Category: Մարզական
ՊԱՍՔԵԹՊՈԼ. ԵՒՐՈՊԱՅԻ ՊԱՏԱՆԻՆԵՐՈՒ ԱԽՈՅԵԱՆՈՒԹԵԱՆ ԶՏՈՒՄԻ ՄՐՑԱՇԱՐՔ. ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՅԱՂԹԵՑ ՆԱԵՒ ԶՈՒԻՑԵՐԻՈՅ ԵՒ ԱՆՑԱՒ ՅԱՋՈՐԴ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆ
Եւրոպայի պատանիներու պասքեթպոլի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքի Բ. դասակարգի Գ. խմբակի մրցումները աւարտեցան Մակեդոնիոյ մէջ, երբ տեղի ունեցան 5-րդ եւ վերջին հանգրուանի ճակատումները: Հայաստանի հաւաքականը, իր երկրորդ յաջորդական յաղթանակը արձանագրելէ եւ ... Շարն.
ՓԱՈՔ ՀԵՏԱՔՐՔՐՈՒԱԾ ԷՊՕՂՈՍԵԱՆՈՎ
Աւստրիական մամուլին համաձայն, յունական ՓԱՈՔ ֆութպոլի ակումբը մօտէն հետաքրքրուած է Ռետ Պուլ Սալզպուրկ (Աւստրիա) ակումբին մաս կազմող ուրուկուէյահայ յառաջապահ Խոաքին Պօղոսեանով: Transfermarket.de կայքէջը կը յայտնէ, որ յունական ակումբը մտադիր է ... Շարն.
ՄԻՆՉԵՒ 2014-Ի ՄՈՆՏԻԱԼ. ԱԼԵԽԱՆՏՐՕ ՍԱՊԵԼԼԱ ՆՇԱՆԱԿՈՒԵՑԱՒ ԱՐԺԱՆԹԻՆԻ ՖՈՒԹՊՈԼԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԽՈՒՄԲԻ ՄԱՐԶԻՉ
Արժանթինի ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Խուլիօ Կրոնտոնա իր կատարած պաշտօնական մէկ յայտարարութեան ընթացքին ըսաւ, որ Ալեխանտրօ Սապելլա նշանակուեցաւ երկրի ֆութպոլի ազգային խումբի մարզիչ` այսպիսով փոխարինելով Սերճիօ Պաթիսթան: 56 տարեկան Սապելլա, որ ... Շարն.
ԵՒՐՈՊԱՅԻ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՆԵՐՈՒ ՈՂԻՄՊԻԱԿԱՆ ԱՄԱՌՆԱՅԻՆ 11-ՐԴ ՓԱՌԱՏՕՆ. ԱՐՄԷՆ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ ԳՐԱՒԵՑ 7-ՐԴ ԴԻՐՔԸ
Նախանցեալ օր, Տրապիզոնի մէջ աւարտեցաւ Եւրոպայի երիտասարդներու Ողիմպիական ամառնային 11-րդ փառատօնը, որուն իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Հայաստան: Մրցումներուն վերջին օրը հայրենի մարզիկները չյաջողեցան նոր մետալի մը տիրանալ: Մարմնամարզիկներէն ամէնէն աւելի ... Շարն.
ՃԱՏՐԱԿ. ՌՈՒՍԻՈՅ ՏՂՈՑ ԱԶԳԱՅԻՆ ԽՈՒՄԲԻՆ ՄԱՐԶԻՉԸ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑ ԻՐ ՀՐԱԺԱՐԱԿԱՆԸ
Ռուսական մարզական լրատու աղբիւրներ յայտնեցին, որ տղոց ճատրակի ազգային խումբի գլխաւոր մարզիչ Եւգենի Փարէեւ ներկայացուց իր հրաժարականը: Նշենք, որ անոր կազմը վերջերս Չինաստանի մէջ տեղի ունեցած ճատրակի աշխարհի խմբային ախոյեանութեան ... Շարն.
ՖՈՒԹՊՈԼԻՍՏՆԵՐՈՒ ՓՈԽԱՆՑՈՒՄՆԵՐՈՒ ԱՌՕՐԵԱՅԷՆ
ԵՈՒՎԵՆԹՈՒՍԻ կողմէ հրապարակուած պաշտօնական հաղորդագրութեան մը մէջ նշուեցաւ, որ ակումբը ի վերջոյ յաջողեցաւ իր կազմին միացնել Ա. Էս. Ռոմայի մաս կազմող Միրքօ Վուքինիչը (Մոնթենեկրօ)` անոր փոխանցման համար վճարելով 15 միլիոն ... Շարն.
