Category: Գաղութային

Հաղորդագրութիւն

Հաղորդագրութիւն

November 6, 2013

Երեքշաբթի, 5 նոյեմբեր 2013-ին, կէսօրէ ետք ժամը 1:00-ին, ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան մէկ պատուիրակութիւնը այցելեց Շահէ եպս. Փանոսեանի` շնորհաւորելու համար սրբազան հօր ընտրութիւնը իբրեւ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ եւ խնդրելու, ... Շարն.

Հայ Լրագրողներ Կ՛այցելեն  Տիգրանակերտի Քաղաքապետին

Հայ Լրագրողներ Կ՛այցելեն Տիգրանակերտի Քաղաքապետին

November 6, 2013

2009 թուականէն «Հրանդ Տինք» հիմնադրամը կ՛իրականացնէ «Թուրքիա - Հայաստան լրագրողներու երկխօսութիւն» ծրագիրը, որուն շրջանակներուն մէջ այս տարի Հայաստանէն մասնակցող լրագրողները այցելած են Տիգրանակերտի` ազգութեամբ քիւրտ քաղաքապետ Օսման Պայտեմիրին: Akunq.net կայքէջը ... Շարն.

Այնճար.  Շարժանկարի Ցուցադրութիւն  Եւ Զրոյց

Այնճար. Շարժանկարի Ցուցադրութիւն Եւ Զրոյց

November 6, 2013

Ուրբաթ, 1 նոյեմբեր 2013-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Այնճարի «Ս.  Զէյթլեան» կեդրոնի «Մովսէս Տէր Գալուստեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ շարժանկարի ցուցադրութիւն եւ զրոյց` կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Պ. Սեւակ» մասնաճիւղի վարչութեան: Վարչութեան անդամ ... Շարն.

Կացութիւնը Դամասկոսի Մէջ

November 4, 2013

Դամասկոսի մէջ «Ազդակ»-ի թղթակիցը հաղորդեց, որ ընդհարումներու դաշտը օրական փոփոխութեան կ՛ենթարկուի մայրաքաղաքի արեւելեան արուարձաններէն դէպի արեւմուտք եւ հարաւ: Պաշտօնական աղբիւրները կը հաղորդեն, որ սուրիական բանակը յաջողութիւններ կ՛արձանագրէ տարբեր ծայրամասերու ուղղութեամբ, ... Շարն.

Արուեստագէտ Վահէ Պէրպէրեան  «Լ. Շանթ» Կեդրոնին Մէջ

Արուեստագէտ Վահէ Պէրպէրեան «Լ. Շանթ» Կեդրոնին Մէջ

November 4, 2013

Համազգայինի Գեղարուեստի դպրոցներու խնամակալութեան նախաձեռնութեամբ, արուեստագէտ Վահէ Պէրպէրեան շաբաթ, 2 նոյեմբեր 2013-ի յետմիջօրէին այցելեց Համազգայինի «Թ. Ռոսլին» կերպարուեստի դպրոցը: Դպրոցի գեղանկարչութեան դասընթացքներուն հետեւող ուսանողները, ինչպէս նաեւ դպրոցէն աւարտող աշակերտներ եւ ... Շարն.

Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ Արեւմտահայերէնի Խտացեալ Դասընթացքը Կը Շարունակուի

November 4, 2013

Երկրորդ տարին ըլլալով` Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Կրթական հայագիտական բաժանմունքին կազմակերպութեամբ տեղի պիտի ունենայ արեւմտահայերէնի խտացեալ դասընթացք, որուն պիտի մասնակցին քսան աշակերտներ: Դասընթացքը պիտի սկսի յառաջիկայ շաբաթ եւ պիտի տեւէ ... Շարն.

Հայկազեան Համալսարանին Մէջ.  Կրեկուար Սուքիասեան Խօսեցաւ Անվտանգութեան Եւ Ճգնաժամային Կառավարման Մասին

Հայկազեան Համալսարանին Մէջ. Կրեկուար Սուքիասեան Խօսեցաւ Անվտանգութեան Եւ Ճգնաժամային Կառավարման Մասին

November 2, 2013

Հայկազեան համալսարանի «Մշակութային ժամ»-ի ընթացիկ տարուան առաջին ձեռնարկը տեղի ունեցաւ երէկ` ուրբաթ, 1 նոյեմբեր 2013-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, համալսարանի հանդիսասրահին մէջ: Մտաւորականներու, ակադեմականներու եւ մշակութասէր ազգայիններու ներկայութեան տեղի ունեցած այս ... Շարն.

Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի  Եւ Հունգարիոյ Եկեղեցիներու  Ներկայացուցիչներու Հանդիպումները

Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի Եւ Հունգարիոյ Եկեղեցիներու Ներկայացուցիչներու Հանդիպումները

November 2, 2013

Մայր աթոռ Ս. Էջմիածինի տեղեկատուական համակարգը կը հաղորդէ, որ Հարաւային Քորէայի Պուսան քաղաքին մէջ տեղի ունեցող Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի 10-րդ համաժողովի շրջագիծին մէջ, 31 հոկտեմբերին Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսը ... Շարն.

ՍՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան  Կազմակերպութեամբ «Ժողովավարական Օրէնքները»  Եւ «Դիւանային Աշխատանք» Նիւթով Սեմինար

ՍՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան Կազմակերպութեամբ «Ժողովավարական Օրէնքները» Եւ «Դիւանային Աշխատանք» Նիւթով Սեմինար

November 2, 2013

«Բերիոյ նիուզ» կը հաղորդէ, որ սուրիահայ օգնութեան խաչի (ՍՕԽ) Շրջանային վարչութեան կազմակերպութեամբ Հալէպի մէջ յաջորդաբար երեք օրերու տեւողութեամբ տեղի ունեցաւ «Ժողովավարական օրէնքներ» եւ «դիւանային աշխատանք» նիւթով սեմինար մը: ՍՕԽ-ի Հալէպի ... Շարն.

Հաղորդագրութիւն

Հաղորդագրութիւն

November 2, 2013

Հինգշաբթի, 31 հոկտեմբեր 2013-ին, ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութիւնը շնորհաւորական այցելութիւն մը տուաւ Լիբանանի հայոց թեմի նորընտիր առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանին: Շնորհաւորական եւ յաջողութեան բարեմաղթութիւններ յայտնելէ ետք, Շրջանային վարչութիւնը սրբազան հօր ներկայացուց ... Շարն.

Հալէպ Կը Հասնին Կենսական  Բոլոր Տեսակի Նիւթեր

Հալէպ Կը Հասնին Կենսական Բոլոր Տեսակի Նիւթեր

November 1, 2013

«Բերիոյ նիուզ» կը հաղորդէ, որ քանի մը օրէ ի վեր Հալէպ մուտք կը գործեն հարիւրաւոր բեռնաւորուած բեռնակառքեր: Կառավարութիւնը կարելին կ’ընէ կացութիւնը բնականոն վիճակին վերադարձնելու: Վերոյիշեալ բեռնակառքերը բեռցուցած են 90 թոն ... Շարն.

«Ազդակ» Կը Մասնակցի «Հրանդ Տինք»  Հիմնարկի Կազմակերպած Լրագրողներու Համախմբումին

«Ազդակ» Կը Մասնակցի «Հրանդ Տինք» Հիմնարկի Կազմակերպած Լրագրողներու Համախմբումին

November 1, 2013

Երէկ Պոլսոյ մէջ ընթացք առաւ «Հրանդ Տինք» հիմնարկի կազմակերպած յառաջատար լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներու երկխօսութիւնը, որ կ՛աւարտի չորեքշաբթի, 6 նոյեմբերին: Ծրագիրը կ՛ընդգրկէ հանդիպումներ թուրք լրագրողներու եւ քաղաքագէտներու հետ, Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան մօտ ... Շարն.

Վահէին «Եթէ»-ն Անձկութեան Մասին`  Առանց Անձկութեան

Վահէին «Եթէ»-ն Անձկութեան Մասին` Առանց Անձկութեան

November 1, 2013

Ն. Բ.                 Վահէ Պէրպէրեան... «Եթէ»... Անձկութիւն… Վահէին Լիբանան գալու առաջին յայտարարութենէն իսկ լիբանանահայութիւնը սկսաւ ապրիլ այն անձկութիւնը, որուն մասին խօսեցաւ Վահէն երէկ` ... Շարն.

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Իրանեան Պետական Պատուիրակութիւն Մը

October 31, 2013

Երէկ առաւօտ Իրանի պետութիւնը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը այցելեց Արամ Ա. կաթողիկոսին` նախապէս առնուած ժամադրութեան համաձայն: Այցելութեան հիմնական նպատակն էր ընդհանրապէս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան եւ Իրանի միջեւ յարաբերութեան ու յատկապէս ... Շարն.

