Category: Մարզական
2014-ի Մոնտիալ. Տանիելէ Տէ Ռոսսի. «Պէտք Է Զգուշանանք Քոսթա Ռիքայէն»
Իտալիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի միջնապահ Տանիելէ Տէ Ռոսսի Քոսթա Ռիքայի դէմ տեղի ունենալիք 2014-ի Մոնտիալին նախօրեակին ըսաւ, որ մրցակիցին թերագնահատումը իր խումբին համար անթոյլատրելի է: «Մենք պէտք է զգուշանանք Քոսթա ... Շարն.
Պասքեթպոլ. Մայք Դանիէլեան Հանդէս Պիտի Գայ Գերմանիոյ Մէջ
Միացեալ Նահանգներու մէջ բնակող հայ պասքեթպոլիստ Մայք Դանիէլեան իր արհեստավարժ ասպարէզը պիտի շարունակէ Գերմանիոյ մէջ, կը յայտնէ ArmSport.am: Ան պայմանագիր մը կնքեց Գերմանիոյ Գ. դասակարգին մէջ ելոյթ ունեցող Պայէր-05 Ուերտինկենի ... Շարն.
Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր` Ռիատի Պէյրութ – ՀՄԸՄ Անթիլիաս Աւարտականի Առաջին Մրցումը
Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան աւարտական հանգրուանի առաջին ճակատումը` Ռիատի Պէյրութի եւ ՀՄԸՄ Անթիլիասի միջեւ, տեղի պիտի ունենայ այսօր` չորեքշաբթի, 18 յունիսին, երեկոյեան ժամը 18:00-ին, Մանարայի դաշտին վրայ: Նշենք, ... Շարն.
2014-ի Մոնտիալ. Ամերիկայի Տեմփսի Նշանակեց Այս Ախոյեանութեան Ամէնէն Արագ Կոլը. Պրազիլ – Մեքսիքա` 0-0
Քլինթ Տեմփսի Պրազիլի մէջ տեղի ունեցող 2014-ի Մոնտիալի ախոյեանութեան Ա. հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, Է. խմբակին մաս կազմող Միացեալ Նահանգներ արձանագրեց մրցաշարքի իր առաջին յաղթանակը` 2-1 արդիւնքով պարտութեան մատնելով Ղանան: ... Շարն.
2014-ի Մոնտիալ. Փոտոլսքի. «Եթէ Աշխարհի Ախոյեան Հանդիսանանք, Ապա Այդ Տիտղոսը Պիտի Նուիրենք Շումախըրին»
«Ֆորմիւլա-1»-ի աշխարհի նախկին ախոյեան գերմանացի Միքայէլ Շումախըրի մահաքունէն դուրս գալու լուրը մեծ ուրախութիւն պատճառեց Գերմանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբին: Այս կարեւոր իրադարձութեան աւետիսը ուրախացուց Գերմանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի եւ Արսենալի միջնապահ ... Շարն.
Լիբանանեան Պասքեթպոլ Ռիատի Պէյրութ Հանդիսացաւ Լիբանանի Ախոյեան
PROFOTO Լիբանանի տղոց պասքեթպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութիւնը աւարտեցաւ երէկ գիշեր, երբ տեղի ունեցաւ աւարտական հանգրուանի 6-րդ մրցումը` Սաժես Պէյրութի եւ Ռիատի Պէյրութի միջեւ: Ռիատի Պէյրութ, որ նախքան այս մրցումը 3-2 ... Շարն.
2014-ի Մոնտիալ. «Անգլիոյ Դէմ Կազմ Ու Պատրաստ Եմ» Կ՛ըսէ Սուարեզ
Ուրուկուէյի ֆութպոլի ազգային խումբի յառաջապահ Լուիս Սուարեզ իր կատարած մէկ յայտարարութեան ընթացքին ըսաւ, որ ամբողջութեամբ կազմ ու պատրաստ է, երբ իր կազմը հինգշաբթի, 19 յունիսին, ճակատի Անգլիոյ դէմ` 2014-ի Մոնտիալի ... Շարն.
Հեծելարշաւ. Էլիաս Ապու Ռաշիտ Ժամացոյցի Դէմ Մրցումին Լիբանանի 2014-Ի Ախոյեան
Կազմակերպութեամբ Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնին, նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ Լիբանանի հեծելարշաւի ախոյեանութեան 2014 տարեշրջանի ժամացոյցի դէմ մրցումը: Անոր ազդանշանը տրուեցաւ Տըպպաս» ընկերութեան առջեւէն, հասնելով Շեվրոլէի անկիւնադարձը, ապա վերադառնալով Քարանթինա, Պէյրութ, երթուդարձի ... Շարն.
Իվան Ռաքիթիչ Միացաւ Պարսելոնայի
Պարսելոնայի պաշտօնական կայքին համաձայն, Խրուաթիոյ ֆութպոլի ազգային խումբին եւ Սեւիլլայի միջնապահ Իվան Ռաքիթիչ յառաջիկայ տարեշրջանէն սկսեալ պիտի կրէ ակումբին շապիկը: Երկու կողմերը իրարու հետ կնքեցին պայմանագիր մը, որ պիտի երկարի ... Շարն.
2014-ի Մոնտիալ. Քոյենթրաու Եւ Ալմէյտա Առնուազն 10 Օր Պիտի Բացակային Դաշտերէն
Փորթուգալի ֆութպոլի ազգային խումբի ֆութպոլիստներ Ֆապիօ Քոյենթրաօ եւ Ուկու Այմէյտա, որոնք նախանցեալ օր Գերմանիոյ դէմ տեղի ունեցած 2014-ի Մոնտիալի մրցաշարքին ծիրին մէջ իրենց կատարած մրցումին ընթացքին վիրաւորուելով չկրցան հանդիպումը շարունակել, ... Շարն.
