Category: Լիբանանեան
Միքաթի. «Ուղղափառ Հանդիպումին Օրինագիծը Անկարելի Է Վաւերացնել»
Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի շաբաթավերջին «Թուիթըր» ընկերային ցանցին ընդմէջէն կատարեց յայտարարութիւններ, որոնց մէջ հաստատեց, որ Ուղղափառ հանդիպումի ընտրական օրինագիծը անկարելի է վաւերացնել, որովհետեւ անիկա կը հակադրուի Լիբանանի գոյութեան էութեան եւ ազգային ... Շարն.
Ասիր Կը Մասնակցի Իսլամական Բանտարկեալներու Ցոյցին
Նահատակաց հրապարակի իսլամական նստացոյցը Զինուորական ատեանին մօտ կառավարութեան ներկայացուցիչ, դատախազ Սաքըր Սաքըր հրաման տուած էր Սայտայի Պիլալ պըն Ռապահ մզկիթի իմամ շէյխ Ահմետ Ասիրը կանչելու Սայտայի ոստիկանատուն եւ զայն հարցաքննութեան ... Շարն.
Ժոմպլաթ – Փլամպլի Հանդիպում
Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ շաբաթավերջին Մուխթարայի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Տերեք Փլամպլին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները: Ժոմպլաթի այցելեցին նաեւ ... Շարն.
Զինեալներ Հիւանդանոցէն Կը Փախցնեն Ֆայսալ Քարամէի Դէմ Կրակ Բացողը
Անցեալ շաբաթ օր իրենց դէմքերը փակած զինեալներ յարձակում մը գործեցին Թրիփոլիի Իսլամական բարեսիրական հիւանդանոցին վրայ եւ փախցուցին Մոհամետ Եուսեֆը, որ կը գտնուէր հիւանդանոցին երկրորդ յարկը եւ որուն սենեակը կը գտնուէր ... Շարն.
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
ԿՐԹՈՒԹԵԱՆ եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Հասսան Տիապ յառաջիկայ ուրբաթ, 8 եւ շաբաթ, 9 մարտը դպրոցներուն համար պաշտօնական արձակուրդի օր յայտարարեց` Ուսուցչաց տօնին առիթով: ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկուան իր ... Շարն.
Սենտիքայական Համակարգումի Խորհուրդը Յառաջիկայ Երկուշաբթի Օր Կեդրոնական Դրամատան Դիմաց Կը Սկսի Մագլցողական Քայլերու
Չորրորդ օրն ըլլլալով, երէկ Սենտիքայական համակարգումի խորհուրդը իր նստացոյցը կատարեց երկրագործութեան նախարարութեան դիմաց` ներկայութեամբ պետական պաշտօնեաներու եւ ուսուցիչներու հոծ բազմութեան: Խորհուրդի նախագահ Հաննա Ղարիպ յայտնեց, որ խորհուրդին այս շարժումին նպատակը ... Շարն.
Նախագահ Սլէյման Ժեմայէլի Հետ Քննարկեց Պքերքէի Հանդիպումին Մանրամասնութիւնները
Նախագահ Սլէյման եւ Ամին Ժեմայէլ Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար Ամին Ժեմայէլը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող իրադարձութիւններն ու յատկապէս երեսփոխանական ընտրութիւններուն ... Շարն.
Սայտայի Մէջ Շէյխ Ասիր Կը Տարածէ Իր Զինեալները, Մինչ Շարպել Կը Հերքէ Անոնց Գոյութիւնը
Սայտայի Պիլալ պըն Ռապահ մզկիթի իմամ շէյխ Ահմետ Ասիր երէկ կէսօրէ ետք տարածեց իր զինեալները` յայտնելով, որ Ապրայի մէջ կան երկու բնակարաններ, որոնք բնակուած են Հըզպալլայի համակիրներով: Ան աւելցուց, որ ... Շարն.
Վ. Սապունճեան. «Լիբանանի Նկատմամբ Աշակերտներուն Հաւատքը Մղած Է Զիրենք Այս Աշխատանքին»
Նախարար Սապունճեան կ՛այցելէ աշակերտական տաղաւարները Ճարտարարուեստի նախարար Վրէժ Սապունճեան երէկ այցելեց Հազմիէի Էլիզէ դպրոցը, ուր կազմակերպուած էր լիբանանեան ճարտարարուեստին զօրակցական շաբաթ մը, որուն մաս կազմած էին աշակերտները: Լիբանանեան ճարտարարուեստի մարզին ... Շարն.
