Category: Լիբանանեան
Պէյրութ Գետի Կոկորդիլոսի Հետքի Փնտռտուքը Կը Շարունակուի
Վերջին օրերուն ժողովրդային թէ ղեկավար շրջանակներու խօսակցութեանց եւ հետաքրքրութեան առանցքը կազմած կոկորդիլոսը երէկ շարունակեց մտահոգել շրջանի բնակիչներն ու պատասխանատու մարմինները: Այս ծիրին մէջ, քաղաքապետական թէ նախարարական պատկան կողմեր կը շարունակեն ... Շարն.
Շէյխ Ահմետ Ասիր Թաամիր Ապաստանած Է
Լիբանանեան «Էմ.Թի.Վի.» պատկերասփիւռի կայանէն յատուկ խմբակ մը յատուկ այցելութիւն տուած է Սայտայի պաղեստինեան Այն Հելուէ գաղթակայանը` նշելով, որ հետապնդման ենթակայ շէյխ Ահմետ Ասիր եւ նախկին երգիչ Ֆատլ Շաքեր ներկայիս ապաստանած ... Շարն.
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
«ՆԱՇՐԱ» կայքէջին համաձայն, լիբանանեան ապահովական պատկան մարմիններ ապահովական խիստ միջոցառումներ որդեգրած են Մասնաայի սահմանէն Լիբանան ժամանող սուրիացիներուն նկատմամբ: ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Պահիա Հարիրիի հրաւէրով նախանցեալ գիշեր ընդլայնուած հանդիպում մը տեղի ունեցած է ... Շարն.
Շարունակելով Իր Հանդիպումները Քաղաքական Կողմերուն Հետ. «Եւրոպական Միութեան Որոշումը Ահաբեկչութեան Դէմ Է Եւ Ոչ Թէ Դիմադրութեան Ըմբռնումին» Յայտարարեց Անժելինա Էխհորեսթ
Էխհորեսթի հետ զօր. Աունի հանդիպումէն պահ մը Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան ներկայացուցիչ Անժելինա Էխհորեսթ երէկ շարունակեց իր խորհրդակցութիւնները լիբանանեան զանազան կողմերու ներկայացուցիչներուն հետ` փորձելով յստակացնել Եւրոպական Միութեան կողմէ Հըզպալլայի զինուորական ... Շարն.
Ուալիտ Ժոմպլաթի Կողմէ «Գործուղուելով». Ապու Ֆաուր Այցելեց Նշանակեալ Վարչապետ Թամմամ Սալամի
Ընկերային հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ուաէլ Ապու Ֆաուր, երէկ յատուկ առաքելութեամբ «գործուղուելով» Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի կողմէ, այցելեց նշանակեալ վարչապետ Թամմամ Սալամի, որուն հետ խորհրդակցեցաւ շրջանային եւ յատկապէս ... Շարն.
Արտակարգ Մամլոյ Ասուլիս Մը Տալով` «Բանակի Հրամանատարի Պաշտօնավարութեան Երկարաձգումը Ապօրինի Է Եւ Կը Նուաստացնէ Բանակի Բարոյական Վարկը» Յայտարարեց Զօր. Միշել Աուն
Զօր. Աունը` մամլոյ ասուլիսի ընթացքին Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն երէկ արտակարգ մամլոյ ասուլիս մը տալով կոչ ուղղեց բոլոր կողմերուն դաշնակցելու եւ միասնաբար փրկելու հայրենիքը անոր ... Շարն.
Իր Տեսակին Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով. Շարպել Եւ Սահնաուի Քննարկեցին Տեղեկութեանց Տուեալներու Փոխանցման Կարելիութիւնները
Սահնաուի եւ Շարպել Ներքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Մարուան Շարպել եւ հաղորդակցութեան միջոցներու նախարարի պաշտօնակատար Նիքոլա Սահնաուի երէկ միասնաբար քննարկեցին առաւելաբար ոճրագործներու հետքերը պրպտելու եւ հետապնդելու միտող տեղեկատուութեանց տուեալներու փոխանցման կարելիութիւնները: ... Շարն.
