Category: Մարզական
2011-Ի ԱՂՋԿԱՆՑ ՄՈՆՏԻԱԼ. ՏԻՏՂՈՍԱԿԻՐ ԳԵՐՄԱՆԻԱ, ՊՐԱԶԻԼ, ԱՆԳԼԻԱ ԵՒ ԱՒՍՏՐԱԼԻԱ ԴՈՒՐՍ ՄՆԱՑԻՆ ՄՐՑԱՇԱՐՔԷՆ
Երէկ, ինչպէս նաեւ նախանցեալ օր, Գերմանիոյ մէջ տեղի ունեցան 2011-ի աղջկանց Մոնտիալի քառորդ աւարտականի մրցումները: Տիտղոսակիր Գերմանիա, որ կը փորձէր յաջորդաբար երրորդ անգամ ըլլալով տիրանալ տիտղոսին, երկարաձգման ընթացքին 1-0 արդիւնքով ... Շարն.
ԷՏԸՄ ՄԻԱՑԱՒ ԼԻՎԸՐՓՈՒԼԻՆ
Լիվըրփուլի կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութեան մը մէջ նշուեցաւ, որ ակումբը ամբողջացուց սկովտիացի միջնապահ Չարլի Էտըմի փոխանցումը` փոխան 32 միլիոն ամերիկեան տոլարի: 25 տարեկան Էտըմ մաս կը կազմէր Պլեքփուլի, որ նախորդ տարեշրջանին ... Շարն.
ՓԻՆԿ ՓՈՆԿ. ՓԱԹՐԻՔ ԱՍՍԱՖԻ ԱՆՈՒԱՆ ՏԱՐԵԿԱՆ ՄՐՑԱՇԱՐՔԸ ԱՒԱՐՏԵՑԱՒ
Երէկ, Ժամհուր վարժարանին մէջ աւարտեցաւ Փաթրիք Ասսաֆի անուան փինկ փոնկի տարեկան մրցաշարքը, որ տեղի կ՛ունենար յաջորդաբար 7-րդ տարին ըլլալով: Կրտսերներու դասակարգին մէջ Միսաք Պոյաճեան (ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ) հանդիսացաւ երրորդ` տիրանալով ... Շարն.
ԹԵՆԻՍԻ ԶՈՅԳ ՄՐՑԱՇԱՐՔԵՐՈՒ ԿԱՅԱՑՈՒՄԻՆ ԱՌԻԹՈՎ ՄԱՄԼՈՅ ԱՍՈՒԼԻՍ` ՊՐՈՒՄՄԱՆԱ ԱԿՈՒՄԲԻՆ ՄԷՋ
Հովանաւորութեամբ «Պեմօ» դրամատան, հսկողութեամբ Լիբանանի թենիսի ֆետերասիոնին եւ կազմակերպութեամբ Պրումմանա ակումբին, երկուշաբթի, 11 յուլիսին ակումբին դաշտերուն վրայ պիտի սկսի Լիբանանի թենիսի բաժակի 71-րդ մրցաշարքը. անիկա պիտի աւարտի 27 յուլիսին: Այս ... Շարն.
ՍԱՄՈՒԷԼ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ ՊԱՇՏՕՆԱՆԿ ԵՂԱՒ
Պաշտօնական հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով` երէկ Շիրակ Գիւմրի յայտարարեց, որ պաշտօնանկ ըրաւ ակումբին գլխաւոր մարզիչը` Սամուէլ Պետրոսեանը: Պետրոսեան, որ իր պաշտօնը ստանձնեց նախորդ դեկտեմբերին, թէեւ իր կազմին հետ Հայաստանի ֆութպոլի բաժակի ... Շարն.
«ԹՈՒՐ ՏԸ ՖՐԱՆՍ» – ՔԱՒԵՆՏԻՇ ՏԻՐԱՑԱՒ 7-ՐԴ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆԻ ՄՐՑՈՒՄԻՆ – ՀՈՒՍՀՈՎՏ ԿԸ ՄՆԱՅ ԱՌԱՋԻՆ
Երէկ տեղի ունեցաւ «Թուր տը Ֆրանս»ի 7-րդ հանգրուանի մրցումը` Լը Մանսէն Շաթորու (218 քկ): Անիկա աւարտեցաւ անգլիացի հեծելանւորդ Մարք Քաւենտիշի (Էյչ. Թի. Սի.) յաղթանակով. ան ժամանման գիծ հասաւ` արձանագրելով 5 ... Շարն.
