Category: Միջազգային
ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔՐԷԱԿԱՆ ԴԱՏԱՐԱՆԸ ՊԱՏՐԱՍՏ Է ՔԱԶԶԱՖԻԻ ՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ԶԻՆՈՒՈՐԱԿԱՆ ՅԱՆՑԱԳՈՐԾՈՒԹԻՒՆ ՈՐԱԿԵԼՈՒ
Լա Հէյի Միջազգային քրէական դատարանի գլխաւոր դատախազ Լուիս Մորենօ Օքամփօ յայտնած է, որ դատարանը Լիպիոյ նախկին ղեկավար Մոամմար Քազզաֆիի սպանութիւնը յանցագործութիւն կ՛որակէ: Ան շեշտած է, որ սպանութեան համար պատասխանատուութեան ենթարկելու ... Շարն.
ՔԱՐԼՈՍ ԵՐԿՐՈՐԴ ԱՆԳԱՄ ԸԼԼԱԼՈՎ ՑԿԵԱՆՍ ԲԱՆՏԱՐԿՈՒԹԵԱՆ ԴԱՏԱՊԱՐՏՈՒԵՑԱՒ
Ֆրանսական դատարանը երկրորդ անգամ ըլլալով ցկեանս բանտարկութեան դատապարտեց վենեզուելացի ահաբեկիչ Իլյիչ Ռամիրես Սանչեսը, որ ծանօթ է Շնագայլ Քարլոս ծածկանունով: 62-ամեայ վենեզուելացի ահաբեկիչը կը մեղադրուի 1980-ական թուականներուն Ֆրանսայի մէջ չորս ահաբեկչութիւններ ... Շարն.
«ԹՈՒՐՔԻԱ ԻՍՐԱՅԷԼԸ ԾՈՒՆԿԻ ԲԵՐԱԾ Է» Կ՛ԸՍԷ ՏԱՒՈՒԹՕՂԼՈՒ
Ռուսական «Վզ.ռու» կայքէջը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու յայտարարած է, որ Միջին Արեւելքի մէջ Թուրքիոյ կողմէ գործադրուող քաղաքականութիւնը «Իսրայէլը ծունկի բերած է»: Թուրքիոյ դիւանագիտութեան պետը այս ... Շարն.
ՌՈՒՍԻՈՅ ՎԱՐՉԱՊԵՏԸ ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆԸ ՔԱԶԶԱՖԻԻ ՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՅԱՆՑԱՆՔՈՎ ԱՄԲԱՍՏԱՆԵՑ. «ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՈՒԺԵՐՈՒ ԻՍԿԱԿԱՆ ՊԱՏԿԵՐԸ Կ՛ԱՐՏԱՑՈԼԵՆ» Կ՛ԸՍԷ ՓՈՒԹԻՆ
Ռուսիոյ վարչապետ, նախագահական թեկնածու Վլատիմիր Փութին երէկ «Ռոսիա24» պատկերասփիւռի կայանէն ուղղակի պատկերասփռուած զրոյցի մը ընթացքին անդրադարձած է Տումայի ընտրութիւններու արդիւնքներուն եւ անոնցմէ դժգոհ ընդդիմութեան կատարած հանրահաւաքին: «Այն իրողութիւնը, որ մարդիկ ... Շարն.
ԷՐՏՈՂԱՆ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԶԻՆՈՒՈՐԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻՆ ՀԵՏ ԿԸ ՔՆՆԱՐԿԷ ՍՈՒՐԻՈՅ ՍԱՀՄԱՆԻՆ ՎՐԱՅ ՏԻՐՈՂ ԱՊԱՀՈՎԱԿԱՆ ՎԻՃԱԿԸ
Թուրքիոյ զինուորական բարձրագոյն խորհուրդը երէկ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանին հետ քննարկեց Թուրքիա-Սուրիա սահմանին վրայ ապահովական վատթարացած կացութեան, Կիպրոսի եւ ՔԱԿ-ի դէմ պայքարի հարցերը: Ժողովին մասնակցեցան պաշտպանութեան նախարար Իսմաթ Եըլմազ, Թուրքիոյ ... Շարն.
