Category: Մարզական

ԹԵՆԻՍ. ՈՒԻՄՊԸԼՏԸՆԻ ԿՐԱՆ ՇԼԵՄԻ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՄՐՑԱՇԱՐՔ. ՈՒԻԼԻԸՄԶ ՔՈՅՐԵՐԸ, ՎՈԶՆԻԱՔԻ, ՊԵՐՏԻՉ ԵՒ ՖԵՐԵՐ ԴՈՒՐՍ ՄՆԱՑԻՆ

ԹԵՆԻՍ. ՈՒԻՄՊԸԼՏԸՆԻ ԿՐԱՆ ՇԼԵՄԻ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՄՐՑԱՇԱՐՔ. ՈՒԻԼԻԸՄԶ ՔՈՅՐԵՐԸ, ՎՈԶՆԻԱՔԻ, ՊԵՐՏԻՉ ԵՒ ՖԵՐԵՐ ԴՈՒՐՍ ՄՆԱՑԻՆ

June 28, 2011

Ուիմպըլտընի թենիսի կրան շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքը երէկ եղաւ անակնկալներով հարուստ` նկատի ունենալով, որ շարք մը անուանի մարզիկներ, որոնց կարգին թիւ 1 դասուած մարզիկ Քարոլին Վոզնիաքի (Դանիա), դուրս մնացին մրցաշարքէն: ... Շարն.

ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԹԵՆԻՍԻ ՖԵՏԵՐԱՍԻՈՆԸ ՊԱՐԳԵՒԱՏՐԵՑ «ՏԷՅՎԻՍ ՔԱՓ»Ի ԽՈՒՄԲԸ

ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԹԵՆԻՍԻ ՖԵՏԵՐԱՍԻՈՆԸ ՊԱՐԳԵՒԱՏՐԵՑ «ՏԷՅՎԻՍ ՔԱՓ»Ի ԽՈՒՄԲԸ

June 28, 2011

Ա. Թէ. Սէ. Էլ.ի մէջ տեղի ունեցած յատուկ ճաշկերոյթի մը ընթացքին, Լիբանանի թենիսի ֆետերասիոնը պարգեւատրեց թենիսի «Տէյվիս Քափ»ի խումբը, որ Ասիա - Ովկիանիա զտումի մրցումներուն բացառիկ արդիւնք արձանագրելով ապահովեց Բ. ... Շարն.

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՖՈՒԹՊՈԼԻ ԱԽՈՅԵԱՆՈՒԹԻՒՆ. ԳԱՆՁԱՍԱՐ ՀԱՆԴԻՍԱՑԱՒ ԱՌԱՋԻՆ ՇՐՋԱՆԻ ԱԽՈՅԵԱՆ

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՖՈՒԹՊՈԼԻ ԱԽՈՅԵԱՆՈՒԹԻՒՆ. ԳԱՆՁԱՍԱՐ ՀԱՆԴԻՍԱՑԱՒ ԱՌԱՋԻՆ ՇՐՋԱՆԻ ԱԽՈՅԵԱՆ

June 28, 2011

Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցան Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան 14-րդ հանգրուանի մրցումները: 1-0 արդիւնքով յաղթական վերադառնալէ ետք Բանանցի դաշտէն` Գանձասար հանդիսացաւ Առաջին շրջանի ախոյեան` ապահովելով 29 կէտ: Մրցումին միակ կոլը ... Շարն.

