Category: Միջազգային
ՊԱՀՐԷՅՆԻ ԱՊԱՀՈՎԱԿԱՆ ՈՒԺԵՐԸ ՄԱՐԳՐԻՏԻ ՀՐԱՊԱՐԱԿԻ ՅՈՒՇԱՐՁԱՆԸ ԿԸ ՔԱՆԴԵՆ
Ըստ մամլոյ տեղեկութեանց, Պահրէյնի ապահովական ուժերը քանդած են մայրաքաղաք Մանամայի Մարգրիտի հրապարակին վրայ գտնուող յուշարձանը: Հրապարակը վերջին շաբաթներուն ընթացքին իշխանութեան դէմ բողոքի ցոյցերու խորհրդանիշի վերածուած էր: Յուշարձանը կառուցուած էր 1980-ական ... Շարն.
ԵՄԷՆԵԱՆ ՈՒԺԵՐ 41 ՑՈՒՑԱՐԱՐՆԵՐ ԿԸ ՍՊԱՆՆԵՆ
Եմէնեան ապահովական ուժեր եւ կառավարամէտ զինեալներ սպաննեցին 41 ցուցարարներ եւ վիրաւորեցին 200 ուրիշներ, երբ կրակ բացին մայրաքաղաք Սանաայի մէջ ուրբաթ օրուան նամազէն ետք տեղի ունեցած ցոյցի մը վրայ: Տասնեակ հազարաւոր ... Շարն.
ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ ԱՐԱԲԻՈՅ ԹԱԳԱՒՈՐԸ ՆԻՒԹԱԿԱՆ ՅԱՏԿԱՑՈՒՄՆԵՐ ԵՒ ԲԱՐԵՓՈԽՈՒՄՆԵՐ ԿԸ ԽՈՍՏԱՆԱՅ
Սէուտական Արաբիոյ Ապտալլա պըն Ապտել Ազիզ թագաւորը արաբական աշխարհը ալեկոծած ըմբոստութիւններուն սկիզբէն ի վեր իր առաջին պատկերասփռուած ճառին մէջ իր թագաւորութեան բնակչութեան նիւթական յատկացումներ եւ բարեփոխումներ խոստացաւ: 86-ամեայ Ապտալլա թագաւորը, ... Շարն.
ՆԵԹԱՆԻԱՀՈՒ ՊԱՂԵՍՏԻՆԵԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ՄԻԱՍՆԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ ԳՈՅԱՑՆԵԼՈՒ ՋԱՆՔԵՐԸ ԿԸ ՔՆՆԱԴԱՏԷ
Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու «Սի.Էն.Էն.» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին քննադատեց ազգային միասնականութիւն յառաջացնելու պաղեստինեան ջանքերը` յայտնելով, որ պաղեստինցի չափաւորականները պէտք է Իսրայէլի հետ խաղաղութեան եւ Համասի հետ հաշտութեան ... Շարն.
ՄԱԿ-Ի ԱՊԱՀՈՎՈՒԹԵԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ ՈՐԴԵԳՐԵՑ ԼԻՊԻՈՅ ՎԵՐԵՒ ԹՌԻՉՔՆԵՐՈՒ ԱՐԳԻԼԵԱԼ ԳՕՏԻ ՀԱՍՏԱՏԵԼՈՒ ՈՐՈՇՈՒՄԸ
Երէկ կէս գիշերին ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը որդեգրեց Լիպիոյ վերեւ թռիչքներու արգիլեալ գօտի հաստատելու վերաբերեալ որոշումը: Ձեռնպահ մնացին Ռուսիա եւ Չինաստան: Մինչ այդ լիպիացի ըմբոստներ վար առին երկու ռմբաձիգներ, որոնք երէկ ... Շարն.
ԻՐԱՆ ՊԱՀՐԷՅՆԻ ՄԷՋ ԻՐ ԴԵՍՊԱՆԸ ՏՈՒՆ ԿԸ ԿԱՆՉԷ
Իրանի պետական պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ Իրան Պահրէյնի մէջ իր դեսպանը տուն կանչած է` բողոքելով փոքր թագաւորութեան մէջ շիի մեծամասնութեան նկատմամբ բանեցուած ճնշումներուն դէմ: Մանամայի մէջ Իրանի դեսպան Մահտի Աղաժաֆարի ... Շարն.
ԵՄԷՆԻ ՄԷՋ ԵՐԿՈՒ ՀԱՒԱՔՆԵՐ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄԻ Կ՛ԵՆԹԱՐԿՈՒԻՆ
Եմէնի նախագահի համակիրներ երէկ քարեր արձակելով եւ հրացանաձգութիւն կատարելով յարձակում գործեցին մայրաքաղաք Սանաայի մէջ նստացոյցի ճամբարի մը վրայ, իսկ այլ հաւաք մը իր կարգին նախագահի համակիրներուն կողմէ յարձակումի ենթարկուեցաւ եւ ... Շարն.
