Category: Լիբանանեան
Աուն Ընդունեց Դիմադրութեան Զօրակցութեան Խորհուրդի Մէկ Պատուիրակութիւնը
Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն երէկ Ռապիէի իր բնակարանին մէջ ընդունեց Դիմադրութեան զօրակցութեան խորհուրդի մէկ պատուիրակութիւնը: Տօնական օրերու շնորհաւորական այս այցելութեան ընթացքին քննարկուեցաւ երկրին ընդհանուր իրավիճակը` ... Շարն.
Ռայի Պատրիարքը Մաղթեց «Ժընեւ -2»-ի Յաջողութիւնը
Մարոնիներու Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ իր գլխաւորած Արտասահմանի մարոնիներու համաժողովին ընթացքին շուտափոյթ լուծում մաղթեց Լիբանանի քաղաքական թէ հրատապ այլ հարցերուն: Ռայի այս առիթով նաեւ յաջողութիւն մաղթեց «Ժընեւ-2»-ի խորհրդաժողովին` այն ... Շարն.
«Առկախել Բոլոր Այն Փաստաբաններուն Գործունէութիւնը, Որոնք Ամուսնալուծման Միտումով Կը Նպաստեն Զոյգերու Կրօնափոխութեան» Յայտարարեց Ռայի Պատրիարք
Մարոնիներու Ռայի պատրիարքը երէկ բուռն կերպով քննադատեց այն մարմիններն ու յատկապէս իրաւաբանները, որոնք «քանի մը լումայի փոխարէն» կը քաջալերեն եւ օրինականօրէն կը նպաստեն զոյգերու կրօնափոխութեան` ամուսնալուծման հոլովոյթի դիւրացման նպատակով: Շարն.
«Ժընեւ 2»-ին Պիտի Մասնակցինք» Յայտարարեց Ատնան Մանսուր
Ատնան Մանսուր Արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Ատնան Մանսուր երէկ վերահաստատեց, որ Լիբանան պաշտօնապէս պիտի մասնակցի Սուրիոյ տագնապին գծով յառաջիկայ յունուարին Ժընեւի մէջ նախատեսուող խորհրդաժողովին: «Պիտի մասնակցինք «Ժընեւ-2» խորհրդաժողովին, որովհետեւ համոզուած ... Շարն.
Պատրիարք Ռայիի Տուած Շնորհաւորական Այցելութեան Առիթով. Շարպել Կոչ Ուղղեց Քրիստոնեաները Տունդարձի Մղելու
Ներքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Մարուան Շարպել տօնական օրերուն առիթով Պքերքէ կատարած իր շնորհաւորական այցելութեամբ Մարոնիներու Ռայի պատրիարքին հետ քննարկեց երկրին ընդհանուր իրավիճակը, յատկապէս` լիբանանցի քրիստոնեաներու թիւի նուազումին լոյսին տակ: Ան ... Շարն.
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
ՌՈՒՄԻԷԻ բանտի դատարանին մէջ դատական ատեանի խորհուրդը, նախագահութեամբ դատաւոր Ժան Ֆահտի, երէկ ամբողջացուց Նահր Պարետի դէպքերու թղթածրարին առնչուող վերջին տասը դատերու քննարկումներն ու հարցաքննութիւնները: ՁԵՌՆԱՌՈՒՄԲ մը պայթեցաւ երէկ պաղեստինեան Այն ... Շարն.
Անիշխանական Զանազան Միջադէպեր Լիբանանի Տարբեր Շրջաններուն Մէջ Վերստին Լարուածութիւն Թրիփոլիի Մէջ
Վերջին օրերու ապահովական միջադէպերէն ետք, երէկ երեկոյեան սաստիկ լարուած վիճակ տիրեց Թրիփոլիի մէջ, երբ զինեալներ անիւներով փակեցին Մաշրուհ-Թալաաթ Քպպէ ճամբան: Աւելի ուշ սաստիկ կրակոցներ ու հրթիռարձակումներ լսուեցան Թրիփոլիի Քպպէ եւ ... Շարն.