ԵՒՐՈՊԱՅԻ 21 ՏԱՐԵԿԱՆԷՆ ՎԱՐ ԿՐՏՍԵՐՆԵՐՈՒ ԱԽՈՅԵԱՆՈՒԹԻՒՆ. ՍՊԱՆԻԱ ՏԻՐԱՑԱՒ ՏԻՏՂՈՍԻՆ

ԵՒՐՈՊԱՅԻ 21 ՏԱՐԵԿԱՆԷՆ ՎԱՐ ԿՐՏՍԵՐՆԵՐՈՒ ԱԽՈՅԵԱՆՈՒԹԻՒՆ. ՍՊԱՆԻԱ ՏԻՐԱՑԱՒ ՏԻՏՂՈՍԻՆ

June 28, 2011

Նախորդ շաբաթավերջին աւարտեցաւ Եւրոպայի 21 տարեկանէն վար կրտսերներու ֆութպոլի ախոյեանութիւնը, երբ տեղի ունեցաւ աւարտական հանգրուանի մրցումը` Սպանիոյ եւ Զուիցերիոյ միջեւ: Անտեր Հերերայի եւ Թիակօ Ալքանթարայի նշանակած կոլերուն շնորհիւ, Սպանիա 2-0 ... Շարն.

ՃԱՏՐԱԿ. ՎԱՐՈՒԺԱՆ ՅԱԿՈԲԵԱՆ ՏԻՐԱՑԱՒ ԼԱՍ ՎԵԿԱՍԻ ՄՐՑԱՇԱՐՔԻ ՏԻՏՂՈՍԻՆ

June 28, 2011

Նախանցեալ օր աւարտեցաւ Լաս Վեկասի (Միացեալ Նահանգներ) ճատրակի միջազգային մրցաշարքը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին 86 ճատրակ խաղացողներ: Տիտղոսին տիրացաւ հայրենի կրանտմասթըր Վարուժան Յակոբեան, որ առաւելագոյն 6 կէտէն ապահովեց 5 կէտ: ... Շարն.

ԱՐԺԱՆԹԻՆԻ ՖՈՒԹՊՈԼԻ ԱԽՈՅԵԱՆՈՒԹԻՒՆ – ՓԼԷՅ-ՕՖ.  ՌԻՎԸՐ ՓԼԷՅԹ ՓՈԽԱԴՐՈՒԵՑԱՒ Բ. ԴԱՍԱԿԱՐԳ

ԱՐԺԱՆԹԻՆԻ ՖՈՒԹՊՈԼԻ ԱԽՈՅԵԱՆՈՒԹԻՒՆ – ՓԼԷՅ-ՕՖ. ՌԻՎԸՐ ՓԼԷՅԹ ՓՈԽԱԴՐՈՒԵՑԱՒ Բ. ԴԱՍԱԿԱՐԳ

June 28, 2011

Ֆութպոլի իր 110 տարուան պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով, նախորդ շաբաթավերջին Արժանթինի ֆութպոլի պատմութեան մէջ իր անունը արձանագրած եւ աշխարհի մեծագոյն ակումբներէն մէկը նկատուող Ռիվըր Փլէյթ պաշտօնապէս փոխադրուեցաւ Բ. դասակարգ, ... Շարն.

ԱՂՋԿԱՆՑ ՄՈՆՏԻԱԼ. ՏԻՏՂՈՍԱԿԻՐ ԳԵՐՄԱՆԻԱ ՅԱՂԹԱՆԱԿՈՎ ՍԿՍԱՒ ՄՐՑԱՇԱՐՔԸ

ԱՂՋԿԱՆՑ ՄՈՆՏԻԱԼ. ՏԻՏՂՈՍԱԿԻՐ ԳԵՐՄԱՆԻԱ ՅԱՂԹԱՆԱԿՈՎ ՍԿՍԱՒ ՄՐՑԱՇԱՐՔԸ

June 28, 2011

Նախորդ շաբաթավերջին Գերմանիոյ մէջ սկսաւ աղջկանց Մոնտիալը` մասնակցութեամբ 16 խումբերու, որոնք բաժնուած են չորս խմբակի (իւրաքանչիւրը` չորս խումբ): Տիտղոսակիր Գերմանիա (Ա. խմբակ) յաղթանակով սկսաւ մրցաշարքը, երբ 2-1 արդիւնքով յաղթեց Քանատայի: ... Շարն.

