Category: Մարզական

Փրոֆ. Ժիհատ Սալամէի Շահեկան Զեկուցում-Դասախօսութիւնը

Փրոֆ. Ժիհատ Սալամէի Շահեկան Զեկուցում-Դասախօսութիւնը

July 17, 2012

Կազմակերպութեամբ եւ հովանաւորութեամբ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան երկուշաբթի, 9 յուլիս 2012-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ, տեղի ունեցաւ զեկուցում-դասախօսութիւն մը, որուն նիւթն էր «Ողիմպիական խաղերու պատմութիւնը` հիմնադրութենէն մինչեւ Լոնտոն 2012-»: ... Շարն.

«Չեմփիընզ Լիկ». Այսօր` Ուլիս – Ֆ. Ք. Շերիֆ

«Չեմփիընզ Լիկ». Այսօր` Ուլիս – Ֆ. Ք. Շերիֆ

July 17, 2012

Միլան Միլանովիչ «Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին, 2012-2013 տարեշրջանի զտումի Բ. հանգրուանի երթի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր` երեքշաբթի, 17 յուլիսին, Ուլիս կը հիւրընկալէ Ֆ. Ք. Շերիֆը (Մոլտաւիա): Մրցումը, որ պիտի սկսի ... Շարն.

Նախագահ Սերժ Սարգսեան Պարգեւատրեց Լաւագոյն Մարզական Ընտանիք-2012 Մրցաշարքին Յաղթողները

Նախագահ Սերժ Սարգսեան Պարգեւատրեց Լաւագոյն Մարզական Ընտանիք-2012 Մրցաշարքին Յաղթողները

July 17, 2012

Շաբաթ, 14 յուլիսին, Ծաղկաձորի ողիմպիական գլխաւոր մարզահամալիրի մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցան լաւագոյն մարզական ընտանիք-2012 հանրապետական տարեկան մրցաշարքին աւարտական հանգրուանի մրցումները: PanArmenian.Net լրատուական կայքէջը կը յայտնէ, որ այս մրցումներուն ներկայ գտնուեցաւ ... Շարն.

Լոնտոն-2012. Ուքրանիոյ Հաւաքականին Կազմէն Ողիմպիական Խաղերուն Կը Մասնակցի Արթուր Այվազեան

Լոնտոն-2012. Ուքրանիոյ Հաւաքականին Կազմէն Ողիմպիական Խաղերուն Կը Մասնակցի Արթուր Այվազեան

July 17, 2012

Արթուր Այվազեան PanArmenian.Net լրատուական կայքէջը կը հաղորդէ, որ Ուքրանիոյ ազգային ողիմպիական կոմիտէին կողմէ հրապարակուած Ուքրանիոյ ողիմպիական հաւաքականին կազմին մէջ է հայազգի մարզիկ Արթուր Այվազեան, որ 2012-ի Լոնտոնի ողիմպիական խաղերուն իր ... Շարն.

Ուքրանիոյ Ֆութպոլի Ախոյեանութիւնը Սկսաւ. Մխիթարեանի Տուպլէն Եւ Կոլային Երկու Փոխանցումները Յաղթանակ Ապահովեցին Շախտիոր Տոնեցքի

Ուքրանիոյ Ֆութպոլի Ախոյեանութիւնը Սկսաւ. Մխիթարեանի Տուպլէն Եւ Կոլային Երկու Փոխանցումները Յաղթանակ Ապահովեցին Շախտիոր Տոնեցքի

July 17, 2012

Հենրիխ Մխիթարեան Նախորդ շաբաթավերջին սկսաւ Ուքրանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 2012-2013 տարեշրջանը, երբ տեղի ունեցան Ա. հանգրուանի մրցումները: Շախտիոր Տոնեցք տպաւորիչ յաղթանակով մը սկսաւ նոր տարեշրջանը, երբ 6-0 արդիւնքով ծանր պարտութեան մատնեց ... Շարն.

Հրաչ Եաքան Հեռացաւ Գանձասարէն

Հրաչ Եաքան Հեռացաւ Գանձասարէն

July 17, 2012

Հրաչ Եաքան Armsport.am մարզական լրատուական կայքէջը կը հաղորդէ, որ Հայաստանի ֆութպոլի երիտասարդներու հաւաքականի նախկին ֆութպոլիստ Հրաչ Եաքան հեռացած է Գանձասար Կապանէն: Կապանեան ակումբը Եաքանի հետ ձմրան ընթացքին իր կնքած պայմանագրութիւնը ... Շարն.

Թենիս. Վաղը Կը Սկսի Մայա Հաժժարի Յիշատակին Նուիրուած Աղջկանց Մրցաշարքը

July 17, 2012

Հսկողութեամբ եւ հովանաւորութեամբ Լիբանանի թենիսի ֆետերասիոնին, «Լա Քոլինա Քաունթրի Քլապ» ակումբը կը կազմակերպէ Լիբանանի նախկին ախոյեան Մայա Հաժժարի յիշատակին նուիրուած թենիսի աղջկանց մրցաշարքը, որ տեղի պիտի ունենայ յաջորդաբար 5-րդ տարին ... Շարն.