Ռոնալտ Քէօման Նշանակուեցաւ Սաութհեմփթընի Մարզիչ
Հոլանտայի ֆութպոլի ազգային խումբի նախկին մարզիկ Ռոնալտ Քէօման նշանակուեցաւ Սաութհեմփթընի մարզիչ` երեք տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրելով անգլիական ակումբին հետ: Քուման, որ 1988-ին իր երկրին ֆութպոլի ազգային խումբին հետ հանդիսացաւ Եւրոպայի ... Շարն.
Հաղորդագրութիւն
ՀՄԸՄ-ի Անթիլիասի մասնաճիւղի վարչութիւնը եւ պասքեթպոլի յանձնախումբը երկուշաբթի, 16 յունիսի իրենց միացեալ նիստին քննեցին շաբաթ, 14 յունիսին տեղի ունեցած պասքեթպոլի ֆետերասիոնի կիսաւարտականի խաղը ընդդէմ Անդրանիկին եւ եզրակացուցին հետեւեալները. ա.- Խիստ ... Շարն.
2014-ի Մոնտիալ. Գերմանիա 4-0 Արդիւնքով Ջախջախեց Փորթուգալը. -Թոմաս Միւլըր Իրագործեց Մրցաշարքի Առաջին Հեթրիքը
Գերմանացիք կը տօնեն իրենց յաղթանակը Պրազիլի մէջ տեղի ունեցող 2014-ի Մոնտիալի մրցաշարքին ծիրին մէջ, երէկ երեկոյեան Է. խմբակին մէջ տեղի ունեցաւ սպասուած ճակատումը` Գերմանիոյ եւ Փորթուգալի միջեւ. «Արենա ֆոնթէ Նովա»-ի ... Շարն.
2014-ի Մոնտիալ. ՖԻՖԱ-ն Կը Պնդէ, Որ Իտալիոյ Ֆութպոլի Ազգային Խումբին Յետսապահը` Մաթէօ Տարմեան Հայ Է
Իր լուրը քաղելով ՖԻՖԱ-ին պաշտօնական կայքէն` ArmSport.am հայկական լրատու գործակալութիւնը կը յայտնէ, որ ֆութպոլի միջազգային ֆետերասիոնը` ՖԻՖԱ-ն, կը պնդէ, որ Իտալիոյ ֆութպոլի ազգային խումբին յետսապահը` Մաթէօ Տարմեան, ազգութեամբ հայ է: ... Շարն.
Թենիս. «Տէյվիս-Քափ»-ի Բաժակի Մրցաշարք. Լիբանան Մաս Կազմեց Բ. Խմբակին
Իր հրապարակած պաշտօնական մէկ հաղորդագրութեան մէջ Լիբանանի թենիսի ֆետերասիոնը յայտարարեց, որ Լիբանան մաս կազմեց թենիսի «Տէյվիս Քափ»-ի բաժակի մրցաշարքին Ասիա - Ովկիանիա շրջանին Բ. խմբակին` յաղթելէ ետք Մալեզիոյ` 3-0 արդիւնքով: ... Շարն.
Մխիթարեանի Արձակուրդը Կ՛աւարտի 5 Յուլիսին
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային խումբի եւ Պորուսիա Տորթմունտի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան, որ արդէն իսկ 17 օրէ ի վեր արձակուրդի մէջ է, նոյնքան ժամանակ ետք, այսինքն` 5 յուլիսին կը վերսկսի 2014-2015 տարեշրջանի ... Շարն.
Շումախըր Դուրս Եկաւ Մահաքունէն
Շուրջ վեց ամիս մահաքունի մէջ մնալէ ետք, «Ֆորմիւլա-1»-ի ախոյեանութեան մրցումներուն եօթը անգամ աշխարհի ախոյեան հանդիսացած գերմանացի անուանի վարորդ Միքայէլ Շումախըր երէկ դուրս եկաւ մահաքունէն, կը յայտնէ գերմանական «Պիլտ» օրաթերթը: Անոր ... Շարն.
«Էն. Պի. Էյ.». Սան Անթոնիօ Սփըրզ Ախոյեան` 5-րդ Անգամ Ըլլալով
Երէկ յստակացաւ «Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան նոր ախոյեանին անունը, երբ աւարտական հանգրուանի հինգերորդ մրցումին Սան Անթոնիօ Սփըրզ 104-87 արդիւնքով յաղթեց Մայեմի Հիթին: Սփըրզ, որ իր արձանագրած այս յաղթանակին շնորհիւ ... Շարն.
2014-ի Մոնտիալ. Իտալիա – Ուրուկուէյ Մրցումը Կրնայ Յետաձգուիլ
Օդերեւութաբանական աննպաստ պայմաններուն պատճառով շատ հաւանական է, որ Իտալիա - Ուրուկուէյ 2014-ի Մոնտիալի մրցումը յետաձգուի, կը յայտնէ «Ֆութպոլ Իթալիա»-ն: Այս մրցումը սկզբունքով տեղի պիտի ունենայ Նաթալ քաղաքին մէջ: Յորդառատ անձրեւներուն ... Շարն.
2014-ի Մոնտիալ. Յաջորդ Մրցումին Հալքի Մասնակցութիւնը Հարցականի Տակ Է
Անգլիական «Սքայ սփորթ»-ի համաձայն, Պրազիլի ֆութպոլի ազգային խումբին յառաջապահներէն Հալք, որ վնասուածք ստացած է փորձերուն ընթացքին, շատ հաւանաբար իր կազմին հետ դաշտ չկարենայ ներկայանալ Մեքսիքայի դէմ տեղի ունենալիք 2014-ի Մոնտիալին ... Շարն.