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Մասնակցութիւնը Եկեղեցինեու Համաշխարհային Խորհուրդի 10-րդ Համագումարին

October 31, 2013

Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի 10-րդ համաժողովը, որ կը գումարուի եօթը տարին անգամ մը, տեղի պիտի ունենայ Պուսանի մէջ, Հարաւային Քորէա, 30 հոկտեմբերէն մինչեւ 10 նոյեմբեր 2013: Արամ Ա. վեհափառ հայրապետի օրհնութեամբ, ... Շարն.

Անթիլիասի Տպարանէն Լոյս Տեսաւ  «Ձայնագրեալ Շարական Հայաստանեայց  Եկեղեցւոյ Ե. Հատոր»-ը

Անթիլիասի Տպարանէն Լոյս Տեսաւ «Ձայնագրեալ Շարական Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ Ե. Հատոր»-ը

October 31, 2013

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան նախաձեռնութեամբ, Անթիլիասի տպարանէն լոյս տեսաւ «Ձայնագրեալ շարական Հայաստանեայց եկեղեցւոյ Ե. հատոր»-ը, որ կը բովանդակէ Ս. Ծննդեան Ճրագալոյցի, Ս. Ծննդեան ութօրէից եւ Տեառնընդառաջի կանոնները, ինչպէս նաեւ Ծննդեան ... Շարն.

Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան»  Ցուցասրահին Մէջ.  Արուեստագէտ Վահէ Պէրպէրեանի  Գեղանկարչական  Գործերու Ցուցահանդէսի Բացում

Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» Ցուցասրահին Մէջ. Արուեստագէտ Վահէ Պէրպէրեանի Գեղանկարչական Գործերու Ցուցահանդէսի Բացում

October 31, 2013

Կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին եւ հովանաւորութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, երէկ` չորեքշաբթի, 30 հոկտեմբերի երեկոյեան ժամը 6:30-ին, բացումը կատարուեցաւ Վահէ Պէրպէրեանի ցուցահանդէսին` ներկայութեամբ արուեստասէրներու, արուեստագէտներու եւ երիտասարդութեան հոծ բազմութեան: ... Շարն.

Արուեստագէտ Վահէ Պէրպէրեան  Այցելեց «Ազդակ»

Արուեստագէտ Վահէ Պէրպէրեան Այցելեց «Ազդակ»

October 30, 2013

Սփիւռքահայ հանրաճանաչ արուեստագէտ Վահէ Պէրպէրեան երէկ այցելեց «Ազդակ» եւ տեսակցեցաւ տնօրէնութեան ու խմբագրակազմին հետ։ Վահէ Պէպէրեան Լիբանան ժամանած է Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան հրաւէրով՝ ներկայացնելու համար «Եթէ» մենաներկայացումը հինգշաբթի, 31 ... Շարն.

Հալէպահայութիւնը Արժանաւորապէս Կը Տօնէ ՀՄԸՄ-ի Հիմնադրութեան 95-ամեակը

Հալէպահայութիւնը Արժանաւորապէս Կը Տօնէ ՀՄԸՄ-ի Հիմնադրութեան 95-ամեակը

October 30, 2013

«Բերիոյ նիուզ» կը հաղորդէ, որ ազգասիրութեան եւ հայրենասիրութեան զգացումներով մղուած, հալէպահայութիւնը կիրակի, 26 հոկտեմբեր 2013-ին, յետմիջօրէի ժամը 4:00-ին, «Գէորգ Եսայեան» սրահին (Սուլէյմանիէ, Հալէպ) մէջ ներկայ գտնուեցաւ ՀՄԸՄ-ի հիմնադրութեան 95-ամեակին նուիրուած ... Շարն.

Թել Ապիատի Հայ Առաքելական  Ս. Խաչ Եկեղեցին` Հրկիզուած

Թել Ապիատի Հայ Առաքելական Ս. Խաչ Եկեղեցին` Հրկիզուած

October 29, 2013

Դամասկոսի մէջ «Ազդակ»-ի թղթակիցը կը հաղորդէ, որ երէկ շրջանառութեան մէջ դրուեցան տեղեկութիւններ, որոնք կը հաստատեն, որ Իրաքի եւ Շամի իսլամական պետութիւն (Տաէշ) խմբաւորումի զինեալներ Սուրիոյ հիւսիս-արեւելքը գտնուող Ռաքքա նահանգին պատկանող ... Շարն.