Թենիս. Նալպանտեան` 41-րդ Դիրքին Վրայ

Թենիս. Նալպանտեան` 41-րդ Դիրքին Վրայ

July 17, 2012

Փիթ Սամփրաս (ձախին) եւ Ռոժէ Ֆետերեր Երէկ` երկուշաբթի, 16 յուլիսին, թենիսի միջազգային ֆետերասիոնին կողմէ հրապարակուած նոր դասաւորման մէջ արժանթինահայ Դաւիթ Նալպանտեան կը շարունակէ մնալ 41-րդ դիրքին վրայ` իր տրամադրութեան տակ ... Շարն.

Եւրոպայի 19 Տարեկանէն Վար Ախոյեանութիւն. Սպանիա Հանդիսացաւ Ախոյեան

July 17, 2012

Նախորդ շաբաթավերջին Էսթոնիոյ մէջ աւարտեցաւ Եւրոպայի 19 տարեկանէն վար ախոյեանութիւնը, երբ տեղի ունեցաւ աւարտական հանգրուանի մրցումը` Սպանիոյ եւ Յունաստանի միջեւ: Յունաստան, որ մեծ անակնկալ մը ստեղծելով հասած էր աւարտականին, դժուարութեամբ ... Շարն.

Ամերիկացի Պրետլի Միացաւ Ա. Էս. Ռոմայի

Ամերիկացի Պրետլի Միացաւ Ա. Էս. Ռոմայի

July 17, 2012

Մայքըլ Պրետլի Քալչիոյի կազմերէն Ա. Էս. Ռոմա նախորդ շաբաթավերջին իր հրապարակած մէկ հաղորդագրութեան մէջ ըսաւ, որ ամերիկացի միջնապահ Մայքըլ Պրետլի միացաւ խումբին: Կը կարծուի (ըստ մամուլին), որ Քիեւոյէն անոր փոխանցումը ... Շարն.

Թուր Տը Ֆրանս. Այսօր Հանգիստի Օր Է

July 17, 2012

Ֆրանսացի Փիերիք Ֆետրիկօ երէկ` երկուշաբթի, 16 յուլիսին, տիրացաւ «Թուր տը Ֆրանս»-ի 15-րդ հանգրուանի մրցումին, Սամաթանէն Փօ երկարող ճամբուն ընթացքին (158,5 քմ)` արձանագրելով 3 ժամ 40' 15" արդիւնք մը: Ընդհանուր դասաւորման ... Շարն.

Ցրացատկ. Առաջին Մետալը` Անկախ Հայաստանի Պատմութեան Մէջ

Ցրացատկ. Առաջին Մետալը` Անկախ Հայաստանի Պատմութեան Մէջ

July 16, 2012

Երէկ, Աւստրիոյ Կրաց քաղաքին մէջ սկսան աշխարհի 12-րդ ցրացատկի (Ֆինսուիմինկ) ախոյեանութեան պատանիներու եւ երիտասարդներու ախոյեանութեան մրցումները: Լուրը, որ կը փոխանցէ Armsport.am հայկական մարզական կայքէջը, կը յայտնէ, որ Հայաստանի ցրացատկի ֆետերասիոնի ... Շարն.

Փինկ Փոնկ. Լիբանանի Ամառնային Բաժակի Մրցաշարք. Նոել Քէշիշեան Տիրացաւ Տիտղոսին

Փինկ Փոնկ. Լիբանանի Ամառնային Բաժակի Մրցաշարք. Նոել Քէշիշեան Տիրացաւ Տիտղոսին

July 16, 2012

Նախորդ շաբաթավերջին Մոն լա Սալի մէջ (Այն Սաատէ) աւարտեցաւ Լիբանանի փինկ փոնկի ամառնային բաժակի մրցաշարքը, զոր կազմակերպած էր Լիբանանի փինկ փոնկի ֆետերասիոնը: Աղջկանց տիտղոսին տիրացաւ ՀՄԸՄ Պէյրութի մաս կազմող եւ ... Շարն.

Ներկայութեամբ Քաղաքական Անձնաւորութիւններու, Արուեստագէտներու Եւ Լրագրողներու. Պաշտօնական Բացում` Ահլի Նապաթիէ Ակումբին Ֆութպոլի Մարզադաշտին

Ներկայութեամբ Քաղաքական Անձնաւորութիւններու, Արուեստագէտներու Եւ Լրագրողներու. Պաշտօնական Բացում` Ահլի Նապաթիէ Ակումբին Ֆութպոլի Մարզադաշտին

July 16, 2012

Շաբաթ, 14 յուլիսին տեղի ունեցաւ Ահլի Նապաթիէի ակումբի ֆութպոլի մարզադաշտին պաշտօնական բացումը Քֆարժոզի շրջանին մէջ` ներկայութեամբ քաղաքական անձնաւորութիւններու, արուեստագէտներու եւ լրագրողներու: Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրին կը ներկայացնէր երեսփոխան Եասին Ժապեր, ... Շարն.

