Category: Միջազգային
Ուքրանիոյ Մէջ Եւրոպական Միութեան Հետ Ընկերակցութեան Համաձայնագիրի Ստորագրութեան Յետաձգման Դէմ Մեծ Հաւաք Եւ Բախումներ
Ուքրանիոյ մայրաքաղաք Քիեւի մէջ աւելի քան 100 հազար ցուցարարներ հաւաք մը կատարեցին` բողոքելով Ռուսիոյ կողմէ ճնշումի տակ Եւրոպական Միութեան հետ ընկերակցութեան համաձայնութեան նախաստորագրումը յետաձգելու կառավարութեան որոշումին դէմ: Ցոյցին մասնակից ընդդիմադիր ... Շարն.
Անգարայի Մէջ. Թուրքիոյ Վարչապետարանին Առջեւ Ձերբակալութիւն
«Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ իր վրան ռումբի նմանող սարք մը կրող անձ մը ձերբակալուեցաւ Անգարայի Վեքալեթլեր փողոցի ապահովութեան պատասխանատուներուն կողմէ, երբ փորձեց մուտք գործել Թուրքիոյ վարչապետարան: Ըստ «Հիւրրիյեթ»-ի, ... Շարն.
Անցնող 10 Տարուան Ընթացքին Իր Տեսակին Մէջ Առաջինը. Քամերոն – Ռուհանի Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն
«ՌԻԱ-Նովոսթի»` յղում կատարելով Բրիտանիոյ վարչապետի գրասենեակին, կը հաղորդէ, որ Բրիտանիոյ վարչապետ Տէյվիտ Քամերոն, 10 տարուան ընթացքին իր տեսակին մէջ առաջինը ըլլալով հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցած է Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանիի ... Շարն.
Իրան Իր Հիւլէական Իրաւունքներէն Պիտի Չհրաժարի, Այլ Զանոնք Պիտի Պաշտպանէ
Այաթոլլա Ալի Խամենէի Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ այաթոլլա Ալի Խամենէի երէկ Ժընեւի մէջ իր երկրին եւ Վեցեակին միջեւ Թեհրանի հիւլէական թղթածրարին շուրջ բանակցութիւններէն ժամեր առաջ մերժեց Իրանի «հիւլէական իրաւունքներէն» որեւէ ... Շարն.
Սուրիական Քիմիական Զէնքերը Կրնան Ոչնչացուիլ Ծովուն Մէջ
Աղբիւր մը «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ միջազգային վերահսկողութեան տակ գտնուող սուրիական քիմիական զէնքերը կրնան մշակուիլ եւ ոչնչացուիլ ծովուն մէջ: Ալպանիա քանի մը օր առաջ մերժած էր այդ զէնքերը իր ... Շարն.
Լաւրով. «Ճոն Քերրիի Հետ Համաձայնեցանք Սուրիոյ Տագնապը Քննարկելու Համար Մօտ Օրէն Հանդիպելու»
Սերկէյ Լաւրով Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտարարեց, որ իր ամերիկացի պաշտօնակից Ճոն Քերրիի հետ համաձայնած է Սուրիոյ տագնապը քննարկելու համար մօտ օրէն հանդիպելու` նշելով, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր ... Շարն.
«Մեր Նպատակը «Ժընեւ-2»-ը Դեկտեմբերի Կիսուն Գումարելն Է» Ըսաւ Քի Մուն
Պան Քի Մուն ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն երէկ յայտարարեց, որ ինք կը նախատեսէ, որ Սուրիոյ շուրջ խաղաղութեան «Ժընեւ-2» միջազգային խորհրդաժողովը գումարուի «դեկտեմբերի կիսուն», իսկ ճշգրիտ թուականը յառաջիկայ շաբաթ ... Շարն.
«21-րդ Դարը Թուրքիայինը Պիտի Ըլլայ» Կ՛ըսէ Էրտողան
«Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Էրկանի քաղաքին մէջ շարք մը շինութիւններու բացման արարողութեան ժամանակ յայտարարած է, որ ոչ մէկ ուժ կրնայ Թուրքիան դիմակայել։ Ան ... Շարն.
«Այժմ Իրանեան Հիւլէական Հարցը Լուծելու Իսկական Առիթ Մը Գոյութիւն Ունի» Ըսաւ Փութին
Փութին եւ Ռուհանի Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին կը յայտնէ, որ Իրանի հիւլէական «երկարատեւ» հարցին լուծում մը գտնելու «իսկական առիթ» մը գոյութիւն ունի։ Այդ յայտարարութիւնը կատարուեցաւ Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանիի հետ ... Շարն.
Ամերիկեան Թերթը 150 Տարի Ետք Ներում Հայցած Է Ապրահամ Լինքընէն
«Էսոշիէյթըտ փրես» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ ամերիկեան «Տը Փաթրիոթ-Նիուզ աֆ Հարրիսպըրկ» թերթը 150 տարի ետք ներում հայցած է Միացեալ Նահանգներու նախկին նախագահ Ապրահամ Լինքընէն՝ անոր ճառը քննադատելուն համար։ Խօսքը ... Շարն.
Պարզանի Եւ Էրտողան Միասնաբար Տիգրանակերտի Մէջ
Պարզանի եւ Էրտողան «Հիւրրիյէթ Տէյլի Նիուզ» կը հաղորդէ, որ Իրաքի քրտական ինքնավար շրջանի ղեկավար Մեսուտ Պարզանի Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հետ Տիգրանակերտի մէջ տեղի ունեցած միացեալ հաւաքի մը ընթացքին ... Շարն.
