Category: Մարզական

Լեւոն Ջուլֆալակեան` Հայաստանի Հաւաքականի Նախապատրաստական Հանգրուանին Մասին

Լեւոն Ջուլֆալակեան` Հայաստանի Հաւաքականի Նախապատրաստական Հանգրուանին Մասին

February 5, 2014

Լեւոն Ջուլֆալակեան Յունահռոմէական ոճի Հայաստանի ըմբշամարտի հաւաքականը կը շարունակէ պատրաստուիլ 2014-ին տեղի ունենալիք ախոյեանութիւններուն եւ մրցաշարքերուն: Հայրենի ըմբիշները արդէն իսկ երկու հաւաք կատարած են, մինչ երրորդը կը սկսի այսօր: Պահը ... Շարն.

Երկուշաբթի, 10 Փետրուարին.  Ուալիտ Նասսար Պիտի Տայ Մամլոյ Ասուլիս Մը

Երկուշաբթի, 10 Փետրուարին. Ուալիտ Նասսար Պիտի Տայ Մամլոյ Ասուլիս Մը

February 5, 2014

Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Ուալիտ Նասսար երկուշաբթի, 10 փետրուար 2014-ին երեկոյեան ժամը 20:30-ին, «Լը Ռոյալ» պանդոկին մէջ (Տըպպայէ), պիտի տայ յատուկ մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին պիտի յայտարարէ Լիբանանի պասքեթպոլի ... Շարն.

Լիբանանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնի Ժողով

Լիբանանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնի Ժողով

February 5, 2014

Շաբաթասկիզբին, Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը իր գումարած հերթական ժողովին վաւերացուց նախորդ շաբաթավերջին կատարուած մրցումներուն արդիւնքները, հրապարակեց մէկական մրցումով կախակայուած դեղին քարտ ստացած մարզիկներուն անունները, ինչպէս նաեւ այս շաբաթավերջին կատարուելիք մրցումներուն յայտագիրը: ... Շարն.

Լիբանանի Փինկ Փոնկի Ֆետերասիոն – «Սթար» Ընկերութիւն Համաձայնագիրի Կնքում

Լիբանանի Փինկ Փոնկի Ֆետերասիոն – «Սթար» Ընկերութիւն Համաձայնագիրի Կնքում

February 5, 2014

Ինչպէս ծանօթ է, նախորդ շաբաթավերջին Լիբանանի փինկ փոնկի ֆետերասիոնը յատուկ հանդիսութեան մը ընթացքին կատարեց 2013 տարուան մրցանակաբաշխութիւնը` բոլոր տեսակի ախոյեանութիւններու եւ մրցաշարքերու տիտղոսներուն տիրացողներուն: Այս հանդիսութեան ընթացքին ֆետերասիոնը չորս տարուան ... Շարն.

Արարատ Առաքելեան Պայմանագրութիւն Մը Ստորագրեց Ալաշկերտի Հետ

Արարատ Առաքելեան Պայմանագրութիւն Մը Ստորագրեց Ալաշկերտի Հետ

February 5, 2014

ArmSport.am հայկական լրատուական կայքը կը հաղորդէ, որ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի նախկին ֆութպոլիստ Արարատ Առաքելեան պայմանագրութիւն մը ստորագրեց Ալաշկերտի հետ: Ան ընթացիկ ախոյեանութեան աշնանային շրջանին մաս կը կազմէր Գանձասար Կապանի: ... Շարն.

«Էն. Պի. Էյ.».  Օքլահոմա Սիթիի 39-րդ Յաղթանակը

«Էն. Պի. Էյ.». Օքլահոմա Սիթիի 39-րդ Յաղթանակը

February 5, 2014

«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ երէկ տեղի ունեցան 11 ճակատումներ: Արեւմտեան շրջանի պարագլուխի դիրքը գրաւող Օքլահոմա Սիթի արձանագրեց տարեշրջանի իր 39-րդ յաղթանակը (բոլոր խումբերուն մէջ ամէնէն շատը), երբ ... Շարն.

Սերպ Պիսեք Նշանակուեցաւ Անսարի Մարզիչ

Սերպ Պիսեք Նշանակուեցաւ Անսարի Մարզիչ

February 5, 2014

Անսար ակումբին կողմէ հրապարակուած պաշտօնական մէկ հաղորդագրութեան մը մէջ, երէկ երեկոյեան նշուեցաւ, որ սերպ Զորան Պիսեք նշանակուեցաւ ակումբի նոր մարզիչ: Ան նախորդ ուրբաթ օր ժամանած էր Լիբանան, եւ անոր հետ ... Շարն.