ՖԻՆԻՒԼ-ի Թրքական Զօրամասը Տո՞ւն Պիտի Կանչուի
Անթուանեթ Միտտէյ «Ցարդ պաշտօնական ոչ մէկ տեղեկութիւն փոխանցուած է մեզի ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերէն թրքական զօրամասի հեռացման գծով», երէկ յայտարարեց ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերու բանբեր Անթուանեթ Միտտէյ` անդրադառնալով վերջերս այս գծով շրջան ընող տեղեկութեանց: ... Շարն.
«Կը Ջանանք Օրինական Ձեւով Երկարաձգել Զօր. Քահուաժիի Պաշտօնավարութիւնը» Յայտարարեց Սլէյման Ֆրենժիէ
Ֆրենժիէ եւ Խազեն Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ երէկ յայտնեց, որ կը փորձէ օրինական ձեւերով երկարաձգել բանակի ընդհանուր հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի պաշտօնավարութիւնը: Նախկին նախարար Ֆերիտ Հայքալ Խազենի տուած ... Շարն.
«Կոկորդիլոսի Գտնուած Շրջանը Ճշդեցինք Եւ Կ՛աշխատինք Քաղաքացիներու Կեանքի Ապահովութեան Ու Անվտանգութեան Համար» Յայտարարեց Ճորճ Գրիգորեան
«Կոկորդիլոսի գտնուած շրջանը ճշդեցինք ու փոխանցեցինք պատկան կողմերուն, որ դիմեն անհրաժեշտ միջոցառումներուն», յայտարարեց Պուրճ Համուտի փոխքաղաքապետ Ճորճ Գրիգորեան երէկ` նշելով, որ Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան ոստիկանները մնայուն շրջագայութեան մէջ են` հսկելով ... Շարն.
Կոչ Ուղղելով Շաբաթական Հերթականութեամբ Բողոքելու. Շէյխ Ասիրի Համակիրները Խաղաղ Ցոյց Մը Կազմակերպեցին
Ուրբաթ օրուան նամազի աւարտին, Սայտայի Ապրա շրջանի Պիլալ Պըն Ռապահ մզկիթի մուտքին շէյխ Ահմետ Ասիրի շուրջ երկու հարիւր համակիրներ երէկ խաղաղ ցոյց մը կազմակերպեցին` պահանջելով Ապրայի դէպքերուն գծով արգելափակեալներու ազատ ... Շարն.
Հըզպալլայի Գծով Եւրոպական Միութեան Որոշումը Դուռ Կը Բանայ Թեր Ու Դէմ Կարծիքներու
Էխհորեսթ եւ Մուսաուի Վերջին օրերուն քաղաքական յատկապէս տեղական շրջանակներու խորհրդակցութեանց առանցքը կազմեց Հըզպալլայի զինուորական թեւը ահաբեկչական ցանկի վրայ տեղադրող Եւրոպական Միութեան որոշումը: Անդրադարձները առաւելաբար կեդրոնացան այս որոշումին ունենալիք ազդեցութեան եւ ... Շարն.
Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութեան Կողմէ Հոգեւորականի Ներկայութեան. Առեւանգեալ Գրիգոր Ֆոսեանի Ազատ Արձակումը Պահանջող Հաւաք` Զահլէի Մէջ
Տասնմէկ օրերէ ի վեր Արսալի մէջ առեւանգուած զահլէցի Գրիգոր Ֆոսեանի ազատ արձակումը պահանջող հաւաք մը տեղի ունեցաւ երէկ ... Շարն.