ԻՐԱՔԻ ՄԷՋ ՊԱՏԵՐԱԶՄԸ ԱՒԱՐՏԵՑԱՒ. ՊԱՂՏԱՏԻ ՄԷՋ ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ ԴՐՕՇԸ ՎԱՐ ԱՌՆՈՒԵՑԱՒ
Իրաքի մէջ պատերազմի աւարտին իբրեւ ցուցանիշ երէկ Պաղտատի մէջ ամերիկեան դրօշը վար առնուեցաւ: Ամերիկեան դրօշի վար առնուելուն արարողութեան մասնակցեցաւ Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Լէոն Փանեթա: Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա ... Շարն.
ԺԱՔ ՇԻՐԱՔ ԲԱՆՏԱՐԿՈՒԹԵԱՆ ԴԱՏԱՊԱՐՏՈՒԵՑԱՒ
Փարիզի դատարանը Ֆրանսայի նախկին նախագահ Ժաք Շիրաքը մեղաւոր ճանչցաւ պիւտճէական միջոցները յափշտակելու եւ ծառայողական լիազօրութիւնները շրջանցելու համար: ԱՖՓ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Շիրաք մեղաւոր ճանչցուած է 1992-1995-ին Փարիզի քաղաքապետի ... Շարն.
«ԹՈՒՐՔԻԱ ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԷՋ ԱՊԱՀՈՎԱԿԱՆ ԳՕՏԻ ՍՏԵՂԾԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ ԱՐԱԲԱԿԱՆ ԵՒ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ԿԱՆԱՉ ԼՈՅՍԻ ԿԸ ՍՊԱՍԷ» Կ՛ԸՍԷ ՔՈՒՐՊԻ
Պահրէյնի արտաքին գործոց նախարար շէյխ Խալետ պըն Ահմատ Ալ Խալիֆա «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին խօսելով Սուրիոյ հարցին մասին յայտարարեց, որ «արաբական աշխարհը Արաբական լիկային մէջ ներկայացուած ... Շարն.
ՏԱՒՈՒԹՕՂԼՈՒ ԱՆՀԱՆԳՍՏԱՑԱԾ Է ԻՐԱՆԵԱՆ ՍՊԱՌՆԱԼԻՔԷՆ
Ամերիկեան «Ռատիօ Սաուա» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու իրանցի իր պաշտօնակիցին հետ ունեցած է հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը, որուն ընթացքին անհանգստութիւն յայտնած է Իրանի խորհրդարանի ... Շարն.
ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԸ ՄՈՍԿՈՒԱՅԻՆ ԿՈՉ Կ՛ՈՒՂՂԷ ՆՈՐ, ԱԶԱՏ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ԿԱՏԱՐԵԼՈՒ
Եւրոպական խորհրդարանը երէկ որդեգրեց բանաձեւ մը, որ Ռուսիոյ իշխանութիւններուն կոչ կ՛ուղղէ նոր, ազատ խորհրդարանական ընտրութիւններ կատարելու: Ըստ բանաձեւին, նոր ընտրութիւններուն ընթացքին ընդդիմադիր կուսակցութիւններուն արձանագրուելու կարելիութիւն պէտք է ընծայուի: Կոչ կ՛ուղղուի ... Շարն.
