Category: Մարզական
Ֆութպոլի Տարօրինակութիւններու Աշխարհէն. Հինգ Կարմիր Քարտ` Հանդերձարանին Մէջ
Անգլիոյ ֆութպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան գծով տեղի ունեցած մրցումի մը, թէեւ Պրետֆորտ Սիթի իր դաշտին վրայ 2-1 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Ա. դասակարգ բարձրանալու համար պայքար մղող Քրոլի Թաունէն, սակայն ... Շարն.
Էն.Պի.Էյ.- Սփըրզ Յաղթեց Քինկզի`117-112 Արդիւնքով
Էն. Պի. Էյ.ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան գծով տեղի ունեցած երէկուան մրցումներուն, Սան Անթոնիօ Սփըրզ 117-112 արդիւնքով յաղթեց Սաքրամենթօ Քինկզի: Յաղթական կազմին մարզիկներէն Մանիւ Կինոպիլի նշանակեց 20 կէտ: Յաղթանակ արձանագրողներուն շարքին եղաւ ... Շարն.
Դահուկարշաւ. Սնոպորտի Ախոյեանութիւն` Լաքլուքի Մէջ
Կազմակերպութեամբ Լիբանանի դահուկարշաւի ֆետերասիոնին, Լաքլուքի շրջանին մէջ տեղի ունեցաւ Լիբանանի սնոպորտի ախոյեանութիւնը, որ ընթացաւ բաւական հետաքրքրական մթնոլորտի մէջ, որովհետեւ պայքարը սուր էր մասնակցողներուն միջեւ: Տղոց դասակարգին մէջ առաջին դիրքը գրաւեց ... Շարն.
Յատուկ Հարցազրոյցի Մը Ընթացքին` «Մեծ Յոյսով Եմ, Որ Տպաւորիչ Արդիւնքներ Արձանագրելով` Բարձր Պիտի Պահեմ Լիբանանահայութեան Անունը» «Ազդակ»-ին Ըսաւ Շահան Սարգիսեան
Վստահաբար, շատերուն համար գրեթէ ամբողջութեամբ անծանօթ է Ֆորմիւլա - Ռընոյի ախոյեանութիւնը, որուն այդքան ալ մեծ ուշադրութիւն չի յատկացուիր: Սակայն, անիկա այս տարեշրջանին կը խոստանայ ըլլալ հետաքրքրական` նկատի ունենալով, որ անոր ... Շարն.
ՀՄԸՄ – ԼԵՎԱՄ. Ֆութպոլի Մրցումներու Յայտագիր
ՀՄԸՄ-ի Շրջանային վարչութեան ԼԵՎԱՄ-ի յանձնախումբին կազմակերպած մինի ֆութպոլի առաջին հանգրուանի վերջին մրցումները տեղի պիտի ունենան շաբաթ, 31 մարտ 2012-ին Պուրճ Համուտի «Հայր Պօղոս Արիս» մարզադաշտին վրայ` հետեւեալ յայտագիրին հիմամբ. ՓՈՔՐ ... Շարն.
Փինկ Փոնկ. Աշխարհի Ախոյեանութիւն. Լիբանանի Ազգային Խումբերը` Դարձեալ Յաղթական
Տորթմունտի մէջ (Գերմանիա) տեղի ունեցող աշխարհի փինկ փոնկի ախոյեանութեան մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ Լիբանանի տղոց եւ աղջկանց ազգային խումբերը դարձեալ յաղթանակներ արձանագրեցին: Աղջիկները յաջորդաբար յաղթեցին Փաքիստանի (3 - 1) եւ ... Շարն.
Ճատրակ. Եւրոպայի Անհատական 13-րդ Ախոյեանութիւն. Վլատիմիր Յակոբեան` Առաջին Երեքին Մէջ
Փլովտիւի մէջ (Պուլկարիա) տեղի ունեցող Եւրոպայի ճատրակի անհատական 13-րդ ախոյեանութեան 8-րդ հանգրուանի հանդիպումներուն, հայրենի վարպետ Վլատիմիր Յակոբեան կարեւոր յաղթանակ մը արձանագրեց, երբ պարտութեան մատնեց իր ռուս մրցակիցը` Տենիս Խիսմաթուլինը: Իր ... Շարն.
«Չեմփիընզ Լիկ». Ա. Սէ. Միլան – Պարսելոնա` 0 – 0 – Մարսէյ – Պայէրն Միւնիխ` 0 – 2
«Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի քառորդ աւարտականի երթի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ տեղի ունեցան երկու ճակատումներ: Ա. Սէ. Միլան, որ իր դաշտին վրայ հիւրընկալեց Պարսելոնան, անոր հետ 0 - 0 արդիւնքով ... Շարն.
Փինկ Փոնկ. Աշխարհի Ախոյեանութիւն. Հայաստան Յաղթեց Ազրպէյճանի
Աշխարհի փինկ փոնկի ախոյեանութեան մրցումներուն իր մասնակցութիւնը բերող Հայաստանի տղոց ազգային հաւաքականը երէկ կարեւոր յաղթանակ մը արձանագրեց, երբ 3 - 0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Ազրպէյճանը: Հայրենի կազմին հետ յաղթանակներ արձանագրեցին ... Շարն.
Լիբանանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնի Ժողով
Իր գումարած շաբաթական հերթական ժողովին, Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը հրապարակեց այս շաբաթավերջին տեղի ունենալիք Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 21-րդ հանգրուանի մրցումներուն յայտագիրը: Ֆետերասիոնը վաւերացուց նախորդ շաբաթավերջին արձանագրուած բոլոր մրցումներուն արդիւնքները: Վաւերացուեցան նաեւ ... Շարն.
