Category: Միջազգային

ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ ԾՈՎՈՒԺԸ ՊԱՀՐԷՅՆԻ ՕԺԱՆԴԱԿՈՒԹԵԱՆ ԿԸ ՓՈՒԹԱՅ. ՊԱՀՐԷՅՆ ԱՆԿՈՉ ՕԺԱՆԴԱԿՈՒԹԻՒՆ ՓՈԽԱԴՐՈՂ ԻՐԱՆԵԱՆ ՆԱՒՈՒ ՄԸ ՈՒՂԱՐԿՈՒՄԸ ԻՐ ՆԵՐՔԻՆ ՀԱՐՑԵՐՈՒՆ ՄԻՋԱՄՏՈՒԹԻՒՆ ԿԸ ՆԿԱՏԷ

May 18, 2011

Պահրէյնի մամլոյ հարցերու յանձնախումբի նախագահ շէյխ Ֆաուազ պըն Համատ Ալ Խալիֆա յայտնեց, որ Մանամա Իրանէն չէ խնդրած Պահրէյն նաւով օժանդակութիւն ուղարկել: Ան իրանեան այդ քայլը իր երկրին ներքին հարցերուն միջամտութիւն ... Շարն.

ՍՊԻՏԱԿ ՏՈՒՆԸ ԻՆՔՆԱԶՍՊՈՒՄԻ ԿՈՉ Կ՛ՈՒՂՂԷ

May 17, 2011

Սպիտակ տունը երէկ բոլոր կողմերուն կոչ ուղղեց Իսրայէլի սահմաններուն վրայ յաւելեալ բռնարարքներէ խուսափելու համար ինքնազսպումի դիմելու` աւելցնելով, որ Իսրայէլ իրաւունք ունի ինքնապաշտպանութեան դիմելու: Սպիտակ տունը նաեւ ցաւ յայտնեց կիրակի օր ... Շարն.

ՕՔԱՄՓՕ ՔԱԶԶԱՖԻԻ, ՍԷՅՖՈՒԼ ԻՍԼԱՄԻ ԵՒ ԼԻՊԻԱԿԱՆ ԳԱՂՏՆԻ ՍՊԱՍԱՐԿՈՒԹԵԱՆ  ՊԵՏԻՆ ՁԵՐԲԱԿԱԼՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԷ

ՕՔԱՄՓՕ ՔԱԶԶԱՖԻԻ, ՍԷՅՖՈՒԼ ԻՍԼԱՄԻ ԵՒ ԼԻՊԻԱԿԱՆ ԳԱՂՏՆԻ ՍՊԱՍԱՐԿՈՒԹԵԱՆ ՊԵՏԻՆ ՁԵՐԲԱԿԱԼՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԷ

May 17, 2011

Միջազգային քրէական դատարանի ընդհանուր դատախազ Լուիս-Մորենօ Օքամփօ Լիպիոյ ղեկավար գնդ. Մոամմար Քազզաֆիի եւ անոր որդիին` Սէյֆուլ Իսլամի դէմ մարդկութեան դէմ ոճիր գործելու ամբաստանութեամբ ձերբակալման գիր արձակեց: Օքամփօ երէկ տրուած մամլոյ ... Շարն.

ԹԱԼԵՊԱՆ ՇԱՐԺՈՒՄԸ ՔԱՐԱՉԻԻ ՄԷՋ ԱՀԱԲԵԿԵՑ ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ ԱՐԱԲԻՈՅ ՀԻՒՊԱՏՈՍԻՆ ՕԳՆԱԿԱՆԸ

ԹԱԼԵՊԱՆ ՇԱՐԺՈՒՄԸ ՔԱՐԱՉԻԻ ՄԷՋ ԱՀԱԲԵԿԵՑ ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ ԱՐԱԲԻՈՅ ՀԻՒՊԱՏՈՍԻՆ ՕԳՆԱԿԱՆԸ

May 17, 2011

Անծանօթ զինեալներ երէկ առաւօտեան ահաբեկեցին Քարաչիի մէջ Սէուտական Արաբիոյ հիւպատոսին օգնականը: Զինեալները մոթորսիքլեթով մօտեցան սէուտցի դիւանագէտ Հասան Քըմթանիի ինքնաշարժին, երբ ան կը մօտենար հիւպատոսարանի շէնքին: Փաքիստանեան ապահովական մարմինները անմիջապէս փակեցին ... Շարն.

