Category: Լիբանանեան
ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ԺԱԼ ԷԼ ՏԻՊԻ ԿԱՄՈՒՐՋԸ ԿԱԶՄԱՔԱՆԴԵԼՈՒ ԱՇԽԱՏԱՆՔԸ ՎՍՏԱՀԵՑԱՒ ԲԱՐԳԱՒԱՃՈՒՄԻ ԵՒ ՎԵՐԱԿԱՌՈՒՑՈՒՄԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻՆ
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ երեկոյեան ժամը 4:30-ին Պաապտայի մէջ նախագահեց կառավարութեան գումարած նիստին, որուն ներկայ գտնուեցաւ նաեւ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի: Նախքան նիստին գումարումը, նախագահ Սլէյման եւ վարչապետ Միքաթի ... Շարն.
ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԼԷՅՄԱՆ ԱՊԱՏԻԻ ՀԵՏ ՔՆՆԱՐԿԵՑ ԻՐԱՆԻ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ՊԱՀԱԿԱԳՈՒՆԴԻ ՀՐԱՄԱՆԱՏԱՐԻՆ ՎԵՐԱԳՐՈՒԱԾ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆԸ
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Ղատանֆար Ապատին, որուն հետ քննարկեց Իրանի Յեղափոխական պահակագունդի հրամանատարին վերագրուած այն յայտարարութիւնը, թէ իրանեան բանակը կը գտնուի հարաւային Լիբանանի ... Շարն.
ՄԻՔԱԹԻ ՀԱՍՏԱՏԵՑ ՔԱՐԻՒՂԻ ՊԵՂՄԱՆ ԱՊԱՀՈՎԱԾ ՆԻՒԹԱԿԱՆ ԳՈՒՄԱՐՆԵՐՈՒՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ՍՆՏՈՒԿԻ ՄԸ ՀԻՄՆՈՒՄԸ
Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ հաստատեց քարիւղի եւ բնական կազի պեղման ապահովելիք նիւթական գումարներուն յատուկ ազգային սնտուկի մը հիմնումը` աւելցնելով, որ այդ սնտուկին գումարները պիտի օգտագործուին միայն Լիբանանի պետական գանձարկղին մէջ ... Շարն.
ՆԱԽԱՐԱՐ ՍԱՊՈՒՆՃԵԱՆ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՄԸՔՈՒԱՏԸ ԵՒ ԺԵՄԱՅԷԼԸ
Ճարտարարուեստի նախարար Վրէժ Սապունճեան երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց ՄԱԿ-ի ճարտարարուեստի մարզի բարգաւաճման կազմակերպութեան շրջանային գրասենեակի տնօրէն Խալետ Մըքուատը եւ Ծրարումի լիբանանեան կեդրոնի տնօրէն Ֆատի Ժեմայէլը, որոնց հետ քննարկեց զոյգ ... Շարն.
ՊԱՍԻԼ. «ԵԼԵԿՏՐԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ՅԱՐՄԱՐ ՄԱՐԶԸ ՉԷ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՊԱՏԳԱՄՆԵՐ ԱՐՁԱԿԵԼՈՒ»
Ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլ երէկ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտարարեց, որ Լիբանանի մէջ ելեկտրական հոսանքի անջատման թղթածրարը պէտք է լուծել ելեկտրականութեան հարցը լուծելու նպատակով որդեգրուած ծրագիրին գործադրութեամբ: ... Շարն.
ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՄԻՒՖԹԻՆ ԴԱՏԱՊԱՐՏԵՑ ԱՐԻՏԱՅԻ ՄԻՋԱԴԷՊԸ
Հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Մոհամետ Ռաշիտ Քապպանի խստիւ դատապարտեց Արիտայի միջադէպը եւ իր զօրակցութիւնը յայտնեց միջադէպին պատճառով զոհուած 16-ամեայ պատանի Մահեր Համատի ընտանիքին: Միւֆթի Քապպանի կոչ ուղղեց լիբանանեան պետութեան պահպանելու Լիբանան-Սուրիա ... Շարն.
