Category: Հայկական
Ըստ Ֆաթիհի Քաղաքապետին Սամաթիոյ Յարձակումները «Ազգայնական Ոճիրներ Չեն»
Մուսթաֆա Տեմիր Պոլսոյ Ֆաթիհ շրջանի քաղաքապետ Մուսթաֆա Տեմիր «Հիւրրիյէթ» օրաթերթին յայտնեց, որ Սամաթիոյ մէջ հայ տարեց կիներուն դէմ յարձակումներուն ազգայնական դրդապատճառներով ըլլալնուն «հաւանականութիւնը քիչ է»: «Երբ այդ յարձակումներուն մասին կը ... Շարն.
Րաֆֆի Յովհաննիսեան Կը Յայտարարէ, Թէ Ինք Հայաստանի Ընտրուած Նախագահն Է. «Մեր Յաղթանակը Պիտի Տանինք Մինչեւ Յաղթանակ»
Րաֆֆի Յովհաննիսեանի Ժողովրդային հանրահաւաքի վերածուած մամլոյ ասուլիսը Ժառանգութիւն կուսակցութեան առաջնորդ, նախագահական ընտրութիւններուն երկրորդ դիրքը գրաւած Րաֆֆի Յովհաննիսեան երէկ Երեւանի Ազատութեան հրապարակին վրայ յայտարարեց, որ ինք «ընտրուած նախագահն է»: Պաշտօնական տուեալներով, ... Շարն.
Յայտարարութիւն
Հաշուի առնելով վերջին մէկ շաբաթուայ ընթացքում Սամցխէ-Ջաւախք տարածաշրջանում տեղի ունեցած իրադարձութիւնները, այն է` իշխող «Վրացական երազանք» դաշինքի գործիչների եւ «Միացեալ ազգային շարժման» կողմնակից Ախալքալաքի շրջանի պաշտօնեաների կողմից կազմակերպուած հանրահաւաքները, Սամցխէ-Ջաւախքի ... Շարն.
Ըստ Նախնական Արդիւնքներուն Սերժ Սարգսեան Ստացաւ Քուէներուն 58 Առ Հարիւրը, Իսկ Րաֆֆի Յովհաննիսեան` 32 Առ Հարիւրը
Երէկ Հայաստանի նախագահական ընտրութեան աւարտէն ետք «Կոլլըփ» կազմակերպութեան կատարած էքզիթ փոլին իբրեւ արդիւնք, ընտրութեան նախնական տուեալներով նախագահ Սերժ Սարգսեան ստացած էր քուէներուն 58 առ հարիւրը, իսկ Րաֆֆի Յովհաննիսեան` 32 առ ... Շարն.
Մինսքի Խմբակին Հետ Նոր Հանդիպում Կը Նախապատրաստուի, Հաւանաբար Դարձեալ Փարիզի Մէջ
Ժաք Ֆոր Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան news.am-ի եւ «Արմենփրես» լրատու գործակալութեան թղթակիցներուն հետ զրոյցի ժամանակ յայտարարեց, որ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահները մտադիր են Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց ... Շարն.
Նալբանդեան Ընդունեց Թրքական Լրատուամիջոցներու Ներկայացուցիչները
16 փետրուարին Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան ընդունեց թրքական հեղինակաւոր լրատուամիջոցներ ներկայացնող լրագրողներ, որոնք Հայաստան այցելած են «Հրանդ Տինք» հիմնադրամին կողմէ իրականացուող ծրագիրի շրջագիծին մէջ: Պատասխանելով լրագրողներու հարցումներուն Էդուարդ ... Շարն.
«Յառաջիկային Դաշնակցութիւնը Պիտի Ունենայ Իր Վճռական, Առանցքային Եւ Ընդդիմադիր Դերակատարութիւնը» Կ՛ըսէ Աղուան Վարդանեան
«Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին հետ ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի փոխներկայացուցիչ Աղուան Վարդանեան անդրադարձաւ անցեալ ուրբաթ օր ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինին կողմէ ընտրողներուն ուղղուած կոչին: Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ... Շարն.
Ամերիկայի Հայ Դատի Մարմինը Քերրիին Կոչ Կ՛ուղղէ Մինչեւ Ապրիլ 24 Հանդիպում Ունենալու Ամերիկահայ Համայնքի Ներկայացուցիչներուն Հետ
Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը Միացեալ Նահանգներու նոր նշանակուած արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրիին կոչ ուղղած է մինչեւ ապրիլ 24 հանդիպում ունենալու ամերիկահայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ եւ քննարկելու հայ-ամերիկեան յարաբերութիւններուն, սուրիահայերուն, ... Շարն.
Թուրքիոյ Հանրապետական Ժողովուրդի Կուսակցութիւնը Հայկական Եկեղեցւոյ Մօտ Ցոյց Կազմակերպած Է` Ընդդէմ Կիներուն Դէմ Բռնութիւններու
Թրքական «Սոնտաքիքա» կայքէջը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան ներկայացուցիչները հայկական եկեղեցւոյ մօտ պարած են` այդ ձեւով իրենց բողոքը արտայայտելով ընդդէմ կիներու դէմ բռնութիւններու: Ցոյցը տեղի ունեցած է ... Շարն.
Վարդանեան Հանդիպում Ունեցաւ Իրանի Դեսպանատան Ներկայացուցիչներուն Հետ
Հայաստանի մէջ Իրանի դեսպանատան նախաձեռնութեամբ` դեսպանատան երկու ներկայացուցիչներ երէկ հանդիպում ունեցան Հայաստանի Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան քարտուղար, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի փոխներկայացուցիչ Աղուան Վարդանեանի հետ: Քննարկուեցան երկկողմանի բարեկամական յարաբերութիւններու ներկայ ... Շարն.
