Category: Լիբանանեան

ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԼԷՅՄԱՆ – ՊԸՐՐԻ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԼԷՅՄԱՆ – ՊԸՐՐԻ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

January 26, 2012

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրին, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ խորհրդարանական մնայուն եւ միացեալ յանձնախումբերուն վերաբերող աշխատանքները` վաւերացնելու ... Շարն.

ՊԸՐՐԻ ՆԱԽԱԳԱՀԵՑ ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԱԿԱՆ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԻ ՆԻՍՏԻՆ

ՊԸՐՐԻ ՆԱԽԱԳԱՀԵՑ ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԱԿԱՆ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԻ ՆԻՍՏԻՆ

January 26, 2012

Ելեւմուտքի եւ պետական պիւտճէի խորհրդարանական մնայուն յանձնախումբի անդամ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն երեսփոխաններուն կողմէ յանձնախումբին նիստերուն իրենց մասնակցութիւնը պոյքոթի ենթարկելէ ետք, երէկ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ  Պըրրի նախագահեց յանձնախումբին նիստին: Նիստին ... Շարն.

ՄԻՔԱԹԻ ՊՔԵՐՔԷԻ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԻՆ ՀԵՏ ՔՆՆԱՐԿԵՑ ԵՐԵՍՓՈԽԱՆԱԿԱՆ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ՕՐԻՆԱԳԻԾԸ

ՄԻՔԱԹԻ ՊՔԵՐՔԷԻ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԻՆ ՀԵՏ ՔՆՆԱՐԿԵՑ ԵՐԵՍՓՈԽԱՆԱԿԱՆ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ՕՐԻՆԱԳԻԾԸ

January 26, 2012

Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանի ընդհանուր դատախազ Տանիէլ Պելմարը, որուն այցելութեան նպատակն էր հրաժեշտ տալ վարչապետին` Միջազգային դատական ատեանի նախագահութեան պաշտօնէն իր հրաժարելուն ... Շարն.

ՄԱՆՍՈՒՐ ԱԼԻԻ ՀԵՏ ՔՆՆԱՐԿԵՑ ԼԻԲԱՆԱՆ-ՍՈՒՐԻԱ ՍԱՀՄԱՆԱՅԻՆ ԻՐԱԴԱՐՁՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

ՄԱՆՍՈՒՐ ԱԼԻԻ ՀԵՏ ՔՆՆԱՐԿԵՑ ԼԻԲԱՆԱՆ-ՍՈՒՐԻԱ ՍԱՀՄԱՆԱՅԻՆ ԻՐԱԴԱՐՁՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

January 26, 2012

Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ատնան Մանսուր երէկ Պուսթրոս պալատին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Սուրիոյ դեսպան Ալի Ապտել Քերիմ Ալին, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ ... Շարն.

ՆԱԽԱՐԱՐ ՍԱՊՈՒՆՃԵԱՆ ԿՈՉ ՈՒՂՂԵՑ ԳՈՐԾԱՐԱՆՆԵՐՈՒՆ ՄԷՋ ԲՌՆԿՈՂ ՀՐԴԵՀՆԵՐՈՒՆ ԱՌԱՋՔԸ ԱՌՆԵԼՈՒ

January 26, 2012

Ճարտարարուեստի նախարար Վրէժ Սապունճեան երէկ ցաւ յայտնեց լիբանանեան տարբեր շրջաններուն մէջ բռնկած հրդեհներուն առաջքը չառնելու իմաստով: Ան ցաւ յայտնեց Սատ Պաուշրիէի մէջ կօշիկ արտադրող գործարանին մէջ բռնկած հրդեհին համար, զօրակցեցաւ ... Շարն.

ՌԱՅԻ ՊԱՏՐԻԱՐՔԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԱՍԻՐԻՆ

January 26, 2012

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ալի Աուատ Ասիրին, որուն հետ քննարկեց տեղական եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները: Հանդիպումէն ետք ... Շարն.

ՀԸԶՊԱԼԼԱ ԿԸ ՄԵՐԺԷ ԵԼԵԿՏՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՏԱԳՆԱՊԻՆ ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒՈՒԹԻՒՆԸ ՎԵՐԱԳՐԵԼ ՆԱԽԱՐԱՐՈՒԹԵԱՆ ՄԸ

January 26, 2012

Հըզպալլա երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ կոչ ուղղեց կառավարութեան ստանձնելու իր պատասխանատուութիւնները եւ ոչ թէ ամբողջ երկրին ելեկտրականութեան տագնապը նախարարութեան մը պատասխանատուութիւնը նկատելու: Հըզպալլայի հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ այդ ... Շարն.

