Category: Լիբանանեան
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ
ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը յայտնեց, որ իրենք համոզուած են շինիչ երկխօսութեամբ եւ չեն հաւատար բռնարարքներու դիմելու միջոցին: ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ միւֆթի շէյխ Մոհամետ Ռաշիտ Քապպանի կոչ ուղղեց յանձնառու մնալու Միջազգային դատական ... Շարն.
ՄԻՔԱԹԻ ՎԵՐԱԴԱՐՁԱՒ ԼԻԲԱՆԱՆ
Աւարտելէ ետք Ֆրանսա կատարած իր պաշտօնական այցելութիւնը, վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ երեկոյեան վերադարձաւ Պէյրութ: Վարչապետ Միքաթի լրագրողներուն հետ իր ունեցած հանդիպումին ընթացքին շեշտեց, որ Ֆրանսայի նախագահ Նիքոլա Սարքոզիի, ինչպէս նաեւ ... Շարն.
«ՊԷՏՔ Է ԱՊԱՀՈՎԱԿԱՆ ԱՆԿԱՅՈՒՆՈՒԹԻՒՆԸ ԶՍՊԵԼ ԵՒ ՀԱՒԱՍԱՐԱԿՇՌՈՒԱԾ ԲԱՐԳԱՒԱՃՈՒՄԸ ԻՐԱԿԱՆԱՑՆԵԼ» ՇԵՇՏԵՑ ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԼԷՅՄԱՆ
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ շեշտեց, որ պէտք է երկրին մէջ արձանագրուած ապահովական խախտումներուն հետ վարուիլ կատարեալ խստութեամբ: Ան շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ տիրական դարձած քաղաքական լարուած ճառերը եւ ... Շարն.
ՊԸՐՐԻ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԸ ՕՐԷՆՍԴՐԱԿԱՆ ՆԻՍՏԻ ՄԸ ՊԻՏԻ ՀՐԱՒԻՐԷ ՄԻՆՉԵՒ ՓԵՏՐՈՒԱՐԻ ՎԵՐՋ
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի յայտնեց, որ ինք մինչեւ փետրուարի վերջ խորհրդարանը օրէնսդրական նիստի մը պիտի հրաւիրէ: Պըրրի շեշտեց, որ ինք այս հրաւէրով կը փափաքի լուծել կառավարութեան դիմագրաւած տագնապը` վերջ տալու ... Շարն.
ԹՐԻՓՈԼԻԻ ՄԷՋ ԶԻՆԵԱԼ ԲԱԽՈՒՄՆԵՐԸ ԴԱԴՐԵՑԱՆ` ՇՐՋԱՆԻՆ ՊԱՐԳԵՒԵԼՈՎ ԶԳՈՒՇԱՒՈՐ ՀԱՆԴԱՐՏՈՒԹԻՒՆ
Անցեալ ուրբաթ երեկոյեան Ժապալ Մըհսենի եւ Պապ Թըպպանէի միջեւ բռնկած զինեալ բախումները շարունակուեցան մինչեւ շաբաթ երեկոյ` պատճառելով զոհեր եւ վիրաւորներ քաղաքայիններուն եւ լիբանանեան բանակին շարքերուն մէջ: Այս առումով արձանագրուեցան երկու ... Շարն.
«ԿԸ ՄԱՂԹԵՆՔ, ՈՐ ՄԵՐ ՀԱՄԱՅՆՔԻ ԶԱՒԱԿՆԵՐԸ ՎԵՐԱԴԱՌՆԱՆ ԻՐԵՆՑ ԳԻՒՂԵՐԸ» ՇԵՇՏԵՑ ՌԱՅԻ ՊԱՏՐԻԱՐՔԸ
Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը Կիպրոս իր կատարած այցելութեան ընթացքին նախագահեց Նիկոսիոյ մարոնի համայնքի առաջնորդարանին մէջ մատուցուած պատարագին, որուն ընթացքին իր արտասանած քարոզին մէջ մաղթեց, որ Կիպրոսի մարոնի համայնքի զաւակները ... Շարն.