Նախարար Սապունճեան Իրաքի Դեսպանին Հետ Քննեց Տնտեսական Փոխադարձ Գործակցութեան Կարելիութիւնները
Սապունճեան եւ դեսպան Ալուսի Ճարտարարուեստի նախարարի պաշտօնակատար Վրէժ Սապունճեան երէկ կէսօրէ առաջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Իրաքի դեսպան Ռաատ Ալուսին, որուն հետ քննարկեց տնտեսական փոխադարձ գործակցութեան կարելիութիւնները: Խորհրդակցութիւնները ընդգրկեցին նաեւ լիբանանեան ... Շարն.
Լուսարձակներէ Հեռու. Ֆրենժիէ Այցելեց Ռայի Պատրիարքին
Ֆրենժիէ եւ Ռայի պատրիարք Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ անցնող չորեքշաբթի երեկոյեան այցելեց մարոնիներու Ռայի պատրիարքին: Քննարկուեցան երկրի ընդհանուր իրավիճակը` վերջին իրադարձութիւններուն լոյսին տակ: Լուսարձակներէ հեռու կայացած այս ընթրիքին ... Շարն.
Շէյխ Ահմետ Ասիրի Թիկնապահը Ձերբակալուեցաւ
Պէյրութի միջազգային օդակայանին ապահովական ուժերը երէկ կանուխ առաւօտուն ձերբակալեցին Ապրայի դէպքերուն գլխաւոր յանցագործ շէյխ Ահմետ Ասիրի թիկնապահը: 1983-ի ծնունդ, ծագումով պաղեստինցի Ալի Ապտել Ուահետ Պէյրութի օդակայանէն Գահիրէի ճամբով կ՛ուղղուէր դէպի ... Շարն.
Հըզպալլայի Համակիր Փաստաբան Մը Մերժած Է Պաշտպանել Ապրայի Դէպքով Արգելափակեալներու Դատը
Ամալ շարժումի եւ Հըզպալլայի համակիր փաստաբան Ժորժ Նաժըմ մերժած է ընդառաջել երեսփոխան Պահիա Հարիրիի առաջարկին` ստանձնելու Սայտայի Ապրա շրջանի դէպքին գծով արգելափակեալներու պաշտպանութեան դատը: Լիբանանեան «Նաշրա» կայքէջը, «Ախպար» օրաթերթին վերագրելով ... Շարն.
Նիկերիա. Առեւանգուած Լիբանանցի Մը Ազատ Կ՛արձակուի
9 յուլիսէն ի վեր Նիկերիոյ մէջ առեւանգուած լիբանանցի Թոնի Ամին Նատէր երէկ ազատ արձակուած եւ վերադարձած է Պենինի իր բնակարանը: Լիբանանի մէջ անոր ընտանիքը յայտնեց, որ ան շուտով Լիբանան պիտի ... Շարն.
Զարմանք Յայտնելով Եւրոպական Միութեան Որոշումի Ուշացման Գծով. «Դիմադրութիւնը Տակաւին Առանցքը Կը Կազմէ Լիբանանեան, Արաբական, Շրջանային Ու Միջազգային Հետաքրքրութեան» Յայտնեց Սէյիտ Նասրալլա
«Դիմադրութիւնը տակաւին առանցքը կը կազմէ լիբանանեան, արաբական, շրջանային թէ միջազգային ուշադրութեան ու հետաքրքրութեան», յայտարարեց Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա երէկ, Հըզպալլայի կնոջական իֆթարի մը առիթով արտասանած իր խօսքին մէջ: ... Շարն.
Բագրատունի Ընդունեց Տէյվիտ Ճեֆրին
Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, «Շաղզոյեան» կեդրոնի իր գրասենեակին մէջ ընդունեց ամերիկեան դեսպանատան քաղաքական խորհրդատու Տէյվիտ Ճեֆրին, որուն կ՛ընկերանար դեսպանատան հանրային կապերու պատասխանատու Ֆատի Հաֆեզ: Հանդիպումը առիթ մը ... Շարն.

