Category: Միջազգային
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ ԿԸ ՎԵՐԱՀԱՍՏԱՏԷ ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԷՋ ՈՒԺԻ ԿԻՐԱՐԿՄԱՆ «ԽԻՍՏ» ԴԱՏԱՊԱՐՏՈՒՄԸ
Ուաշինկթըն վերահաստատեց Սուրիոյ մէջ ուժի կիրարկման իր «բուռն» ընդդիմութիւնն ու «խիստ դատապարտումը: Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթըն յայտնեց, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի մեկուսացումը հետզհետէ մեծնայ: Ան ընդգծեց, ... Շարն.
ՍՈՒՐԻԱԿԱՆ ՕՐԱԹԵՐԹ ՄԸ ՏՈՂԱՏԱԿԻ ԿԸ ՔՆՆԱԴԱՏԷ ԹՈՒՐՔԻԱՆ
Սուրիական «Ուաթան» օրաթերթը իր հինգշաբթի, 12 մայիսի թիւին առաջին էջով լոյս ընծայեց Նիզար Սալլումի «Սուրիան, Թուրքիան եւ անոր «բնորդը» խորագիրով յօդուած մը, որ տողատակի կը քննադատէ Սուրիոյ իրադարձութեանց նկատմամբ Թուրքիոյ ... Շարն.
ԸՍՏ ՊԱՀՐԷՅՆԻ ԲԱՆԱԿԻ ՍՊԱՅԱԿՈՅՏԻ ՊԵՏԻՆ ԾՈՑԻ ԵՐԿԻՐՆԵՐՈՒ ՈՒԺԵՐԸ ՊԱՀՐԷՅՆ ՊԻՏԻ ՄՆԱՆ ՄԻՆՉԵՒ ԻՍԿ ԱՐՏԱԿԱՐԳ ԴՐՈՒԹԵԱՆ ՋՆՋՈՒՄԷՆ ԵՏՔ
Պահրէյնի բանակի սպայակոյտի պետը յայտարարեց, որ Ծոցի համագործակցութեան խորհուրդի անդամ երկիրներու ուժերը, որոնք երկրին շիի մեծամասնութեան ըմբոստութիւնը ճնշելու համար միջամտեցին, Պահրէյն պիտի մնան մինչեւ իսկ յառաջիկայ ամիս արտակարգ դրութեան ջնջումէն ... Շարն.
ԼՈՆՏՈՆ ՍԿՈՎՏԻՈՅ ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ ՇՈՒՐՋ ՀԱՆՐԱՔՈՒԷ ՄԸ ՊԻՏԻ ՉԽՈՉԸՆԴՈՏԷ
«Պի.Պի.Սի.» կը հաղորդէ, որ Բրիտանիոյ Սկովտիոյ հարցերով նախարար Մայքըլ Մուր յայտարարած է, որ Բրիտանիոյ կառավարութիւնը Սկովտիոյ անկախութեան շուրջ հանրաքուէ մը պիտի չխոչընդոտէ: Անցեալ շաբաթ Սկովտիոյ մէջ տեղի ունեցած տեղական ընտրութիւններուն ... Շարն.
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ ԿՐՆԱՅ ԹՐՔԱԿԱՆ ԴՐԱՄԱՏՈՒՆԵՐՈՒ ԴԷՄ ՊԱՏԺԱՄԻՋՈՑՆԵՐ ՈՐԴԵԳՐԵԼ
Թրքական «Վաթան» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ թրքական շարք մը դրամատուներ կրնան Միացեալ Նահանգներու ելեւմուտքի նախարարութեան «սեւ ցուցակին» մէջ յայտնուիլ: Միացեալ Նահանգներու ելեւմուտքի նախարարութեան բանբեր Տէյվիտ Քոհեն յայտարարեց, որ եթէ թրքական ... Շարն.
«ՍՈՒՐԻԱԿԱՆ ՀԱՐՑԸ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՆԵՐՔԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ԱՌՆՉՈՒԱԾ Է» Կ՛ԸՍԷ ԷՐՏՈՂԱՆ
Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան թրքական պատկերասփիւռի 7-րդ կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ «Եգիպտոսի, Եմէնի, Պահրէյնի եւ Ալճերիոյ մէջ պատահած բոլոր դէպքերը թրքական արտաքին քաղաքականութեան ծիրին մէջ հետաքրքրութիւն ... Շարն.
ՔԻ ՄՈՒՆ ԱՍԱՏԻՆ ԿՈՉ Կ՛ՈՒՂՂԷ ՁԵՐԲԱԿԱԼՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԴԱԴՐԵՑՆԵԼՈՒ ԵՒ ԲԱՐԵՓՈԽՈՒՄՆԵՐՈՒ ԿՈՉԵՐՈՒՆ ԸՆԴԱՌԱՋԵԼՈՒ
ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն երէկ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատին կոչ ուղղեց ձերբակալութիւնները դադրեցնելու եւ բարեփոխումներու կոչերուն ընդառաջելու: Ան նաեւ Սուրիոյ կոչ ուղղեց միջազգային քննիչներու յանձնախումբի մը արտօնել Տարաա ... Շարն.
