Category: Մարզական

Ֆութսալ. Լիբանանի Ախոյեանութիւն.  Պէյրութի Դրամատունը 2-1 Արդիւնքով Գերազանցեց Սատաքան

Ֆութսալ. Լիբանանի Ախոյեանութիւն. Պէյրութի Դրամատունը 2-1 Արդիւնքով Գերազանցեց Սատաքան

January 20, 2014

Շաբաթ, 18 յունուարին տեղի ունեցաւ Լիբանանի ֆութսալի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան աւարտական հանգրուանի մրցումին երրորդ ճակատումը` ախոյեան Սատաքայի եւ Պէյրութի դրամատան միջեւ: Սատաքայի դաշտին վրայ տեղի ունեցած այս մրցումին, Սատաքա 3-2 ... Շարն.

Աշխարհի Լաւագոյն Ակումբը 3-0 Արդիւնքով Ծանր Պարտութիւն Մը Կրեց Սալզպուրկէն

Աշխարհի Լաւագոյն Ակումբը 3-0 Արդիւնքով Ծանր Պարտութիւն Մը Կրեց Սալզպուրկէն

January 20, 2014

Պայէրն Միւնիխ, որ Տոհայի մէջ ուսումնամարզական հաւաք մը կը կատարէ, 3-0 արդիւնքով ծանր պարտութիւն մը կրեց աւստրիական Սալզպուրկէն: Աշխարհի լաւագոյն ակումբը հանդիսացած Պայէրն Միւնիխ իր բերդէն ներս այդ երեք կոլերը ... Շարն.

Բերդապահ Արմէն Խաչատրեան Տեղափոխուեցաւ Ալաշկերտ

Բերդապահ Արմէն Խաչատրեան Տեղափոխուեցաւ Ալաշկերտ

January 20, 2014

Միքայի 29 տարեկան բարդապահ Արմէն Խաչատրեան, նախորդ շաբաթավերջին լքելով իր կազմը միացաւ Ալաշկերտի, որ Աւանի ֆութպոլի ակադեմիային մէջ ուսումնամարզական հաւաք մը կը կատարէր: ArmSport.am հայկական լրատուական կայքը յայտնեց, որ ան ... Շարն.

Պարսելոնա Մերժեց Քաթարեան Հսկայական Առաջարկ Մը

Պարսելոնա Մերժեց Քաթարեան Հսկայական Առաջարկ Մը

January 20, 2014

Սպանիոյ ախոյեան Պարսելոնա կրնար 350 միլիոն եւրօ վաստկիլ, եթէ համաձայն գտնուէր ակումբին պատկանող «Քամփ Նու» մարզադաշտը վերանուանել «Քամփ Նու Քաթար», յայտնեց sov.sport կայքը: ArmSport.am հայկական լրատուական կայքը մէջբերելով Euromericas Sport ... Շարն.

Վարդան Մինասեան Կը Հերքէ

Վարդան Մինասեան Կը Հերքէ

January 20, 2014

Վերջին օրերուն ղազախական զանգուածային լրատուամիջոցները հրապարակեցին շարք մը տեղեկութիւններ, ըստ որոնց, Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի նախկին մարզիչ Վարդան Մինասեան կրնայ գլխաւորել Ասթանան: Այս առնչութեամբ ArmSport.am հայկական լրատուական կայքը յայտնեց, որ ... Շարն.

ՀՄԸՄ-ԼԵՎԱՄ.  Վաղը Տեղի Կ՛ունենայ Ճատրակի Մրցաշարքը

ՀՄԸՄ-ԼԵՎԱՄ. Վաղը Տեղի Կ՛ունենայ Ճատրակի Մրցաշարքը

January 18, 2014

Կազմակերպութեամբ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ԼԵՎԱՄ-ի յանձնախումբին, վաղը` կիրակի, 19 յունուարին Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի «Սիրան Մանուկեան» սրահին մէջ տեղի պիտի ունենայ ճատրակի տարիքային մրցաշարքը: Մասնակցող բոլոր աշակերտները պարտին յետմիջօրէի ... Շարն.

ՀՄԸՄ-ԼԵՎԱՄ.  Այսօր Կը Սկսին Ֆութպոլի Մրցումները

ՀՄԸՄ-ԼԵՎԱՄ. Այսօր Կը Սկսին Ֆութպոլի Մրցումները

January 18, 2014

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ԼԵՎԱՄ-ի յանձնախումբը կազմակերպած է ֆութպոլի մրցաշարք մը, որ պիտի սկսի այսօր` շաբաթ, 18 յունուար 2014-ին, ՀՄԸՄ-ի «Հայր Պօղոս Արիս» մարզադաշտին վրայ: Մրցումները կը սկսին յետմիջօրէի ժամը ... Շարն.

