Category: Մարզական
«Չեմփիընզ Լիկ». Արսենալ Եւ Ա. Սէ. Միլան Դուրս Մնացին Մրցաշարքէն
«Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի 1-16-րդ հանգրուանի դարձի մրցումները, որոնցմէ երկուքը տեղի ունեցան երէկ, տխուր եղան Արսենալի եւ Ա. Սէ. Միլանի համար, որոնք հրաժեշտ տուին մրցաշարքին: Աթլեթիքօ Մատրիտ 4-1 արդիւնքով յաղթեց ... Շարն.
Ճատրակ. Ալինա Բալայեանի Յաջողութիւնը` Ս. Փեթերսպուրկի Մրցաշարքին
Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը (Armchess.am) կը յայտնէ, որ հայ միջազգային վարպետ Ալինա Բալայեան առաւելագոյն 9 կէտէն 8 կէտ ապահովելով տիրացաւ Ս. Փեթերսպուրկի (Ռուսիա) աղջկանց արագ ճատրակի բաց մրցաշարքի տիտղոսին: ... Շարն.
Դարձեալ Թրքական Խուլիկանութիւն
Թուրքիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան գծով տեղի ունեցած Տրապիզոնսփոր - Ֆեներպահչէ 24-րդ հանգրուանի մրցումը մնաց անաւարտ: 74-րդ վայրկեանին հիւրընկալ խումբին համակիրները դէպի խաղադաշտ տարբեր տեսակի իրեր, ինչպէս նաեւ պայթուցիկ նիւթեր նետեցին: Օրուան ... Շարն.
Քարթինկ. Լիբանանի Ախոյեանութիւն. Շաբաթ, 15 Մարտին` 2-րդ Հանգրուանի Մրցումները
Կազմակերպութեամբ «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»-ին, շաբաթ, 15 մարտին «Փիթ Սթափ»-ի վազքուղիին վրայ (Զուք Մոսպեհ) տեղի կ՛ունենան Լիբանանի Քարթինկի ախոյեանութեան 2014 տարեշրջանի 2-րդ հանգրուանի մրցումները: Արձանագրութեան վերջին պայմանաժամ ճշդուած է հինգշաբթի, ... Շարն.
Սիմէոնէ Կրնայ Նշանակուիլ Զենիթի Նոր Մարզիչ
«Լա լիկա»-ի կազմերէն Աթլեթիքօ Մատրիտի մարզիչ Տիեկօ Սիմէոնէ, կրնայ նշանակուիլ Զենիթ Ս. Փեթերսպուրկի նոր մարզիչ, կը յայտնէ ArmSport.am հայկական լրատուական կայքը: Ռուսական ակումբը պատրաստ է բանակցութիւններու սկսելու արժանթինցի մասնագէտին հետ, ... Շարն.
Պասքեթպոլ. Անն-Մարի Ապտել Քարիմի Անուան Տարեկան 3-րդ Մրցաշարքը Սկսաւ
Կազմակերպութեամբ Հուփս մարզական ակումբին, հովանաւորութեամբ «Թալալ Մաքտեսի» ընկերութեան եւ հսկողութեամբ Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին, Միշել Մըրի անուան համալիրին մէջ սկսաւ Անն - Մարի Ապտել Քարիմի յիշատակին նուիրուած պասքեթպոլի տարեկան 3-րդ մրցաշարքը` ... Շարն.
60 Հազար Տոմս Ծախուեցաւ Մէկ Ժամուան Ընթացքին
«WBA»-ի եւ «IBF»-ի երկրորդ միջին կարգի աշխարհի ախոյեան անգլիացի Քարլոս Ֆրոչի եւ անոր ազգակիցին` Ճորճ Քրուվսոմի մենամարտին 60 հազար տոմսերը ծախուած են մէկ ժամուան ընթացքին: Բազմաթիւ անձեր, որոնք չեն յաջողած ... Շարն.
Մխիթարեան Բացակայ` Մէօնշընկլատպախի Դէմ Տեղի Ունենալիք Մրցումէն
Պորուսիա Տորթմունտի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան Գերմանիոյ ֆութպոլի բարձրագոյն դասակագի ախոյեանութեան 25-րդ հանգրուանի մրցումին պիտի չկարենայ օգտակար դառնալ իր խումբին` նկատի ունենալով, որ ան մէկ մրցումով կախակայուած է: Մխիթարեան, որ նախորդ ... Շարն.
Ֆորմիւլա-1. Կիրակի, 16 Մարտին, Տարուան Առաջին` Աւստրալիոյ Կրան Փրին
Ֆորմիւլա-1-ի աշխարհի ախոյեանութեան 2014 տարուան առաջին կրան-փրին տեղի պիտի ունենայ կիրակի, 16 մարտին, Աւստրալիոյ մէջ (Մելպուրն): Անոր ազդանշանը պիտի տրուի առաւօտեան ժամը 8:00-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով: Ուրբաթ, 14 մարտին տեղի պիտի ... Շարն.
Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր` ՀՄԸՄ – Շանվիլ
Ռիատի - Պըժժէ երէկուան մրցումէնPROFOTO Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 11-րդ եւ դարձի 2-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր երեկոյեան ժամը 19:00-ին, ՀՄԸՄ-ի ներկայացուցչական խումբը «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ ... Շարն.