ՄԱՐՈՔ ԾՈՑԻ ՀԱՄԱԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻՆ ԱՆԴԱՄԱԿՑԵԼՈՒ ԻՐ «ԲՈՒՌՆ ՎՃՌԱԿԱՄՈՒԹԻՒՆԸ» Կ՛ԱՐՏԱՅԱՅՏԷ

ՄԱՐՈՔ ԾՈՑԻ ՀԱՄԱԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻՆ ԱՆԴԱՄԱԿՑԵԼՈՒ ԻՐ «ԲՈՒՌՆ ՎՃՌԱԿԱՄՈՒԹԻՒՆԸ» Կ՛ԱՐՏԱՅԱՅՏԷ

May 17, 2011

Մարոքի արտաքին գործոց նախարար Թայէպ Ֆահրի Ապու Տապիի մէջ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու ղեկավար շէյխ Խալիֆա պըն Զայէտ Ալ Նահիանի հետ իր հանդիպումէն ետք յայտնեց, որ Ռապաթի եւ Արաբական ծոցի երկիրներու ... Շարն.

ՇԵՆԿԵՆԻ ՀԱՄԱՁԱՅՆԱԳԻՐԸ ՊԻՏԻ ԲԱՐԵՓՈԽՈՒԻ

May 17, 2011

Պրիւքսելի մէջ` Ֆրանսայի ճնշումով որդեգրուած Եւրոպական յանձնաժողովի առաջարկը կը յայտնէ, թէ Եւրոպական Միութիւնը պիտի ընէ ամէն բան` չխախտելու համար Շենկենի համաձայնագիրի հիմնական դրոյթները, սակայն բացառիկ պարագաներու պիտի ընդլայնէ այս կամ ... Շարն.

ԱԶՐՊԷՅՃԱՆԻ ԵՒ ՎՐԱՍՏԱՆԻ ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱՐԱՐՆԵՐԸ ԶԻՆՈՒՈՐԱԿԱՆ ՀԱՄԱԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՀԱՐՑԵՐ ՔՆՆԱՐԿԵՑԻՆ

May 17, 2011

Ազրպէյճանական «Թրենտ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը հրապարակած է հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուած է, թէ Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարար Սաֆար Ապիեւ երէկ Վրաստանի պաշտպանութեան նախարար Պաչօ Ախալայայի ... Շարն.

ԵԳԻՊՏՈՍԻ ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾՈՑ ՆԱԽԱՐԱՐԸ ԸՆՏՐՈՒԵՑԱՒ ԱՐԱԲԱԿԱՆ ԼԻԿԱՅԻ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՔԱՐՏՈՒՂԱՐ

May 17, 2011

Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարար Նապիլ Արապի ընտրուեցաւ Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար: Եգիպտոս Արապիի թեկնածութիւնը առաջադրեց, երբ իր թեկնածուն` Մուսթաֆա Ֆաքի Քաթարի թեկնածու Ապտել Ռահման Աթիէի դէմ իր ընտրապայքարին մէջ ձախողեցաւ ... Շարն.

ՊԱՂԵՍՏԻՆԵԱՆ ԱՂԷՏԻ 63-ԱՄԵԱԿԻ ՆՇՈՒՄ. ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ ԲԱՆԱԿ – ՊԱՂԵՍՏԻՆՑԻՆԵՐ ԲԱԽՈՒՄՆԵՐ

ՊԱՂԵՍՏԻՆԵԱՆ ԱՂԷՏԻ 63-ԱՄԵԱԿԻ ՆՇՈՒՄ. ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ ԲԱՆԱԿ – ՊԱՂԵՍՏԻՆՑԻՆԵՐ ԲԱԽՈՒՄՆԵՐ

May 16, 2011

Այսրյորդանանի եւ Կազայի մէջ իսրայէլեան բանակին եւ Պաղեստինեան աղէտի 63-ամեակը նշող պաղեստինցիներուն միջեւ բախումներուն ընթացքին տասնեակներով վիրաւորներ արձանագրուեցան: Հիւսիսային Կազայի Պէյթ Հանուն անցքին մօտ 65 պաղեստինցիներ վիրաւորուեցան: Ցուցարարները դէպի անցք ... Շարն.

ԿՈԼԱՆԻ ՄԷՋ ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ ՈՒԺԵՐ – ՑՈՒՑԱՐԱՐՆԵՐ ԲԱԽՈՒՄ ՄԸ 2 ԶՈՀ ԵՒ 170 ՎԻՐԱՒՈՐ ՊԱՏՃԱՌԵՑ

ԿՈԼԱՆԻ ՄԷՋ ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ ՈՒԺԵՐ – ՑՈՒՑԱՐԱՐՆԵՐ ԲԱԽՈՒՄ ՄԸ 2 ԶՈՀ ԵՒ 170 ՎԻՐԱՒՈՐ ՊԱՏՃԱՌԵՑ

May 16, 2011

Սուրիական «Սանա» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Քնէյթրա նահանգի Այն Թինէ եւ Կոլանի բարձունքներու Մաժտել Շամս շրջաններուն մէջ Պաղեստինեան աղէտը նշող 2 «արաբ քաղաքացիներ» սպաննուած են եւ 170 ուրիշներ վիրաւորուած են, ... Շարն.