ԾՈՑԻ ՀԱՄԱԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԱՆԴԱՄՆԵՐԸ ՅՈՐԴԱՆԱՆԻ ԵՒ ՄԱՐՈՔԻ` ԽՈՐՀՈՒՐԴԻՆ` ԱՆԴԱՄԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՀԱՐՑԸ ԿԸ ՔՆՆԱՐԿԵՆ
Ծոցի համագործակցութեան խորհուրդի վեհաժողովը երեքշաբթի գիշեր Սէուտական Արաբիոյ մայրաքաղաք Ռիատի մէջ իր խորհրդակցական 13-րդ վեհաժողովի աւարտին հրապարակեց հակիրճ հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ յայտնեց, որ խորհուրդի անդամ երկիրները կը քննարկեն Յորդանանի ... Շարն.
ՕԹԱՆ-Ի ՌՄԲԱՁԻԳՆԵՐԸ ԹՐԻՓՈԼԻԻ ՄԷՋ ԹԻՐԱԽՆԵՐ ԿԸ ՀԱՐՈՒԱԾԵՆ
ՕԹԱՆ-ի ռմբաձիգները երէկ արշալոյսին Լիպիոյ մայրաքաղաք Թրիփոլիի մէջ հարուածեցին շարք մը թիրախներ: Առաւօտեան շուրջ ժամը 3:00-ին Թրիփոլիի մէջ չորս պայթումներու ձայներ լսուեցան, ապա հիւանդատար մեքենաներու ճչակներու ձայներ լսուեցան: Լիպիոյ պետական ... Շարն.
ՂՊՏԻՆԵՐԸ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԵՆ ԻՐԵՆՑ ԱՆՎՏԱՆԳՈՒԹԻՒՆԸ ԱՊԱՀՈՎՈՂ ՄԻՋՈՑԱՌՈՒՄՆԵՐԸ ԽՍՏԱՑՆԵԼ. ԵԳԻՊՏԱԿԱՆ ԻՇԽԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԿԸ ՁԵՐԲԱԿԱԼԵՆ ՀԱՄԱՅՆՔԱՅԻՆ ՎԵՐՋԻՆ ԲԱԽՈՒՄՆԵՐՈՒՆ «ԿԱԶՄԱԿԵՐՊԻՉԸ»
Եգիպտոսի վարչապետարանը յայտարարեց, որ ապահովական ուժերը ձերբակալած են շաբաթ գիշեր ղպտիներու եւ սալաֆականներու միջեւ 12 զոհ եւ աւելի քան 200 վիրաւոր պատճառած արիւնալի բախումներուն «կազմակերպիչը»: Եգիպտոսի ներքին գործոց նախարարութիւնը ձերբակալած ... Շարն.
ԾՈՑԻ ՀԱՄԱԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԽՈՐՀՐԴԱԿՑԱԿԱՆ ՎԵՀԱԺՈՂՈՎ
Սէուտական Արաբիոյ մայրաքաղաք Ռիատի մէջ երէկ կէսօրէ ետք ընթացք առաւ Ծոցի համագործակցութեան խորհուրդի անդամ երկիրներու խորհրդակցական 13-րդ վեհաժողովը, որ յատկացուած է շարք մը հարցերու, որոնց շարքին` Իրանի հետ յարաբերութեանց, Իրանի ... Շարն.
«ՍՈՒՐԻԱԿԱՆ ՅԵՂԱՓՈԽՈՒԹԵԱՆ ԱՄԷՆԷՆ ՎՏԱՆԳԱՒՈՐ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆԸ ԱՆՑԱՒ ԵՒ ՄԵՐ ԵՏԻՆ ԿԸ ԳՏՆՈՒԻ» Կ՛ԸՍԷ ՇԱԱՊԱՆ
Սուրիոյ նախագահի մամլոյ խորհրդական Պուսայնա Շաապան ամերիկեան ազդեցիկ «Նիւ Եորք Թայմզ» օրաթերթին հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ «շուրջ երկու ամիսէ ի վեր Սուրիան փոթորկած յեղափոխութեան ամէնէն վտանգաւոր հանգրուանը ... Շարն.
ՔԱՅԻՏԱ ԱՐԱԲԱԿԱՆ ԱՇԽԱՐՀԻՆ ՄԷՋ ԺՈՂՈՎՐԴԱՅԻՆ ԸՄԲՈՍՏՈՒԹԵԱՆ ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՍՏԱՆՁՆԷ
«Եուրոփ 1» ձայնասփիւռի կայանը` վկայակոչելով ամերիկեան «ՍԱՅԹ ինթելիճընս կրուփ» կազմակերպութիւնը, որ կը հետեւի ահաբեկչական խմբաւորումներու համացանցային կայքէջերուն, կը յայտնէ, որ Մարոքի մէջ Քայիտայի կազմակերպութիւնը ստանձնած է արաբական աշխարհին մէջ տեղի ... Շարն.