Սլէյման Համաներո՞ւմ Պիտի Յայտարարէ Ծանր Հիւանդութենէ Տառապող Ու Մահուան Դատապարտուած Բանտարկեալներուն
Արդարութեան եւ ներքին գործոց նախարարներու պաշտօնակատարներ Շեքիպ Քըրթպաուիի եւ Մարուան Շարպելի Ռումիէի բանտ կատարած այցելութիւնը իր դրական արդիւնքները արդէն իսկ սկսած է «ծլարձակել»: Արդարեւ, նախագահ Սլէյմանի մօտիկ աղբիւրներ յայտնեցին, որ ... Շարն.
Դատախազ Իպրահիմ Լսեց Նախարար Սաֆատիի Վկայութիւնը
Ելեւմուտքի եւ հանրօգուտ շինութեանց նախարարներու պաշտօնակատարներու` Մոհամետ Սաֆատիի եւ Ղազի Արիտիի միջեւ ծագած վերջին բանավէճին լոյսին տակ, ելեւմտական դատախազ Ալի Իպրահիմ երէկ լսեց ելեւմուտքի նախարարի պաշտօնակատար Մոհամետ Սաֆատիի վկայութիւնները` նշեալ ... Շարն.
Երկրի Կայունութեան Ամրապնդման Նախանձախնդրութեամբ. Մարուան Շարպել Նախագահեց Ապահովական Աշխատանքային Նիստի Մը
Ապահովական նիստէն պահ մը Ներքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Մարուան Շարպել երէկ նախագահեց ապահովական ընդլայնուած աշխատանքային նիստի մը` մասնակցութեամբ ապահովական, առողջապահական թէ առնչակից այլ մարզերու պատասխանատուներուն: Երկրին մէջ ապահովութեան հաստատման ու ... Շարն.
«Ահաբեկիչներու Արարքներուն Արդարացումը Մարտ 14-ի Ուժերուն Կողմէ Զիրենք Մեղսակից Կը Դարձնէ» Շեշտեց Հաւատարմութիւն Դիմադրութեան Պլոքի Հաղորդագրութիւնը
Հաւատարմութիւն դիմադրութեան համախմբումը երէկ շաբաթական իր հերթական նիստը գումարելով խստիւ դատապարտեց վերջերս երկրի զանազան շրջաններուն մէջ շղթայազերծուած ապահովական միջադէպերն ու խախտումները: Յատկապէս շեշտելով հարաւային Աուալի եւ Մաժտելիուն շրջաններու լիբանանեան բանակի ... Շարն.
Բանակին Դէմ Կատարուած Յարձակումներու Դատապարտումը Կը Շարունակուի
Իպրահիմ Քանաան Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան երէկ բուռն կերպով դատապարտեց անցնող կիրակի երեկոյեան լիբանանեան բանակին դէմ կատարուած զինեալ յարձակումը, որուն զոհ գնաց բանակային զինուոր մը: «Բանակին ... Շարն.
Իր Հովանաւորութեամբ Տեղի Ունեցած Պարգեւատրումի Ընթացքին. «21-րդ Դարուն Կարելի Չէ Մտածել Եւ Գործել Ոչ Արդիական Կազմածներով» Յայտարարեց Վ. Սապունճեան
«Առեւտուրն ու ճարտարարուեստը արտադրող արդիւնաւէտ Լիբանանը մեր սիրելի հայրենիքն ու մեր ինքնութիւնը ցոլացնող պատկերն է», յայտարարեց ճարտարարուեստի նախարարի պաշտօնակատար Վրէժ Սապունճեան իր հովանաւորութեամբ տեղի ունեցած ճաշկերոյթի մը ընթացքին` Էշրեֆիէի «Լը ... Շարն.
