Category: Մարզական
Յունահռոմէական Ոճի Ըմբիշներուն Վարկանշային Նոր Աղիւսակը
Ըմբշամարտի միջազգային ֆետերասիոնը հրապարակեց աշխարհի 8 դասակարգերուն 20 լաւագոյն ըմբիշներուն նոր վարկանշային աղիւսակը: Անոր մէջ են Հայաստանի 7 ըմբիշներ: 96 քկ դասակարգին մէջ յառաջատարը աշխարհի գործող ախոյեան Արթուր Ալեքսանեանն է: ... Շարն.
«Չեմփիընզ Լիկ». Պայէրն Միւնիխ 7-1 Արդիւնքով Ջախջախեց Ա. Էս. Ռոման` Հռոմի Մէջ. Այսօր Լիվըրփուլ – Ռէալ Մատրիտ
Պայէրն Միւնիխի յաղթական մարզիկները «Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին ծիրին մէջ, որ տեղի կ՛ունենայ խմբակներու դրութեամբ, Պայէրն Միւնիխ արձանագրեց իր երրորդ յաջորդական յաղթանակը, երբ Հռոմի մէջ 7-1 արդիւնքով ջախջախեց Ա. Էս. ... Շարն.
Ճատրակ. Եւրոպայի Պատանիներու Ախոյեանութիւն. Հայաստան 63 Երկսեռ Խաղացողներով Կը Մասնակցի Մրցաշարքին
Շաբաթասկիզբին Պաթումի մէջ (Վրաստան) սկսաւ Եւրոպայի ճատրակի պատանիներու ախոյեանութիւնը` մասնակցութեամբ հարիւրաւոր ճատրակ խաղացողներու: Այս մրցաշարքին կը մասնակցի նաեւ Հայաստան` 63 երկսեռ ճատրակ խաղացողներով: 2-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք, Հայաստանի ներկայացուցիչներէն 11-ը ... Շարն.
«Ներկայ Դրութեամբ Աղջկանց Ֆութպոլով Կը Զբաղին Շուրջ 280 Մարզիկներ» Ըսաւ Էդուարդ Միքայէլեան
15 հոկտեմբերին աւարտեցաւ Հայաստանի աղջկանց ֆութպոլի 2014-2015 տարեշրջանի աշնանային ստուգողական մրցաշարքը: Տեղի ունեցած ստուգատեսին, Հայաստանի մէջ աղջկանց ֆութպոլին եւ ապագայի ծրագիրներուն մասին ArmSport.am հայկական լրատուական կայքը յատուկ տեղեկութիւններ ստացաւ Հայաստանի ... Շարն.
Ռէալ Մատրիտի Մասին Ժապաւէնի Հեղինակին Սպանութեան Սպառնալիքներ Կ՛ուղղուին
Իր լուրը քաղելով սպանական «Էլ Մունտօ Տեփորթիւօ» օրաթերթէն` ArmSport.am հայկական լրատուական կայքը յօդուածով մը կ՛անդրադառնայ Ռէալ Մատրիտի մասին ժապաւէնի հեղինակին, որ սպանութեան սպառնալիքներ կը ստանայ: Ժապաւէնին մէջ պիտի պատմուին մատրիտեան ... Շարն.
Եւրոպայի 17 Տարեկանէն Վար 2015-ի Ախոյեանութիւն. Հայաստանի 3-րդ Յաջորդական Պարտութիւնը
Հայաստանի 17 տարեկանէն վար ֆութպոլի հաւաքականը աւարտեց Եւրոպայի 17 տարեկանէն վար 2015-ի ախոյեանութեան զտումի իր մրցումները` կրելով իր երրորդ յաջորդական պարտութիւնը, այս անգամ` Մոլտովայէն, 4-0 արդիւնքով: Հայրենի կազմը առաջին մրցումին ... Շարն.