Սուրիոյ Կառավարական Եւ Ընդդիմադիր Ուժերը Խաղաղութեան Բանակցութիւններէն Առաջ Նոր Դիրքորոշումներ Յայտնած Են
«Ռաշա Թուտէյ» կը հաղորդէ, որ Սուրիոյ կառավարական ուժերը ընդդիմադիր զինեալներէն խլած են Դամասկոսի շարք մը արուարձաններ։ Այս իրադարձութեան լոյսին տակ Սուրիոյ վարչապետ Ուաէլ Հալքի յայտարարած է, որ «շլացուցիչ յաղթանակը» մօտ ... Շարն.
«Սուրիոյ Քիւրտերուն Հարցերը Միակողմանի Միջոցառումներով Պիտի Չլուծուին» Կ՛ըսէ Ֆորտ
Ռոպըրթ Ֆորտ Դամասկոսի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ռոպըրթ Ֆորտ յայտնեց, որ իր երկիրը «երկար ժամանակէ ի վեր Սուրիոյ միութեան կը զօրակցի»՝ Սուրիոյ քիւրտերը զգուշացնելով, որ իրենց հարցերը միակողմանի միջոցառումներով պիտի ... Շարն.
Եւրոպական Միութիւնը Պիտի Վերահաստատէ Իրանի Դէմ Նախապէս Չեղեալ Յայտարարուած Պատժամիջոցները
Թէեւ Արեւմուտքն ու Իրանը Թեհրանի հիւլէական թղթածրարին շուրջ բանակցութեանց մէջ զգալի յառաջընթաց արձանագրած են, սակայն Եւրոպական Միութիւնը պիտի վերահաստատէ իսլամական հանրապետութեան դէմ շարք մը պատժամիջոցներ, որոնք նախապէս եւրոպական դատարանին վճիռով ... Շարն.
Քիւրտերը Սուրիոյ Հիւսիսը Ժամանակաւոր Կառավարութիւն Պիտի Ստեղծեն
Սուրիոյ հիւսիսը բնակող քիւրտերը յայտարարած են ժամանակաւոր կառավարութիւն ստեղծելու իրենց ծրագիրին մասին։ Քրտական Ժողովրդավարական միութիւն կուսակցութիւնը այդ յայտարարութիւնը կատարած է Գամըշլիի մէջ տեղի ունեցած բանակցութիւններէն ետք։ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար ... Շարն.
Մոսկուա Կը Դատապարտէ Դամասկոսի Բնակելի Վայրերու Ռմբակոծումը
Մոսկուա՝ ակնարկելով Դամասկոսի Պապ Շարքի կամարին մօտ գտնուող Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ կից Ազգային Սրբոց Թարգմանչաց ճեմարանի դրան առջեւ երկու հրասանդի հրթիռներ արձակելու դէպքին, յայտնեց, որ բուռն կերպով կը դատապարտէ Սուրիոյ ... Շարն.
Սուրիոյ Մէջ Ժապհաթ Նուսրային Օժանդակելու Համար Լիբանան Ուղղուող Ամերիկացի Մը Ձերբակալուած Է
Պասեթ Ժաուատ Շէյխ «Սի.Էն.Էն.» կը հաղորդէ, որ ամերիկեան իշխանութիւնները յայտնած են, որ իրենք Հիւսիսային Քարոլայնայէն 29 տարեկան Պասեթ Ժաուատ Շէյխը ձերբակալած են միջազգային օդակայանին մէջ, ուրկէ կը պատրաստուէր Լիբանան ուղղուիլ՝ ... Շարն.
Սպիտակ Տուն. «Իրանի Հետ Դիւանագիտութեան Այլընտրանքը Պատերազմն Է»
«Արապիա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանի կայքէջը կը գրէ, որ Սպիտակ տունը Քոնկրեսին դիմած է՝ յայտնելով, որ Իրանի նկատմամբ նոր պատժամիջոցներու սահմանումը կրնայ յանգեցնել պատերազմի։ Սպիտակ տան բանբեր Ճէյ Քառնի զգուշացուցած է ... Շարն.
Ուքրանական «Նաւթոկազ»-ը Դադրած Է «Կազփրոմ»-Էն Ռուսական Կազ Գնելէ
«Պի.Պի.Սի.» կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ վառելիք ուժանիւթի համալիրի կեդրոնական վարչութիւնը երկուշաբթի օր յայտնած է, որ ուքրանական «Նաւթոկազ» ընկերութիւնը անցեալ ուրբաթ օր ռուսական «Կազփրոմ»-էն կազի գնումը ամբողջովին դադրեցուցած է։ Միեւնոյն ժամանակ, ... Շարն.
«Միացեալ Նահանգներու Եւ Իրանի Միջեւ Տարակարծութեան Լուծումը Ժամանակի Պիտի Կարօտի» Ըսաւ Քերրի
Ճոն Քերրի Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի նշեց, որ «մեծ տէրութիւնները Ժընեւի մէջ վերջին բանակցութեանց ընթացքին Իրանի հետ համաձայնութիւն գոյացնելու շատ մօտ էին։ Մեզ իրարմէ բաժնողները որոշ հասկացողութեանց ... Շարն.