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  Այսօր` Թատամոն – Ամշիթ  Եւ Պըժժէ – Ռիատի

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր` Թատամոն – Ամշիթ Եւ Պըժժէ – Ռիատի

February 4, 2014

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր տեղի կ՛ունենան երկու ճակատումներ: Առաջին մրցումին, որ տեղի պիտի ունենայ Ղազիրի դաշտին վրայ, երեկոյեան ժամը 19:00-ին, Թատամոն կը ... Շարն.

Առաքել Միրզոյեան. «Յաջորդ Նպատակս  Եւրոպայի Ախոյեանութեան Մասնակցիլն Է»

Առաքել Միրզոյեան. «Յաջորդ Նպատակս Եւրոպայի Ախոյեանութեան Մասնակցիլն Է»

February 4, 2014

Եւրոպայի ծանրաբարձութեան ախոյեան, աշխարհի ախոյեանութեան արծաթէ մետալակիր Առաքել Միրզոյեան, որ վնասուածքի պատճառով երկար ժամանակէ ի վեր չէր մասնակցեր համաշխարհային կարեւորագոյն մրցաշարքերուն եւ ախոյեանութիւններուն, վերջնականապէս ապաքինած է եւ կը պատրաստուի մասնակցելու ... Շարն.

Արոնեան. «Յաղթանակս Կը Նուիրեմ Շարլ Ազնաւուրին»

Արոնեան. «Յաղթանակս Կը Նուիրեմ Շարլ Ազնաւուրին»

February 4, 2014

Ցիւրիխի մէջ (Զուիցերիա) տեղի ունեցաւ ճատրակի գերմրցաշարքին ելոյթ ունեցող հայրենի կրանտմասթըր Լեւոն Արոնեան, որ 4-րդ հանգրուանին իրեն մրցակից ունէր Միացեալ Նահանգները ներկայացնող Հիքարու Նաքամուրան, յաղթանակ մը արձանագրեց անոր դէմ: Այս ... Շարն.

Ֆութսալ. Լիբանանի Բաժակի Մրցաշարք.  Այսօր Կը Սկսին 1-16-րդ Հանգրուանի Մրցումները

Ֆութսալ. Լիբանանի Բաժակի Մրցաշարք. Այսօր Կը Սկսին 1-16-րդ Հանգրուանի Մրցումները

February 4, 2014

Այսօր` երեքշաբթի, 4  փետրուարին կը սկսին Լիբանանի ֆութսալի բաժակի մրցաշարքի 1-16-րդ հանգրուանի մրցումները` Պէյրութի դրամատուն-Քուրա հանդիպումով (երեկոյեան ժամը 21:30-ին), մինչ վաղը, երեկոյեան ժամը 21:00-ին, Սատաքա կը մրցի Մայատինի դէմ: Լիբանանեան ... Շարն.

Սաժես Պէյրութ Ակումբին Հրապարակած Հաղորդագրութիւնը

Սաժես Պէյրութ Ակումբին Հրապարակած Հաղորդագրութիւնը

February 4, 2014

Իր հրապարակած պաշտօնական մէկ հաղորդագրութեան մէջ Սաժես Պէյրութ ակումբը յայտարարեց, որ 2 մարտ 2014-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Էշրեֆիէի մէջ գտնուող ակումբին կեդրոնատեղիին մէջ տեղի պիտի ունենան մասնակի ընտրութիւններ` ընտրելու համար ... Շարն.

Թեքնիք Ժողով` Լիբանանի Աթլեթիզմի Ֆետերասիոնին Կեդրոնատեղիին Մէջ

Թեքնիք Ժողով` Լիբանանի Աթլեթիզմի Ֆետերասիոնին Կեդրոնատեղիին Մէջ

February 4, 2014

Լիբանանի աթլեթիզմի ֆետերասիոնին յատուկ հրաւէրով, նախորդ շաբաթավերջին ֆետերասիոնին կեդրոնատեղիին մէջ (Տըքուանէ) տեղի ունեցաւ յատուկ թեքնիք ժողով մը` ներկայութեամբ ֆետերասիոնին մօտ արձանագրուած ակումբներուն հետեւեալ ներկայացուցիչներուն. Էլիաս Քէյրուզ, Հրայր Տիշչեքենեան, Ժորժ Ասսաֆ, ... Շարն.