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Կոչը` Ընտրողներին
Յարգելի՛ քաղաքացիներ, Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի ընտրութեանը թեկնածու չառաջադրելու` ՀՅԴ որոշման պատճառները ձեզ յայտնի են. միասնական քաղաքական օրակարգ ձեւաւորելու, ընդդիմադիր միասնական թեկնածու ունենալու մեր ջանքը արդիւնք չունեցաւ: Այդ պայմաններում անիմաստ էր ... Շարն.
Ամերիկայի Հայ Դատի Մարմինը Պաշտօնապէս Սպիտակ Տան Դիմած Է Վերջինիս Կայքէջին Վրայ Տեղադրուած Հակահայկական Խնդրագիրները Ուսումնասիրելու Խնդրանքով
Ամերիկայի Հայ դատի գրասենեակը կը հաղորդէ, որ Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը Սպիտակ տունէն պաշտօնապէս խնդրած է տեղեկութիւն տրամադրել այն մասին, թէ նախագահի վարչակարգը անվտանգութեան ի՛նչ միջոցառումներ կը ձեռնարկէ հանրայայտ «Ուի ... Շարն.
«Սուտեր Տարածելը Օրինաչափ Է Այն Պետութեան Նախարարին Համար, Որ Կ՛առաջնորդուի Քարանձաւային Մտածելակերպով» Կ՛ըսէ Շաւարշ Քոչարեան
Panarmenian.net լրատուական կայքէջի թղթակիցին խնդրանքով` Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Շաւարշ Քոչարեան մեկնաբանեց Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարովի ՄԱԿ-ի մէջ արտասանած խօսքին ղարաբաղեան տագնապին վերաբերող դրոյթները: Շաւարշ Քոչարեան յայտնեց, ... Շարն.
Հայոց Ցեղասպանութեան Ժխտումը Քրէականացնող Օրինագիծին Մէջ Անհրաժեշտ Փոփոխութիւններ Չեն Կատարուած
ՀՅԴ Ֆրանսայի Հայ դատի գրասենեակի ղեկավար Հրաչ Վարժապետեան յայտնեց, որ «Ցեղասպանութիւններու ժխտումը քրէականացնելու մասին» նոր օրինագիծին մէջ, որ ներկայացուած է Ֆրանսայի Ազգային ժողովի քննարկման, փոփոխութիւններ չեն մտցուած, ինչ որ հիմք ... Շարն.
Երեւանի Աւագանիի Ընտրութիւները` 5 Մայիսին
Հայաստանի կառավարութիւնը իր երէկուան նիստին ընթացքին որոշում տուաւ Երեւանի աւագանիի ընտրութիւնները նշանակել 5 մայիսին եւ այդ ընտրութիւնները կատարելու համար Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբին յատկացնել 65 միլիոն դրամ: Մայրաքաղաք Երեւանի աւագանիի ընտրութիւնները ... Շարն.
Թիֆլիսի Մէջ Նալբանդեան Մասնակցեցաւ Արեւելեան Գործընկերութեան Անդամ Երկիրներու Արտաքին Գործոց Նախարարներու Հանդիպումին
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան 12 փետրուարին մասնակցեցաւ Թիֆլիսի մէջ սկսած Արեւելեան գործընկերութեան անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու ոչ պաշտօնական հանդիպման, որուն ներկայ էին Եւրոպական յանձնաժողովի ընդլայնման եւ եւրոպական ... Շարն.
Թուրք Ընդդիմադիր Երեսփոխան Մը Դիմած Է Խորհրդարան` Սամաթիոյ Հայերուն Դէմ Բռնարարքները Ուսումնասիրելու Պահանջով
Թուրքիոյ ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան անդամ երեսփոխան Լեւենթ Կէօք դիմած է Թուրքիոյ խորհրդարանի Մարդու իրաւունքներու ուսումնասիրութեան յանձնախումբին` Սամաթիոյ մէջ հայ կիներուն դէմ յարձակումները հետաքննելու պահանջով: Թրքական «Թի.24» պատկերասփիւռի կայանի կայքէջը ... Շարն.
Իտալիոյ Քասթել Սանթ՛Անճելօ Քաղաքը Կը Ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը
Իտալիոյ Ռիեթի նահանգի քաղաքներէն Քասթել՛Անճելոյի քաղաքապետարանը շաբաթ, 2 փետրուարին պաշտօնական յայտարարութեամբ եւ մամլոյ ասուլիսով ճանչցած է Հայոց ցեղասպանութիւնը: Մամլոյ ասուլիսին ընթացքին զանազան անձնաւորութիւններ խօսք արտասանելով իրենց դժգոհութիւնը յայտնած են Հայոց ... Շարն.
Նախագահական Ընտրութիւններուն Վերաբերեալ ՀՅԴ-ի Որոշումը Պիտի Հրապարակուի Այսօր
«Առաջին լրատուական» կայքէջը երէկ հաղորդեց, որ ՀՅ Դաշնակցութիւնը ամենայն հաւանականութեամբ այսօր պիտի յայտարարէ նախագահական ընտրութիւններուն հետ կապուած իր վերջնական որոշումը: ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի փոխներկայացուցիչ Արսէն Համբարձումեան տեղեկացուց, որ խոստացուած ... Շարն.
«Միացեալ Նահանգներու Արտաքին Գործոց Նոր Նախարարը Աւելի Բաց Պիտի Ըլլայ Հայերուն Դիրքորոշումը Լսելու Հարցին Մէջ» Կ՛ըսէ Կիրօ Մանոյեան
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար նշանակուելէն ետք` Ճոն Քերրի սկսած է հանդէս գալ այնպէս, ինչպէս կ՛ըսէ նախագահ Պարաք Օպաման: ՀՅԴ Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան այս ... Շարն.