Եւրոպական Ֆութպոլ. Շաբաթավերջի Մրցումներուն Յայտագիրը. Վաղը` Չելսի – Մանչեսթըր Եունայթըտ

January 18, 2014

Այս շաբաթավերջին տեղի ունենալիք եւրոպական ֆութպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ հետաքրքրական մրցում մը կը խոստանայ ըլլալ վաղը Լոնտոնի մէջ կատարուելիք Չելսի - Մանչեսթըր Եունայթըտ ճակատումը: Ստորեւ` մրցումներուն յայտագիրը (ժամերը` Պէյրութի ժամանակացոյցով. ... Շարն.

Հայաստանի Արագ Ճատրակի Ախոյեանութիւնը` 22 Յունուարին

Հայաստանի Արագ Ճատրակի Ախոյեանութիւնը` 22 Յունուարին

January 18, 2014

Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնը յայտարարեց, որ 22 յունուարին, Տիգրան Պետրոսեանի անուան ճատրակի տան մէջ պիտի սկսի Հայաստանի արագ ճատրակի 2014-ի ախոյեանութիւնը: Տեղի պիտի ունենան 8 հանգրուանի մրցումներ` զուիցերիական խաղաոճով, այսինքն` իւրաքանչիւր ... Շարն.

ՀՄԸՄ-ի Միջմասնաճիւղային Երկրորդական Խումբերու Մրցաշարք. Վաղը` 5-րդ Հանգրուանի Մրցումները

January 18, 2014

Վաղը` կիրակի, 19 յունուարին, առաւօտեան ժամը 9:00-էն սկսեալ, ՀՄԸՄ-ի «Հայր Պօղոս Արիս» մարզադաշտին վրայ տեղի պիտի ունենան ՀՄԸՄ-ի միջմասնաճիւղային երկրորդական խումբերու (97-98-ի ծնունդ) մրցաշարքի 5-րդ հանգրուանի մրցումները: Նշենք, որ յառաջիկայ ... Շարն.

Լիբանանի Ողիմպիական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Մեկնեցաւ Մանիլա

Լիբանանի Ողիմպիական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Մեկնեցաւ Մանիլա

January 18, 2014

Գլխաւորութեամբ Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէի նախագահ Ժան Համմամի, Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէի պատուիրակութիւնը մեկնեցաւ Մանիլա (Ֆիլիփեան կղզիներ)` մասնակցելու համար այսօր` շաբաթ, 18 յունուար 2014-ին տեղի ունենալիք Ասիոյ ողիմպիական կոմիտէի 32-րդ համագումարին: Համմամի ... Շարն.

Լիբանանի Պասքեթպոլի Ֆետերասիոնի Ժողով

Լիբանանի Պասքեթպոլի Ֆետերասիոնի Ժողով

January 18, 2014

Երէկ` ուրբաթ, 17 յունուարին, Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնը` գլխաւորութեամբ ֆետերասիոնի նախագահ Ուալիտ Նասսարի, ֆետերասիոնի կեդրոնատեղիին մէջ (Ժալ էլ Տիպ) գումարեց ժողով մը` ներկայութեամբ ֆետերասիոնին անդամներուն մեծամասնութեան: Ժողովականները ընդհանրապէս քննարկեցին այն թեքնիք ... Շարն.

Ֆութսալ. Լիբանանի Ախոյեանութիւն.  Այսօր` Սատաքա – Պէյրութի Դրամատուն 3-րդ Մրցումը

Ֆութսալ. Լիբանանի Ախոյեանութիւն. Այսօր` Սատաքա – Պէյրութի Դրամատուն 3-րդ Մրցումը

January 18, 2014

Լիբանանի ֆութսալի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան աւարտական հանգրուանի երրորդ մրցումը տեղի պիտի ունենայ այսօր` շաբաթ, 18 յունուարին. մրցումին ընթացքին տիտղոսակիր Սատաքա իր դաշտին վրայ պիտի հիւրընկալէ Պէյրութի դրամատունը: Մրցումը պիտի սկսի ... Շարն.

