Category: Մարզական
«Թուր Տը Ֆրանս». Սական Շահեցաւ 6-րդ Հանգրուանի Մրցումը
Ֆապիան Քանսելլարա Երէկ` ուրբաթ, 6 յուլիսին տեղի ունեցաւ «Թուր տը Ֆրանս»-ի 6-րդ հանգրուանի մրցումը` Էփերնայէն Մես (207,5 քմ), որ եղաւ անհատական մրցում մը: Սլովաք երիտասարդ հեծելանւորդ Փիթըր Սական (Լիքուիկազ) տիրացաւ ... Շարն.
Լեհաստանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնի Նախագահը Չի Մտադրեր Լքել Իր Պաշտօնը
Armsport.am մարզական լրատուական կայքէջը կը հաղորդէ, որ Լեհաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Կժեքոժ Լիաթօ երբեք չի մտածեր հեռանալ իր պաշտօնէն, հակառակ անոր որ ան շատերու կողմէ կը քննադատուի Եուրօ-2012-ի ֆութպոլի մրցաշարքին ... Շարն.
Մանչեսթըր Սիթիի Մարզիչներուն Հսկողութեամբ Մարզումի Հինգ Բանակումներ` Լիբանանի Մէջ
Կազմակերպութեամբ «Մոտեռն Սթար Լեպանոն»ի, Լիբանանի մէջ տեղի պիտի ունենան մարզումի հինգ բանակումներ` հսկողութեամբ Մանչեսթըր Սիթի ֆութպոլի ակումբին մարզիչներուն: 9-13 եւ 14-19 յուլիսին երկու տարբեր բանակումներ տեղի պիտի ունենան Պէյրութի ամերիկեան ... Շարն.
Հայ Լեռնագնացները Կը Յաղթահարեն Էլպրուսը
PanArmenian.Net լրատուական կայքէջը կը հաղորդէ, որ 4 յուլիսին Լեռնագնացութեան եւ Լեռնային զբօսաշրջութեան ֆետերասիոնի հաւաքականի երեք լեռնագնացներ բարձրացան եւ յաղթահարեցին Եւրոպայի ամէնէն բարձր գագաթը` Էլպրուսը (5641 մեթր): Մինչեւ գագաթ վերելքը տեւեց ... Շարն.
Թենիս. Ուիմպըլտըն. Ֆետերեր Յաղթեց Տիոքովիչի Եւ Ապահովեց Աւարտականի Իր Տոմսը
Ռոժէ Ֆետերեր (ձախին) եւ Նովաք Տիոքովիչ Թենիսի Ուիմպըլտընի կրան շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքին, երէկ զուիցերիացի Ռոժէ Ֆետերեր (դասուած` 3-րդ), յաղթելէ ետք թիւ 1 դասուած եւ տիտղոսակիր սերպ Նովաք Տիոքովիչի, ապահովեց ... Շարն.
Ժիւտօ. Լիբանան Կը Մասնակցի Արեւմտեան Ասիոյ Ախոյեանութեան
Լիբանանի ժիւտոյի ֆետերասիոնը կը հաղորդէ, որ երէկ Պէյրութի միջազգային օդակայանէն Ամման մեկնեցաւ Լիբանանի ժիւտոյի պատուիրակութիւնը` իր մասնակցութիւնը բերելու համար Արեւմտեան Ասիոյ տղոց եւ աղջկանց ժիւտոյի ախոյեանութեան: Լիբանանի պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէ ... Շարն.
«Եուրոփա Լիկ»-ի Ֆութպոլի Մրցաշարք. Շիրակ Միակն Ըլլալով Յաղթեց. Փիւնիկ Եւ Գանձասար Պարտութիւն Կրեցին
Երէկ` հինգշաբթի, 5 յուլիսին, տեղի ունեցան «Եուրոփա լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի զտումի Ա. հանգրուանի երթի բազմաթիւ մրցումներ, որոնց ընթացքին հայկական երեք խումբեր` Շիրակ, Փիւնիկ եւ Գանձասար մրցումներ կատարեցին: Շիրակ միակն ըլլալով ... Շարն.
Փինկ Փոնկ. Լիբանանի Ամառնային Տարիքային Մրցաշարք. Մրցումները Սկսան 163 Երկսեռ Մարզիկներու Մասնակցութեամբ
Մրցումներէն ընդհանուր տեսարան մը Մոն լա Սալի մէջ (Այն Սաատէ) սկսաւ Լիբանանի փինկ փոնկի ամառնային մրցաշարքը, որուն իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն լիբանանեան տարբեր ակումբներէ 163 երկսեռ մարզիկներ` բաժնուած տարբեր դասակարգերու: ... Շարն.
Սլովանի Դէմ Տեղի Ունեցած Մրցումին (1-1). Եուրա Մովսիսեան Նշանակեց Քրասնոտարի Կոլը
Եուրա Մովսիսեան Ֆութպոլի բարեկամական մրցումի մը ընթացքին, Ռուսիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան «Փրեմիեր-լիկ»-ի կազմերէն Քրասնոտար, որ ուսումնամարզական հաւաք մը կը կատարէ Չեխիոյ մէջ, մրցեցաւ տեղւոյն կազմերէն Սլովանի հետ: Անոնց միջեւ մրցումը աւարտեցաւ ... Շարն.
Մոթոքրոս. Կիրակի, 8 Յուլիսին` Լիբանանի 2012 Տարեշրջանի Ա. Հանգրուանի Մրցումը
Լիբանանի մոթորսայքլինկի ֆետերասիոնը կը հաղորդէ, որ կիրակի, 8 յուլիսին, առաւօտեան ժամը 10:00-էն սկսեալ տեղի պիտի ունենայ Լիբանանի «Մոթոքրոս»-ի 2012 տարեշրջանի ախոյեանութեան Ա. հանգրուանի մրցումը` Ֆալուղայի շրջանին մէջ: Ֆետերասիոնը կը տեղեկացնէ, ... Շարն.
