Category: Մարզական
Նորայր Ասլանեան Տեղափոխուեցաւ Ալմեր Սիթի
ArmSport.am հայկական լրատուական կայքը կը հաղորդէ, որ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Նորայր Ասլանեան փոխ տրուեցաւ Հոլանտայի ֆութպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան մասնակցող Ալմեր Սիթիին: Նախորդ տարեշրջանին ան հանդէս կու գար ... Շարն.
Մաուրօ Գեւգէօզեան` Կոլի Հեղինակ
Ֆութպոլի բարեկամական մրցումի մը ընթացքին լիմացի Ալիանսան եւ Փերուի 20 տարեկանէն վար ֆութպոլի ազգային խումբը մրցեցան իրարու դէմ: Մրցումը աւարտեցաւ Ալիանսայի յաղթանակով` 3-1 արդիւնքով: Յաղթական կազմին կոլերէն մէկը նշանակեց Հայաստանի ... Շարն.
Ռոպերթ Լեւանտովսքի` Պայէրն Միւնիխի Ֆութպոլիստ
Ինչպէս բոլորին ծանօթ է, 2014 տարուան սկիզբը յստակացաւ, որ Պորուսիա Տորթմունտի յառաջապահ Ռոպերթ Լեւանտովսքի ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը պիտի շարունակէ Պայէրն Միւնիխի հետ: Տորթմունտի հետ անոր ստորագրած պայմանագրութիւնը աւարտեցաւ ամիս ... Շարն.
Ակնարկ. Բերդապահներուն Մոնտիալը Եւ Նոր Աստղի Մը Ծագումը
Ս. ԷՍԿԻՃԵԱՆ Արդէն հասած ենք Մոնտիալի աւարտին, եւ արդէն աշխարհի լաւագոյն խումբերը իրարու դէմ պիտի մրցին եւ մէկը պիտի դառնայ աշխարհի յաջորդող 4 տարուան ախոյեանը, որուն մասին պիտի յիշենք եւ ... Շարն.
2014-ի Մոնտիալ. Արժանթին Փենալթիներով Յաղթեց Հոլանտայի Եւ Ապահովեց Աւարտականի Իր Տոմսը
Լիոնել Մեսսի ցուցմունքներ կու տայ նախքան երկարաձգումը սկսիլը Պրազիլի մէջ տեղի ունեցող 2014-ի Մոնտիալի կիսաւարտականի երկրորդ ճակատումին, որ կատարուեցաւ «Արենա տը Սան Փաուլօ»-ի մէջ, իրարու դէմ հանեց Արժանթինն ու Հոլանտան: ... Շարն.
ՖԻԼԱ-ի Նոր Դասաւորման Մէջ. Հայրենի Ըմբիշները Յառաջխաղացք Արձանագրեցին
Ինչպէս ծանօթ է, Տորթմունտի մէջ (Գերմանիա) տեղի ունեցած յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի միջազգային մրցաշարքին հայրենի ըմբիշները փայլուն ելոյթներ ունեցան եւ 8 դասակարգերուն մէջ տիրացան 6 ոսկի եւ 1 պրոնզ մետալներու: Վերոնշեալ ... Շարն.
2014-2015 Տարեշրջանէն Սկսեալ. «Անհետացող Փրփուրը» Պիտի Գործածուի «Չեմփիընզ Լիկ»-ի Ֆութպոլի Մրցաշարքին
2014-ի Մոնտիալին ընթացքին առաջին անգամ ըլլալով գործածուած «Անհետացող փրփուրը» բաւական մեծ տպաւորութիւն ձգեց ընդհանրապէս բոլորին մօտ, որովհետեւ այդ ձեւով օրուան կեդրոնի իրաւարարը, աւելի կրնայ տիրապետել մրցումին: Աւելի կանուխ Սպանիոյ ֆութպոլի ... Շարն.
2014-ի Մոնտիալ. Ձերբակալուեցաւ Ապօրինի Տոմսերու Վաճառքով Զբաղող ՖԻՖԱ-ի Գործընկերներէն Մէկը
Ռիօ տը Ժանէյրոյի ոստիկանութիւնը ձերբակալեց «Մաչ Սերվիսզ» ընկերութեան տնօրէն Ռեմոնտ Ուիլանը, որ 2014-ի Մոնտիալին ընթացքին տոմսերու վաճառքի առեւտուրով զբաղող կեղծարար խումբերուն աջակցելու յանցանքով ամբաստանուած է: Ինչպէս կը տեղեկացնէ newsru.com-ը, ան ... Շարն.
Ռոնալտինիօ Կրնայ Ֆութպոլ Խաղալ «Փրեմիեր Լիկա»-ին Մէջ
2002-ին աշխարհի ախոյեան հանդիսացած պրազիլցի Ռոնալտինիօ շատ հաւանաբար ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը շարունակէ «Փրեմիեր լիկա»-ին մէջ, կը յայտնէ «Մեթրօ» լրատուական կայքը: Կը կարծուի, որ Սթոք Սիթի աշխատանք կը տանի իր ... Շարն.
«Նայքի» Պիտի Դադրի Մանչեսթըր Եունայթըտի Հովանաւորը Ըլլալէ
«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ ամերիկեան «Նայքի» մարզական ամէն տեսակի արտադրութիւններ արտադրող ընկերութիւնը պիտի դադրի Մանչեսթըր Եունայթըտի հովանաւորը ըլլալէ: Ըստ շրջանառութեան մէջ դրուած լուրերուն, անգլիական ակումբը 10 տարուան համաձայնագիր ... Շարն.
