Category: Մարզական

Քասիաս` Դէպի Փարիզ Սեն Ժերմե՞ն

Քասիաս` Դէպի Փարիզ Սեն Ժերմե՞ն

June 3, 2014

ԱՍ լրատու գործակալութեան համաձայն, Ռէալ Մատրիտի եւ Սպանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի միջազգային բերդապահ Իքեր Քասիաս շատ հաւանաբար այս ամրան հեռանայ մայրաքաղաքի կազմէն: 33 տարեկան Քասիասով հետաքրքրուած է ֆրանսական Փարիզ Սեն ... Շարն.

Ժան Համմամ Կը Մեկնի Քուէյթ

Ժան Համմամ Կը Մեկնի Քուէյթ

June 3, 2014

Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէի նախագահ, Լիբանանի վոլիպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Ժան Համմամ այսօր` երեքշաբթի, 3 յունիսին, կը մեկնի Քուէյթ` իր մասնակցութիւնը բերելու համար Ասիոյ ողիմպիական կոմիտէին գումարելիք ժողովին, որ տեղի պիտի ունենայ ... Շարն.

Փելէի Որդին Դատապարտուեցաւ 33 Տարուան Բանտարկութեան

Փելէի Որդին Դատապարտուեցաւ 33 Տարուան Բանտարկութեան

June 3, 2014

Իր լուրը քաղելով «Պի. Պի. Սի.» լրատու գործակալութենէն` ArmSport.am կը հաղորդէ, որ անուանի ֆութպոլիստ եւ անցեալի աստղ պրազիլցի Փելէի որդին` Էտինիու, դատապարտուած է 33 տարուան բանտարկութեան, թմրանիւթերու ապօրինի շրջանառութենէն ստացած ... Շարն.

Տաւիտ Վիյա Տեղափոխուեցաւ Նիւ Եորք Սիթի

Տաւիտ Վիյա Տեղափոխուեցաւ Նիւ Եորք Սիթի

June 3, 2014

Սպանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբին մաս կազմող յառաջապահ Տաւիտ Վիյա երէկ պաշտօնապէս պայմանագիր կնքեց ամերիկեան Նիւ Եորք Սիթիի հետ, յայտնեց անոր նոր ակումբին պաշտօնական կայքը: 32 տարեկան Վիյա երեք տարուան պայմանագրութիւն ... Շարն.

Փինկ Փոնկ. Լիբանանի Ախոյեանութիւն.  ՀՄԸՄ Պէյրութի Աղջիկները Հանդիսացան Լիբանանի Ախոյեան

Փինկ Փոնկ. Լիբանանի Ախոյեանութիւն. ՀՄԸՄ Պէյրութի Աղջիկները Հանդիսացան Լիբանանի Ախոյեան

June 2, 2014

Շաբաթ, 31 մայիսին աւարտեցաւ Լիբանանի փինկ փոնկի տղոց եւ աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութիւնը, երբ տեղի ունեցան տղոց եւ աղջկանց աւարտական մրցումները` թիւով բաւական շատ հանդիսատեսներու ներկայութեան: Բաւական հետաքրքրական եւ տաք ... Շարն.

Ֆութպոլի Միջազգային Բարեկամական Մրցումի Մը.  Հայաստանի Ազգային Հաւաքականը 3-1 Արդիւնքով Պարտուեցաւ Ալճերիայէն

Ֆութպոլի Միջազգային Բարեկամական Մրցումի Մը. Հայաստանի Ազգային Հաւաքականը 3-1 Արդիւնքով Պարտուեցաւ Ալճերիայէն

June 2, 2014

Շաբաթ, 31 մայիսին, Սիոնի (Զուիցերիա) մէջ գտնուող «Սթատ տը Թուրպիոն»-ի մարզադաշտին վրայ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը ճակատեցաւ Ալճերիոյ դէմ: Հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Պեռնար Շալանտ, որ Հայաստանի հետ իր նոր ասպարէզը ... Շարն.

Կռփամարտ.  Սիւզի Քենթիքեան Պաշտպանեց Ախոյեանութեան Իր Տիտղոսը

Կռփամարտ. Սիւզի Քենթիքեան Պաշտպանեց Ախոյեանութեան Իր Տիտղոսը

June 2, 2014

Գերմանիոյ դրօշին տակ հանդէս եկող թեթեւ կարգի «WBA»-ի աշխարհի ախոյեան, հայ կռփամարտիկ Սիւզի Քենթիքեան պաշտպանեց ախոյեանութեան իր տիտղոսը, երբ յաղթեց հարաւային քորէացի իր մրցակիցին` Տան Պի Քիմի: 9-րդ ռաունտին Սիւզի ... Շարն.