Մանսուր – Էխհորեսթ Հանդիպում
Մանսուր եւ Էխհորեսթ Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ատնան Մանսուր երէկ Պուսթրոս պալատին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան ներկայացուցիչ Անժելինա Էխհորեսթը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի եւ շրջանային ... Շարն.
Զօր. Քահուաժի Ընդունեց Սուրիոյ Դեսպանը
Զօր. Քահուաժի եւ դեսպան Ալի Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի երէկ Եարզէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Սուրիոյ դեսպան Ալի Ապտել Քերիմ Ալին, ապա` Լիբանանեան-սուրիական գերագոյն խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Նասրի ... Շարն.
Մաթար Եպիսկոպոսը Ճաշկերոյթ Մը Կը Սարքէ Ի Պատիւ Ասիրիի
Photo ANI Մարոնի համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Պուլոս Մաթար եպիսկոպոսը երէկ ճաշկերոյթ մը սարքեց ի պատիւ Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ալի Ասիրիի: Ասիրի յայտնեց, որ Պէյրութի մէջ վկայուած ամէնէն գեղեցիկ ... Շարն.
Փոխվարչապետը Նախագահեց Նախարարական Նիստի Մը
Նախարարական նիստէն պահ մը Փոխվարչապետ Սամիր Մուքպել երէկ նախագահեց նախարարական նիստի մը, որուն ընթացքին քննարկուեցաւ լիբանանցի կիներուն կողմէ իրենց զաւակներուն քաղաքացիութիւն շնորհելու իրաւունքը: Նիստը գումարուեցաւ վարչապետարանին մէջ` ներկայութեամբ նախարարներ Մարուան ... Շարն.
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն երէկ Ռապիէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի ներկայացուցիչ Տերեք Փլամպլին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս ընտրութիւններուն վերաբերող մանրամասնութիւնները: ... Շարն.
«Լիբանանահայութիւնը Ի՛նք Կ՛որոշէ Զինք Ներկայացնող Երեսփոխանները, Եւ Ոչ Թէ Այլոց Կողմէ Կը Ճշդուին Անոնք» Ընդգծեց Յ. Բագրատունի
Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ «Օ. Թի. Վի.» պատկերասփիւռի կայանին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը պիտի զօրակցի որեւէ ընտրական օրինագիծի, որ իսլամ ... Շարն.
Նախագահ Սլէյման Նամակ Մը Ստացաւ Բրիտանիոյ Վարչապետ Տէյվիտ Քամերոնէն
Հէյկ եւ նախագահ Սլէյման Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուիլիըմ Հէյկը, որ նախագահ Սլէյմանի յանձնեց Բրիտանիոյ վարչապետ Տէյվիտ Քամերոնէն նամակ մը, ... Շարն.
Նախագահ Սլէյման Եւ Նեպիհ Պըրրի Կը Շնորհաւորեն Հայաստանի Նախագահը
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի հետ եւ շնորհաւորեց զայն անոր վերընտրութեան առիթով: Նախագահ Սլէյման յաջողութիւն մաղթեց Սերժ Սարգսեանի` հաստատելով, որ լիբանանեան-հայաստանեան ... Շարն.
Պքերքէի Մէջ Քրիստոնեայ Ընդարձակ Հանդիպում
Հանդիպումին բացումը` աղօթքով Երէկ երեկոյեան մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը Պքերքէի մէջ նախագահեց քրիստոնեայ ընդարձակ նիստի մը, որուն ներկայ գտնուեցան Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն, Փաղանգաւոր ... Շարն.
Միքաթի. «Ծոցի Երկիրներուն Հետ Լիբանանի Յարաբերութիւնները Այս Կամ Այն Կողմին Յայտարարութիւններէն Չեն Ազդուիր»
Միքաթի` Ֆուատ Պութրոսի հետ հանդիպման պահուն Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ Ծոցի երկիրներու դեսպաններուն հետ իր ունեցած հանդիպումներուն ընթացքին շեշտեց, որ Լիբանան յանձնառու է արաբական ու Ծոցի երկիրներուն հետ ... Շարն.
Սենտիքայական Համակարգումի Խորհուրդը Իր Բաց Գործադուլին Կողքին Նստացոյց Մը Կատարեց Կրթութեան Նախարարութեան Դիմաց
Ուսուցիչներու նստացոյցը` կրթութեան նախարարութեան առջեւ Սենտիքայական համակարգումի խորհուրդը երէկ երրորդ օրն ըլլալով շարունակեց իր բաց գործադուլը: Խորհուրդը իր կեդրոնական նստացոյցը կատարեց կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարարութեան դիմաց: Խորհուրդի նախագահ Հաննա ... Շարն.