Ճատրակ. Լիբանանի Բ. Դասակարգի Խմբային Ախոյեանութիւն. ՀՄԸՄ Անթիլիաս Առանց Պարտութեան Ապահովեց Աւարտական Հանգրուանի Իր Տոմսը
Նախորդ շաբաթավերջին աւարտեցան Լիբանանի ճատրակի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան խմբակներու դրութեամբ տեղի ունեցող Ա. հանգրուանի մրցումները, որոնց արդիւնքներուն լոյսին տակ յստակացան աւարտական հանգրուան հասնող չորս խումբերը: ՀՄԸՄ Անթիլիաս արձանագրեց իր չորրորդ ... Շարն.
Լիբանանի Փինկ Փոնկի Ֆետերասիոնի Ժողով
Իր գումարած շաբաթական հերթական ժողովին, Լիբանանի փինկ փոնկի ֆետերասիոնը տուաւ շարք մը որոշումներ: Ֆետերասիոնը իր հաւանութիւնը տուաւ, որ Ռիատի Պէյրութ (տղաք) եւ Նատուա Քամաթիէ (աղջիկներ) իրենց մասնակցութիւնը բերին 24-30 նոյեմբերին ... Շարն.
«Չեմփիընզ-Լիկ». Այսօր` Ա. Էս. Ռոմա – Պայէրն Միւնիխ. Վաղը` Լիվըրփուլ – Ռէալ Մատրիտ
Եւրոպական ֆութպոլի ախոյեանութիւններէն եւ Եուրօ-2016-ի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքէն ետք, այժմ խումբերը դարձեալ կը վերադառնան «Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին, որ տեղի կ՛ունենայ խմբակներու դրութեամբ: Այսօր բաւական հետաքրքրական ճակատում մը տեղի պիտի ... Շարն.
Ճատրակ. Աշխարհի Կրտսերներու Ախոյեանութիւնը Աւարտեցաւ
Նախորդ շաբաթավերջին Փիւնէի մէջ (Հնդկաստան) աւարտեցաւ ճատրակի աշխարհի 2014-ի կրտսերներու ախոյեանութիւնը, երբ տեղի ունեցան 13-րդ եւ վերջին հանգրուանի մրցումները: Հայաստանէն Կարէն Գրիգորեան, որ իր մասնակցութիւնը բերաւ տղոց մրցաշարքին, 137 մասնակցողներուն ... Շարն.
Նոր Գիրք` Հայաստանի Պասքեթպոլի Մասին
Իր լուրը քաղելով Հայաստանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնէն ArmSport.am հայկական լրատուական կայքը կը յայտնէ, որ լոյս տեսած է «Հայաստանի պասքեթպոլի պատմութիւնը» գիրքը, որուն հեղինակն է փորձառու մասնագէտ Եղիշէ Դաւթեան: Գիրքին հեղինակը կը ... Շարն.
Սալիպա Եւ Հաննա` «Սքոր»-ի Այսօրուան Հիւրերը
Իւրաքանչիւր երեքշաբթի, «Էմ. Թի. Վի.» պատկերասփիւռի կայանը, իրիկուան ժամը 23:00-ին, կը ներկայացնէ մարզական յայտագիրը, զոր կը վարէ լրագրող Նեժիպ Քահի: Անոր այսօրուան հիւրերը պիտի ըլլան Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Սամիր ... Շարն.
Պասքեթպոլ. Աղջկանց Արաբական Ախոյեանութիւն. Ռիատի Պէյրութ Հանդիսացաւ Ախոյեան
Երէկ երեկոյեան Աղեքսանդրիոյ մէջ (Եգիպտոս) աւարտեցաւ Արաբական պասքեթպոլի աղջկանց ախոյեանութիւնը, երբ տեղի ունեցաւ աւարտական մրցումը` Ռիատի Պէյրութի եւ Սփորթինկի (Եգիպտոս) միջեւ: Լիբանանեան կազմը` Ռիատի, իր պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով ... Շարն.