ԷՐՏՈՂԱՆ ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԷՋ ՅԱՐԱՆՈՒԱՆԱԿԱՆ ԼԱՐՈՒԱԾՈՒԹԵԱՆ ՅԱՌԱՋԱՑՄԱՆ ՆԿԱՏՄԱՄԲ ՄՏԱՎԱԽՈՒԹԻՒՆ ԿԸ ՅԱՅՏՆԷ

May 16, 2011

«Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Սեւ ծովու ափին գտնուող Ռիզայի նահանգապետի գրասենեակ իր այցելութեան ընթացքին լրագրողներուն յայտնեց, որ «մտավախութիւն ունինք, որ Սուրիոյ մէջ յառաջանան յարանուանական ... Շարն.

ԷՐՏՈՂԱՆ ԿԸ ՀԱԿԱԶԴԷ ՍՈՒՐԻԱԿԱՆ «ՈՒԱԹԱՆ» ՕՐԱԹԵՐԹԻ ՅՕԴՈՒԱԾԻՆ

May 14, 2011

Թուրք-սուրիական յարաբերութիւններուն մէջ լարուածութեան նշաններ սկսած են ի յայտ գալ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի կողմէ սուրիական վարչակարգին ուղղուած այն ամբաստանութիւններէն ետք, թէ իշխանութիւնը ցուցարարներուն դէմ բռնի ուժ կը կիրարկէ ... Շարն.

ՊԸՆ ԼԱՏԵՆԻ ՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՎՐԷԺԽՆԴՐՈՒԹԵԱՆ ՆՊԱՏԱԿՈՎ ԱԿԱՆԱՀԱՐՈՒՄ ՄԸ 80 ԶՈՀ ԿԸ ՊԱՏՃԱՌԷ

ՊԸՆ ԼԱՏԵՆԻ ՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՎՐԷԺԽՆԴՐՈՒԹԵԱՆ ՆՊԱՏԱԿՈՎ ԱԿԱՆԱՀԱՐՈՒՄ ՄԸ 80 ԶՈՀ ԿԸ ՊԱՏՃԱՌԷ

May 14, 2011

Փաքիստանցի թալեպաններ երէկ Հիւսիսարեւմտեան Փաքիստանի մէջ կիսազինուորական ուժերու ակադեմիոյ մը դէմ անձնասպանական գործողութիւն կատարելով` 80 զոհ պատճառեցին: Անոնք խոստացան Պըն Լատենի սպանութեան վրէժը լուծելու համար յաւելեալ յարձակումներ գործել: Թալեպաններու բանբեր ... Շարն.

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒԹԵԱՆ ՀՐԱՊԱՐԱԿԻՆ ՎՐԱՅ ՀԱԶԱՐԱՒՈՐՆԵՐ ԿԸ ԶՕՐԱԿՑԻՆ ՊԱՂԵՍՏԻՆԵԱՆ ԻՆԹԻՖԱՏԱՅԻՆ

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒԹԵԱՆ ՀՐԱՊԱՐԱԿԻՆ ՎՐԱՅ ՀԱԶԱՐԱՒՈՐՆԵՐ ԿԸ ԶՕՐԱԿՑԻՆ ՊԱՂԵՍՏԻՆԵԱՆ ԻՆԹԻՖԱՏԱՅԻՆ

May 14, 2011

Եգիպտական քաղաքական տարբեր կուսակցութիւններէ հազարաւոր քաղաքացիներ երէկ հաւաքուեցան Գահիրէի Ազատագրութեան հրապարակին վրայ: «Ազգային միասնականութեան եւ քաղաքացիի ապահովութեան ուրբաթ» նշանաբանը ունեցող հաւաքին ընթացքին բարձրացուած էին եգիպտական, պաղեստինեան, ինչպէս նաեւ արաբական շարք ... Շարն.