ԸՍՏ ՍՈՒՐԻՈՅ ՆԵՐՔԻՆ ԳՈՐԾՈՑ ՆԱԽԱՐԱՐՈՒԹԵԱՆ. ԽՌՈՎԱՐԱՐՈՒԹԵԱՆՑ ՄԵՂՍԱԿԻՑ 1083 ԱՆՁԵՐ ԱՆՁՆԱՏՈՒՐ ԵՂԱԾ ԵՆ
Սուրիոյ ներքին գործոց նախարարութենէն պատասխանատու աղբիւր մը Սուրիոյ պետական «Սանա» լրատու գործակալութեան յայտնած է, որ մինչեւ օրս խռովարարութեանց մեղսակից տարբեր նահանգներէ 1083 անձեր անձնատուր եղած են, ապա խոստանալէ ետք, թէ ... Շարն.
ՍԷՈՒՏՑԻ ԿՐՕՆԱՒՈՐՆԵՐ ԿԸ ՔՆՆԱԴԱՏԵՆ ՅԱՒԵԼԵԱԼ ՑՈՅՑԵՐՈՒ ԵՒ ԻՇԽԱՆՈՒԹԵԱՆՑ ԴԷՄ ԵԼԼԵԼՈՒ ԻՍԼԱՄ ԿՐՕՆԱՒՈՐՆԵՐՈՒ ԿՈՉԵՐԸ
Սէուտցի կրօնաւորներ եւ քարոզիչներ «Արապիա» պատկերասփիւռի կայանին հետ զրոյցի մը ընթացքին շեշտեցին, որ իսլամ կրօնաւորին պարտաւորութիւնն է հեռու մնալ սադրանքներ հրահրելէ եւ արաբական կարգ մը պետութիւններու մէջ իրադարձութիւններուն առնչութեամբ կացութիւնը ... Շարն.
ՔԱՅԻՏԱՅԻ ՂԵԿԱՎԱՐ ՄԸ ԵՒ 17 ՈՒՐԻՇՆԵՐ ԶՈՀ ԳԱՑԻՆ ԻՐԱՔԵԱՆ ԲԱՆՏԻ ՄԸ ՄԷՋ ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՑԱԾ ԲԱԽՈՒՄԻՆ
18 հոգի, ներառեալ` Քայիտայի «Պաղտատի էմիր», կաթողիկէ եկեղեցւոյ մը դէմ յարձակումը ծրագրած Հութայֆա Պաթաուի եւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի իրաքցի բարձրաստիճան պաշտօնատար մը` զօր. Քասեմ Մուսաուի, զոհ գացին բանտարկեալներու եւ ապահովական ... Շարն.
ԹՈՒՐՔԻԱ ԱՅՍՕՐ ԱՄԷՆԷՆ ԱՂՔԱՏ ԵՐԿԻՐՆԵՐՈՒ ԽՈՐՀՐԴԱԺՈՂՈՎԸ ԿԸ ՀԻՒՐԸՆԿԱԼԷ
Այսօր Թուրքիոյ մէջ կը սկսի «նուազագոյն զարգացած երկիրներու» խորհրդաժողովը, որուն անդամ են 48 երկիրներ, ներառեալ` Աֆղանիստանն ու Եմէնը: ՄԱԿ-ի հովանաւորութիւնը վայելող հնգօրեայ խորհրդաժողովը պիտի քննարկէ աշխարհի ամէնէն աղքատ երկիրներուն դիմագրաւած ... Շարն.
ՈՒՔՍՈՐ ԹԱՂԱՄԱՍԻՆ ՄԷՋ ԿՐԱԿՄԱՐԻ ԴՐՈՒԹԻՒՆ. ԵԳԻՊՏՈՍԻ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ՂՊՏԻՆԵՐՈՒ ԵՒ ՍԵԼԵՖԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ՄԻՋԵՒ ԲԱԽՈՒՄՆԵՐԷ ԵՏՔ ԱՐՏԱԿԱՐԳ ՆԻՍՏ ՄԸ ԳՈՒՄԱՐԵՑ
Եգիպտոսի վարչապետ Իսամ Շարաֆ երէկ երկրին կառավարութիւնը արտակարգ նիստի մը հրաւիրեց` քննարկելու համար Գահիրէի մէկ արուարձանին մէջ քրիստոնեայ կնկայ մը իսլամութեան ենթադրեալ դաւանումին շուրջ ղպտիներու եւ սելեֆականներու միջեւ բախումները, որոնք ... Շարն.
ՊԱՀՐԷՅՆ 21 ԳՈՐԾԻՉՆԵՐ Կ՛ԱՄԲԱՍՏԱՆԷ ՊԵՏԱԿԱՆ ՅԵՂԱՇՐՋՈՒՄ ԾՐԱԳՐԵԼՈՒ ՅԱՆՑԱՆՔՈՎ
Պահրէյնի զինուորական դատախազը երէկ բարեփոխումներ պահանջող շիի մեծամասնութեան ըմբոստութեան ճնշումը ընդլայնելով` 21 քաղաքական գործիչներ ամբաստանեց օտար ահաբեկչական խմբակի մը օժանդակութեամբ իշխող թագաւորական ընտանիքին դէմ յեղաշրջում ծրագրելու յանցանքով: Ամբաստանեալներու շարքին են ... Շարն.