ՄԱԿ-Ի ԱՊԱՀՈՎՈՒԹԵԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ ՔՆՆԱՐԿԵՑ ՍՈՒՐԻՈՅ ԿԱՑՈՒԹԵԱՆ ՎԵՐԱԲԵՐՈՂ ԶԵԿՈՒՑՈՒՄ ՄԸ. «ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԷՋ ԶԻՆԵԱԼ ԾԱՅՐԱՅԵՂԱԿԱՆ ԽՄԲԱԿՆԵՐՈՒՆ ՆՊԱՏԱԿԸ ԱՐՏԱՔԻՆ ՄԻՋԱՄՏՈՒԹԻՒՆԸ ԱՐԴԱՐԱՑՆԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ ՄԱՐԴԱՍԻՐԱԿԱՆ ԱՂԷՏ ՍՏԵՂԾԵԼՆ Է» Կ՛ԸՍԷ ԼԱՒՐՈՎ
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով Մոսկուայի մէջ Ալճերիոյ արտաքին գործոց նախարարին հետ միացեալ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտարարեց, որ «Սուրիոյ մէջ գործող զինեալ ծայրայեղական խմբակներուն նպատակը երկրին ներքին հարցերուն ... Շարն.
ԱՐԱԲ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՆԵՐ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԵՆ, ՈՐ ՔԱԹԱՐԻ ԻՇԽԱՆՆ ՈՒ ԷՐՏՈՂԱՆԸ ՊԱՂԵՍՏԻՆՑԻ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԷՆ ՆԵՐՈՒՄ ՀԱՅՑԵՆ
«Պաղեստինը մասնատումը չ՛ընդունիր, ո՜վ Քաթար» արշաւի ընդհանուր քարտուղար, լրագրող Աուատ Ապու Տաքքա Դիմատետրի վրայ ողջունեց երիտասարդական ուժերն ու այն քաղաքական կողմերը, որոնք ընդառաջելով իրենց արշաւի հրաւէրին` երկուշաբթի գիշեր Յորդանանի մայրաքաղաք ... Շարն.
«ԱՄԵՐԻԿԱՑԻ ԶԻՆՈՒՈՐՆԵՐԸ ԻՐԱՔԸ ՊԱՏԻՒՈՎ ԿԸ ԼՔԵՆ» Կ՛ԸՍԷ ՕՊԱՄԱ
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա եւ Իրաքի վարչապետ Նուրի Մալիքի Սպիտակ տան մէջ հանդիպում մը ունեցան, ապա Ուաշինկթընի Արլինկթըն ազգային գերեզմանատան մէջ ծաղկեպսակներ զետեղեցին Իրաքի մէջ զոհուած ամերիկացի զինուորներու շիրիմներուն: ... Շարն.
ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒ ՔՈՆԿՐԵՍԸ ԻՐԱՆԻ ԴԷՄ ՆՈՐ ՊԱՏԺԱՄԻՋՈՑՆԵՐ ՊԻՏԻ ՀԱՍՏԱՏԷ
Ռուսական «ԻԹԱՐ-ԹԱՍՍ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ ամերիկացի օրէնսդիրները Իրանի Կեդրոնական դրամատան դէմ նոր պատժամիջոցներ հաստատելու փոխզիջումային օրինագիծի մը շուրջ համաձայնութիւն գոյացուցած են: Ծերակոյտի եւ Ներկայացուցիչներու տան զինեալ ուժերու հարցերու ... Շարն.
ԺԻՐԻՆՈՎՍՔԻ` ՌՈՒՍԻՈՅ ՆԱԽԱԳԱՀԱԿԱՆ ԸՆՏՐՈՒԹԵԱՆ ԹԵԿՆԱԾՈՒ
Ռուսական լրատուամիջոցները կը հաղորդեն, որ Ռուսիոյ ազատական-ժողովրդավարական կուսակցութիւնը Ռուսիոյ նախագահական ընտրութեան առաջադրած է իր ղեկավարին` Վլատիմիր Ժիրինովսքիի թեկնածութիւնը: Վերջինս իր ղեկավարած կուսակցութեան ընդհանուր ժողովին ընթացքին խօսք առնելով յայտարարած է, որ ... Շարն.