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ
ԿԻՊՐՈՍԻ արտաքին գործոց նախարար Էրաթօ Մարքոլիս յայտնեց, որ Լիբանանի եւ Կիպրոսի միջեւ ծովային սահմաններուն գծով ստեղծուած հարցը անպայման պիտի լուծուի: Ան ընդգծեց, որ երկկողմանի յարաբերութիւնները հեզասահ են: «ՆԱՀԱՐ» օրաթերթին համաձայն, ... Շարն.
ՀՅԴ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ԱՈՒՏԷ ԵՊԻՍԿՈՊՈՍԻՆ
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կազմեցին Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի եւ Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Աւետիս Կիտանեան, երէկ այցելեց յոյն ուղղափառ համայնքի Պէյրութի առաջնորդ ... Շարն.
ՄԻՔԱԹԻ ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԵԱՄԲ ՄԸ ՄԵԿՆԵՑԱՒ ՖՐԱՆՍԱ
Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ երեկոյեան ժամը 6:00-ին Էլիզէի պալատին մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Ֆրանսայի նախագահ Նիքոլա Սարքոզիի հետ: Հանդիպումին ընթացքին Սարքոզի ընդգծեց Լիբանանի եւ Ֆրանսայի միջեւ պատմական յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ ... Շարն.
«ԼԻԲԱՆԱՆ ԿԱՐԻՔԸ ՈՒՆԻ ՄԻՋԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԼՈՒՐՋ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԵԱՆ» ՇԵՇՏԵՑ ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԼԷՅՄԱՆ
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ շեշտեց, որ լիբանանցի երիտասարդները պէտք է ուսումով եւ գիտութեամբ զինուին` աւելցնելով, որ երկրին կրթական հաստատութիւնները պատասխանատու են այս առաքելութեան: Նախագահ Սլէյման ընդգծեց, որ Լիբանան ... Շարն.
ԲԱՆԱԿԸ ԿԸ ՏԵՂԱԿԱՅՈՒԻ ՈՒԱՏԻ ԽԱԼԵՏԻ ՄԷՋ, ԻՍԿ ԺԱՊԱԼ ՄԸՀՍԵՆԻ ԵՒ ՊԱՊ ԹԸՊՊԱՆԷԻ ՄԻՋԵՒ ԶԻՆԵԱԼ ԲՈՒՌՆ ԲԱԽՈՒՄՆԵՐԸ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԻՆ
Լիբանանեան բանակը երէկ տեղակայուեցաւ հիւսիսային Լիբանան- Սուրիա սահմանամերձ շրջանի Ուատի Խալետ եւ Աքրում գիւղաքաղաքներուն մէջ: Բանակին նպատակն է սահմանափակել դէպի Սուրիա զէնքի մաքսանենգումը եւ պահպանել սահմանը: Միւս կողմէ, նախանցեալ երեկոյեան ... Շարն.
1200 ՏԱՐԻ ԵՏՔ` ՄԱՐՈՆԻ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՄԸ ՀՈՎՈՒԱՊԵՏԱԿԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ԿՈՒ ՏԱՅ ԿԻՊՐՈՍ
Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ առաւօտեան հովուապետական այցելութեամբ մը մեկնեցաւ Կիպրոս: Ռայի պատրիարքին կատարած այս այցելութիւնը պատմական այցելութիւն է` նկատի ունենալով, որ 1200 տարիէ ի վեր առաջին անգամ ըլլալով ... Շարն.
ՄԱՐ ՄԱՐՈՆԻ ՏՕՆԸ` ՀԱՄԱՅՆՔԻՆ ՊԷՅՐՈՒԹԻ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ
Մար Մարոնի տօնին առիթով, մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը անցեալ հինգշաբթի օր Պէյրութի մարոնի համայնքին առաջնորդարանին մէջ նախագահեց օրուան պատարագին, որուն ներկայ գտնուեցան հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման, խորհրդարանի նախագահ ... Շարն.