ՌՈՒՍԻԱ ԿՐՆԱՅ ՀՐԱԺԱՐԻԼ «ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ ՀՈՍՔ»ԷՆ
Ռուսական «Քոմերսանթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ վարչապետի մամլոյ բանբեր Տմիթրի Փեսքով յայտնած է, որ Ռուսիան կրնայ հրաժարիլ «Հարաւային հոսք» խողովակաշարի շինարարութենէն, եթէ «անյաղթահարելի խոչընդոտներ ըլլան», այդ պարագային իբրեւ այլընտրանք, ... Շարն.
ՌՈՒՍԻՈՅ ԵՒ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՄԻՋԵՒ ԱՅՑԵԳՐԱՅԻՆ ՀԱՄԱԿԱՐԳԸ ՎԵՐՑՈՒԵՑԱՒ
Թրքական լրատուամիջոցները կը հաղորդեն, որ Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ միջեւ այցեգրային համակարգը երկկողմանի կերպով վերցուած է: Այդ ուղղութեամբ արձանագրութիւններու փոխանակումը տեղի ունեցած է Մոսկուայի մէջ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի եւ ... Շարն.
ՊԱՀՐԷՅՆԻ ՄԷՋ ՄԱՐԳՐԻՏԻ ՀՐԱՊԱՐԱԿԻՆ ԴԷՄ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄԸ 6 ԶՈՀ ԿԸ ՊԱՏՃԱՌԷ
Պահրէյնի մէջ արտակարգ դրութեան հաստատումէն մէկ օր ետք, զինուորներ եւ ոստիկաններ երէկ արշալոյսին արցունքաբեր ռումբեր եւ զրահապատ մեքենաներ օգտագործեցին` ցրուելու համար մայրաքաղաք Մանամայի Մարգրիտի հրապարակին վրայ նստացոյց կատարող հարիւրաւոր ցուցարարները: ... Շարն.
ԼԻՊԻԱ. ՔԱԶԶԱՖԻԻ ՈՒԺԵՐԸ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿԵՆ ՅԱՌԱՋԱՆԱԼ
Լիպիոյ ղեկավար գնդ. Մոամմար Քազզաֆիի ուժերը երէկ շարունակեցին յառաջանալ դէպի արեւելք, մինչ ըմբոստները զայրոյթ եւ յուսախաբութիւն յայտնեցին, որ Արեւմուտքը իրենց օժանդակութեան չի փութար: Քազզաֆիի ուժերը երկու օր անդադար Աժտապիան ռմբակոծելէ ... Շարն.
ԹՈՒՐՔԻԱ ՍՈՒՐԻԱ ՈՒՂՂՈՒՈՂ ԻՐԱՆԵԱՆ ՕԴԱՆԱՒԻ ՄԸ ԿԸ ՍՏԻՊԷ ԷՋՔ ԿԱՏԱՐԵԼ
Թրքական «Վաթան» օրաթերթին կայքէջը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ օդուժը երէկ Իրանէն Սուրիա ուղղուող օդանաւի մը ստիպած է էջք կատարել Տիգրանակերտի օդակայանը: «Անթոնով» տիպի բեռներ փոխադրող օդանաւի` Թուրքիոյ օդային տարածք մուտք ... Շարն.
ԶՈՒԻՑԵՐԻՈՅ ՆԱԽԱԳԱՀԸ ՆԱԽԻՋԵՒԱՆ ԱՅՑԵԼԵՑ
Զուիցերիոյ համադաշնակցութեան նախագահ Միշլին Քալմի Ռէյ Ազրպէյճան կատարած պաշտօնական այցելութեան ծիրին մէջ երէկ Պաքուէն մեկնելով այցելեց Նախիջեւան: Քալմի Ռէյ Ազրպէյճան հասած էր 13 մարտին եւ երէկ Նախիջեւան ժամանելով աւարտեց իր ... Շարն.
ԻՐԱՆ ՊԱՀՐԷՅՆԻ ՄԷՋ ՕՏԱՐ ՈՒԺԵՐՈՒ ՆԵՐԿԱՅՈՒԹԻՒՆԸ ԱՆԸՆԴՈՒՆԵԼԻ ԿԸ ՆԿԱՏԷ
Իրան սէուտական ուժերու Պահրէյն մուտք գործելը երէկ անընդունելի նկատեց եւ Պահրէյնին կոչ ուղղեց` ժողովրդավարութեան ձգտող ցուցարարներուն խաղաղ կերպով եւ առանց օտար միջամտութեան հակազդելու: Ծոցի համագործակցութեան խորհուրդի անդամ վեց երկիրներուն շիի ... Շարն.