ԻՏԱԼԱՑԻ ՄԱՐՄՆԱՄԱՐԶԻՉ ԿՈՒՏԻՆՕ ԱՒԱՐՏԵՑ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄԷՋ ԿԱՏԱՐԱԾ ԻՐ ՔԱՌՕՐԵԱՅ ՄԱՐԶՈՒՄՆԵՐԸ
Անթունիէ Պաապտա համալսարանին յատուկ հրաւէրով վերջին չորս օրերուն Լիբանան կը գտնուէր Եուվենթուսի եւ Իտալիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի մարմնամարզիչ Քլաուտիօ Կուտինօ: Իտալացի մարմնամարզիչը Լիբանանի մէջ իր քառօրեայ կեցութեան ընթացքին ֆութպոլի մարզին ... Շարն.
«ՔՈՓԱ ԱՄԵՐԻՔԱ». ՔՈՍԹԱ ՌԻՔԱ ՅԱՂԹԵՑ, ԱՐԺԱՆԹԻՆ ՆԱՀԱՆՋԵՑ 3-ՐԴ ԴԻՐՔ
Երէկ, Արժանթինի մէջ տեղի ունեցող «Քոփա Ամերիքա»ի ֆութպոլի մրցաշարքին ծիրին մէջ, Ա. խմբակին մաս կազմող Քոսթա Ռիքա արձանագրեց իր առաջին յաղթանակը` 2-0 արդիւնքով պարտութեան մատնելով Պոլիվիան: Յաղթական կազմին կոլերը նշանակեցին ... Շարն.
ՈՒԵՍ ՊՐԱՈՒՆ ԼՔԵՑ ՄԱՆՉԵՍԹԸՐ ԵՈՒՆԱՅԹԸՏԸ
Անգլիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի նախկին յետսապահ Ուես Պրաուն իր ակումբը` Մանչեսթըր Եունայթըտը լքելով միացաւ Սանտըրլենտի` չորս տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրելով անոր հետ: Սանտըրլենտի միանալով` 31 տարեկան Պրաուն կը յուսայ, որ ... Շարն.
ԶԻՆԵՏԻՆ ԶԻՏԱՆ ՆՈՐ ՊԱՇՏՕՆ ՄԸ ՊԻՏԻ ՍՏԱՆՁՆԷ ՌԷԱԼ ՄԱՏՐԻՏԻ ՀԵՏ
Ֆրանսացի միջազգային նախկին մարզիկ Զինետին Զիտան, որ երեք առիթով ընտրուած էր տարուան լաւագոյն ֆութպոլիստը, իր կատարած մէկ յայտարարութեան ընթացքին ըսաւ, որ յառաջիկայ շաբթուընէ սկսեալ նոր պաշտօն մը պիտի ստանձնէ Ռէալ ... Շարն.
ՄԷԿ ԶՈՀ ԵՒ 14 ՎԻՐԱՒՈՐ` ՀՈԼԱՆՏԱՅԻ ՄԷՋ ՖՈՒԹՊՈԼԻ ԴԱՇՏԻ ՄԸ ՏԱՆԻՔԻՆ ՓԼՈՒԶՈՒՄԻՆ ՊԱՏՃԱՌՈՎ
Հոլանտական Էնսշետ քաղաքին մէջ տեղի ունեցող ֆութպոլի դաշտի մը նորոգութեան աշխատանքներուն ընթացքին, թրիպիւնի մը տանիքին փլուզումին պատճառով զոհուեցաւ անձ մը, մինչ 14 ուրիշներ վիրաւորուելով փոխադրուեցան հիւանդանոց: Անոնցմէ երկուքին վիճակը քիչ ... Շարն.
ՓԵԼԼԵԿՐԻՆԻ ԻՐ ՊԱՅՄԱՆԱԳՐՈՒԹԻՒՆԸ ԵՐԿԱՐԱՁԳԵՑ ՄԻՆՉԵՒ 2015
Չիլիցի մարզիչ Մանուէլ Փելլեկրինի իր պայմանագրութիւնը «Լա Լիկա»ի կազմերէն Մալակայի հետ երկարաձգեց մինչեւ 2015: Անոր հետ միասին իրենց պայմանագրութիւնը երկու տարիով երկարաձգեցին նաեւ անոր օգնականները` Ռուպեն Քուսիաս եւ Խոսէ Քապելլօ: ... Շարն.
2011-Ի ԱՂՋԿԱՆՑ ՄՈՆՏԻԱԼ. ՇԱԲԱԹԱՎԵՐՋԻՆ` ՔԱՌՈՐԴ ԱՒԱՐՏԱԿԱՆԻ ՄՐՑՈՒՄՆԵՐԸ
Գերմանիոյ մէջ տեղի ունեցող 2011-ի աղջկանց Մոնտիալին ծիրին մէջ, այս շաբաթավերջին տեղի պիտի ունենան քառորդ աւարտականի մրցումները, որոնց արդիւնքներուն լոյսին տակ կը յստականան կիսաւարտականի իրենց տոմսերը ապահովող չորս խումբերը: Հետաքրքրական ... Շարն.