«ՍԱՌԵՑՈՒԱԾ ՀԱԿԱՄԱՐՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԿՈՎԿԱՍԻ ԱՆՎՏԱՆԳՈՒԹԵԱՆ ԿԱՐՈՂԱԿԱՆ ՍՊԱՌՆԱԼԻՔ ԵՆ» Կ՛ԸՍԷ ՌԱՍՄՈՒՍԵՆ

«ՍԱՌԵՑՈՒԱԾ ՀԱԿԱՄԱՐՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԿՈՎԿԱՍԻ ԱՆՎՏԱՆԳՈՒԹԵԱՆ ԿԱՐՈՂԱԿԱՆ ՍՊԱՌՆԱԼԻՔ ԵՆ» Կ՛ԸՍԷ ՌԱՍՄՈՒՍԵՆ

May 14, 2011

ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղար Անտերս Ֆոկ Ռասմուսեն ազրպէյճանական ԱՓԱ լրատու գործակալութեան յայտնած է, թէ Հարաւային Կովկասի անվտանգութեան հարցը ՕԹԱՆ-ի համար շատ կարեւոր է: Միացեալ Նահանգներ այցելող Ռասմուսեն «սառեցուած հակամարտութիւնները» Կովկասի անվտանգութեան ... Շարն.

ԸՍՏ «ՔՈՒՏՍ ԱՐԱՊԻ» ՕՐԱԹԵՐԹԻՆ. ԹՈՒՐՔ- ՍՈՒՐԻԱԿԱՆ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ՌԱԶՄԱՎԱՐԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԵՆԷՆ ԴԷՊԻ ԽԶՈՒՄ Կ՛ՈՒՂՂՈՒԻՆ

May 14, 2011

Բրիտանիոյ մէջ լոյս տեսնող «Քուտս Արապի» օրաթերթը 13 մայիսի իր թիւին մէջ լոյս տեսած, «Սուրիա եւ Թուրքիա` ռազմավարական դաշնակցութենէն դէպի խզում» խորագիրով խմբագրականին մէջ կը գրէ, որ «թուրք-սուրիական յարաբերութիւնները երկու ... Շարն.

ՌՈՒՍԻԱ 70 ՄԻԼԻՈՆ ՏՈԼԱՐ ԱՐԺՈՂՈՒԹԵԱՄԲ ՍՊԱՌԱԶԻՆՈՒԹԻՒՆ ՓՈԽԱՆՑԱԾ Է ԹՈՒՐՔԻՈՅ

May 14, 2011

Թրքական «Ճիհան» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ «Ռոսոպորոնէքսփորթ»ի ներկայացուցիչ Անաթոլի Աքսենով յայտարարած է, թէ Ռուսիա Թուրքիոյ փոխանցած է «Քորնեթ-Ի» տիպի հակահրասայլային պաշտպանութեան համակարգեր: «Ռուսիան աւարտած է Թուրքիոյ «Քորնեթ-Ի» տիպի հակահրասայլային ... Շարն.

ԵՄԷՆԻ ԻՇԽՈՂ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ՈՂՋՈՒՆԵՑ ԾՈՑԻ ԱՐԱԲԱԿԱՆ ՆԱԽԱՁԵՌՆՈՒԹԵՆԷՆ ՔԱԹԱՐԻ ՔԱՇՈՒԻԼԸ

May 14, 2011

Եմէնի իշխող կուսակցութիւնը ողջունեց Եմէնի տագնապի լուծման Ծոցի համագործակցութեան խորհուրդի նախաձեռնութենէն Քաթարի քաշուիլը եւ զայն ամբաստանեց Եմէնի մէջ դէպքերը «սադրելով»: Կուսակցութենէն պատասխանատու աղբիւր մը եմէնեան լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ Ժողովրդային ... Շարն.

ԻՐԱՔԻ ՄԷՋ ԱՊԱՀՈՎԱԿԱՆ ՈՒԺԵՐ ԿԸ ՆԵՐԽՈՒԺԵՆ ԻՅԱՏ ԱԼԼԱՈՒԻԻ ՏՈՒՆԸ ԵՒ ԿԸ ՋՆՋԵՆ ԱՆՈՐ ԱՆՁԵՌՆՄԽԵԼԻՈՒԹԻՒՆԸ

ԻՐԱՔԻ ՄԷՋ ԱՊԱՀՈՎԱԿԱՆ ՈՒԺԵՐ ԿԸ ՆԵՐԽՈՒԺԵՆ ԻՅԱՏ ԱԼԼԱՈՒԻԻ ՏՈՒՆԸ ԵՒ ԿԸ ՋՆՋԵՆ ԱՆՈՐ ԱՆՁԵՌՆՄԽԵԼԻՈՒԹԻՒՆԸ

May 13, 2011

Ապահովական ուժեր զրահապատ մեքենաներով ներխուժեցին Իրաքի նախկին վարչապետ Իյատ Ալլաուիի տունը եւ անոր ղեկավարած Համաձայնութեան շարժումի կեդրոնատեղին: Վերջերս Ալլաուիի եւ Իրաքի վարչապետ Նուրի Մալիքիի միջեւ բանավէճ մը տեղի ունեցած էր: ... Շարն.