսները» Գիրքի Ներկայացում
Կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Կոմիտաս» մասնաճիւղին, երէկ` չորեքշաբթի, 27 մարտի երեկոյեան ժամը 8:00¬ին, Համազգայինի «Ն. Փալանճեան» կեդրոնի «Կոմիտաս» ակումբին մէջ տեղի ունեցաւ Յակոբ Պալեանի «Օրդ. Աննայի սէրը, սէրերը... եւ միւսները» գիրքի ներկայացումը: ... Շարն.
ՀՅԴ Բիւրոյի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Արամ Ա. Կաթողիկոսին
Երէկ առաւօտ Արամ Ա. կաթողիկոսին այցելեց ՀՅԴ Բիւրոյի անդամներէ բաղկացած պատուիրակութիւն մը` առաջնորդութեամբ` Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեանի: Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Հայաստան-սփիւռք գործակցութեան եւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի նշման առնչուած շարք մը ... Շարն.
Լիբանանահայութեան Յիշեցնելով Դաշնակցական Ղեկավար Գործիչներէն Բաբգէն Փափազեանի Տիպարը` «Այսօր Մենք Կարօտը Ունինք Խօսքի Ուժին, Խօսքի Հսկայ, Ներշնչող Ուժին» Ընդգծեց Կարօ Յովհաննէսեան
Կազմակերպութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, երկուշաբթի, 25 մարտ 2013-ի երեկոյեան ժամը 8:30-ին, յիշատակի յատուկ երեկոյ մը կազմակերպուեցաւ «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ, նուիրուած` ՀՅԴ-ի ղեկավար գործիչներէն, հասարակական վաստակաւոր գործիչ, մտաւորական ... Շարն.
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը Կը Մասնակցի Քենթըրպըրիի Նորընտիր Արքեպիսկոպոսի Գահակալութեան
Քենթըրպըրիի արքեպիսկոպոսը եւ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան Քենթըրպըրիի նորընտիր արքեպիսկոպոսին գահակալութիւնը տեղի ունեցաւ երկու օրեր առաջ, Քենթըրպըրիի (Անգլիա) մէջ: Ներկայ էին բազմաթիւ պետական թէ կրօնական անձնաւորութիւններ: Գահակալութեան արարողութեան, յանուն Արամ Ա. ... Շարն.
Անթիլիասի Մայր Տաճարին Մէջ Տասը Կուսանաց Յիշատակումը
Արամ Ա. կաթողիկոս` տասը հայ աշակերտներուն հետ Աւագ երեքշաբթի, 26 մարտ 2013-ին, երեկոյեան ժամը 5:00-ին, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ հաւատացեալներ ներկայ գտնուեցան Աւագ շաբթուան խորհրդալից արարողութիւններու սկզբնաւորութեան ... Շարն.
Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչ. Մանուկներու Միջազգային Օրուան Նուիրուած Հանդիսաւոր Տօնակատարութիւն
«Գարնան առաջին օրը` 21 մարտը, նուիրուած է կեանքի ամէնէն գեղեցիկ հրաշալիքին, որ մայրն է: Յաջորդ օրն իսկ Արաբական լիկային կողմէ հռչակուած է «Մանուկներու օր», այն տրամաբանութեամբ, որ մայրը, մայրութիւնը կ՛արժեւորուի ... Շարն.
Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Վարչապետը Այցելեց Այնճար
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէի քարոզչական յանձնախումբին եւ Այնճարի «Արցախ Ֆոնտ»-ի յանձնախումբին, շաբաթ, 23 մարտ 2013-ին, կէսօրէ ետք ժամը 3:00 ին, Այնճարի կեդրոնական հրապարակին վրայ, տեղի ունեցաւ ժողովրդային ընդունելութիւն Լեռնային ... Շարն.
Արամ Ա. Կաթողիկոս Ողջունեց Հայ Մանուկները` Ծաղկազարդուած Անթիլիասի Մայրավանքէն
Կիրակի, 24 մարտ 2013-ի առաւօտուն, Անթիլիասը ծաղկազարդուած էր կրկին անգամ: Ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս, հարիւրաւոր մանուկներ իրենց ծնողներով Անթիլիասի մայրավանք համախմբուած էին` հոգեւոր ցնծութեամբ դիմաւորելու տօնը Քրիստոսի Երուսաղէմ ... Շարն.