ՌԱՅԻ ՊԱՏՐԻԱՐՔԸ ՄԻՒՖԹԻ ՇԱԱՐԻ ՀԵՏ ՔՆՆԱՐԿԵՑ ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԻՐԱԴԱՐՁՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ
Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ երեկոյեան Պքերքէի մէջ ընդունեց Թրիփոլիի եւ Հիւսիսային Լիբանանի միւֆթի Մալեք Շաարը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ իր հիւսիսային Լիբանան կատարելիք այցելութեան նախապատրաստութիւնները: ... Շարն.
ԺՈՄՊԼԱԹ. «ԿՈՉ Կ՛ՈՒՂՂԵՆՔ ԱՐԱԲԱԿԱՆ ԼԻԿԱՅԻՆ ՄԷՋ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿԻՆ ԼՈՒՌ ՄՆԱԼՈՒ»
Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ «Անպա» թերթին մէջ լոյս տեսած շաբաթական իր յօդուածին մէջ նկատել տուաւ, որ շրջանային եւ միջազգային առանցքային խաղերը վերջ գտած են` առանց Սուրիոյ շուրջ ... Շարն.
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Մույին Մերեհպի «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին ակնարկեց Արիտայի ապահովական միջադէպին` նշելով, որ իրեն համար անյստակ է այն իրականութիւնը, թէ հանրապետութեան նախագահը, վարչապետը, պաշտպանութեան ... Շարն.
ՀԻՒՍԻՍԱՅԻՆ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄԷՋ ՄԻՋԱԴԷՊ ՄԸ ԼԱՐՈՒԱԾ ԿԱՑՈՒԹԻՒՆ ԿԸ ՍՏԵՂԾԷ ԼԻԲԱՆԱՆ – ՍՈՒՐԻԱ ՍԱՀՄԱՆԻՆ ՎՐԱՅ
Հիւսիսային Լիբանան-Սուրիա սահմանին վրայ շաբաթավերջին արձանագրուած լարուածութեան պատճառով սպաննուեցաւ լիբանանցի պատանի մը եւ ձերբակալուեցան երկու ուրիշներ, որոնք սակայն 24 ժամ ետք ազատ արձակուեցան` իրենց հետ ունենալով պատանիին դիակը: Շաբաթ առաւօտեան ... Շարն.
ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԼԷՅՄԱՆ ԱՅՑԵԼԵՑ ՄԱՐ ՌՈՒՔՈԶԻ ՎԱՆՔԸ
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման շաբաթ օր այցելեց Տեքուանէի Մար Ռուքոզի վանքը, ուր ընդունուեցաւ Մարոնիական անտոնեան միաբանութեան մեծաւոր հայր Տաուտ Ռաայտիի կողմէ: Նախագահ Սլէյման ներկայ գտնուեցաւ այդ միաբանութեան հիմնադրութեան առիթով ... Շարն.
«ՖԵՆԻՍԻԱ»-Ի ՄԷՋ ՄԻՔԱԹԻ ՀՈՎԱՆԱՒՈՐԵՑ «ԷՐՊԱՍ 320» ՏԻՊԻ ՕԴԱՆԱՒԻ ՄԸ «ՄԻՏԸԼ ԻՍԹ»-Ի ՄԻԱՆԱԼՈՒՆ ՅԱՏՈՒԿ ՁԵՌՆԱՐԿ ՄԸ
Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի շաբաթավերջին «Ֆենիսիա» պանդոկին մէջ հովանաւորեց «էրպաս 320» տիպի 15-րդ օդանաւուն «Միտըլ Իսթ» օդանաւային ընկերութեան միանալուն յատուկ ձեռնարկ մը: Ձեռնարկին ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ վարչապետ Միքաթի շեշտեց, ... Շարն.
ՄՈՀԱՄԵՏ ՌԱԱՏ. «ՉԵՆՔ ՓԱՓԱՔԻՐ ԻՍՐԱՅԷԼԻ ՀԵՏ ՃԱԿԱՏԻԼ, ՍԱԿԱՅՆ ՊԱՏՐԱՍՏ ԵՆՔ…»
Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ Մոհամետ Ռաատ յայտնեց, որ Դիմադրութիւնը չի փափաքիր Իսրայէլի հետ պատերազմիլ, սակայն որեւէ ներխուժման սանձազերծումի պարագային, Դիմադրութիւնը կազմ ու պատրաստ է ճակատելու թշնամիին հետ: Ռաատ շեշտեց, ... Շարն.
