Category: Առողջապահական - Բժշկագիտական

Ինչպէս Ակրատը Առողջ Ուտելիքի Վերածել

Ինչպէս Ակրատը Առողջ Ուտելիքի Վերածել

October 3, 2013

ՔԱՐԼԱ ԵԱՐՏԸՄԵԱՆ Շատ են ու զանազան ճաշարաններն ու սրճարանները, որոնք ակրատի (սենտուիչ) տարբեր տեսակներ կը վաճառեն: Շատերու կարծիքով, ակրատի տեսակները առողջապահական չեն: Այս կարծիքը ունեցողներուն իբրեւ պատասխան` կրնանք ըսել, թէ ... Շարն.

Արտաքին Ականջի Հիւանդագին Երեւոյթներ

September 19, 2013

Պատրաստեց Բժիշկ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ Ականջի հիւանդութիւնները կարելի է բաժնել հիմնական երեք խմբաւորումներու. Ա. Բորբոքումներ եւ կամ վարակներ Բ. Ընդոծին արատներ եւ անբնական երեւոյթներ Գ. Լսողական խանգարումներ եւ կորուստ Դ. Գլխապտոյտ ... Շարն.

Կանեփուկին Եւ Զմուռսին Օգուտները

August 29, 2013

ՔԱՐԼԱ ԵԱՐՏԸՄԵԱՆ Կանեփուկը (agnus castus) կ՛աճի Եւրոպայի հարաւը, ինչպէս նաեւ` միջերկրականեան  երկիրներու մէջ: Կանեփուկի տերեւները կը նմանին մատներու եւ անոնց գոյնը գարնան մանիշակագոյն են, իսկ աշնան ան թութի նման սրճագոյն ... Շարն.

Լսողական Կորուստ

August 15, 2013

ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ Լսողական կորուստ ըսելով` կը հասկնանք լսողութեան մասնակի տկարացում եւ կամ ամբողջական խլութիւն: Լսողական կորուստը ունի երկու խմբաւորում` Ա. Փոխանցման կորուստ Բ. Զգացողական-ընկալողական կորուստ. Ա) Փոխանցման կորուստ տեղի ... Շարն.

Ականջը Եւ Իր Դերակատարութիւնը

July 25, 2013

ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ Ականջը մեր մարմնին մէկ անբաժան մասն է եւ ունի երկու կենսական դերակատարութիւններ` լսողութիւն եւ մարմնի հաւասարակշռութեան պահպանում: Ականջը կազմուած է երեք մասերէ` արտաքին ականջ, միջին ականջ եւ ... Շարն.

Մորթային Հիւանդութիւններ

June 29, 2013

ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ ԺԳ. Մորթապնդութիւն (scleroderma) Մորթապնդութիւնը կը յատկանշուի մորթի մնայուն, ծաւալուն կոշտութեամբ-պնդութեամբ: Մորթը կը վերածուի փայլուն, հաստ եւ կարծր մաշկի` բնականէն աւելի կամ նուազ գունաւորումով: Մորթապնդութիւնը կը պատահի մարմինի ... Շարն.

Մորթային Հիւանդութիւններ

June 28, 2013

ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ Նախապէս խօսած էինք մորթին եւ անոր պարտականութիւններուն մասին: Նկատի ունենալով մորթային հիւանդութիւններուն կարեւորութիւնը, այժմէականութիւնը եւ յաճախականութիւնը` այժմ կ՛ուզեմ ամփոփ ձեւով անդրադառնալ մորթային շարք մը հիւանդութիւներու: Ա. Համայնական ... Շարն.

Մորթը Եւ Արեւու Ճառագայթը

April 11, 2013

ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ Խօսելէ առաջ այս նիւթի մասին` պարտաւոր կը զգամ անդրադառնալ հետեւեալ երկու կէտերուն. 1. Մորթը կազմուած է երեք խաւերէ` վերնամորթ, ենթամորթ եւ ներքնամորթ: Մորթին տեսանելի խաւը վերնամորթն է ... Շարն.