ԼԻՊԻԱՑԻ ԸՄԲՈՍՏՆԵՐԸ ԿԸ ԿՈՐՍՆՑՆԵՆ ԹՐԻՓՈԼԻԷՆ ԱՐԵՒՄՈՒՏՔ ԳՏՆՈՒՈՂ ԻՐԵՆՑ ՎԵՐՋԻՆ ԿԵԴՐՈՆԸ
Թիւով աւելի մեծ եւ աւելի ծանր զէնքեր ունեցող հակառակորդներ դիմագրաւող լիպիացի ըմբոստները երէկ կորսնցուցին Թրիփոլիէն արեւմուտք գտնուող իրենց վերջին կեդրոնը եւ մեծ ջանք թափեցին դանդաղեցնելու համար Լիպիոյ ղեկավար գնդ. Մոամմար ... Շարն.
ՇՈՂԱՐՁԱԿՈՒՄԸ ԹՈՔԻՈՅԻ ՄԷՋ ՔԱՈՍԱՅԻՆ ՎԻՃԱԿ ԿԸ ՍՏԵՂԾԷ
Մայրաքաղաքէն հիւսիս գտնուող քաղաքի մը մէջ Ճափոնը հարուածած ուժգին երկրաշարժէն վնասուած հիւլէական կայանի մը շուրջ շողարձակումի մակարդակին բարձրացումը Թոքիոյի մէջ քաոսային վիճակ ստեղծեց, երբ ժողովուրդը աճապարեց մայրաքաղաքէն հեռանալ կամ սննդեղէնով ... Շարն.
ՏԱՒՈՒԹՕՂԼՈՒ- ԽԱԺԱԿ ԱՐՔ. ՊԱՐՍԱՄԵԱՆ ՀԱՆԴԻՊՈ՞ՒՄ
Թրքական «Թըրքիշ էն.Ուայ.» կայքէջը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու ընդունած է Թուրքիա այցելող Արեւելեան Միացեալ Նահանգներու հայոց թեմի առաջնորդ Խաժակ արք. Պարսամեանը: Թրքական լրատուամիջոցին համաձայն, սրբազան ... Շարն.
ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ ՈՒԺԵՐ ՄՈՒՏՔ ԳՈՐԾԵՑԻՆ ՊԱՀՐԷՅՆ. ՇԻԻ ԸՆԴԴԻՄՈՒԹԻՒՆԸ ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ ՔԱՅԼԸ ՊԱՏԵՐԱԶՄԻ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ ԿԸ ՆԿԱՏԷ
Սէուտական Արաբիա երէկ զօրքեր ուղարկեց Պահրէյն` շիի մեծամասնութեան կողմէ շաբաթներէ ի վեր տեղի ունեցող բողոքի ցոյցերը ճնշելու նպատակով տեղւոյն սիւննի իշխանութեան օժանդակելու համար, քայլ մը, որ շիի ընդդիմութեան կողմէ պատերազմի ... Շարն.
ՔԱԶԶԱՖԻԻ ՈՒԺԵՐԸ ԼԻՊԻՈՅ ԱՐԵՒԵԼՔԻՆ ԵՒ ԱՐԵՒՄՈՒՏՔԻՆ ՄԷՋ ԿԸ ՀԱՐՈՒԱԾԵՆ ԸՄԲՈՍՏՆԵՐԸ
Լիպիոյ ղեկավար գնդ. Մոամմար Քազզաֆիին հաւատարիմ ուժեր երէկ ռմբակոծեցին մայրաքաղաք Թրիփոլիէն արեւմուտք գտնուող Միսրաթա քաղաքը` ընդլայնելով երկրին արեւմտեան շրջանէն ըմբոստները դուրս մղելու արշաւը, իսկ արեւելեան Լիպիոյ մէջ անոնց արշաւը դանդաղեցաւ` ... Շարն.
ՃԱՓՈՆԱԿԱՆ ՎՆԱՍՈՒԱԾ ՀԻՒԼԷԱԿԱՆ ԿԱՅԱՆԻՆ ՄԷՋ ՆՈՐ ՊԱՅԹՈՒՄ
Ուրբաթ օր Ճափոնի մէջ տեղի ունեցած աղէտալի երկրաշարժին եւ ծովաշարժին (ցունամի) պատճառով վնասուած հիւլէական կայանին մէջ երէկ առաւօտեան դարձեալ պայթում տեղի ունեցած է: Ճափոնական իշխանութիւնները կը հաւաստեն, որ Ֆուքուշիմա ... Շարն.

