Category: Մարզական
Զիտանի Եւ Մաթերացիի Արձանը` Փարիզի Փոմփիտու Թանգարանին Դիմաց
2006-ի Մոնտիալի աւարտական մրցումը` Իտալիոյ եւ Ֆրանսայի միջեւ, այդքան ալ լաւ յիշատակ մը չձգեց աշխարհի ֆութպոլասէր հասարակութեան մօտ` նկատի ունենալով, որ ֆրանսացի Զինետին Զիտան գլխու ուժգին զօրաւոր հարուած մը տուաւ ... Շարն.
«Մոռցուած» Քաքա Հեթրիք Մը Իրագործեց Ռէալ Մատրիտի Հետ
Քաքա Պրազիլցի միջազգային յառաջապահ Քաքա, որ այս տարեշրջանին, ցարդ որեւէ պաշտօնական մրցում չկատարեց իր ակումբին` Ռէալ Մատրիտի հետ, «Սանթիակօ Պեռնապէօ» տարեկան տիտղոսին առիթով տեղի ունեցած մրցումին դաշտ ներկայացաւ քոլոմպիական Միլոնարիոս ... Շարն.
Անգլիոյ Ֆութպոլի Լիկայի Բաժակի Մրցաշարք. Մանչեսթըր Եունայթըտ Դ. Հանգրուանի Մրցակիցը` Չելսի
Անգլիոյ ֆութպոլի լիկայի բաժակի մրցաշարքի Գ. հանգրուանի մրցումներէն ետք, որոնք տեղի ունեցան վերջին երկու օրերուն, կատարուեցաւ Դ. հանգրուանի մրցումներուն վիճակաձգութիւնը: Մանչեսթըր Եունայթըտ, որ չորս անգամ տիրացած է մրցաշարքին, Գ. հանգրուանին ... Շարն.
Լիբանանեան Ֆութպոլ. ՀՄԸՄ-ի Առաջին Մրցակիցը` Ուխուուա Խարայեպ
Երեքշաբթի, 25 սեպտեմբերի յետմիջօրէին, Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի կեդրոնատեղիին մէջ (Վերտան) տեղի ունեցաւ Լիբանանի ֆութպոլի Գ. դասակարգի ախոյեանութեան 2012-2013 տարեշրջանի Ա. հանգրուանի մրցումներուն վիճակաձգութիւնը: Թէեւ իրարու դէմ մրցող խումբերուն անունները յստակացան, ... Շարն.
Ճատրակ. Կրան Շլեմի «Մասթըրզ»-Ի Մրցաշարք. Արոնեան – Անանտ` 0,5-0,5
Լեւոն Արոնեան (ձախին) - Վիշվանաթան Անանտ մրցումէն Սան Փաուլոյի մէջ (Պրազիլ) տեղի ունեցող ճատրակի կրան շլեմի «Մասթըրզ»-ի միջազգային մրցաշարքին իր մասնակցութիւնը բերող հայրենի կրանտմասթըր Լեւոն Արոնեան, Բ. հանգրուանին իր կատարած ... Շարն.
Ռոպերթ Արզումանեանի Առաջին Մրցումը Եւ Առաջին Կոլը
Ռուսիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքին, 1-16-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, Էներկայի իր դաշտին վրայ հիւրընկալեց Ամքարինը: Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին կեդրոնի միջնապահ Ռոպերթ Արզումանեան, որ իր առաջին մրցումը կատարեց Էներկայի հետ, ... Շարն.
Անգլիոյ Ֆութպոլի Լիկայի Բաժակի Մրցաշարք. Մանչեսթըր Սիթի Եւ Էվըրթըն Դուրս Մնացին
Անգլիոյ ֆութպոլի լիկայի բաժակի մրցաշարքի Գ. հանգրուանի մրցումներուն արձանագրուեցան կարգ մը անակնկալներ, որոնց ընթացքին պարտութիւններ կրելով Մանչեսթըր Սիթի, Էվըրթըն եւ ուրիշներ դուրս մնացին մրցաշարքէն: Անգլիոյ ախոյեան Սիթի երկարաձգման ընթացքին 4-2 ... Շարն.