ՄԱՄԼՈՅ ԱՐՁԱԿՈՒՐԴ
Մար Մարոնի տօնին առիթով եւ համաձայն Մամլոյ սենտիքայի որոշումին, «Ազդակ» լոյս պիտի չտեսնէ ուրբաթ, 10 փետրուար 2012-ին: Մեր յաջորդ թիւը` շաբաթ, 11 փետրուարին: Շարն.
ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԼԷՅՄԱՆ ԿՈՉ ՈՒՂՂԵՑ ԼԻԲԱՆԱՆՑԻՆԵՐՈՒՆ ՀԱՄԱԽՄԲՈՒԵԼՈՒ ԲԱՆԱԿԻՆ ՇՈՒՐՋ
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ դրուատեց լիբանանեան բանակին դերակատարութիւնը` պահպանելու համար երկրին ապահովական կայունութիւնն ու քաղաքացիական անվտանգութիւնը: Նախագահ Սլէյման ողջունեց քաղաքական տարակարծութիւններէն եւ լարուածութենէն հեռու մնալու լիբանանեան բանակին առաքելութիւնը, ... Շարն.
ՓԼԱՄՊԼԻ ԱՅՑԵԼԵՑ ԻՇԽԱՆՈՒԹԵԱՆ ՊԵՏԵՐՈՒՆ ԵՒ ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾՈՑ ՆԱԽԱՐԱՐԻՆ
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի նոր նշանակուած անձնական ներկայացուցիչ Տերեք Փլամպլին, որուն հետ քննարկեց անոր ստանձնելիք աշխատանքները եւ այդ առիթով ... Շարն.
ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ՉՈՐԵՔՇԱԲԹԻ ՕՐՈՒԱՆ ԵՐԵՍՓՈԽԱՆԱԿԱՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ խորհրդարանին մէջ ընդունեց շարք մը երեսփոխաններ, որոնց հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ մէջ արձանագրուած վերջին զարգացումները: Պըրրի ընդունեց նաեւ ընկերային հարցերու ... Շարն.
ՄԻՔԱԹԻ ՇԵՇՏԵՑ ԵՐԿՐԻՆ ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ ԿԱՅՈՒՆՈՒԹԻՒՆԸ ՊԱՀՊԱՆԵԼՈՒ ԱՆՀՐԱԺԵՇՏՈՒԹԻՒՆԸ
Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի, որ այսօր պաշտօնական այցելութեամբ մը կը մեկնի Ֆրանսա` հանդիպումներ ունենալու համար Ֆրանսայի նախագահ Նիքոլա Սարքոզիի, ֆրանսացի իր պաշտօնակիցին եւ բարձրաստիճան այլ պաշտօնատարներու հետ, երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց ... Շարն.
«Կ՛ԱՂՕԹԵՆՔ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԵՒ ԱՐԱԲԱԿԱՆ ԱՇԽԱՐՀԻ ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ» ՅԱՅՏՆԵՑ ՌԱՅԻ ՊԱՏՐԻԱՐՔ
Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ այցելեց Քահհալէ, Հատաթ եւ Լուայզէ շրջանները: Ս. Աստուածամօր անուան եկեղեցւոյ մէջ Ռայի պատրիարքը մատուցեց պատարագ մը, որուն ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ շեշտեց, որ ինք ... Շարն.
ՕՄԱՐ ՔԱՐԱՄԷ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՍՈՒՐԻՈՅ ԴԵՍՊԱՆԸ
Նախկին վարչապետ Օմար Քարամէ երէկ Պէյրութի իր բնակարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Սուրիոյ դեսպան Ալի Ապտել Քերիմ Ալին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւններն ու Սուրիոյ մէջ արձանագրուած զարգացումները: Հանդիպումին ներկայ ... Շարն.