ՍԵՐՊ ՃՈՐՃ ՓԵԹՐՈՎԻՉ ՊԱՇՏՕՆԱՊԷՍ ՍՏԱՆՁՆԵՑ ՀՄԸՄ ՊԷՅՐՈՒԹԻ ՏՂՈՑ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑՉԱԿԱՆ ԽՈՒՄԲԻ ՄԱՐԶԻՉԻ ՊԱՇՏՕՆԸ
ՅԱԿՈԲ ՔԷՇԻՇԵԱՆ ԵՒ ԿԻ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ ՇԵՇՏԵՑԻՆ. «ՀՄԸՄ-Ի ՆՈՐ ԷՋԸ ԲԱՑՈՒԱԾ ԿԱՐԵԼԻ Է ՆԿԱՏԵԼ» Երէկ յետմիջօրէին «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրին մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին, նախաձեռնութեամբ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, ներկայացուեցաւ ... Շարն.
ՍԱՄՊՕ- ԱՇԽԱՐՀԻ ԲԱԺԱԿԻ ՄՐՑԱՇԱՐՔ. ԱՇՈՏ ԴԱՆԻԷԼԵԱՆ` ՈՍԿԻ ՄԵՏԱԼԱԿԻՐ
Հայաստանի Սամպոյի ֆետերասիոնի մամլոյ քարտուղարութիւնը հաղորդեց, որ 1-5 յուլիսին Վենեզուելայի մայրաքաղաք Քարաքասի մէջ տեղի ունեցած Սամպոյի աշխարհի բաժակի մրցաշարքին Հայաստան տիրացաւ մէկ ոսկի եւ մէկ պրոնզ մետալի: 82 քկ դասակարգին ... Շարն.
«ԵՈՒՐՈՓԱ ԼԻԿ». ԲԱՆԱՆՑ ԵՐԵՒԱՆ ԵՒ ՈՒԼԻՍ ԴՈՒՐՍ ՄՆԱՑԻՆ ՄՐՑԱՇԱՐՔԷՆ
Երէկ տեղի ունեցան «Եուրոփա լիկ»ի ֆութպոլի մրցաշարքի զտումի Ա. հանգրուանի դարձի մրցումները, որոնք այդքան ալ բախտաբեր չեղան հայկական երկու ակումբներուն` Բանանց Երեւանի եւ Ուլիսի համար, որոնք դուրս մնացին մրցաշարքէն: Բանանց, ... Շարն.
ՔՈՓԱ ԱՄԵՐԻՔԱ. ԱՐԺԱՆԹԻՆԻ ԵՐԿՐՈՐԴ ՀԱՒԱՍԱՐՈՒԹԻՒՆԸ
«Քոփա Ամերիքա» ֆութպոլի մրցաշարքի Ա. հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ տեղի ունեցաւ Արժանթին - Քոլոմպիա ճակատումը` Ա. խմբակին մէջ: Մրցաշարքը հիւրընկալող երկիրը` Արժանթին, արձանագրեց իր երկրորդ հաւասարութիւնը, այս անգամ 0-0 ... Շարն.
ՖՈՒԹՊՈԼԻՍՏՆԵՐՈՒ ԱՌՕՐԵԱՅԷՆ
ԸՍՏ ԵՐԵՒՈՅԹԻՆ, Արժանթինի ախոյեան Վելես Սարսֆիլտ համաձայն գտնուած է, որ իր կազմին մաս կազմող միջնապահ Ռիքարտօ Ալվարես փոխանցուի Ինթեր Միլան: Ըստ արժանթինեան մամուլին, Վելես համաձայն գտնուած է անոր փոխանցման համար ... Շարն.
ՓԻՈՆԿԵԱՆԿ 2018-Ի ՁՄԵՌՆԱՅԻՆ ՈՂԻՄՊԻԱԿԱՆԻ ԽԱՂԵՐԸ ՀԻՒՐԸՆԿԱԼՈՂԸ ՊԻՏԻ ԸԼԼԱՅ
Միջազգային ողիմպիական կոմիտէն Հարաւային Ափրիկէի Տուրպան քաղաքին մէջ գումարած իր մէկ համագումարին ընթացքին որոշեց, որ 2018-ի Ձմեռնային ողիմպիական խաղերը հիւրընկալողը պիտի ըլլայ Փիոնկեանկ քաղաքը (Հարաւային Քորէա): Այսպիսով, Փիոնկեանկ յաջողեցաւ յաղթել ... Շարն.
ԹՂԹԱԴՐԱՄ` ՆՈՎԱՔ ՏԻՈՔՈՎԻՉԻ ՆԿԱՐՈՎ
Ինչպէս ծանօթ է, նախորդ շաբաթավերջին սերպ թենիսմեն Նովաք Տիոքովիչ մեծ իրագործում մը կատարեց, երբ տիրացաւ Ուիմպըլտընի թենիսի կրան շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքի տիտղոսին: Տիոքովիչը դիմաւորելու համար Պելկրատի օդակայան եկած էին ... Շարն.

