Category: 50 Տարի Առաջ
50 Տարի Առաջ (6 Օգոստսո 1964)
ՀՄԸՄ-ի Սկաուտներու 5-րդ Դպրոց-Բանակումը 16-24 Օգոստոս ՀՄԸՄ-ի Շրջանային սկաուտական խորհուրդին կազմակերպութեամբ, 5-րդ դպրոց-բանակումը պիտի բացուի յառաջիկայ 16 օգոստոսին, կիրակի, Պուա տը Պոլոնիայի անտառին մէջ, մասնակցութեամբ Մերձ. Արեւելքի ՀՄԸՄ-ի սկաուտական շարքերու ... Շարն.
50 Տարի Առաջ (5 Օգոստոս 1964)
Հայ Մեծանուն Գրագէտները Ինչպէ՞ս Գնահատած Են Թատրոնը Պռօշեան, Աղայեան, Թումանեան, Սունդուկեան, Տէրեան Եւ Ուրիշներ Դերասանութիւն Ալ Ըրած Են Հայ դասական գրագէտները մեծապէս գնահատելով թատրոնին դերը ժողովուրդին կեանքին մէջ` ամէն կերպ ... Շարն.
50 Տարի Առաջ (4 Օգոստոս 1964)
Տոմսեր «Այսօ՞ր Ալ Խանասոր»... Յուլիս 25... Մեր դաշտահանդէսներուն կամ սրահներուն մէջ դարձեալ «Կարկուտ տեղաց» պիտի երգուի ազգին ցիրուցան զաւակներուն կողմէ, որոնք այս երգին կը մասնակցին «երգիչ»-ներու բնական իրաւունքով, ինչպէս կը ... Շարն.
50 Տարի Առաջ (2 Օգոստոս 1964)
Ամերիկահայ Առաջին Դպրոցի Կառուցումը Հայ Կրթական Հիմնարկութիւնը Եւ Իր Անմիջական Շրջապատը 100,000 Տոլար Տրամադրած Են Լոս Անճելըս բնակող խումբ մը հաւատաւոր ծնողներ ձեռնարկած են գործի` ղեկավարութեամբ Հայ կրթական հիմնարկութեան, հիմնելու համար ... Շարն.
50 Տարի Առաջ (1 Օգոստոս 1964)
«Կարկուտ Տեղաց»... Ազգերու պատմութեան մէջ յաճախ շատ աւելի կը յիշուին եւ կը փառաբանուին իրենց տարողութեամբ փոքր դէպքեր, քան թէ` մեծ եւ արիւնալի ճակատամարտեր: Դէպքի մը կարեւորութիւնը, հետագայ սերունդներուն համար, թուական ... Շարն.
50 Տարի Առաջ (31 Յուլիս 1964)
Եղիշէ Պատրիարք Պուէնոս Այրեսի Մէջ Յուլիս 12-ին Պուէնոս Այրես հասած է Երուսաղէմի պատրիարք Եղիշէ արք. Տէրտէրեան: Արժանթինեան թերթեր արձագանգ հանդիսացած են պատրիարքին ժամանումին եւ տեղեկութիւններ տուած` Երուսաղէմի հայոց պատրիարքութեան մասին: ... Շարն.
50 Տարի Առաջ (28 Յուլիս 1964)
Խորհրդարանական Պլոքերը Հաստատ Մնացած Ըլլալով Իրենց Դիրքին Վրայ Մեծամասնութիւնը Որոշեց Պոյքոթի Ենթարկել Խորհրդարանի Վաղուան Նիստը ԱՀՇ, Որ Հինգ Անդամներ Կորսնցուց, Յայտարարեց, Թէ Պիտի Աշխատի Գտնել Թեկնածու Մը, Որ Շարունակէ Շեհապի ... Շարն.
50 Տարի Առաջ (26 Յուլիս 1964)
Նախագահական Պայքարը Ի՞նչ Պիտի Պատահի Մինչեւ Յուլիս 30 Երկու Անկարելիութիւններ Զիրար Կը Չէզոքացնեն Ռընէ Աժիուրի, որ ջերմ վերանորոգչական մըն է, կը գրէ «Լ՛Օրիան»-ի մէջ. Մինչեւ յուլիս 30 ի՞նչ կրնայ ... Շարն.
50 Տարի Առաջ (25 Յուլիս 1964)
Հիմնական Նպատակ Հայ դատը վերստին դարձած է մեր մամուլին գլխաւոր նիւթը: Մեկնաբանութիւններու, խորհրդածութիւններու եւ մտածումներու առանցքը: Որքան կը մօտենայ Մեծ եղեռնի յիսնամեակը, այնքան աւելի շեշտուած կերպով կ՛ընդգծուի մեր ազգային ու ... Շարն.
50 Տարի Առաջ (24 Յուլիս 1964)
Լիբանանեան Մամուլ Նախագահական Պայքարը Կը Շարունակուի Ի՞նչ Կ՛ըսեն Թերթերը Յուլիս 20-ի Ցոյցերուն Մասին Նախագահական պայքարը կը հանդիսանայ կեդրոնը մամուլի մեկնաբանութիւններուն: «Վերանորոգման» հակառակորդները կը զօրացնեն իրենց պայքարը` աշխատելով ցոյց տալ արդարութիւնը ... Շարն.