Տել Փիեռօ Կը Մտածէ Սելթիք Փոխադրուելու Մասին
Իտալական ֆութպոլի անուանի աստղերէն Ալեսանտրօ Տել Փիեռօ յայտնած է, որ իրեն համար շատ հետաքրքրական պիտի ըլլայ, եթէ իր ֆութպոլիստի արհեստավարժ ասպարէզը շարունակէ սկովտիական Սելթիք ակումբին հետ: «Տը Սան» կը մէջբերէ ... Շարն.
2014-ի Մոնտիալ. Գերմանիա 7 – 1 Արդիւնքով Ջախջախեց Հիւրընկալ Երկիրը` Պրազիլը
Միրոսլաւ Քլոզը Պրազիլի մէջ տեղի ունեցող 2014-ի Մոնտիալի կիսաւարտականի առաջին ճակատումին, որ տեղի ունեցաւ «Էսթատիօ Մինէյրօ»-ի մէջ, հիւրընկալ երկիրը` Պրազիլ, ամօթալի պարտութիւն մը կրեց իր մրցակիցէն` Գերմանիայէն` 7 - 1 ... Շարն.
Հեծելարշաւ. Լիբանան Առաջին` Արաբական Երկիրներու Դասաւորման Մէջ
Լիբանանեան պատուիրակութիւնը նախքան Լեհաստան մեկնիլը Միջազգային հեծելարշաւի ֆետերասիոնին կողմէ յունիս ամսուան ընթացքին հրապարակուած նոր դասաւորման մէջ Լիբանան փաստեց, որ տիրական ներկայութիւն մըն է այս մարզին մէջ` նկատի ունենալով, որ անիկա ... Շարն.
«Եուրոփա Լիկ». Ասթանա – Փիւնիկ Մրցումին Հսկողը` Ազրպէյճանցի
10 յուլիսին «Եուրոփա լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի զտումի Ա. հանգրուանի դարձի մրցումներուն ծիրին մէջ Փիւնիկ հիւրը պիտի ըլլայ Ասթանայի: Armsport.am հայկական լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մրցումին իրաւարարները պիտի ըլլան ... Շարն.
Հայկական Ֆութպոլ. Ախոյեանութեան Եւ Բաժակի Մրցումներուն Վիճակաձգութիւնը Յետաձգուեցաւ
Սկզբունքով այսօր` չորեքշաբթի, 9 յուլիսին տեղի պիտի ունենար Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն եւ Ա. դասակարգի ախոյեանութեան, ինչպէս նաեւ բաժակի մրցաշարքին մրցումներուն վիճակաձգութիւնը` Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին կեդրոնատեղիին մէջ: Սակայն ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը ... Շարն.
2022-ի Ձմեռնային Ողիմպիական Խաղեր. 3 Թեկնածուներուն Անունները Յստակացան
Պաշտօնական հաղորդագրութեան մը մէջ Միջազգային ողիմպիական կոմիտէն հրապարակեց անունները այն 3 քաղաքներուն, որոնք իրենց թեկնածութիւնը առաջադրած են` հիւրընկալելու համար 2022-ի ձմեռնային ողիմպիական խաղերը: Ինչպէս կը տեղեկացնէ «Էյ.ՓԻ.»-ն, այդ 3 թեկնածուներն ... Շարն.
2014-ի Մոնտիալին Աւարտէն Ետք. Տի Մարիա Պիտի Տեղափոխուի Մանչեսթըր Եունայթըտ
Ըստ «Էլ Քոնֆիտենսիալ»-ին, 2014-ի Մոնտիալին աւարտէն ետք Ռէալ Մատրիտի եւ Արժանթինի ֆութպոլի ազգային խումբի ֆութպոլիստ Անխել Տի Մարիա պիտի տեղափոխուի Մանչեսթըր Եունայթըտ: Անգլիական ակումբը յաջողած է համաձայնութեան գալ Ռէալի հետ ... Շարն.
Էշլի Քոլ Միացաւ Ա. Էս. Ռոմայի
Անգլիացի միջազգային նախկին յետսապահ Էշլի Քոլ, որ նախորդ տարեշրջանին լքեց Չելսին, միացաւ Ա. Էս. Ռոմայի` երկու տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրելով անոր հետ: 33 տարեկան Քոլ, որ լոնտոնեան կազմը լքելէն ետք ... Շարն.
«Չեմփիընզ Լիկ». Բանանց Թէեւ Յաղթեց, Բայց Դուրս Մնաց Մրցաշարքէն
Բանանցի կազմը «Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի զտումի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ Բանանց դարձի իր կատարած ճակատումին թէեւ Երեւանի Աւանի ֆութպոլի ակադեմիային մէջ 3 - 2 արդիւնքով յաղթեց Սանթա Քոլոմային, սակայն ... Շարն.
«Թուր Տը Ֆրանս». Գերմանացի Քիթելի Երրորդ Յաղթանակը
Նախորդ շաբաթավերջին սկսաւ «Թուր տը Ֆրանս»-ը, որ կը նկատուի աշխարհի հեծելարշաւի կարեւորագոյն իրադարձութիւններէն մէկը: Երէկ` երեքշաբթի, գերմանացի Մարսել Քիթել, շարունակելով իր տպաւորիչ ելոյթներու շարքը, արձանագրեց իր երրորդ յաղթանակը` չորս օրուան ... Շարն.