Կռփամարտ.  Վիք Դարչինեան Նաք-Աութով Պարտուեցաւ

Կռփամարտ. Վիք Դարչինեան Նաք-Աութով Պարտուեցաւ

June 2, 2014

Արհեստավարժ կռփամարտիկ, երկու դասակարգերու աշխարհի նախկին ախոյեան Վախթանգ (Վիք) Դարչինեան շաբաթ, 31 մայիսին, ախոյեանութեան գծով մենամարտ կատարեց կիսաթեթեւ կարգի «WBA»-ի ախոյեանութեան գօտիին տիրացած Նիքոլաս Ուոլթերսի դէմ: Հայաստանը ներկայացնող 38 տարեկան ... Շարն.

Հերըլտ Լեհնըր` Գերմանիա – Հայաստան Ֆութպոլի Մրցումին Իրաւարարը

Հերըլտ Լեհնըր` Գերմանիա – Հայաստան Ֆութպոլի Մրցումին Իրաւարարը

June 2, 2014

Ֆութպոլի միջազգային բարեկամական մրցումի մը ընթացքին, 6 յունիսին գերմանական Մայնց քաղաքին մէջ, դաշտին տէրը` Գերմանիա, պիտի հիւրընկալէ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը: ArmSport.am հայկական լրատուական կայքը կը հաղորդէ, որ այս մրցումին ... Շարն.

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  Ռիատի 2-1 Արդիւնքով Գերազանցեց Սաժեսը

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Ռիատի 2-1 Արդիւնքով Գերազանցեց Սաժեսը

June 2, 2014

PROFOTO Երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ Լիբանանի տղոց պասքեթպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան աւարտական հանգրուանի Ռիատի Պէյրութ - Սաժես Պէյրութ երրորդ մրցումը, առաջինին դաշտին` Մանարայի վրայ: Դաշտին տէրը 2-1 արդիւնքով գերազանցեց իր ... Շարն.

Ճատրակ.  Ֆրանսախօս Երկիրներու Խաղերը Սկսան Պէյրութի Մէջ

Ճատրակ. Ֆրանսախօս Երկիրներու Խաղերը Սկսան Պէյրութի Մէջ

June 2, 2014

Շաբաթ, 31 մայիսին, «Կոլտըն Թիւլիփ» պանդոկին (Ժընահ, Պէյրութ) «Կալերիա» սրահին մէջ սկսան Ֆրանսախօս երկիրներու ճատրակի 2-րդ խաղերը, որոնք պիտի տեւեն մինչեւ 9 յունիս: Այս խաղերուն առաջին քարը շարժեց Ֆրանսախօս երկիրներու ... Շարն.

2014-ի Մոնտիալ.  Իտալացի Մոնթոլիվօ Պիտի Չմեկնի Պրազիլ

2014-ի Մոնտիալ. Իտալացի Մոնթոլիվօ Պիտի Չմեկնի Պրազիլ

June 2, 2014

«Ֆութպոլ-Իթալիա» կը տեղեկացնէ, որ իտալացի միջազգային միջնապահ Ռիքարտօ Մոնթոլիվօ, որ մաս կը կազմէ Ա. Սէ. Միլանի, իր մասնակցութիւնը պիտի չբերէ 2014-ի մոնտիալին: 29 տարեկան Մոնթոլիվօ պիտի չմեկնի Պրազիլ` նկատի ունենալով, ... Շարն.

«ՖԻՏԷ»-ի Նոր Դասաւորման Մէջ.  Գաբրիէլ Սարգսեան Բարելաւեց Իր Դիրքը

«ՖԻՏԷ»-ի Նոր Դասաւորման Մէջ. Գաբրիէլ Սարգսեան Բարելաւեց Իր Դիրքը

June 2, 2014

Երէկ` կիրակի, 1 յունիսին, «ՖԻՏԷ»-ն հրապարակեց աշխարհի առաջին հարիւր ճատրակ խաղացողներուն նոր դասաւորումը, որուն մէջ են Հայաստանի չորս ներկայացուցիչները: Ընդհանուր դասաւորման 2-րդ դիրքը կը գրաւէ Հայաստանի յառաջատարը` Լեւոն Արոնեան, որ ... Շարն.