50 Տարի Առաջ (23 Յուլիս 1964)
Շնորհիւ Պապի Ոճրագործ Մը Հռոմի Բանտէն Ազատ Արձակուեցաւ Այսօր Հռոմի մէջ կը գտնուի ոճրագործ մը, որ կը բաղձայ իր սրտին վրայ սեղմել պապը: Ռոզարիօ Սքալապրինօ է անունը անոր, քառասուներեք տարու ... Շարն.
50 Տարի Առաջ (22 Յուլիս 1964)
ՀՄԸՄ-ի Սկաուտներուն Մասնակցութիւնը Համաարաբական 6-րդ Ճամբարին (Եգիպտոս) Համաարաբական 6-րդ ճամբարը աւելի քան վեց հազար սկաուտներու մասնակցութեամբ, 12 արաբական երկիրներէ եկած` պիտի բացուի 28 օգոստոսին, Աղեքսանդրիոյ մօտ Ապու գիրի շրջանին մէջ ... Շարն.
50 Տարի Առաջ (21 Յուլիս 1964)
Հայկական Կեանք Ամերիկեան «Թայմ» Թերթը Հայ Դատի Մասին «Թայմ» շաբաթաթերթը, որ երեք միլիոն սպառում ունի եւ Մ. Նահանգներու ամէնէն ազդեցիկ հրատարակութիւններէն մէկն է, 17 յուլիսի թիւով եւ Հանրապետական կուսակցութեան Պատգամաւորական ... Շարն.
50 Տարի Առաջ (19 Յուլիս 1964)
Խմբագրական Պատմական Օր Մը Չորս տարի առաջ էր: Հայրենասիրութեան, վեհութեան եւ անշահախնդրութեան սքանչելի եւ պատկառազդու դաս մը եղան նախագահ Շեհապի հրաժարման եւ այդ հրաժարականը, ժողովուրդին միահամուռ թախանձանքին ընդառաջելով, ետ առնելու ... Շարն.
50 Տարի Առաջ (18 Յուլիս 1964)
Խմբագրական Միշտ Նոյն Թուրքը Կիպրոսի տագնապին առթիւ, գայլը գառնուկի մորթ հագած, հաւար կը փրցնէ: Անգարա կը խօսի ցեղասպանութեան մասին, որ իբր թէ ծրագրուած կերպով կը կիրարկուի կիպրական կառավարութեան կողմէ` բնաջնջելու ... Շարն.
50 Տարի Առաջ (17 Յուլիս 1964)
Խմբագրական Ազգային Ամօթ Ամառը, օդափոխութեան եղանակին, աւելի առիթ կ՛ունենանք շփման մէջ մտնելու տարրի մը հետ, որ, ազգային ամօթ, ոչ միայն կը յամառի թրքախօսութեան իր հին ախտին մէջ, այլ, անքաւելի յանցանք, ... Շարն.
50 Տարի Առաջ (16 Յուլիս 1964)
Գեղեցիկ Իրագործում Մը Նիւ Եորքի Համաշխարհային Ցուցահանդէսի Հայկական Փառատօնին Առթիւ Հրատարակուած Գրքոյկը 1964 մայիս 31-ի կիրակի օր Միացեալ Նահանգներու բազմաթիւ նահանգներէն եւ քաղաքներէն Նիւ Եորք ժամանած բազմահազար հայեր Հայկական օրուան ... Շարն.
50 Տարի Առաջ (15 Յուլիս 1964)
Ո՞վ Էր Հայագէտ Հէնրիկ Հիւպշման Ծնած է Փրուսիոյ Էրֆուրթ քաղաքը 1848 յուլիս 1-ին: Տոքթորութեան աստիճան ստացաւ 1872-ին, Միւնիխի համալսարանէն: Նոյն տարին Միւնիխի մէջ հրատարակեց «Հոլովումներու վարդապետութիւնը», որուն մէջ հայ լեզուին վերաբերեալ ... Շարն.
50 Տարի Առաջ (14 Յուլիս 1964)
Նամակ Կիպրոսէն Կացութիւնը Կը Վատթարանայ Կիպրոսի Մէջ Հայերը Ազատ Շունչ Պիտի Քաշեն Չէզոք Գօտիի Մը Ստեղծումով (Սեփական Թղթակցութիւն «Ազդակ»-ի) Կիպրոսի կացութիւնը հետզհետէ կը վատթարանայ: Կիպրահայութիւնը, որ ահագին նիւթական վնասներու ենթարկուեցաւ, ... Շարն.
50 Տարի Առաջ (12 Յուլիս 1964)
Մեր Ուժին Աղբիւրը Գրեթէ եօթանասունհինգամեայ յաղթահասակ կաղնի` ՀՅ դաշնակցութիւնը իր թեւերը տարածած է հայ կեանքի բոլոր մարզերուն վրայ, պատմական իր նուիրական առաքելութեան խոր գիտացկութեամբ եւ ներքին ապրումովը այն դերին, որ ... Շարն.