Փինկ Փոնկի Աշխարհի Խմբային Ախոյեանութիւն. Լիբանանի Տղաքը Յաղթեցին Մեքսիքայի (3 – 2), Իսկ Աղջիկները` Պարպատոսի (3 – 0)
Տորթմունտի մէջ (Գերմանիա) տեղի ունեցող Փինկ Փոնկի աշխարհի խմբային ախոյեանութեան մրցումներուն իրենց մասնակցութիւնը բերող Լիբանանի տղոց եւ աղջկանց ազգային խումբերը յաղթանակով սկսան մրցաշարքը, երբ յաջորդաբար յաղթեցին Մեքսիքայի (3 - 2) ... Շարն.
Ճատրակ. Եւրոպայի Տղոց 13-րդ Անհատական Ախոյեանութիւն Հայրենի Վարպետներէն Վեցը Պարտութիւն Կրեցին
Փլովտիւի մէջ (Պուլկարիա) տեղի ունեցող Եւրոպայի ճատրակի տղոց 13-րդ անհատական ախոյեանութեան 7-րդ հանգրուանի հանդիպումները այդքան ալ յաջող չեղան հայրենի վարպետներուն համար, որովհետեւ անոնցմէ վեցը պարտութիւն կրեցին: Պարտութիւն կրողները եղան` Սերկէյ ... Շարն.
«Չեմփիընզ Լիկ» Ռէալ Մատրիտ Եւ Չելսի` Յաղթական
«Չեմփիընզ լիկ»ի ֆութպոլի մրցաշարքի քառորդ աւարտականի երթի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ տեղի ունեցան երկու ճակատումներ: Նախքան մանրամասնութիւններուն անդրադառնալը, նշենք, որ այսօր տեղի կ՛ունենան մնացեալ երկու ճակատումներ, որոնց ընթացքին իրարու դէմ ... Շարն.
«Հայաստանի Ֆութպոլի Ազգային Հաւաքականը Մեր Հպարտութիւնը Հանդիսացաւ» Ըսաւ Արամ Սիմոնեան
Armsport.am լրատուական կայքէջը կը հաղորդէ, որ երէկ Երեւանի պետական համալսարանը հիւրընկալեց Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Ռուբէն Հայրապետեանը, ազգային հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Վարդան Մինասեանը եւ խումբի խմբապետ Սարգիս Յովսէփեանը: Այս հանդիպումին ... Շարն.
Ժիւտօ. Հայաստան Վեց Մարզիկով Պիտի Մասնակցի Եւրոպայի Ախոյեանութեան
«Արմենփրես» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Հայաստանի ժիւտոյի ազգային հաւաքականը գլխաւոր մարզիչ Ատրիան Քրիոթարուի գլխաւորութեամբ, ներկայիս Ծաղկաձորի մէջ ուսումնամարզական հաւաք կը կատարէ` նախապատրաստուելու համար 25-29 ապրիլին Ռուսիոյ մէջ տեղի ունենալիք ... Շարն.
Մանչեսթըր Սիթիի Ֆութպոլի Վարժարանը` Լիբանանի Մէջ
Կազմակերպութեամբ «Մոտըռն սթար աֆ լեպանոն»-ի, յառաջիկայ 2 ապրիլէն 2 յուլիս, Լիբանան պիտի գտնուի Մանչեսթըր Սիթիի ֆութպոլի վարժարանը, որ Ֆուատ Շեհապ մարզահամալիրին մէջ (Ժունիէ) ֆութպոլի մարզումներ պիտի իրագործէ` տասը շաբաթներու վրայ ... Շարն.
Մանուչարեան Իր Վերադարձը Նշեց Կոլով
Armsport.am լրատուական կայքէջէն կ՛իմանանք, որ վերջին ամիսներուն վիրաւոր ըլլալուն պատճառով ֆութպոլի դաշտերէն բացակայած Էտկար Մանուչարեան, որ ապաքինումի մէջ էր, երէկ դաշտ ներկայացաւ իր ակումբին` Ուրալի հետ, Ռուսիոյ ֆութպոլի Ա. դասակարգի ... Շարն.
Ռանիերի Լքեց Ինթեր Միլանի Մարզիչի Իր Պաշտօնը
Իր ակումբին` Ինթեր Միլանի հետ բաւական ձախող արդիւնքներ արձանագրած եւ վեց ամիս առաջ մարզիչ նշանակուած Քլաուտիօ Ռանիերի լքեց իր պաշտօնը` ներկայացնելէ ետք իր հրաժարականը: Այսպիսով, ան կը դառնայ երրորդ մարզիչը, ... Շարն.
Իտալիոյ Ֆութպոլի Բաժակի Մրցաշարք. Աւարտական Մրցումին Վայրը` Ցարդ Անորոշ
«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ ցարդ անորոշ է, թէ Իտալիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի աւարտական մրցումը` Եուվենթուսի եւ Նափոլիի միջեւ, ուր տեղի պիտի ունենայ: Թէեւ անիկա պիտի կատարուի 20 մայիսին, ... Շարն.
Էն.Պի.Էյ. Նակեթց – Պուլզ` 108-91
Էն.Պի.Էյ.ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ Տենվըր Նակեթց 108-91 արդիւնքով յաղթեց Շիքակօ Պուլզի: Վերջինս թէեւ կրեց տարեշրջանի իր 11-րդ պարտութիւնը, սակայն նախորդ շաբաթավերջին հանդիսացաւ առաջին խումբը, որ ապահովեց փլէյ-օֆի ... Շարն.