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ

January 26, 2012

ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու նոր նշանակուած հրամանատար զօր. Փաուլօ Սիերա ժամանեց Պէյրութ` իր պաշտօնը ստանձնելու համար զօր. Ալպերթօ Ասարթայէն: ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ ... Շարն.

ՎԵՐՋԻՆ ԺԱՄ. ՊԵԼՄԱՐ ԵՒ ՈՒԻՍԱՄ ՀԱՍԱՆ ԺԱՄԱՆԵՑԻՆ ՊԷՅՐՈՒԹ

January 25, 2012

«Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանի ընդհանուր դատախազ Տանիէլ Պելմար եւ ներքին ապահովութեան ուժերու տեղեկահաւաքի բաժանմունքի ընդհանուր տնօրէն Ուիսամ Հասան, երէկ երեկոյեան նոյն օդանաւով Փարիզէն ժամանեցին Պէյրութ», հաղորդեց «Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանը: Շարն.

ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԼԷՅՄԱՆ ՄԱՆՍՈՒՐԻ ՀԵՏ ՔՆՆԱՐԿԵՑ ԱՐԱԲ ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾՈՑ ՆԱԽԱՐԱՐՆԵՐՈՒ ԽՈՐՀՐԴԱԺՈՂՈՎԻՆ ԱՐԴԻՒՆՔՆԵՐԸ

ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԼԷՅՄԱՆ ՄԱՆՍՈՒՐԻ ՀԵՏ ՔՆՆԱՐԿԵՑ ԱՐԱԲ ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾՈՑ ՆԱԽԱՐԱՐՆԵՐՈՒ ԽՈՐՀՐԴԱԺՈՂՈՎԻՆ ԱՐԴԻՒՆՔՆԵՐԸ

January 25, 2012

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ատնան Մանսուրը, որուն հետ քննարկեց Արաբական լիկայի կեդրոնին մէջ կայացած արաբ արտաքին գործոց ... Շարն.

ՊԸՐՐԻ – ՈՒԱԹՔԻՆԶ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

ՊԸՐՐԻ – ՈՒԱԹՔԻՆԶ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

January 25, 2012

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ  Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի փոխներկայացուցիչ Ռոպըրթ Ուաթքինզը: Հանդիպումէն ետք Ուաթքինզ յայտնեց, որ Պըրրիի հետ քննարկած է Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 ... Շարն.

ՀԱՄԱԽՄԲՈՒՄԻ ՆԻՍՏԷՆ ԵՏՔ ԶՕՐ. ԱՈՒՆ ՊԱՇՏՊԱՆԵՑ ՆԱԽԱՐԱՐ ՊԱՍԻԼԸ ԵՒ ԿՈՉ ՈՒՂՂԵՑ ՑՈՅՑԻ

ՀԱՄԱԽՄԲՈՒՄԻ ՆԻՍՏԷՆ ԵՏՔ ԶՕՐ. ԱՈՒՆ ՊԱՇՏՊԱՆԵՑ ՆԱԽԱՐԱՐ ՊԱՍԻԼԸ ԵՒ ԿՈՉ ՈՒՂՂԵՑ ՑՈՅՑԻ

January 25, 2012

Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումը երէկ կէսօրէ ետք Ռապիէի մէջ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի: Նիստէն ետք զօր. Աուն յայտնեց, որ 2008-ին խորհրդարանը մերժեց ուժանիւթի ... Շարն.

ՄԻՔԱԹԻ ՆԱԽԱԳԱՀԵՑ ԵԼԵԿՏՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՄԱՐԶԻՆ ՎԵՐԱԲԵՐՈՂ ՕՐԷՆՔԻ ԲԱՐԵԿԱՐԳՄԱՆ ՆԻՍՏԻՆ

ՄԻՔԱԹԻ ՆԱԽԱԳԱՀԵՑ ԵԼԵԿՏՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՄԱՐԶԻՆ ՎԵՐԱԲԵՐՈՂ ՕՐԷՆՔԻ ԲԱՐԵԿԱՐԳՄԱՆ ՆԻՍՏԻՆ

January 25, 2012

Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ նախագահեց ելեկտրականութեան մարզի վերակազմաւորման վերաբերող թիւ 462 օրէնքի բարեկարգման պատասխանաու նախարարական յանձնախումբի նիստին: Նիստին ներկայ գտնուեցան ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլ, առողջապահութեան ... Շարն.