ՊՈՒԼԿԱՐԻՈՅ ՄՐՑԱՇԱՐՔ. ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՀԱՆԴԻՍԱՑԱՒ ԵՐՐՈՐԴ

June 28, 2011

Պուլկարիոյ մէջ ֆութպոլի միջազգային քառանդամ մրցաշարքի մը իր մասնակցութիւնը բերած Հայաստանի 17 տարեկանէն վար կրտսերներու ազգային խումբը, իր կատարած երրորդ եւ վերջին մրցումին 1-0 արդիւնքով պարտութիւն մը կրելէ ետք դաշտին ... Շարն.

ԿԱՍՓԵՐԻՆԻ ՆՇԱՆԱԿՈՒԵՑԱՒ ԻՆԹԵՐ ՄԻԼԱՆԻ ՄԱՐԶԻՉ

ԿԱՍՓԵՐԻՆԻ ՆՇԱՆԱԿՈՒԵՑԱՒ ԻՆԹԵՐ ՄԻԼԱՆԻ ՄԱՐԶԻՉ

June 28, 2011

Ճենովայի նախկին մարզիչ Ճիանփիերօ Կասփերինի նշանակուեցաւ Ինթեր Միլանի նոր մարզիչ` փոխարինելով պրազիլցի Լէոնարտոն, որ ներկայացուց իր հրաժարականը` չուզելով իր պաշտօնը շարունակել: Կասփերինի, որ նախորդ նոյեմբերին պաշտօնազրկուեցաւ Ճենովայի կողմէ, դարձաւ առաջին ... Շարն.

ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ԽԱՂԵՐՈՒ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄԻԱՑԵԱԼ ՄԱՐՄԻՆԻՆ ՃԱՇԿԵՐՈՅԹԻՆ` «ԲՈԼՈՐ ՄԱՍՆԱԿՑՈՂՆԵՐՆ ԱԼ ԱՆԽՏԻՐ ՊԷՏՔ Է ՅԱՂԹԱԿԱՆ ՀՌՉԱԿԵԼ» ՅԱՅՏԱՐԱՐԵՑ ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆԸ

ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ԽԱՂԵՐՈՒ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄԻԱՑԵԱԼ ՄԱՐՄԻՆԻՆ ՃԱՇԿԵՐՈՅԹԻՆ` «ԲՈԼՈՐ ՄԱՍՆԱԿՑՈՂՆԵՐՆ ԱԼ ԱՆԽՏԻՐ ՊԷՏՔ Է ՅԱՂԹԱԿԱՆ ՀՌՉԱԿԵԼ» ՅԱՅՏԱՐԱՐԵՑ ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆԸ

June 27, 2011

Հովանաւորութեամբ Լիբանանի Հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանի, նախագահութեամբ Լիբանանի մէջ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Աշոտ Քոչարեանի եւ կազմակերպութեամբ Համահայկական խաղերու Լիբանանի միացեալ մարմինին (ՀՄԸՄ, ՀՄՄ եւ ՀԵԸ), ուրբաթ, ... Շարն.

ՖՈՒԹՊՈԼԻ ՔԱՌԱՆԴԱՄ ՄՐՑԱՇԱՐՔ (17 ՏԱՐԵԿԱՆԷՆ ՎԱՐ)` ՊՈՒԼԿԱՐԻՈՅ ՄԷՋ. ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՅԱՂԹԵՑ ՀԻՒՍԻՍԱՅԻՆ ԻՐԼԱՆՏԱՅԻ` 4-1 ԱՐԴԻՒՆՔՈՎ

June 25, 2011

Պուլկարիոյ Փրաւեց քաղաքին մէջ ֆութպոլի միջազգային քառանդամ մրցաշարքի մը իր մասնակցութիւնը բերող Հայաստանի 17 տարեկանէն վար կրտսերներու հաւաքականը արձանագրեց մրցաշարքի իր առաջին յաղթանակը, երբ 4-1 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Հիւսիսային Իրլանտան: ... Շարն.