Թուրքիան Ներկայացնող Մարզիկին  Պաքու  Մուտքը Արգիլուեցաւ`  «Հայկական Մականուն»-ի Պատճառով

Թուրքիան Ներկայացնող Մարզիկին Պաքու Մուտքը Արգիլուեցաւ` «Հայկական Մականուն»-ի Պատճառով

June 2, 2014

Զաֆեր Նոյան Թրքական «Հապեր 3» կայքը կը հաղորդէ, որ Եւրոպայի բազկամարտի առաջնութեան Թուրքիան ներկայացնելու նպատակով Ազրպէյճան մեկնած տիգրանակերտցի Զաֆեր Նոյանին Պաքուի օդակայանէն ետ ուղարկած են` «հայկական մականուն»-ին պատճառով: Մրցաշարքը տեղի ... Շարն.

Փինկ Փոնկ.  ՀՄԸՄ Պէյրութ Եւ Նատուա Քամաթիէ Ապահովեցին Աւարտականի Իրենց Տոմսերը

Փինկ Փոնկ. ՀՄԸՄ Պէյրութ Եւ Նատուա Քամաթիէ Ապահովեցին Աւարտականի Իրենց Տոմսերը

May 31, 2014

Մոն լա Սալի մէջ (Այն Սաատէ) տեղի ունեցող Լիբանանի փինկ փոնկի աղջկանց Ա. դասակարգի խմբային ախոյեանութեան մրցաշարքը հասած է իր աւարտին` նկատի ունենալով, որ յստակացած են աւարտականին իրարու դէմ ճակատող ... Շարն.

Ֆութպոլի Բարեկամական Մրցում.  Այսօր` Հայաստան – Ալճերիա

Ֆութպոլի Բարեկամական Մրցում. Այսօր` Հայաստան – Ալճերիա

May 31, 2014

Սիոնի մէջ (Զուիցերիա) գտնուող «Սթատ տը Թուրպիոն» մարզադաշտին վրայ ֆութպոլի միջազգային բարեկամական մրցումի մը ընթացքին, Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը պիտի մրցի Ալճերիոյ դէմ` Երեւանի ժամանակացոյցով ժամը 20:00-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով` ժամը ... Շարն.

Արցախի Հաւաքականը Մեկնեցաւ Շուէտ

Արցախի Հաւաքականը Մեկնեցաւ Շուէտ

May 31, 2014

ArmSport.am հայկական լրատուական կայքը կը հաղորդէ, որ երէկ Արցախի ֆութպոլի հաւաքականը մեկնեցաւ Շուէտ, ուր 1-8 յունիսին տեղի պիտի ունենայ չճանչցուած հանրապետութիւններու աշխարհի բաժակի 2014-ի մրցաշարքը: Ախոյեանութեան իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն ... Շարն.

ՖԻՖԱ-ն Ահազանգ Կը Հնչեցնէ.  2014-ի Մոնտիալին 12 Մարզադաշտերէն 3-ը Լաւ Վիճակի Մէջ Չեն

ՖԻՖԱ-ն Ահազանգ Կը Հնչեցնէ. 2014-ի Մոնտիալին 12 Մարզադաշտերէն 3-ը Լաւ Վիճակի Մէջ Չեն

May 31, 2014

ՖԻՖԱ-ի ընդհանուր քարտուղար Ժըրոմ Վալքը իր մտահոգութիւնը յայտնեց Պրազիլի մէջ տեղի ունենալիք 2014-ի Մոնտիալին գծով` նշելով, որ այս ախոյեանութիւնը հիւրընկալող 12 մարզադաշտերէն 3-ը լաւ վիճակի մէջ չեն եւ բաւարար չափով ... Շարն.

Լիբանանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնի Ժողով.

Լիբանանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնի Ժողով.

May 31, 2014

Իր գումարած շաբաթական հերթական ժողովին, Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը վաւերացնելէ ետք նախորդ շաբաթավերջին արձանագրուած մրցումներուն արդիւնքները, շնորհաւորեց Սալամ Զղարթան, որ տիրացաւ Լիբանանի ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի տիտղոսին` աւարտականին 1-0 արդիւնքով յաղթելէ ետք ... Շարն.

Պասքեթպոլ.  Եունիըն Տիրացաւ Հայաստանի Բաժակի Մրցաշարքի Տիտղոսին

Պասքեթպոլ. Եունիըն Տիրացաւ Հայաստանի Բաժակի Մրցաշարքի Տիտղոսին

May 31, 2014

Իր լուրը քաղելով basket.am կայքէն` ArmSport.am հայկական լրատուական կայքը կը յայտնէ, որ Հայաստանի պասքեթպոլի բաժակի մրցաշարքի աւարտական ճակատումը, որ իրարու դէմ հանեց Ինճինիրը եւ Եունիընը, աւարտեցաւ երկրորդին յաղթանակով` 78-73 արդիւնքով: ... Շարն.