Category: Գաղութային
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Մասնակցութիւնը Մարդու Շահագործման Դէմ Պայքարի Համագումարին
Հինգշաբթի 14, եւ ուրբաթ 15 յունիս 2012-ին, Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդի Ընկերային արդարութեան բաժանմունքին եւ Լիբանանի Մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութեան կազմակերպութեան միացեալ ծրագրումով, Պէյրութի մէջ մարդու շահագործման դէմ պայքարին նուիրուած համագումար ... Շարն.
Հայ Ընտանիքի Օր` Զմմառու Վանքին Մէջ
Կիրակի, 17 յունիսին, առաւօտեան ժամը 9:00-էն 16:00, Զմմառի «Վերափոխեալ Տիրամայր» հայավանքին մէջ, Հայ կաթողիկէ պատրիարքական թեմին ընտանիքի յանձնախումբին կազմակերպութեամբ տեղի ունեցաւ «Միասնաբար տօնենք հայ ընտանիքի օրը» նախաձեռնութիւնը: Հայ կաթողիկէ բոլոր ... Շարն.
Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Ղպտի Ու Ասորի Արքեպիսկոպոսներ
Չորեքշաբթի երեկոյեան, Արամ Ա. կաթողիկոս ընդունեց ասորի ուղղափառ եկեղեցիէն Լեռնալիբանանի առաջնորդ Ժորժ Սալիպա արքեպիսկոպոսը, Պէյրութի առաջնորդ Տանիէլ արքեպիսկոպոսը, ղպտի ուղղափառ եկեղեցիէն սինոտի ընդհանուր քարտուղար Պիշոյ արքեպիսկոպոսը եւ պատրիարքական օգնական Բենիամին ... Շարն.
Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի Գործադիր Վարչութիւնը Կոչ Կ՛Ուղղէ Քրիստոնեաներուն Տէր Կանգնելու Իրենց Պատասխանատուութիւններուն Եւ Իրաւունքներուն
Անթիլիասի մայրավանքին մէջ գումարուող Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդի Գործադիր վարչութիւնը շարունակելով իր աշխատանքները` նախ ընդհանուր արժեւորում մը կատարեց շրջանին մէջ եկեղեցիներու դիմագրաւած դժուարութիւններուն ու մտահոգութիւններուն: Այս ծիրին մէջ յատուկ ուշադրութեան ... Շարն.
Արտերկրի Ֆրանսացիներու Խորհրդարանական Ընտրութիւններու Թեկնածու Ալեն Մարսօ Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն
Ֆրանսական Միութիւն յանուն ժողովրդային շարժումի կուսակցութեան խորհրդարանական ընտրութիւններու Ափրիկէի եւ Միջին Արեւելքի արտերկրի ֆրանսացիներու թեկնածու Ալեն Մարսօ երէկ այցելեց ՀՅԴ «Շաղզոյեան» կեդրոն, ուր հանդիպում ունեցաւ ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Յովիկ ... Շարն.
«Բագին» Գրական Հանդէսի Ընթերցման Հանդիպումներուն Ծիրին Մէջ. Գրողներու Համագումարի Եւ «Գրական Սփիւռք» Հատորի Մասին Տպաւորութիւններու Արծարծում
Տարիներէ ի վեր ամսական հերթականութեամբ շարունակուող գրական ընթերցումի հաճելի մթնոլորտին մէջ, երէկ` չորեքշաբթի, 13 յունիսի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, «Բագին»-ի ընթերցասրահին մէջ անգամ մը եւս համախմբուեցան երէց թէ երիտասարդ գրողներ ու ... Շարն.
«Միջին Արեւելքի Մէջ Քրիստոնէական Միութիւնը Աւելի Քան Հրամայական Է Այսօր» Կ՛ըսէ Արամ Ա. Կաթողիկոս
Երեքշաբթի, 12 յունիս 2012-ի առաւօտուն, բացումը կատարելով Անթիլիասի մէջ տեղի ունեցած Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդի Գործադիր վարչութեան ժողովին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս կարեւորութեամբ շեշտեց քրիստոնէական միութեան շօշափելի արտայայտութիւն ... Շարն.
Հայկազեան Համալսարանի Եւ ԼՕԽ-ի Համագործակցութեամբ Հայկական Ասեղնագործութեան Ցուցահանդէսի Բացման Հանդիսութիւն
Հովանաւորութեամբ ընկերային հարցերու նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուրի, երէկ` երեքշաբթի, 12 յունիսի երեկոյեան ժամը 6:00-ին Հայկազեան համալսարանին մէջ տեղի ունեցաւ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի Շրջանային վարչութեան Ձեռարուեստի յանձնախումբի հայկական ասեղնագործութեան ցուցահանդէսի բացման ... Շարն.
Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ Տեղի Կ՛ունենայ Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի Գործադիր Վարչութեան Ժողովը
Արամ Ա. կաթողիկոսի նախագահութեամբ այսօր` երեքշաբթի, 12 յունիս 2012-ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Անթիլիասի մայրավանքին մէջ բացումը պիտի կատարուի Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդի Գործադիր վարչութեան ժողովին: 30 հոգիներէ բաղկացած ներկայ ... Շարն.