ՖԱՅԵԶ ՔԱՐԱՄ ԴԱՏԱՊԱՐՏՈՒԵՑԱՒ ԵՐԿՈՒ ՏԱՐՈՒԱՆ ԲԱՆՏԱՐԿՈՒԹԵԱՆ

January 25, 2012

Զինուորական ատեանը երէկ հանգստեան կոչուած զօրավար, Ազգային ազատ հոսանքի պատասխանատուներէն Ֆայեզ Քարամի դէմ արձակեց դատական վճիռ մը, որուն հիման վրայ ան երկու տարուան բանտարկութեան դատապարտուեցաւ: Զինուորական ատեանի դատախազ Ալիս Շապթինիի ... Շարն.

ՌԱՅԻ ՊԱՏՐԻԱՐՔԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՆԱԽԱՐԱՐ ՔԱՐԱՄԸ

January 25, 2012

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ ընդունեց պետական նախարար Սելիմ Քարամը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ մարոնի համայնքին վերաբերող շարք մը հարցեր: Հանդիպումէն ետք Քարամ ... Շարն.

ԶՕՐ. ՔԱՀՈՒԱԺԻ ՊԱՐԳԵՒԱՏՐԵՑ ԶՕՐ. ԱՍԱՐԹԱՆ

ԶՕՐ. ՔԱՀՈՒԱԺԻ ՊԱՐԳԵՒԱՏՐԵՑ ԶՕՐ. ԱՍԱՐԹԱՆ

January 25, 2012

Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի երէկ Եարզէի մէջ ընդունեց հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու հրամանատար զօր. Ալպերթօ Ասարթան, որուն այցելութիւնը ունէր հրաժեշտի բնոյթ: Զօր. Քահուաժի դրուատեց ... Շարն.

ԿԱՆՑ. «ՀԸԶՊԱԼԼԱ ԿԸ ՋԱՆԱՅ ԻՍՐԱՅԷԼԷՆ ԴՈՒՐՍ ԱՀԱԲԵԿՉԱԿԱՆ ԳՈՐԾՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ԿԱՏԱՐԵԼ»

January 25, 2012

Իսրայէլեան բանակի սպայակոյտի պետ Պենի Կանց յայտնեց, որ նոյնիսկ երբ Լիբանան - Իսրայէլ սահմանները հանդարտ են ու խաղաղ, Հըզպալլա կը շարունակէ Իսրայէլի դէմ գործել: Զօր. Կանց նշեց, որ Հըզպալլա ամէն ... Շարն.

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ ՊԼՈՔԸ ՄԱՆՍՈՒՐԻ ԴԷՄ ԻՐ ԸՆԴՎԶՈՒՄԸ ԿԸ ՅԱՅՏՆԷ

January 25, 2012

Մուսթաքպալ երեսփոխանական պլոքը երէկ գումարեց իր նիստը, որուն ընթացքին ան իր խիստ ընդվզումը յայտնեց  արտաքին գործոց նախարար Ատնան Մանսուրի դէմ` նկատի ունենալով Արաբական լիկային մէջ անոր դերակատարութիւնն ու կեցուածքները: Մուսթաքպալ ... Շարն.

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ

January 25, 2012

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան ղեկավար Ամին Ժեմայէլ յայտնեց, որ Լիբանանի կառավարութիւնը պիտի չհրաժարի, որովհետեւ Հըզպալլա ամէն ջանք ի գործ կը դնէ զայն պահպանելու համար: Ան շեշտեց, որ սուրիական վարչակարգին աւարտը մօտալուտ է: ... Շարն.

ՀՅԴ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏԷՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՆՈՂ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԼէՅՄԱՆԻ ԵՒ ՆԵՊԻՀ ՊԸՐՐԻԻ

ՀՅԴ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏԷՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՆՈՂ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԼէՅՄԱՆԻ ԵՒ ՆԵՊԻՀ ՊԸՐՐԻԻ

January 24, 2012

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կազմեցին Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Յովիկ Մխիթարեան, Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան ... Շարն.