Պզուկ Կամ Պատանեկան Բշտիկաւորում

February 28, 2013

Պատրաստեց` ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ    Պզուկը (acne) մորթի մազապարկիկներու (hair follicles) եւ ճարպագեղձերու բորբոքումով մորթի մակերեսին վրայ յառաջացած բշտիկաւոր հիւանդութիւնն է: Անիկա կը յայտնուի գլխու եւ երեսի վրայ, յատկապէս` ճակատին, այտերուն, ... Շարն.

Խաղողի Կուտի Եւ Գողտկուրի (Borage) Օգուտները.  Խաղողի Կուտը

Խաղողի Կուտի Եւ Գողտկուրի (Borage) Օգուտները. Խաղողի Կուտը

February 21, 2013

ՔԱՐԼԱ ԵԱՐՏԸՄԵԱՆ Նոր ուսումնասիրութիւնները կը նշեն, թէ խաղողը իր կուտով սպառելը օգտակար է առողջապահական կարգ մը հարցերու բուժման համար, որոնց ենթակայ են շատեր, մասնաւորաբար` քոլեսթերոլի քանակի բարձրացման եւ սրտանօթային հարցերու: ... Շարն.

Քոսութիւն

January 31, 2013

ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ Քոսութիւնը (scabies) մորթային զօրաւոր փոխանցիկ հիւանդութիւն մըն է, որ կը յատկանշուի շատ ուժգին քերուըտուքով: Տիզ կոչուած մակաբոյծի մը վարակումով կը յառաջանայ քոսոտութիւնը: Տիզ մակաբոյծը ունի հետեւեալ յատկութիւնները. ... Շարն.

Եղունգ

January 10, 2013

Պատրաստեց` Բժիշկ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ Եղունգը կը ծածկէ ոտքի եւ ձեռքի մատներուն ծայրամասի ոսկրիկները: Անոր կազմաւորումը շարունակական է մինչեւ անհատին մահը: Եղունգը իր կազմաւորման եւ աճման պատճառով որոշ չափով կ՛երկարի եւ ... Շարն.

Գիտական. Աշխարհի Տարածքին Բեւեռային Հսկայ Սառցակոյտերը Սկսած Են Արտասովոր Արագութեամբ Կծկուիլ` Ընդհանրական Ջերմացման Պատճառով

Գիտական. Աշխարհի Տարածքին Բեւեռային Հսկայ Սառցակոյտերը Սկսած Են Արտասովոր Արագութեամբ Կծկուիլ` Ընդհանրական Ջերմացման Պատճառով

December 18, 2012

Պատրաստեց՝ ՍԻՐՈՒՆ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ Նոյեմբերի վերջաւորութեան բրիտանացի խումբ մը կլիմայագէտներու կողմէ կատարուած ուսումնասիրութիւններէն մէկը ցոյց տուած է, թէ վերջերս բեւեռային սառցակոյտերը սկսած են արագօրէն հալիլ` պատճառ դառնալով ծովու մակերեսին ուշագրաւ կերպով ... Շարն.

Գիտական. Կարելի՞ Է Ոսկի Գտնել` Ճերմակ Մրջիւններուն Փորած Փոսերուն Հետեւելով…

Գիտական. Կարելի՞ Է Ոսկի Գտնել` Ճերմակ Մրջիւններուն Փորած Փոսերուն Հետեւելով…

December 18, 2012

Պատրաստեց՝ ՍԻՐՈՒՆ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ Վերջերս արեւմտեան Աւստրալիոյ մէջ կատարուած նորագոյն ուսումնասիրութիւններէն մէկը ցոյց տուած է, թէ ճերմակ մրջիւնները ոսկի կը դիզեն իրենց բոյնին կազմութեան համար տարբեր տեսակի ստորերկրեայ նիւթեր հաւաքած ատեն...: ... Շարն.

