Category: Լիբանանեան
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի զարմանք յայտնեց նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորայի կառավարութեան կողմէ մսխուած 11 միլիառ տոլարի թղթածրարին շուրջ այսպէս կոչուած «համաձայնութեան» մը մերժումին գծով` նկատել տալով, որ տակաւին այդ գծով ... Շարն.
Նախագահ Սլէյման Այցելեց Անթիլիասի Մար Էլիաս Եկեղեցին
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ երեկոյեան ժամը 5:00-ին այցելեց Անթիլիասի Մար Էլիաս եկեղեցւոյ սրահին մէջ կազմակերպուած գիրքերու ցուցահանդէսը, ուր յայտարարեց, որ պատգամ երկիր ըլլալու Լիբանանի իրականութիւնը, հոն տիրող բազմազանութիւնն ... Շարն.
Ռայի Պատրիարքը Հանդիպում Մը Ունեցաւ Յորդանանի Թագաւորին Հետ
Յորդանան կատարած իր հովուապետական այցելութեան շրջագիծին մէջ, մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Յորդանանի Ապտալլա Բ. թագաւորին հետ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան-յորդանանեան երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ շրջանային ... Շարն.
Լիբանանի Պատմութեան Նոր Գիրքի Ծրագիրին Դէմ Բողոքի Ցոյցը Աւարտեցաւ Բախումներով
Փաղանգաւոր եւ Ազգային ազատականներու կուսակցութիւններուն ուսանողական թեւերուն կողմէ անցեալ շաբաթ կէսօրին կատարուեցաւ բողոքի ցոյց մը, որուն ընթացքին ուսանողները բողոքեցին Լիբանանի պատմութեան նոր դասագիրքի մը պատրաստութեան շրջագիծին մէջ մշակուած ծրագիրին դէմ: ... Շարն.
Սլէյման Ֆրենժիէ Կը Մերժէ Ամերիկեան Դեսպանատան Հաղորդագրութիւնը
Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէի տեղեկատու գրասենեակը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նկատել տրուեցաւ, որ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մորա Քոնելլիի հետ իր հանդիպումէն ետք ամերիկեան դեսպանատան կողմէ ... Շարն.
Նախարար Մանսուր Վերադարձաւ Պէյրութ
Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ատնան Մանսուր երէկ վերադարձաւ Պէյրութ` մասնակցելէ ետք արաբ արտաքին գործոց նախարարներու խորհրդաժողովին, որ տեղի ունեցաւ Գահիրէի մէջ: Խորհրդաժողովին առընթեր, Մանսուր հանդիպում մը ունեցաւ ... Շարն.
Սելիմ Հըս Ընդունեց Ատտումը
Նախկին վարչապետ Սելիմ Հըս շաբաթավերջին ընդունեց նախկին ընդհանուր դատախազ Ատնան Ատտումը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Լիբանան-Սուրիա սահմանային իրավիճակը: Հանդիպումէն ետք Ատտում յայտնեց, որ եթէ Լիբանան-Սուրիա սահմանին ... Շարն.
Շարպել Մեկնեցաւ Թունուզ
Ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Մարուան Շարպել երէկ մեկնեցաւ Թունուզ, ուր մասնակցեցաւ արաբ ներքին գործոց նախարարներու նիստին: Շարպելի ընկերակցեցան ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն զօր. Աշրաֆ Ռիֆի եւ ընդհանուր ... Շարն.
Ժահժահ. «Մայրիներու Յեղափոխութիւնը Ընթացքի Մէջ Է Եւ Պիտի Հասնի Իր Նպատակին»
Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ շեշտեց, որ Մայրիներու յեղափոխութիւնը ընթացքի մէջ է եւ պիտի հասնի Լիբանանի մէջ բոլոր զէնքերը լիբանանեան պետութեան յանձնելու իր նպատակին: «Լիուա» օրաթերթին հետ իր ունեցած ... Շարն.
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
ԹԱՊԱՐԺԱՅԻ եւ Քազինոյի միջեւ երկարող մայրուղիին վրայ գտնուող «Նիսան» տիպի ինքնաշարժի մը մէջ գտնուեցան երկու սպաննուած երիտասարդներ, որոնք փամփուշտներ ստացած են, մէկը գլուխէն, իսկ միւսը` կուրծքէն: Երկու երիտասարդներն են Թալալ ... Շարն.