Ֆութսալ. Լիբանանի Ախոյեանութիւն. Առաջին Երեք Դիրքերը Գրաւող Խումբերը` Յաղթական
Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցան Լիբանանի ֆութսալի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 12-րդ եւ դարձի առաջին հանգրուանի մրցումները: Առաջին երեք դիրքերը գրաւող խումբերը` Պէյրութի դրամատուն, Մայատին եւ Լիբանանեան բանակը, յաղթանակներ արձանագրեցին` յաջորդաբար պարտութեան ... Շարն.
Հայաստանի Ֆութպոլի Ախոյեանութիւն. Ուլիս Կէտերու Տարբերութիւնը Կը Բարձրացնէ. Միքա Խոյս Տուաւ Վերջին Դիրքէն
Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան 10-րդ հանգրուանի մրցումները, որոնք տեղի ունեցան նախորդ շաբաթավերջին եղան կոլերով հարուստ` նկատի ունենալով, որ 4 մրցումի ընթացքին նշանակուեցաւ 28 կոլ: Ուլիս, որ յաղթեց Գանձասարին (7-1), ... Շարն.
Ճատրակ. Տիգրան Պետրոսեանի Անուան Յուշամրցաշարք` Մոսկուայի Մէջ
3-11 նոյեմբերին, Մոսկուայի մէջ (Ռուսիա) տեղի պիտի ունենայ Տիգրան Պետրոսեանի յիշատակին նուիրուած կրանտմասթըրներու ճատրակի մրցաշարք մը, որ կը կրէ «Տաշիր» անուանումը: Այս մրցաշարքը կազմակերպուած է «Տաշիր» ընկերութեան եւ Ռուսիոյ ճատրակի ... Շարն.
Եւրոպայի 17 Տարեկանէն Վար 2015-ի Ախոյեանութիւն. Հայաստանի Հաւաքականը Զրկուեցաւ Յաջորդ Հանգրուանին Անցնելէ
Նախորդ շաբաթավերջին Մոլտովայի մէջ տեղի ունեցան Եւրոպայի 17 տարեկանէն վար 2015-ի ախոյեանութեան զտումի մրցումները` Գ. խմբակին մէջ: Հայաստան յաջորդաբար երկրորդ մրցումն ըլլալով պարտութիւն մը կրեց` այս անգամ Իսլանտայէն` 2-0 արդիւնքով: ... Շարն.
«Պունտըսլիկա». Պայէրն Միւնիխ Յաղթեց, Մինչ Պորուսիա Տորթմունտ Դարձեալ Պարտուեցաւ
Պայէրն Միւնիխի յաղթական մարզիկները Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Պունտըսլիկա»-ի 8-րդ հանգրուանի մրցումներուն, ախոյեան եւ պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Պայէրն Միւնիխ շարունակելով իր յառաջխաղացքը, 6-0 արդիւնքով ջախջախեց իր հիւրը` վերջին դիրքին վրայ ... Շարն.
Ռէալ Սարակոսա` Սնանկացումի Սեմին
Սպանական մամուլին համաձայն, Ռէալ Սարակոսա ֆութպոլի ակումբը կը գտնուի սնանկացումի սեմին` նկատի ունենալով, որ սպանական մաքսատան պատասխանատուները ակումբին կը պարտադրեն վճարել 25,7 միլիոն եւրօ: Ակումբի նախագահ Քրիսթիան Լափեթրու յայտնեց, որ ... Շարն.
«Պետրոսեանի 300 Գրոհները» Խորագիրով Նոր Գիրք
«Շախմատային Հայաստան»-ը լոյս ընծայեց Գագիկ Յովհաննիսեանի «Պետրոսեանի 300 գրոհները» խորագիրով գիրքը, որ նուիրուած է աշխարհի 9-րդ ախոյեանին` Տիգրան Պետրոսեանին 85-ամեակին: Գիրքին հիմնական նպատակն է ընթերցողներուն ներկայացնել ճատրակի արքային ստեղծագործութեան ամէնէն ... Շարն.