Փինկ Փոնկ. Արաբական Ակումբներու Ախոյեանութիւնը Տեղի Պիտի Չունենայ Լիբանանի Մէջ
Լիբանանի փինկ փոնկի ֆետերասիոնը իր հրապարակած պաշտօնական հաղորդագրութեան մէջ նշեց, որ նամակ մը ստացած է Արաբական փինկ փոնկի ֆետերասիոնէն, որուն մէջ կը նշուի, որ Արաբական ակումբներու 24-րդ ախոյեանութիւնը տեղի պիտի ... Շարն.
Ժիւտօ. Եւրոպայի Երիտասարդներու Ախոյեանութիւն. Գարիկ Յարութիւնեան` Պրոնզէ Մետալակիր
Խրուաթիոյ մէջ տեղի ունեցող ժիւտոյի Եւրոպայի երիտասարդներու ախոյեանութեան ծիրին մէջ, 55 քկ դասակարգի մրցումներուն, Հայաստանի ներկայացուցիչ, վանաձորցի Գարիկ Յարութիւնեան տիրացաւ պրոնզ մետալին: Իր լուրը քաղելով Հայաստանի ժիւտոյի ֆետերասիոնի փոխնախագահ Դաւիթ ... Շարն.
Վիտիչ Երկու Ամիս Պիտի Բացակայի Դաշտերէն
«Փրեմիեր լիկ»-ի կազմերէն Մանչեսթըր Եունայթըտի կողմէ հրապարակուած պաշտօնական հաղորդագրութեան մը մէջ նշուեցաւ, որ ակումբին խմբապետ Նեմանժա Վիտիչ, որ ենթարկուեցաւ ծունկի վիրաբուժութեան, երկու ամիս պիտի բացակայի դաշտերէն: Սերպ յետսապահը նախորդ տարեշրջանին ... Շարն.
2014-Ի Մոնտիալ. Հայաստան – Իտալիա Մրցումին Իրաւարարները` Խրուաթիայէն
Իր լուրը քաղելով Եու. Է. Էֆ. Ա.ի պաշտօնական կայքէջէն, PanArmenian.Net լրատուական կայքէջը կը յայտնէ, որ յառաջիկայ 12 հոկտեմբերին Հրազդան մարզադաշտին վրայ տեղի ունենալիք Հայաստան - Իտալիա 2014-ի Մոնտիալի զտումի մրցումին ... Շարն.
«Այս Տարեշրջանին Արձակուրդս Պիտի Ամբողջացնեմ» Կ՛ըսէ Կուարտիոլա
Մէջբերելով Պարսելոնայի նախկին մարզիչ Փեփ Կուարտիոլայի կատարած յայտարարութիւնը` Football-Italia կայքէջը կը տեղեկացնէ, որ ան այս տարեշրջանին որեւէ խումբի մարզիչի պաշտօնը ստանձնելու նպատակ չունի, որովհետեւ մտադրած է իր արձակուրդը շարունակել: Ըստ ... Շարն.
Յառաջիկայ 14 Նոյեմբերին Սարգիս Յովսէփեանի Հրաժեշտի Մրցումը` Լիթուանիոյ Դէմ
Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի պաշտօնական կայքէջը կը հաղորդէ, որ նկատի ունենալով, որ յառաջիկայ 14 նոյեմբերը ՖԻՖԱ-ին կողմէ ճշդուած է իբրեւ ֆութպոլի միջազգային բարեկամական մրցումներու օր, Հայաստան իրեն մրցակից ընտրած է Լիթուանիան: ... Շարն.