ՃԱՏՐԱԿ. ԿԱՐԷՆ ԱՍՐԵԱՆԻ ԱՆՈՒԱՆ 4-ՐԴ ՅՈՒՇԱՄՐՑԱՇԱՐՔ. ՏԻԳՐԱՆ ՔՈԹԱՆՃԵԱՆ ՏԻՐԱՑԱՒ ՏԻՏՂՈՍԻՆ

ՃԱՏՐԱԿ. ԿԱՐԷՆ ԱՍՐԵԱՆԻ ԱՆՈՒԱՆ 4-ՐԴ ՅՈՒՇԱՄՐՑԱՇԱՐՔ. ՏԻԳՐԱՆ ՔՈԹԱՆՃԵԱՆ ՏԻՐԱՑԱՒ ՏԻՏՂՈՍԻՆ

June 25, 2011

Երէկ, Ջերմուկի մէջ աւարտեցաւ Կարէն Ասրեանի անուան ճատրակի 4-րդ յուշամրցաշարքը, երբ տեղի ունեցան 9-րդ եւ վերջին հանգրուանի հանդիպումները: Հայրենի կրանտմասթըր Տիգրան Քոթանճեան, որ կարգ մը առիթներով Լիբանան այցելած է եւ ... Շարն.

ԹԵՆԻՍ. ՈՒԻՄՊԸԼՏԸՆԻ ԿՐԱՆ ՇԼԵՄԻ ԲԱՑ ՄՐՑԱՇԱՐՔ. ՌՈՏԻՔ, ԶՎՈՆԱՐԵՒԱ ԵՒ ՔՈՒԶՆԵՑՈՎԱ ԴՈՒՐՍ ՄՆԱՑԻՆ

ԹԵՆԻՍ. ՈՒԻՄՊԸԼՏԸՆԻ ԿՐԱՆ ՇԼԵՄԻ ԲԱՑ ՄՐՑԱՇԱՐՔ. ՌՈՏԻՔ, ԶՎՈՆԱՐԵՒԱ ԵՒ ՔՈՒԶՆԵՑՈՎԱ ԴՈՒՐՍ ՄՆԱՑԻՆ

June 25, 2011

Ուիմպըլտընի թենիսի Կրան Շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքի Գ. հանգրուանի մրցումներուն, երէկ արձանագրուեցան անակնկալներ, որոնց ընթացքին բաւական լաւ դասուած մարզիկներ պարտութիւններ կրելով դուրս մնացին մրցաշարքէն: Սպանացի Ֆելիսիանօ Լոփեզ յաջողեցաւ դուրս ձգել ... Շարն.

ԱՐԱՐԱՏ ԱՌԱՔԵԼԵԱՆ ԼՔԵՑ ԲԱՆԱՆՑԸ

ԱՐԱՐԱՏ ԱՌԱՔԵԼԵԱՆ ԼՔԵՑ ԲԱՆԱՆՑԸ

June 25, 2011

Բանանց Երեւանի պաշտօնական կայքէջը հաղորդեց, որ յետսապահ Արարատ Առաքելեան լքեց իր կազմը` համաձայնութեան գալէ ետք իր ակումբին պատասխանատուներուն հետ, երբ որոշուեցաւ կնքուած պայմանագրութիւնը խզել: Ակումբի մամլոյ ծառայութիւնը հաղորդեց, որ Հայաստանի ... Շարն.

ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ ՊԱՇՏՕՆԱՊԷՍ ՄԻԱՑԱՒ ՄԻՔԱՅԻ

ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ ՊԱՇՏՕՆԱՊԷՍ ՄԻԱՑԱՒ ՄԻՔԱՅԻ

June 25, 2011

Միքա Երեւանի մամլոյ քարտուղարութիւնը երէկ հաղորդեց, որ ներկայիս տեղի ունեցող Հայաստանի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան մրցումներուն իր մասնակցութիւնը բերող Յովհաննէս Գրիգորեան միացաւ կազմին լքելէ ետք Շիրակ Գիւմրին: Հայաստանի երիտասարդներու հաւաքականի նախկին ... Շարն.