Գիտական. Հնագիտական Յայտնաբերումներ Կատարող Աշխարհի Առաջին Շունը` Միկալուն…

Գիտական. Հնագիտական Յայտնաբերումներ Կատարող Աշխարհի Առաջին Շունը` Միկալուն…

December 18, 2012

Պատրաստեց՝ ՍԻՐՈՒՆ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ Վերջերս աւստրալիացի անասնագէտ Կերի Ճեքսըն յաջողած է այնպէ՛ս մը մարզել տարիներէ ի վեր իր ուսումնասիրութիւններուն մէջ ներառուած շուներէն մէկը, որ այս վերջինը կրցած է ճշդել դարեր առաջ ... Շարն.

Մազ Եւ Մազի Յատկութիւններ

December 6, 2012

ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ Մեր բոլորին մարմինները անխտիր ծածկուած են մազերով: Մարմնին ամբողջ մակերեսը ծածկուած է մազով, ի բացառեալ` շրթունքները, ներբանները, ափերը, ականջներուն ետեւի բաժինը, պորտը եւ արտաքին սեռական օրկաններու որոշ ... Շարն.

Գիտական. Ընդհանրական Ջերմացումը Կը Վտանգէ Սրճենիներուն Գոյութիւնը

Գիտական. Ընդհանրական Ջերմացումը Կը Վտանգէ Սրճենիներուն Գոյութիւնը

December 4, 2012

Պատրաստեց՝ ՍԻՐՈՒՆ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ Նոյեմբերի սկիզբը բրիտանացի խումբ մը բուսաբաններու կողմէ կատարուած ուսումնասիրութիւններէն մէկը ցոյց տուած է, թէ ընդհանրական ջերմացման յառաջացուցած կլիմայական փոփոխութիւններուն պատճառով կրնայ լրջօրէն վտանգուիլ կարգ մը  տեսակի սրճենիներուն ... Շարն.

Գիտական. Այնշթայնին Ուղեղին Ունեցած Իւրայատուկ Կերտուածքը Կը Բացատրէ Անոր Հանճարեղ Կարողութիւնները

Գիտական. Այնշթայնին Ուղեղին Ունեցած Իւրայատուկ Կերտուածքը Կը Բացատրէ Անոր Հանճարեղ Կարողութիւնները

December 4, 2012

Պատրաստեց՝ ՍԻՐՈՒՆ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ 2010-ին ամերիկացի խումբ մը մասնագէտներ ձեռք ձգած են Այնշթայնին ուղեղին ամբողջական պատկերը ներկայացնող շարք մը լուսանկարներ, որոնց մէջ ծալքերու արտասովոր շարք մը յայտնուած է անոր ուղեղին տարբեր ... Շարն.

Գիտական. «Երգող» Աւազաբլուրները…

Գիտական. «Երգող» Աւազաբլուրները…

December 4, 2012

Պատրաստեց՝ ՍԻՐՈՒՆ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ Վերջերս ֆրանսացի խումբ մը կենսաբնագէտներ յայտնած են, թէ աւազի հատիկներուն չափը կը ճշդէ աւազաբլուրներուն յառաջացուցած մռնչիւնին աստիճանը: Տարիներ առաջ Մարքօ Փոլոն Չինաստանի մէջ եղած ատեն տարօրինակ գոռում ... Շարն.

Գիտական. Կոկորդիլոսներուն Ծնօտները Շատ Աւելի Զգայուն Են, Քան` Մարդկային Մատներուն  Ծայրերը…

Գիտական. Կոկորդիլոսներուն Ծնօտները Շատ Աւելի Զգայուն Են, Քան` Մարդկային Մատներուն Ծայրերը…

November 20, 2012

Պատրաստեց՝ ՍԻՐՈՒՆ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ Նոյեմբերի սկիզբը ամերիկացի խումբ մը անասնագէտներու կողմէ տարբեր տեսակի կոկորդիլոսներու վրայ կատարուած ուսումնասիրութիւններէն մէկը ցոյց տուած է, թէ այս վերջիններուն ծնօտն ու դունչը շատ աւելի զգայուն են, ... Շարն.