ԻՐԱՆԻ ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾՈՑ ՆԱԽԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՅԱՅՏԱՐԱՐԷ. ՄՈՍԼԵՀԻԻ ՌԻԱՏ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ ԵՐԿՈՒ ԵՐԿԻՐՆԵՐՈՒՆ ՄԻՋԵՒ ՍԽԱԼ ՀԱՍԿԱՑՈՂՈՒԹԻՒՆԸ ՓԱՐԱՏԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ ԷՐ
Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ռամին Մեհմանփարասթ յայտարարեց, որ Իրանի անվտանգութեան եւ տեղեկահաւաքի նախարար Հայտար Մոսլեհիի Ռիատ այցելութիւնը կատարուած է Ռիատի եւ Թեհրանի միջեւ սխալ հասկացողութիւնը փարատելու համար: «Իրանի անվտանգութեան ... Շարն.
ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒ ԾԵՐԱԿՈՅՏԸ ՊՐԱՅԶԱՅԻ ԹԵԿՆԱԾՈՒԹԵՆԷՆ ՉԻ ՀՐԱԺԱՐԻՐ
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան կայքէջը կը հաղորդէ, որ նշեալ նախարարութեան բանբեր Մարք Թոնըր յայտարարած է, որ ծերակոյտը կը շարունակէ Ազրպէյճանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանի պաշտօնին Մեթիու Պրայզայի թեկնածութեան քննարկումը ... Շարն.
ԻՐԱՆ ԴԱՐՁԵԱԼ ԿԸ ՍՊԱՌՆԱՅ ՈՐԵՒԷ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄԻ ԵՆԹԱՐԿՈՒԵԼՈՒ ՊԱՐԱԳԱՅԻՆ ԹՈՒՐՔԻԱՆ ՀԱՐՈՒԱԾԵԼ
Թրքական «Միլլիյէթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Իրանի խորհրդարանի ազգային անվտանգութեան եւ արտաքին քաղաքականութեան յանձնախումբի փոխնախագահ Հիւսէյն Իպրահիմի յայտնած է, որ Իրան Թուրքիոյ մէջ տեղակայուելիք ՕԹԱՆ-ի հակահրթիռային համակարգը չէզոքացնելու ծրագիրներ ունի ... Շարն.
ԸՆԴԳԾԵԼԷ ԵՏՔ, ՈՐ ՏԱԳՆԱՊԻ ԼՈՒԾՈՒՄԸ ՍՈՒՐԻԱԿԱՆ ՊԻՏԻ ԸԼԼԱՅ «ՍՈՒՐԻԱ – ԻՐԱՆ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԵԱՆՑ ԴԷՄ ՄԵԾ ԴԱՒ ՄԸ ԳՈՅՈՒԹԻՒՆ ՈՒՆԻ» Կ՛ԸՍԷ ՇԱՐԵՀ
Սուրիոյ փոխնախագահ Ֆարուք Շարեհ Սուրիոյ մէջ Իրանի դեսպան Մոհամետ Ռիտա Ռաուֆ Շիպանիի հետ իր ունեցած հանդիպումին ընթացքին յայտնեց, որ ներկայիս Սուրիա-Իրան յարաբերութեանց դէմ մեծ դաւ մը գոյութիւն ունի` շեշտելով, որ ... Շարն.
ԻՍՐԱՅԷԼ ԼԻՊԻՈՅ ՄԷՋ ԴԵՍՊԱՆԱՏՈՒՆ ՊԻՏԻ ԲԱՆԱՅ
Իսրայէլեան «Հաարեց» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Լիպիոյ մէջ «Իսրայէլի առաջին դեսպանը» շատ մօտիկ ապագային` ընկերակցութեամբ արաբ-իսրայէլացի բժիշկներու, լիպիացի ժողովուրդին նկատմամբ «բժշկական նախաձեռնութեան» ծիրին մէջ Լիպիա պիտի այցելէ: Իսրայէլեան լրատուամիջոցներ կը ... Շարն.