ԹԵՆԻՍ. «ՏԷՅՎԻՍ ՔԱՓ»- ՆԱԼՊԱՆՏԵԱՆ ԵՒ ՏԵԼ ՓՈԹՐՕ ՊԻՏԻ ՄԱՍՆԱԿՑԻՆ ՔԱՌՈՐԴ ԱՒԱՐՏԱԿԱՆԻ ՄՐՑՈՒՄԻՆ

ԹԵՆԻՍ. «ՏԷՅՎԻՍ ՔԱՓ»- ՆԱԼՊԱՆՏԵԱՆ ԵՒ ՏԵԼ ՓՈԹՐՕ ՊԻՏԻ ՄԱՍՆԱԿՑԻՆ ՔԱՌՈՐԴ ԱՒԱՐՏԱԿԱՆԻ ՄՐՑՈՒՄԻՆ

June 25, 2011

Արժանթինի թենիսի ֆետերասիոնին կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութեան մը մէջ նշուեցաւ, որ երկրին երկու անուանի մարզիկները` Դաւիթ Նալպանտեան եւ Խուան Մարթին Տել Փոթրօ, իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն յառաջիկայ 7 յուլիսին Ղազախստանի դէմ ... Շարն.

ԴԱՒԻԹ ՄԱՆՈՅԵԱՆ ՄԵԿՆԵՑԱՒ ԳԵՐՄԱՆԻԱ

June 25, 2011

Փիւնիկ Երեւանի միջնապահներէն Դաւիթ Մանոյեան երէկ մեկնեցաւ Գերմանիա, ուր պիտի ենթարկուի բժշկական քննութիւններու: Շուրջ 2 ամիս առաջ Գերմանիոյ մէջ ծունկի վիրաբուժութեան ենթարկուած Մանոյեան թէեւ Հայաստան վերադառնալով իր մասնակցութիւնը բերաւ Հայաստանի ... Շարն.

ԼԻՊԵՐԹԱՏՈՐԵՍ ԲԱԺԱԿԻ ՄՐՑԱՇԱՐՔ. ՍԱՆԹՈՍ ՏԻՐԱՑԱՒ ՏԻՏՂՈՍԻՆ

ԼԻՊԵՐԹԱՏՈՐԵՍ ԲԱԺԱԿԻ ՄՐՑԱՇԱՐՔ. ՍԱՆԹՈՍ ՏԻՐԱՑԱՒ ՏԻՏՂՈՍԻՆ

June 25, 2011

1962-ին եւ 1963-ին Հարաւային Ամերիկայի ախոյեան հանդիսացած պրազիլական Սանթոս ակումբը երրորդ անգամ ըլլալով բարձրացուց բաժակը, երբ Լիպերթատորես բաժակի մրցաշարքի աւարտականի դարձի մրցումին 2-1 արդիւնքով պարտութեան մատնեց ուրուկուէյցի իր մրցակիցը` Փենարոլը ... Շարն.

ԱՐՄԷՆ ԿԻՒԼՊՈՒՏԱՂԵԱՆՑ ՄԷԿ ՄՐՑՈՒՄՈՎ ԿԱԽԱԿԱՅՈՒԵՑԱՒ

June 25, 2011

Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ ֆետերասիոնի ժողովին որոշուեցաւ Իմփուլսի գլխաւոր մարզիչ Արմէն Կիւլպուտաղեանցը մէկ մրցումով կախակայել` նկատի ունենալով, որ Գանձասարի դէմ տեղի ունեցած մրցումին (19 յունիս) կարմիր քարտ ... Շարն.

ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ ՖՈՒԹՊՈԼ. ՌԻՎԸՐ ՓԼԷՅԹ` Բ. ԴԱՍԱԿԱՐԳ ՓՈԽԱԴՐՈՒԵԼՈՒ ՎՏԱՆԳԻՆ ՏԱԿ

June 25, 2011

33 անգամ Արժանթինի ախոյեան հանդիսացած Ռիվըր Փլէյթ ֆութպոլի իր պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով Բ. դասակարգ փոխադրուելու վտանգին տակ է` նկատի ունենալով, որ Ա. դասակարգին մէջ մնալու համար փլէյ-օֆի երթի ... Շարն.