Ֆութսալ. Սատաքա Այսօր Կը Ներկայացնէ 2012-2013 Տարեշրջանի Իր Խումբը
Այսօր` հինգշաբթի, 27 սեպտեմբերին, երեկոյեան ժամը 19:00-ին, Սատաքա կը ներկայացնէ 2012-2013 տարեշրջանի ֆութսալի ախոյեանութեան մասնակցող իր խումբը: Խումբին մաս կը կազմեն 17 մարզիկներ: Անոնց կարգին է Սարգիս Էսքիճեան: Ան իրեն ... Շարն.
Հայ Ֆութպոլասէրները «Բաց Նամակ» Ուղարկեցին Նախագահ Սերժ Սարգսեանին
PanArmenian.Net լրատուական կայքէջը կը հաղորդէ, որ երէկ խումբ մը ֆութպոլասէրներ «բաց նամակ» ուղարկած են Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանին` Հայաստան - Իտալիա 2014-ի Մոնտիալի զտումի մրցումին տոմսերուն սակերը վերատեսութեան ենթարկելու հարցով ... Շարն.
Պասքեթպոլ. Արեւմտեան Ասիոյ Տղոց Կրտսերներու Ախոյեանութիւն. Լիբանանի Ազգային Խումբը Մեկնեցաւ Յորդանան
PROFOTO Երէկ առաւօտեան Պէյրութի միջազգային օդակայանէն Ամման մեկնեցաւ Լիբանանի տղոց կրտսերներու ազգային խումբը (15 տարեկանէն վար)` իր մասնակցութիւնը բերելու համար 26-30 սեպտեմբերին տեղի ունենալիք Արեւմտեան Ասիոյ ախոյեանութեան: Լիբանանեան պատուիրակութիւնը ճամբելու ... Շարն.
Յառաջիկայ 9 Հոկտեմբերին Յատուկ Մամլոյ Ասուլիս` Լիբանանի Ֆութպոլի Համակիրներուն Հարցին Շուրջ
Իր տեսակին մէջ յատուկ եւ Լիբանանի մէջ առաջին անգամ ըլլալով, «Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանը եւ ծանուցումի «Մութթահետ» ընկերութիւնը յառաջիկայ 9 հոկտեմբերին, յետմիջօրէին ժամը 15:30-ին, «Ֆենիսիա» պանդոկին մէջ կու տան յատուկ մամլոյ ... Շարն.
Վոլիպոլ. Ժան Համմամ Վերադարձաւ Պէյրութ
Ժան Համմամ (աջէն երկրորդը) կը շնորհաւորէ Արի Կրասան Երկուշաբթի, 24 սեպտեմբերին, Պէյրութ վերադարձաւ Լիբանանի վոլիպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Ժան Համմամ` Միացեալ Նահանգներու մէջ իր մասնակցութիւնը բերելէ ետք Վոլիպոլի միջազգային ֆետերասիոնին տարեկան ... Շարն.
Յակոբ Տոնոյեանի Անուան Հայաստանի Գերբաժակի Մրցաշարք. Միքա Տիրացաւ Տիտղոսին
Հայաստանի ֆութպոլի Յակոբ Տոնոյեանի անուան գերբաժակի մրցաշարքին, որ տեղի ունեցաւ Վազգէն Սարգսեանի անուան հանրապետական մարզադաշտին վրայ, Միքա եւ Ուլիս ամբողջ 120 վայրկեան չյաջողեցան կոլ նշանակել: Ի վերջոյ դիմուեցաւ անխուսափելիին` փենալթիներուն, ... Շարն.
2015-ի Ճատրակի Աշխարհի Խմբային Ախոյեանութիւն. Հայաստան Առաջադրեց Իր Թեկնածութիւնը
Իր լուրը քաղելով Հայաստանի ճատրակի ակադեմիայէն` PanArmenian.Net-ի թղթակիցը կը նշէ, որ Հայաստան իր թեկնածութիւնը առաջադրած է հիւրընկալելու 2015-ի ճատրակի աշխարհի խմբային ախոյեանութիւնը: Ըստ ՖԻՏԷ-ի պաշտօնական կայքէջին, կը ծրագրուի աշխարհի ախոյեանութիւնը ... Շարն.