ՀՄԸՄ-ի Անակնկալը` Պաալպեքի Մէջ

ՀՄԸՄ-ի Անակնկալը` Պաալպեքի Մէջ

July 16, 2012

Լեւոն Թաշճեան Պաալպեքի քաղաքապետութիւնը կազմակերպած էր տարեկան տօնակատարութիւն, նուիրուած` Պեքաայի զբօսաշրջութեան: Այս ծիրին մէջ, Պաալպեքի մարզական ակումբը կիրակի, 15 յուլիս 2012-ին կազմակերպած էր 8 քմ. վազքի մրցում մը: Փոքրերուն համար ... Շարն.

Լոնտոն-2012. Ողիմպիական Խաղերու Բացման Հանդիսութեան Հայաստանի Դրօշակակիրը Պիտի Ըլլայ Ալպերթ Ազարեան

July 16, 2012

Յառաջիկայ 27 յուլիսին Լոնտոնի Ողիմպիական մարզադաշտին վրայ տեղի պիտի ունենայ Լոնտոն-2012-ի Ողիմպիական խաղերուն բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը: Բացման այս հանդիսութեան ժամանակ Հայաստանի պատուիրակութեան դրօշակակիրը պիտի ըլլայ անցեալի մարմնամարզիկ, ողիմպիական խաղերու Եւրոպայի ... Շարն.

«Թուր Տը Ֆրանս». Սպանացի Սանչես Տիրացաւ 14-րդ Հանգրուանի Մրցումին. Ուիկինզ Իր Մօտ Կը Պահէ Դեղին Շապիկը

«Թուր Տը Ֆրանս». Սպանացի Սանչես Տիրացաւ 14-րդ Հանգրուանի Մրցումին. Ուիկինզ Իր Մօտ Կը Պահէ Դեղին Շապիկը

July 16, 2012

Լուիս Լէոն Սանչես Երէկ տեղի ունեցաւ «Թուր տը Ֆրանս» 14-րդ հանգրուանի մրցումը` Լիմուէն Ֆուա (191 քմ): Անիկա աւարտեցաւ սպանացի Լուիս Լէոն Սանչեսի յաղթանակով (Ռապոպանք). վերջինս ժամանման գիծ հասաւ արձանագրելով 4 ... Շարն.

Լոնտոն-2012. Ուիլիըմզ. «Չինաստան Պիտի Շահի Թիւով Ամէնէն Շատ Ոսկի Մետալները»

July 16, 2012

Անգլիացի հետազօտող Էմիլի Ուիլիըմզ կատարած է կանխատեսութիւններ, թէ 2010-ի Լոնտոնի Ողիմպիական խաղերուն իրենց մասնակցութիւնը բերող երկիրները ի՛նչ պիտի յաջողին իրագործել եւ կամ որքա՛ն մետալներու պիտի տիրանան: Իր լուրը քաղելով Իթար-Թասս ... Շարն.

Ճատրակ. Գաբրիէլ Սարգսեանի Բացառիկ Յաջողութիւնը` Յունաստանի Մէջ

Ճատրակ. Գաբրիէլ Սարգսեանի Բացառիկ Յաջողութիւնը` Յունաստանի Մէջ

July 16, 2012

Գաբրիէլ Սարգսեան Armchess.am հայկական ճատրակի կայքէջը կը հաղորդէ, որ Հայաստանի Ողիմպիականի ախոյեան Գաբրիէլ Սարգսեան բացառիկ յաջողութիւն մը ունեցած է Յունաստանի Ռեթիմնօ քաղաքին մէջ տեղի ունեցած ճատրակի միջազգային մրցաշարքին: Հայրենի վարպետը, ... Շարն.

Լոնտոն-2012. Հայաստանի Մարզիկները Ընդգրկուած Են Մետալներու Տիրացողներուն Ցանկին Մէջ

Լոնտոն-2012. Հայաստանի Մարզիկները Ընդգրկուած Են Մետալներու Տիրացողներուն Ցանկին Մէջ

July 14, 2012

Միջազգային փորձառու մասնագէտներու համաձայն, 2012-ի Լոնտոնի ողիմպիական խաղերուն Հայաստանէն 5 մարզիկներ ընդգրկուած են ցանկին մէջ այն մարզիկներուն,  որոնք մետալներու կրնան տիրանալ, կը յայտնէ «Արմենպրես» լրատու գործակալութիւնը: Այդ հինգն են ծանրաբարձներ ... Շարն.