ԹԵՆԻՍ. ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆԻ ՄՐՑԱՇԱՐՔ. ՆԱԼՊԱՆՏԵԱՆԻ Բ. ՀԱՆԳՐՈՒԱՆԻ ՄՐՑԱԿԻՑԸ` ՊԼԷՅՔ
Ուաշինկթընի Լեկ Մէյսըն թենիս Քլասիք- 2011-ի միջազգային մրցաշարքի Բ. հանգրուանի մրցումներուն, 27-րդ դասուած արժանթինահայ Դաւիթ Նալպանտեան պիտի մրցի ամերիկացի Ճէյմս Պլէյքի հետ (90-րդ): Պլէյք Բ. հանգրուանի իր տոմսը ապահովեց 6-3 ... Շարն.
ԿՌՓԱՄԱՐՏ. 2013-Ի ԱՇԽԱՐՀԻ ԱԽՈՅԵԱՆՈՒԹԻՒՆԸ` ՂԱԶԱԽՍՏԱՆԻ ՄԷՋ
Կռփամարտի միջագզային ֆետերասիոնը շաբաթասկիզբին իր գումարած տարեկան համագումարին ընթացքին միաձայնութեամբ որոշում տուաւ, որ 2013-ի կռփամարտի աշխարհի ախոյեանութիւնը տեղի պիտի ունենայ Ղազախստանի մայրաքաղաք Ասթանայի մէջ: Նշենք, որ քանի մը օր առաջ ... Շարն.
ԺԻՒՏՕ. – ԱՆԴՐԱՆԻԿ ՉԱՓԱՐԵԱՆ` ԲԱԺԱԿԱԿԻՐ. – ԵՒՐՈՊԱՅԻ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՆԵՐՈՒ ԲԱԺԱԿԻ ԱԽՈՅԵԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ԱՒԱՐՏԵՑԱՒ
Երէկ, Փրակայի մէջ (Չեխիա) աւարտեցաւ Եւրոպայի ժիւտոյի երիտասարդներու բաժակի ախոյեանութիւնը, որուն իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Հայաստան: Պէտք է նշել, որ հայրենի հաւաքականը բաւական յաջող դուրս եկաւ այս մրցաշարքէն: Հայաստանի ժիւտոյի ... Շարն.
ՊԵՏԻԿ ԻՆՃԷԵԱՆԻ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՖՈՒԹՊՈԼԻ ՄՐՑՈՒՄ` ԱՅՆՃԱՐԻ ՄԷՋ
Կիրակի, 31 յուլիս 2011-ին, ՀՄԸՄ Այնճարի մասնաճիւղը կազմակերպած էր ֆութպոլի մրցում մը` ի յիշատակ նահատակ Պետիկ Ինճէեանի: Պէյրութէն ժամանած էին ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի կրտսեր եւ ժունիոր երկու խումբերը: Առաւօտեան ժամը 10:30-ին ... Շարն.
ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՖՈՒԹՊՈԼԻ ՖԵՏԵՐԱՍԻՈՆԻ ԺՈՂՈՎ
Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը, իր գումարած վերջին ժողովին, նախքան իր օրակարգին վրայ գտնուող հարցերուն քննարկման սկսիլը, շնորհաւորեց Լիբանանի ֆութպոլի ազգային խումբը, որ ապահովեց 2014-ի Մոնտիալի զտումի մրցաշարքի Գ. հանգրուանի մրցումներուն իր ... Շարն.
ԸՄԲՇԱՄԱՐՏ. ԱՇԽԱՐՀԻ ԱԽՈՅԵԱՆՈՒԹԻՒՆ. ԱԶԱՏ ՈՃԻ ՄՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՈՉ ՄԷԿ ՄԵՏԱԼԻ ՏԻՐԱՑԱՒ
Նախորդ շաբաթավերջին, Պուքրէշի մէջ (Ռումանիա) Հայաստանի համար աւարտեցան յունահռոմէական եւ ազատ ոճի ըմբշամարտի աշխարհի երիտասարդներու ախոյեանութեան մրցումները: Հայաստան, որ յունահռոմէական ոճի մրցումներուն տիրացաւ երկու ոսկի մետալի, ազատ ոճի մրցումներուն ոչ ... Շարն.
ԱՀՏԻ ԳԵՐՄԱՆԱՑԻ ՆՈՐ ՄԱՐԶԻՉ ԹԷՕ ՊԷՕՔԸՐ ՍՏԱՆՁՆԵՑ ԻՐ ՊԱՇՏՕՆԸ
Լիբանանի ֆութպոլի Ա. դասակարգի այժմու զօրաւոր կազմերէն Ահտ երէկ ակումբին մարզիկներուն եւ պատասխանատուներուն պաշտօնապէս ներկայացուց իր նոր մարզիչը` գերմանացի Թէօ Պէօքըրը: Հանրածանօթ եւ փորձառու մարզիչը անմիջապէս ստանձնեց իր նոր պաշտօնը ... Շարն.