Կառավարութիւնը Գրեթէ Համախոհութիւն Գոյացուց Մսխուած Միլիառներու Թղթածրարին Շուրջ
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ Պաապտայի մէջ նախագահեց կառավարութեան նիստին` ներկայութեամբ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի: Նիստէն առաջ նախագահ Սլէյման հանդիպում մը ունեցաւ վարչապետին հետ` քննարկելու համար երկրին իրադարձութիւնները: Նիստին ընթացքին ... Շարն.
«Երկաթեայ Բազուկով Պիտի Հարուածենք Լիբանանի Կայունութիւնը Խախտելու Որեւէ Փորձ» Շեշտեց Բանակը
Լիբանանեան բանակը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նկատել տուաւ, որ լիբանանեան բանակը ճիգ պիտի չխնայէ քաղաքացիական անվտանգութիւնը պահպանելու եւ Լիբանանին սպառնացող վտանգներուն դէմ պայքարելու նպատակով: Հաղորդագրութեան մէջ նկատել տրուեցաւ, ... Շարն.
Ռայի Պատրիարքը Յորդանանի Մէջ Կը Շարունակէ Հովուապետական Իր Այցելութիւնը
Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը կը շարունակէ Յորդանան կատարած իր հովուապետական այցելութիւնը: Մարոնի պատրիարքը յայտնեց, որ Յորդանանը իւրայատուկ է իր բազմազանութեամբ, համերաշխութեամբ եւ աշիրէթական ընտանիքներով: Ան ողջունեց Յորդանանը` հնութիւնները պահպանելու ... Շարն.
Նախարար Սապունճեան Այցելեց Հիւսիսային Մեթնի Գործարանները
Ճարտարարուեստի նախարար Վրէժ Սապունճեան երէկ աշխատանքային այցելութեամբ մը ուղղուեցաւ Հիւսիսային Մեթն, ուր այցելեց այդ շրջանին մէջ բանող գործարանները: Իր այցելութեան ընթացքին նախարար Սապունճեան շեշտեց, որ ճարտարարուեստի նախարարութիւնը արդէն իսկ լուրջ ... Շարն.
Նախարար Մանսուր Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն Մը Ունեցաւ Մոալլեմի Հետ
Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ատնան Մանսուր երէկ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ սուրիացի իր պաշտօնակիցին` Ուալիտ Մոալլեմի հետ: Հաղորդակցութեան ընթացքին քննարկուեցան Սուրիոյ զարգացումները: Մանսուր նկատել տուաւ, որ Մոալլեմ ... Շարն.
«Լիբանանի Պատմութեան Դասագիրքին Մէջ Լիբանանահայութեան Բացակայութիւնը Անարգանք Է» Շեշտեց Յ. Բագրատունի
Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ «Սաութ Հուրիա» ձայնասփիւռի կայանին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին անդրադարձաւ լիբանանեան ու շրջանային զարգացումներուն եւ հարցերուն: Լիբանանի պատմութեան դասագիրքի պատրաստութեան մասին հարցումի ... Շարն.
Պաապտայի Մէջ Պաշտպանութեան Գերագոյն Խորհուրդի Նիստ
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ կէսօրէ ետք նախագահական պալատին մէջ նախագահեց Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդի նիստին, որուն ներկայ գտնուեցան վարչապետ Նեժիպ Միքաթի, ելեւմուտքի նախարար Մոհամետ Սաֆատի, պաշտպանութեան նախարար Ֆայեզ Ղոսըն, ... Շարն.
Պըրրի Ընդունեց Էխհորեսթը
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան դեսպան Անժելինա Էխհորեսթը` ներկայութեամբ «Ամալ» շարժումի արտաքին յարաբերութեանց պատասխանատու, նախկին նախարար Թալալ Սահիլիի եւ Պըրրիի տեղեկատուական հարցերու ... Շարն.
Վարչապետարանին Մէջ «Վարչապետ Միքաթիի Ֆրանսա Կատարած Այցելութիւնը Յաջող Էր» Յայտնեց Փիեթոն
Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց աշխատանքի նախարար Սելիմ Ժրայսաթին, որուն հետ քննարկեց նախարարութեան վերաբերող հարցեր: Միքաթիի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Տընի Փիեթոն. քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւններն ու ... Շարն.
Նախարար Մանսուր Ընդունեց Փլամպլին
Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ատնան Մանսուր երէկ Պուսթրոս պալատին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Տերիք Փլամպլին, որուն հետ քննարկեց Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 ... Շարն.