ԺԱԼ ԷԼ ՏԻՊԻ ԿԱՄՈՒՐՋԸ ՊԻՏԻ ԱՊԱՍԱՐՔՈՒԻ
Բարգաւաճումի եւ վերակառուցման ազգային խորհուրդի անդամ ճարտարապետ Էլի Հըլու յայտնեց, որ Ժալ Էլ Տիպի կամուրջը ապասարքելու աշխատանքները պիտի սկսին շուրջ մէկ շաբաթէն: Ան նկատել տուաւ, որ ներկայիս խորհուրդը կամուրջին տակ ... Շարն.
ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՄԻՒՖԹԻՆ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՄԱԹԱՐ ԵՊԻՍԿՈՊՈՍԸ
Հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Մոհամետ Ռաշիտ Քապպանի շաբաթավերջին Տար Ֆաթուայի մէջ ընդունեց մարոնի համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Պուլոս Մաթար եպիսկոպոսը` ներկայութեամբ Իսլամ-քրիստոնեայ երկխօսութեան ազգային յանձնախումբի ընդհանուր քարտուղար Հարես Շեհապի: Հանդիպումին ընթացքին Մաթար ... Շարն.
ՍԱԱՏ ՀԱՐԻՐԻ Կ՛ԵՆԹԱՐԿՈՒԻ ՎԻՐԱԲՈՒԺՈՒԹԵԱՆ
Նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի շաբաթավերջին Ֆրանսայի ամերիկեան հիւանդանոցին մէջ ենթարկուեցաւ վիրաբուժութեան, որովհետեւ ան Ալպեան լեռներուն վրայ չմշկելու ընթացքին ինկած էր ու կոտրած իր ձախ ոտքը: Այս առիթով Հարիրիի հետ հեռաձայնային ... Շարն.
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ
ՖՐԱՆՍԱՅԻ նախագահ Նիքոլա Սարքոզի իր երկրին դիւանագիտական անձնակազմին հետ հանդիպումին ընթացքին շեշտեց, որ Փարիզ մնայուն կերպով պիտի զօրակցի Լիբանանին` աւելցնելով, որ Ֆրանսա բարեկամ է բոլոր լիբանանցիներուն, առանց խտրութեան: ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական ... Շարն.
ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԼԷՅՄԱՆ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆ ՓՈԽԱՆՑԵՑ ՔԱՂԱՔԱՑԻՈՒԹԵԱՆ ՎԵՐԱՏԻՐԱՆԱԼՈՒ ՊԱՅՄԱՆՆԵՐԸ ՃՇԴՈՂ ՕՐԻՆԱԳԻԾԸ
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ ստորագրեց թիւ 7413 հրամանագիրը, որուն հիման վրայ խորհրդարան փոխանցեց քաղաքացիութեան վերատիրանալու պայմանները ճշդող օրինագիծը: Միւս կողմէ, նախագահ Սլէյման նախագահական պալատին մէջ ընդունեց երեսփոխան Պութրոս ... Շարն.
ԱՇԽԱՏԱՆՔԻ ՆԱԽԱՐԱՐԸ ՍՏՈՐԱԳՐԵՑ ԱՇԽԱՏԱՎԱՐՁԻ ՅԱՒԵԼՄԱՆ ՈՐՈՇՈՒՄԸ
Աշխատանքի նախարար Շարպել Նահհաս երէկ ստորագրեց կառավարութեան կողմէ վաւերացուած աշխատավարձերու յաւելման որոշումը, սակայն մերժեց ստորագրել փոխադրածախսի որոշումը` նկատելով, որ անիկա Պետական շուրայի որոշումներուն հետ կը հակադրուի: Կը նախատեսուի, որ այսօր ... Շարն.
ՊԸՐՐԻ. «ԼԻԲԱՆԱՆԸ ՊԷՏՔ Է ՓՐԿԵԼ ԱՄԷՆ ՉԱՐԻՔԷ»
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Խմբագիրներու սենտիքայի մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ սենտիքայի փոխնախագահ Սայիտ Նասրէտտինի: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները: Այս շրջագիծին մէջ Պըրրի յայտնեց, ... Շարն.

