Category: Մարզական
Լիբանանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնի Ժողով
Իր գումարած շաբաթական հերթական ժողովին, Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը ողջոյնի իր խօսքը ըսաւ Լիբանանի ֆութպոլի ազգային խումբին, որ բաւական տպաւորիչ մրցում մը կատարեց Ուզպեքիստանի դէմ տեղի ունեցած 2014-ի Մոնտիալի զտումի մրցաշարքին ... Շարն.
Ճատրակ. Լիբանանի Տարիքային Ախոյեանութիւն. 8-10 Տարեկանէն Վար Դասակարգի Մրցումները Պիտի Աւարտին 6-7 Ապրիլին
Լիբանանի ճատրակի ֆետերասիոնի մամլոյ քարտուղարութիւնը երէկ հաղորդեց, որ Լիբանանի ճատրակի տարիքային ախոյեանութեան 8 եւ 10 տարեկանէն վար դասակարգի մրցումները պիտի կատարուին երկու օրերու վրայ, մինչ 12, 14, 16 եւ 18 ... Շարն.
Ճատրակ. 2013-ի Աշխարհի Ախոյեանութեան Զտումի Մրցաշարք. Լեւոն Արոնեան Կրեց Իր Երկրորդ Պարտութիւնը
Լեւոն Արոնեան Երէկ Անգլիոյ մայրաքաղաք Լոնտոնի մէջ տեղի ունեցան 2013-ի ճատրակի աշխարհի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքին 11-րդ հանգրուանի հանդիպումները: Հայրենի կրանտմասթըր Լեւոն Արոնեան, որ սեւ քարերով կը մրցէր ռուս Փիթըր Սվիտլերի ... Շարն.
«Վիվասել-Էմ. Թի. Էս.»-ի Հովանաւորած Մինի-Ֆութպոլի 4-րդ Մրցաշարքը Սկսաւ
Կազմակերպութեամբ` արտասահմանեան լրագրողներու միութեան եւ հովանաւորութեամբ «ՎԻՎԱՍԵԼ-Էմ. Թի. Էս.»-ին, «Կրանտ Սփոր» մարզահամալիրին մէջ սկսաւ Հայաստանի լրատուամիջոցներու միջեւ մինի-ֆութպոլի 4-րդ մրցաշարքը: Անիկա կ՛աւարտի յառաջիկայ 6 ապրիլին: Մրցաշարքին հանդիսաւոր բացման արարողութեան ընթացքին ... Շարն.
Փինկ Փոնկ. Շարիթիէ Հանդիսացաւ Հիւսիսի Նահանգի Ախոյեան
Կազմակերպութեամբ Լիբանանի փինկ փոնկի ֆետերասիոնին, տեղի ունեցան հիւսիսի նահանգի փինկ փոնկի տղոց Բ. դասակարգի խմբային ախոյեանութեան մրցումները: Շարիթիէ Տար Նուր, յաղթելէ ետք Ինաաշ Քանաթի (3-0), հանդիսացաւ հիւսիսի շրջանի ախոյեան եւ ... Շարն.
Մարտը` Հայաստանի Ֆութպոլի Ազգային Հաւաքականին Համար Ոչ Այդքան Լաւ Ամիս Մը
ArmSport.am հայկական լրատուական կայքէջը իր հրապարակած մէկ լուրին մէջ կ՛անդրադառնայ մարտ ամսուան ընթացքին, սկսելով 1997-էն Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին կատարած մրցումներուն եւ արձանագրած արդիւնքներուն, որոնց վրայ հիմնուելով կարելի է նկատել, ... Շարն.
Վէյք Աան Զէի Մրցաշարքը` 2012-ի Լաւագոյնը
Ըստ ճատրակի արհեստավարժ խաղացողներու յանձնախումբին քուէարկութեան, 2012-ի լաւագոյն մրցաշարքը ճանչցուած է Վէյք Աան Զէի մրցաշարքը: PanArmenian.Net լրատուական կայքէջը կ՛աւելցնէ, որ երկրորդ դիրքը գրաւեց Թալի յուշամրցաշարքը, իսկ երրորդը` Լոնտոն Չես Քլասիքը: ... Շարն.