Ռոնալտօ Կրնայ 3 Մրցումով Կախակայուիլ

Ռոնալտօ Կրնայ 3 Մրցումով Կախակայուիլ

February 4, 2014

Իր լուրը քաղելով Tuttomercatoweb.com կայքէն` հայկական լրատու աղբիւրներէն ArmSport.am կը յայտնէ, որ Ռէալ Մատրիտի յառաջապահ Քրիսթիանօ Ռոնալտօ, որ նախորդ շաբաթավերջին Աթլեթիքօ Պիլպաոյի դէմ տեղի ունեցած մրցումին (22-րդ հանգրուան) կարմիր քարտ ... Շարն.

Անգլիական Ֆութպոլ.  Մանչեսթըր Սիթի – Չելսի` 0-1

Անգլիական Ֆութպոլ. Մանչեսթըր Սիթի – Չելսի` 0-1

February 4, 2014

Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 24-րդ հանգրուանի փակման մրցումին, երէկ գիշեր Մանչեսթըր Սիթի իր դաշտին վրայ հիւրընկալեց Չելսին: Այս ճակատումէն յաղթական դուրս գալու պարագային, Մանչեսթըր քաղաքի կազմը վերստին պիտի գրաւէր պարագլուխի դիրքը: ... Շարն.

Հըպուպ Ակումբին Ընթրիքի Երեկոն

Հըպուպ Ակումբին Ընթրիքի Երեկոն

February 4, 2014

Հըպուպ ակումբին (Ժիպէյլ) նախագահ Ռապիհ Խուրի իր տան մէջ սարքեց ընթրիքի յատուկ երեկոյ մը, որուն ներկայ գտնուեցան երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան խորհրդարանական յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Սիմոն Ապի Ռամիա, Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէի ... Շարն.

Շիրակ Հաստատուեցաւ Կլենտէյլի Մէջ

Շիրակ Հաստատուեցաւ Կլենտէյլի Մէջ

February 4, 2014

Երէկ` երկուշաբթի, 3 փետրուարին, Հայաստանի ֆութպոլի ախոյեան Շիրակ, ժամանելով Միացեալ Նահանգներ, հաստատուեցաւ Քալիֆորնիոյ ամէնէն հայաբնակ քաղաքը` Կլենտէյլ, ուր պիտի մնայ մէկ շաբաթ: Գիւմրեցիներուն Միացեալ Նահանգներ հասնիլը տեւեց գրեթէ մէկ օր: ... Շարն.

Դահուկարշաւ.  Մարզիչի Յատուկ Դասընթացքներ` Փետրուար Եւ Մարտ Ամիսներուն Ընթացքին

Դահուկարշաւ. Մարզիչի Յատուկ Դասընթացքներ` Փետրուար Եւ Մարտ Ամիսներուն Ընթացքին

February 4, 2014

Կազմակերպութեամբ Լիբանանի դահուկարշաւի ֆետերասիոնին եւ գործակցութեամբ Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէին, տեղի պիտի ունենան լիբանանցի մարզիչներու յատուկ դասընթացքներ` հսկողութեամբ դահուկարշաւի միջազգային ֆետերասիոնին կողմէ նշանակուած մարզիչ Փիթըր Զանհաուրսըրնի: Հիւսիսային Լիբանանի մէջ այս դասընթացքը ... Շարն.

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  Ռիատի Պէյրութ – ՀՄԸՄ Պէյրութ` 79-58

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Ռիատի Պէյրութ – ՀՄԸՄ Պէյրութ` 79-58

February 3, 2014

Ռիատի - ՀՄԸՄ մրցումէնPROFOTO Ինչպէս ծանօթ է, ուրբաթ, 31 յունուար 2014-ին սկսաւ Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2013-2014 տարեշրջանը, Ամշիթ - Սաժես մրցումով: ՀՄԸՄ Պէյրութ իր առաջին մրցումը կատարեց ... Շարն.

Լիբանանի Փինկ Փոնկի Ֆետերասիոնին 2013 Տարուան Մրցանակաբաշխութիւն

Լիբանանի Փինկ Փոնկի Ֆետերասիոնին 2013 Տարուան Մրցանակաբաշխութիւն

February 3, 2014

Ուրբաթ, 31 յունուար 2014-ին, «Ամին» ճաշարանին մէջ (Ֆիատիէ) տեղի ունեցաւ Լիբանանի փինկ փոնկի ֆետերասիոնին կազմակերպած 2013 տարուան մրցանակաբաշխութիւնը` հովանաւորութեամբ Ուատիհ Ապսի: Ներկայ գտնուեցան Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Ֆայսալ Քարամէի ... Շարն.