Լիբանանի Ֆութպոլի Գ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն.  ՀՄԸՄ-ի Ֆութպոլի Ներկայացուցչական Խումբի Երթի Մրցումներուն Յայտագիրը

Լիբանանի Ֆութպոլի Գ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն. ՀՄԸՄ-ի Ֆութպոլի Ներկայացուցչական Խումբի Երթի Մրցումներուն Յայտագիրը

January 17, 2014

Ուրբաթ, 24 յունուար 2014-ին կը սկսի Լիբանանի ֆութպոլի Գ. դասակարգի ախոյեանութեան 2013-2014 տարեշրջանը, երբ տեղի կ՛ունենան երթի առաջին հանգրուանի մրցումները: Այս ախոյեանութեան իրենց մասնակցութիւնը բերող խումբերը բաժնուած են չորս խմբակի: ... Շարն.

Լիբանանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնի Ժողով

Լիբանանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնի Ժողով

January 17, 2014

Իր անդամներուն մեծամասնութեան ներկայութեան, Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը նախանցեալ օր Վերտանի մէջ գտնուող իր կեդրոնատեղիին մէջ գումարեց իր հերթական ժողովը: Յայտարարուեցաւ, որ չորեքշաբթի, 19 փետրուար 2014-ին Փաքիստանի դէմ տեղի պիտի ունենայ ... Շարն.

Նախարար Քարամէ – Նասսար Հանդիպում

Նախարար Քարամէ – Նասսար Հանդիպում

January 17, 2014

PROFOTO Երէկ` հինգշաբթի, 16 յունուար 2014-ին, Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարի պաշտօնակատար Ֆայսալ Քարամէ, նախարարութեան իր կեդրոնատեղիին մէջ ընդունեց Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի նոր նախագահ Ուալիտ Նասսարը: Այս հանդիպումին ներկայ էր ... Շարն.

Մխիթարեան` Աշխարհի Ամէնէն Սուղ Արժող 100 Մարզիկներուն Ցանկին Մէջ

Մխիթարեան` Աշխարհի Ամէնէն Սուղ Արժող 100 Մարզիկներուն Ցանկին Մէջ

January 17, 2014

Իր լուրը քաղելով Pluri Consultoria ընկերութենէն` ArmSport.am հայկական լրատուական կայքը կը յայտնէ, որ այդ ընկերութիւնը կազմած է աշխարհի ամէնէն սուղ արժող 100 ֆութպոլիստներուն ցանկը, որուն մէջ տեղ կը գրաւէ Հայաստանի ... Շարն.

Թենիս. Աւստրալիոյ Բաց Մրցաշարք.  Տել Փոթրօ Դուրս Մնաց Մրցաշարքէն

Թենիս. Աւստրալիոյ Բաց Մրցաշարք. Տել Փոթրօ Դուրս Մնաց Մրցաշարքէն

January 17, 2014

Ռաֆայէլ Նատալ Աւստրալիոյ թենիսի կրան շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքի Բ. հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ 5-րդ դասուած Խուան Մարթին Տել Փոթրօ (Արժանթին) 4-6, 6-3, 5-7, 6-4 եւ 7-5 արդիւնքով պարտութիւն ... Շարն.

Ճատրակ. Հայաստանի Ախոյեանութիւն.  5-րդ Հանգրուանի Մրցումներուն Արդիւնքները

Ճատրակ. Հայաստանի Ախոյեանութիւն. 5-րդ Հանգրուանի Մրցումներուն Արդիւնքները

January 17, 2014

Հայաստանի ճատրակի ախոյեանութեան 5-րդ հանգրուանի մրցումներուն, երէկ արձանագրուեցան հետեւեալ արդիւնքները. ՏՂԱՔ Աւետիք Գրիգորեան - Լեւոն Փապուճեան 1-0 Ռոպերթ Յովհաննիսեան - Տիգրան Լ. Պետրոսեան 0,5-0,5 Կարէն Գրիգորեան - Տիգրան Քոթանճեան 0,5-0,5 ... Շարն.

«ՖԻՖԱ»-ի Միջազգային Նոր Դասաւորման Մէջ.  Հայաստան Նահանջեց 3 Դիրքով

«ՖԻՖԱ»-ի Միջազգային Նոր Դասաւորման Մէջ. Հայաստան Նահանջեց 3 Դիրքով

January 17, 2014

Երէկ «ՖԻՖԱ»-ն հրապարակեց աշխարհի ֆութպոլի ազգային խումբերուն նոր ընդհանուր դասաւորումը, որուն առաջին 25 դիրքերուն մէջ որեւէ փոփոխութիւն չէ արձանագրուած: Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը 3 դիրք նահանջելով այժմ կը գրաւէ 38-րդ ... Շարն.