Յառաջիկայ 27 Յուլիսին Ռէալ Մատրիտ Ֆութպոլի Բարեկամական Մրցում Մը Պիտի Կատարէ Փարիզ Սեն Ժերմենի Դէմ
ArmSport.am հայկական լրատուական կայքէջը կը հաղորդէ, որ յառաջիկայ 27 յուլիսին Ռէալ Մատրիտ ֆութպոլի բարեկամական մրցում մը պիտի կատարէ Փարիզ Սեն Ժերմենի դէմ: Ռէալ Մատրիտի պաշտօնական կայքէջը կ՛աւելցնէ, որ այս մրցումը, ... Շարն.
Ասիոյ Ֆութպոլի 2015-Ի Բաժակի Մրցաշարք. Աւարտական Մրցումը` Սիտնիի Մէջ
Իր լուրը քաղելով «Աժանս Ֆրանս Փրես» (ԱՖՓ) լրատու գործակալութենէն` ArmSport.am հայկական կայքէջը կը հաղորդէ, որ Ասիոյ ֆութպոլի 2015-ի բաժակի մրցաշարքի աւարտական մրցումը տեղի պիտի ունենայ Սիտնիի մէջ (Աւստրալիա): Այս մրցաշարքը ... Շարն.
Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Երեքշաբթի, 2 Ապրիլին Կը Սկսին Աղջկանց Ֆայնըլ-Ֆորի Մրցումները
Երէկ, Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը հաղորդեց, որ երեքշաբթի, 2 ապրիլին, կը սկսին աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան ֆայնըլ-ֆորի մրցումները: Առաջինին իրարու դէմ պիտի մրցին դասաւորման առաջին դիրքը գրաւած ՀՄԸՄ Անթիլիաս ... Շարն.
Փինկ Փոնկ. Աւօ Եւ Դուին Մումջողլեաններ Մեկնեցան Ժընեւ
Երէկ Ժընեւ մեկնեցան Լիբանանի փինկ փոնկի աղջկանց ախոյեան Դուին Մումջողլեան եւ Լիբանանի 21 տարեկանէն վար փինկ փոնկի տղոց դասաւորման առաջին դիրքը գրաւող Աւօ Մումջողլեան` իրենց մասնակցութիւնը բերելու համար փինկ փոնկի ... Շարն.
Ֆորմիւլա – Ռընոյի Ախոյեանութիւն. Շահան Սարգիսեան Իր Լաւագոյն Արդիւնքը Արձանագրեց Անգլիական Վազքուղիին Վրայ
Լիբանանահայ վարորդ Շահան Սարգիսեան նոր սկսելիք Ֆորմիւլա - Ռընոյի ախոյեանութեան արձանագրեց իր լաւագոյն արդիւնքը անգլիական վազքուղիին վրայ` նախորդ տարեշրջանին, «M-Tech lite» խումբին միանալէն ի վեր: Յառաջիկայ 13 ապրիլին կը սկսի ... Շարն.
«Հայաստանի Հաւաքականը Փոխած Է Իր Խաղաոճը» Կ՛ըսէ Փիթըր Չեխ
Չեխիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի բերդապահ Փիթըր Չեխ նախանցեալ օր տեղի ունեցած Հայաստան - Չեխիա (0-3) մրցումին անդրադառնալով ըսաւ, որ թէեւ իր կազմը ինք եղաւ մրցումին երեք կէտը խլողը, սակայն դաշտին ... Շարն.