Թուր Տը Ֆրանս. Անտրէ Կրէյփելի Երկրորդ Յաջորդական Յաղթանակը. Ֆապիան Քանսելլարա Իր Մօտ Կը Պահէ Դեղին Շապիկը
Ֆապիան Քանսելլարա Երէկ` հինգշաբթի, 5 յուլիսին տեղի ունեցաւ «Թուր տը Ֆրանս»-ի 5-րդ հանգրուանի մրցումը` Ռուէնէն Սենթ Քուէնթէն (196,5 քմ): Գերմանացի Անտրէ Կրէյփել (Լոթթօ Պելիսոլ), որ օր մը առաջ շահած էր ... Շարն.
Վան Փերսի Չ՛ուզեր Իր Պայմանագրութիւնը Երկարաձգել Արսենալի Հետ
Ռոպին Վան Փերսի «ՌՈՅԹԸՐԶ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Արսենալի մաս կազմող Հոլանտայի միջազգային յառաջապահ Ռոպին Վան Փերսի չ՛ուզեր իր պայմանագրութիւնը երկարաձգել, որովհետեւ ուրախ չէ լոնտոնեան կազմին հետ: 2004-ին Արսենալի ... Շարն.
Թենիս. Ուիմպըլտընի Կրան Շլեմ-ի Միջազգային Բաց Մրցաշարք. Սերենա Ուիլիըմզ 7-րդ Անգամ Ըլլալով Հասաւ Աւարտական Հանգրուան
Սերենա Ուիլիըմզ Անգլիոյ մէջ տեղի ունեցող Ուիմպըլտընի թենիսի կրան շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքին ծիրին մէջ, երէկ կատարուեցան աղջկանց կիսաւարտականի մրցումները, որոնց ընթացքին յստակացան աւարտականին իրենց տոմսերը ապահովողներուն անունները: Ակնիեսցքա Ռատուանսքա ... Շարն.
Քուէյթեան Ընտանիք Մը Կ՛ուզէ Գնել Նոթինկհամ Ֆորեսթը
«ՌՈՅԹԸՐԶ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ քուէյթեան ընտանիք մը կ՛ուզէ գնել երկու անգամ Եւրոպայի բաժակակիր հանդիսացած Նոթինկհամ Ֆորեսթը: Ֆաուազ Ապտիւլ Ազիզ եւ Օմար Հասաուի միացեալ հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտարարեցին, որ ... Շարն.
Պոփ Նշանակուեցաւ Մարսէյի Մարզիչ
Էլի Պոփ Մարսէյի հրապարակած պաշտօնական հաղորդագրութեան մը մէջ նշուեցաւ, որ Էլի Պոփ նշանակուեցաւ ֆութպոլի խումբի նոր մարզիչ` երկու տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրելով ակումբին տոմարներուն վրայ: 57 տարեկան Պոփ, որ 1998-էն ... Շարն.
ՖԻՏԷ-ի Միջազգային Դասաւորման Մէջ Հայաստան` 4-րդ Դիրքին Վրայ
ՖԻՏԷ-ի հրապարակած աշխարհի տղոց հաւաքականներու նոր դասաւորման մէջ Հայաստան կը գրաւէ 4-րդ դիրքը` իր տրամադրութեան տակ ունենալով 2661 կէտ: Հայաստան ունի 33 կրանտմասթըր եւ 26 միջազգային վարպետ` ներկայ դրութեամբ: Առաջին ... Շարն.
«Եուրոփա Լիկ». Փիւնիկ, Շիրակ Եւ Գանձասար Այսօր Կը Կատարեն Ա. Հանգրուանի Իրենց Երթի Մրցումները
Շիրակի մարզիկները կը ժամանեն Մոնթենեկրօ «Եուրոփա լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի զտումի Ա. հանգրուանի երթի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր` հինգշաբթի, 5 յուլիսին, հայկական երեք խումբեր` Փիւնիկ, Շիրակ եւ Գանձասար, մրցումներ ունին կատարելիք: ... Շարն.
ՖԻՖԱ-ի Կողմէ Երէկ Հրապարակուած Նոր Դասաւորման Մէջ Հայաստան 4 Դիրք Նահանջեց
Երէկ ՖԻՖԱ-ն հրապարակեց աշխարհի ֆութպոլի ազգային խումբերուն նոր դասաւորումը, որուն մէջ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային խումբը չորս դիրք նահանջելով այժմ կը գրաւէ 55-րդ դիրքը` 559 կէտով: Նախքան յաւելեալ մանրամասնութիւններու անդրադառնալը նշենք, ... Շարն.
Ճատրակ. Հայաստան Պարտուեցաւ Ռուսիայէն
Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցող Վլատիմիր Տիորքովիչի անուան նուիրուած ճատրակի 7-րդ միջազգային մրցաշարքի 5-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ Հայաստանի պատանիներու հաւաքականը, որ կը մրցէր Ռուսիոյ դէմ, կրեց մրցաշարքի իր երրորդ ... Շարն.
«Ամալ» Շարժումին Կազմակերպած Քաղաքապետութիւններու Առաջին Խաղերը Հասան Իրենց Աւարտին
Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Ֆայսալ Քարամէի հովանաւորութեամբ տեղի ունեցած Լեռնալիբանանի նահանգի քաղաքապետութիւններու առաջին խաղերը, կազմակերպուած` «Ամալ» շարժումին կողմէ, հասան իրենց աւարտին: Այս խաղերուն տեղի ունեցան մինի-ֆութպոլի, փինկ փոնկի եւ ... Շարն.