Նախաձեռնութեամբ ՀՅԴ ԶՈՄ-Ին Լիբանանահայութիւնը Պուրճ Համուտէն Զօրակցութիւն Կը Յայտնէ Ջաւախքին
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութեան (ԶՈՄ) երէկ` ուրբաթ, 8 յունիսի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Պուրճ Համուտի «Արին» կեդրոնին առջեւ տեղի ունեցաւ Ջաւախքի զօրակցութեան հաւաք մը, որուն ներկայ գտնուեցան Լիբանանի հայոց թեմի ... Շարն.
Անթիլիասի Մէջ Բացում` Հայ Հնատիպ Գիրքերու Եւ Մամուլի Ցուցահանդէսի
Հանդիսապետութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին եւ կազմակերպութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքին երէկ` ուրբաթ, 8 յունիսի երեկոյեան ժամը 7:00-ին կաթողիկոսարանի «Կիլիկիա» թանգարանին մէջ տեղի ունեցաւ բացումը հայ հնատիպ ... Շարն.
Համազգայինի «Թ. Ռոսլին» Կերպարուեստի Դպրոցի Ամավերջի Ցուցահանդէսի Բացման Հանդիսութիւն
Կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Թ. Ռոսլին» կերպարուեստի դպրոցին, երէկ` ուրբաթ, 8 յունիս 2012-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Թ. Ռոսլին» դպրոցի աշակերտներու ամավերջի ցուցահանդէսի բացման հանդիսութիւնը` ներկայութեամբ արուեստագէտներու, ... Շարն.
Փրոֆ. Հ. Լեւոն Զէքիեան Այցելեց «Ազդակ»
Երէկ յետմիջօրէին «Ազդակ»-ի խմբագրատուն այցելեց եւ տնօրէնութեան հետ շատ շահեկան զրոյց մը ունեցաւ հայագիտութեան մարզին մէջ սփիւռքահայ ամէնէն վաւերական դէմքերէն փրոֆ. հ. Լեւոն Զէքիեան, որ կարճատեւ այցելութեամբ կը գտնուի Լիբանան: ... Շարն.
Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի Ընդհանուր Քարտուղարը
Երէկ` ուրբաթ, 8 յունիս 2012-ի առաւօտուն, Արամ Ա. կաթողիկոս վեհարանի իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար դոկտ. Փոլ Ռուհանան: Այցելութեան նպատակն էր յառաջիկայ շաբաթ Անթիլիասի մայրավանքին ... Շարն.
Շնորհահանդէս` «Հայկազեան Հայագիտական Հանդէս»-ի ԼԲ. Հատորին
Չորեքշաբթի, 6 յունիս 2012-ին, լիբանանահայ մտաւորականութիւնը անգամ մը եւս ներկայացաւ իր տարեկան ժամադրութեան` «Հայկազեան հայագիտական հանդէս»-ի շնորհահանդէսին, որ տեղի ունեցաւ համալսարանի հանդիսասրահին մէջ: Բացման խօսքով հանդէս եկաւ «Հայկազեան հայագիտական հանդէս»-ի ... Շարն.
Գոհար Գրադարանի Բացման Նախաձեռնութեամբ Յարութ Խաչատուրեան Քար Մը Եւս Աւելցուց Հայակերտումի Ամրակուռ Բուրգին Վրայ
Քաղաքական թէ ընկերային ամէնէն օրհասական պայմաններուն մէջ իսկ երբեմն յանկարծ տեղ մը, անակնկալ նախաձեռնութիւն մը կու գայ անկիւնադարձային փուլ մը նշելու հաւաքականութեան մը պատմութեան մէջ` պահ մը շուքի տակ ձգելով ... Շարն.
Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» Ցուցասրահ Միսաք Թերզեանի Ցուցահանդէսի Բացում
Երէկ` հինգշաբթի, 7 յունիսի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին մէջ բացումը կատարուեցաւ լիբանանահայ արուեստագէտ Միսաք Թերզեանի ցուցահանդէսին` ներկայութեամբ մեծ թիւով հայ թէ օտար արուեստագէտներու, արուեստաբաններու, եւ արուեստասէրներու: Ցուցահանդէսը ... Շարն.
Սրբոց Հռիփսիմեանց Նահատակութեան Տօնի Նշում
Երկուշաբթի, 4 յունիս 2012-ին, Սրբոց Հռիփսիմեանց կուսանաց նահատակութեան տօնը նշուեցաւ Նոր Ատանայի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, հանդիսապետութեամբ` Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանի: Հաւատացեալները այս տարի եւս խուռներամ ուղղուեցան ... Շարն.
Համազգայինի Բազմամեայ Պարուսոյց Ֆելիքս Յարութիւնեանի Յիշատակին Նուիրուած Արժանավայել Երեկոյ
Կազմակերպութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան եւ հովանաւորութեամբ Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպանատան, երէկ` չորեքշաբթի, 6 յունիս 2012-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Համազգայինի բազմամեայ վաստակաշատ պարուսոյց ... Շարն.
«Հաւատալ Կը Նշանակէ Ճանչնալ, Ապրիլ Եւ Մասնակցիլ» Շեշտեց Արամ Ա. Կաթողիկոս
Երեքշաբթի, 5 յունիս 2012-ի առաւօտուն, իր պատգամը ուղղելով Անթիլիասի Մայր տաճարին մէջ Սուրբ Գրոց սերտողութեան հետեւող աւելի քան 150 տիկիններուն, Արամ Ա. կաթողիկոս ոչ միայն շեշտեց հաւատքի կենսական կարեւորութիւնը մարդու ... Շարն.