2014-ի Մոնտիալ. Հարաւային Ամերիկայի Գօտի. Վենեզուելա Առաջին Անգամ Ըլլալով Կրնայ Մասնակցիլ Մոնտիալին
Հարաւային Ամերիկայի գօտիին մէջ տեղի ունեցած 2014-ի Մոնտիալի զտումի մրցաշարքի 11-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Վենեզուելա 1-0 արդիւնքով պարտութեան մատնելէ ետք Քոլոմպիան` Փուերթօ Օրտազի մէջ, մեծ յոյս ունեցաւ առաջին անգամ ըլլալով մասնակցելու ... Շարն.
2014-ի Մոնտիալ. Եւրոպայի Գօտի. Հոլանտայի 6-րդ Յաջորդական Յաղթանակը
Թէեւ նախանցեալ օր Եւրոպայի գօտիին մէջ տեղի ունեցան 2014-ի Մոնտիալի զտումի մրցումներ եւ անոնց ընթացքին կարգ մը խումբեր մնացին անպարտելի` իրենց արձանագրած յաղթանակներուն կամ հաւասարութիւներուն շնորհիւ, սակայն Հոլանտա արձանագրեց իր ... Շարն.
2014-Ի Մոնտիալ. Ասիոյ Գօտի. Ուզպեքիստան 1-0 Արդիւնքով Յաղթեց Լիբանանի
Լիբանանի կազմը` երէկուան մրցումին սկիզբը Ասիոյ գօտիին մէջ երէկ յետմիջօրէին Թաշքենդի մէջ Ուզպեքիստան, որ հիւրընկալեց Լիբանանը, 1-0 արդիւնքով դժուար, բայց կարեւոր յաղթանակ մը արձանագրեց` շնորհիւ խմբապետ Սերվեր Ճեփարովի նշանակած կոլին ... Շարն.
2014-ի Մոնտիալ. Եւրոպայի Գօտի. Հայաստան 3-0 Արդիւնքով Պարտուեցաւ Իր Հիւրէն` Չեխիայէն
Երէկ երեկոյեան, Երեւանի Վազգէն Սարգսեանի անուան հանրապետական մարզադաշտին վրայ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը, որ մաս կը կազմէ Եւրոպայի գօտիին Բ. խմբակին, 2014-ի Մոնտիալի զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ հիւրընկալեց Չեխիան: Նախքան ... Շարն.
Ճատրակ. Լեւոն Արոնեան Կրեց Մրցաշարքի Իր Առաջին Պարտութիւնը
Ճատրակի աշխարհի ախոյեանութեան տիտղոսին համար պայքարի զտումի մրցումներուն, որոնք տեղի կ՛ունենան Լոնտոնի մէջ (Անգլիա), 9-րդ հանգրուանի հանդիպումները այդքան ալ լաւ չանցան հայրենի կրանտմասթըր Լեւոն Արոնեանին համար, որ կրեց մրցաշարքի իր ... Շարն.
Ճատրակ. Լիլիթ Մկրտչեան Հանդիսացաւ 2-րդ` Հնդկաստանի Միջազգային Մրցաշարքին
Լիլիթ Մկրտչեան Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքէջէն (Armchess.am) կը տեղեկանանք, որ հայրենի կրանտմասթըր Լիլիթ Մկրտչեան առաւելագոյն 11 կէտէն 7,5 կէտ ապահովելով հանդիսացաւ 2-րդ Հնդկաստանի Պհիւպանեսուար քաղաքին մէջ տեղի ունեցած ճատրակի ... Շարն.
Փինկ Փոնկ. Շապապ Պէյրութ Հանդիսացաւ Պէյրութի Նահանգի Ախոյեան
Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ Պէյրութի նահանգի փինկ փոնկի Բ. դասակարգի խմբային ախոյեանութիւնը` հսկողութեամբ Լիբանանի փինկ փոնկի ֆետերասիոնի փոխնախագահ Ահմետ Արաքժիի: Տիրանալով տիտղոսին եւ հանդիսանալով այս նահանգի ախոյեան` Շապապ Պէյրութ ապահովեց ... Շարն.