ԵՒՐՕ-2012. ՍԼՈՎԱՔԻԱ – ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՄՐՑՈՒՄԸ` ԺԻԼԻՆԱՅԻ ՄԷՋ
Սլովաքիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնը նախորդ շաբաթավերջին պաշտօնական հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով ըսաւ, որ յառաջիկայ 6 սեպտեմբերին տեղի ունենալիք Սլովաքիա - Հայաստան Եւրօ-2012-ի ֆութպոլի մրցաշարքի զտումի մրցումը պիտի կատարուի Ժիլինայի եւ ոչ թէ ... Շարն.
ՌՈՒՍԻՈՅ ՖՈՒԹՊՈԼԻ ԱԽՈՅԵԱՆՈՒԹԻՒՆ. ԵՈՒՐԱ ՄՈՎՍԻՍԵԱՆ ՓԵՆԱԼԹԻ ՄԸ ՉԿՐՑԱՒ ԿՈԼԻ ՎԵՐԱԾԵԼ
Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցան Ռուսիոյ ֆութպոլի Փրեմիեր լիկայի 18-րդ հանգրուանի մրցումները: Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին մաս կազմող յառաջապահ Եուրա Մովսիսեանի խումբը` Քրասնոտար, հիւրընկալեց Մոսկուայի Բանակայինները: Հիւր կազմը, որ կը կիրարկէր ... Շարն.
ԳԵՐՄԱՆԻՈՅ ՖՈՒԹՊՈԼԻ ԲԱԺԱԿԻ ՄՐՑԱՇԱՐՔ. ՏԻՏՂՈՍԱԿԻՐ ՇԱԼՔԷ 11-1 ՅԱՂԹԱՆԱԿՈՎ ՄԸ ՍԿՍԱՒ
Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցան Գերմանիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի Ա. հանգրուանի մրցումները: Տիտղոսակիր Շալքէ 11-1 արդիւնքով յաղթանակով մը սկսաւ մրցաշարքը` պարտութեան մատնելով ոչ արհեստավարժ կազմերէն Թենինկընը: Նախքան այլ մրցումներու անդրադառնալը, նշենք, ... Շարն.
ԱՖԵԼԱՅ ԱՒԵԼԻ ՔԱՆ ՀԻՆԳ ՇԱԲԱԹՈՎ ՊԻՏԻ ԲԱՑԱԿԱՅԻ ԴԱՇՏԵՐԷՆ
Եւրոպայի ախոյեան Պարսելոնայի կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութեան մը մէջ նշուեցաւ, որ ակումբի միջնապահ Իպրահիմ Աֆելայ աւելի քան հինգ շաբաթով պիտի բացակայի դաշտերէն` վիրաւոր ըլլալուն պատճառով: Հոլանտայի միջազգային մարզիկը վիրաւորուեցաւ նախորդ շաբաթավերջին` ... Շարն.
ՎԱԼԵՆՍԻԱ ՆՈՐ ՊԱՅՄԱՆԱԳՐՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ՍՏՈՐԱԳՐԵՑ ՄԱՆՉԵՍԹԸՐ ԵՈՒՆԱՅԹԸՏԻ ՀԵՏ
Փրեմիեր լիկի ախոյեան Մանչեսթըր Եունայթըտի կողմէ հրապարակուած պաշտօնական հաղորդագրութեան մը մէջ նշուեցաւ, որ ակումբին մաս կազմող էքուատորցի յառաջապահ Անթոնիօ Վալենսիա նոր` չորս տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրեց իրենց հետ: Այսպիսով, 25 ... Շարն.
ԺԵՐԱՐ ՊԻՏԻ ԲԱՑԱԿԱՅԻ ՆՈՐ ՏԱՐԵՇՐՋԱՆԻՆ ՍԿԻԶԲԷՆ
Լիվըրփուլի խմբապետ Սթիւըն Ժերար պիտի բացակայի Անգլիոյ ֆութպոլի Փրեմիեր լիկի 2011-2012 տարեշրջանին սկիզբէն, յայտնեցին անոր ակումբին պատասխանատուները: Նախորդ շաբաթավերջին ան փոխադրուեցաւ հիւանդանոց` նկատի ունենալով, որ անոր վիրաւոր ոտքը սկսած էր ... Շարն.
ՌԱՍԻՆԿԻ ՄԷԿ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ՀՄԸՄ-Ի ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ
Շաբաթ, 30 յուլիս 2011-ին, ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան նստավայրը այցելեց Ռասինկ ֆութպոլի ակումբի նախագահ Ժորժ Ֆարահ` ընկերակցութեամբ ակումբի պատուիրակութեան: Խօսակցութիւնները ընթացան ֆութպոլը յուզող հարցերու շուրջ: Շեշտը դրուեցաւ յառաջիկային ֆութպոլի մարզին ... Շարն.