Խուսափեցէ՛ք Տըքուանէ – Պուրճ Համտուտ – Էշրեֆիէ Կամուրջը Օգտագործելէ
Ներքին ապահովութեան ուժերը նախանցեալ օր կոչ ուղղեցին Պէյրութի հիւսիսային արուարձաններու բնակիչներուն` զգուշանալու երթեւեկելէ Տըքուանէն Պուրճ Համուտի եւ Էշրեֆիէի միացնող կամուրջին վրայ, տրուած ըլլալով, որ անիկա վտանգ կը սպառնայ զայն օգտագործող ... Շարն.
Նախկին Նախարար Էլիաս Մըր Պարգեւատրուեցաւ
Նախկին նախարար Էլիաս Մըր երէկ պարգեւատրուեցաւ միջազգային ոստիկանութեան` «Ինթըրփոլ»-ի Ֆրանսայի կեդրոնին` Լիոնի մէջ, ի պատիւ իրեն կազմակերպուած հանդիսութեան ընթացքին: Հաղորդագրութեամբ մը Ֆրանսայի «Ինթըրփոլ»-ը ողջունեց անոր շրջանային նախագահը` Էլիաս Մըրը, վեր ... Շարն.
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
ԱՆԾԱՆՕԹ զինեալ մը երէկ Պէյրութի օդակայանի ճամբուն վրայ գտնուող հաստատութիւն մը կողոպտեց ու աներեւութացաւ: Թանզանիոյ մէջ լիբանանեան գաղութի նախագահ Ալի Շումեր, որուն հաստատութիւնն էր թիրախը, դատական հայց ներկայացուց ապահովական պատկան ... Շարն.
Ապահովութեան Ամրապնդման Հրամայականը Առանցք Կազմեց Իշխանութեան Պետերու Քննարկումներուն
Տօնական օրերու սեմին, երկրի իշխանութեան պետերը իրենց քննարկումներն ու հանդիպումները կեդրոնացուցին երկրի ապահովութեան վիճակի հետապնդման վրայ` շեշտելով կայունութեան ամրապնդման հրամայականը: Այս ծիրին մէջ, հանրապետութեան նախագահ Միշել Սլէյման ապահովական կառոյցներու պատասխանատուներուն ... Շարն.
Զանազան Հանդիպումներու Ձեռնարկելով`. Նախագահ Սլէյման Մօտէն Հետեւեցաւ Երկրի Ընդհանուր Իրավիճակի Զարգացումներուն
Աշխատանքային նիստէն պահ մը Ապահովական վերջին իրադարձութիւնները երէկ առանցքը կազմեցին նախագահ Սլէյմանի խորհրդակցութեանց եւ հանդիպումներուն: Այս ծիրին մէջ ան անջատ խորհրդակցութիւններ ունեցաւ ներքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Մարուան Շարպելի եւ բանակի ... Շարն.
Ռումիէի Բանտին Մէջ Բարեկարգչական Նախաձեռնութեամբ. Այսօր Կը Սկսին Շաբաթական Հերթականութեամբ Կրկնուելիք Խիստ Խուզարկութիւնները
Քըրթպաուի եւ Շարպել կը շրջին Ռումիէի մէջ Երկար ատենէ ի վեր քննադատութեանց թիրախ դարձած Ռումիէի բանտին բարեկարգչական պահանջները ի վերջոյ յանգեցան ականջալուր պատասխանատուներու «հոգածութեան»: Արդարեւ, արդարութեան եւ ներքին գործոց նախարարներու ... Շարն.
Հանրային Կառուցողական Ապահովութեան Նախանձախնդրութեամբ. «Պատրաստ Պեթոնի Իւրաքանչիւր Սարքի Համար Ճարտարագէտ Մը Պիտի Տրամադրուի» Յայտարարեց Վրէժ Սապունճեան
Մամլոյ ասուլիսէն պահ մը Շինարարութեան մարզի, յատկապէս շէնքերու կառուցման համար օգտագործուող պատրաստ պեթոնի սարքերը արդիւնաւորելու համար, իւրաքանչիւր պեթոնի սարքին համար ճարտարագէտ մը պիտի տրամադրուի, ըստ ճարտարարուեստի նախարարի պաշտօնակատար Վրէժ Սապունճեանի: ... Շարն.