Ռուբէն Հայրապետեանի Եւ Պեռնար Շալանտի Միացեալ Մամլոյ Ասուլիսը
Երէկ` երկուշաբթի, 10 մարտին, Աւանի ֆութպոլի ակադեմիային մէջ տեղի ունեցաւ յատուկ մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին նախագահը` Ռուբէն Հայրապետեան, ներկայացուց Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի նոր նշանակուած զուիցերիացի ... Շարն.
ՀՄԸՄ ԼԵՎԱՄ. Մինի Ֆութպոլի Եւ Պասքեթպոլի Մրցումներուն Արդիւնքները
ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ԼԵՎԱՄ-ի յանձնախումբին կազմակերպած մինի ֆութպոլի եւ պասքեթպոլի մրցումները շարունակուեցան նախորդ շաբաթավերջին: Արձանագրուեցան հետեւեալ արդիւնքները. Մինի ֆութպոլի արդիւնքներ.- Շաբաթ 8 մարտ, 2014 Շամլեան - Սոֆիա Միջակ 2 ... Շարն.
Թրիաթլոն. Արաբական 2-րդ Ախոյեանութիւն. Լիբանան Տիրացաւ 2 Ոսկի, 2 Արծաթ Եւ 1 Պրոնզ Մետալի
Երէկ` երկուշաբթի, 10 մարտին, Շարմ Շէյխէն (Եգիպտոս) Պէյրութ վերադարձաւ Լիբանանի Թրիաթլոնի պատուիրակութիւնը` իր մասնակցութիւնը բերելէ ետք Արաբական Թրիաթլոնի 2-րդ ախոյեանութեան: Լիբանան յաջողեցաւ տիրանալ 2 ոսկի, 2 արծաթ եւ 1 պրոնզ ... Շարն.
Յատուկ Մամլոյ Ասուլիսի Մը Ընթացքին. Պաշտօնապէս Յայտարարուեցաւ Պայքաթոն – Թրիփոլի Մրցումին Թուականը
Ներկայութեամբ հիւսիսային Լիբանանի նահանգապետ Նասիֆ Քալուշի, այլ պաշտօնական անձնաւորութիւններու եւ հրաւիրեալներու, Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէի անդամ, Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնի նախագահ Վաչէ Ծատուրեանի, միութիւններու եւ ակումբներու նախագահներու եւ ներկայացուցիչներու, ինչպէս նաեւ մարզական ... Շարն.
Հայաստանի Ֆութպոլի Ախոյեանութիւն. Շիրակ Կը Մօտենայ Արարատի
Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցան Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան 16-րդ հանգրուանի մրցումները: Պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Արարատ 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց Միքայի հետ: Անոր այդ հաւասարութենէն օգտուեցաւ Շիրակ (2-րդ), ... Շարն.
Ֆութսալ. Լիբանանի Աղջկանց Ախոյեանութիւն. Սատաքա 1-0 Արդիւնքով Յառաջացաւ Սթար Աքատեմիի Վրայ
ԱՏՆԱՆ ՀԱԺ ԱԼԻ Լիբանանի ֆութսալի աղջկանց ախոյեանութեան աւարտական հանգրուանի առաջին ճակատումին, Սատաքա 4-2 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով 1-0 արդիւնքով յառաջացաւ Սթար Աքատեմիի վրայ` Սատաքայի դաշտին վրայ տեղի ունեցած ճակատումին ընթացքին: ... Շարն.
«Չեմփիընզ Լիկ». Այսօր` Աթլեթիքօ Մատրիտ – Ա. Սէ. Միլան Եւ Պայէրն Միւնիխ – Արսենալ
«Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի 1-16-րդ հանգրուանի դարձի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր տեղի պիտի ունենայ հետաքրքրական ճակատումներ, որոնց արդիւնքներուն լոյսին տակ երկու խումբեր դուրս պիտի մնան մրցաշարքէն: Աթլեթիքօ Մատրիտ, որ պիտի ... Շարն.
Լեւոն Հայրապետեան Ենթարկուեցաւ Վիրաբուժութեան
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի եւ չեխական Պրիպրամ ակումբին մաս կազմող յետսապահ Լեւոն Հայրապետեան նախորդ շաբաթավերջին ենթարկուեցաւ վիրաբուժութեան, յայտնեց հայկական լրատուամիջոցներէն ArmSport.am: Ըստ ֆութպոլիստին, ինք երկուքէն երեք շաբաթ ետք պիտի վերսկսի ... Շարն.
Սամուէլ Էթուի 300-րդ Կոլը` Ակումբի Մակարդակով
Քամերունցի յառաջապահ Սամուէլ Էթու նախորդ շաբաթավերջին իր ակումբին` Չելսիի հետ արձանագրեց 4-0 արդիւնքով յաղթանակ մը` Թոթենհամի դէմ: Այդ մրցումը Էթուի հետ եղաւ իւրայատուկ եւ յատկանշական` նկատի ունենալով, որ ան իր ... Շարն.
Լիբանանեան Մարզաշխարհ. ՀՄԸՄ-ի Խումբերուն Յաղթական Շաբաթավերջը
Նախորդ շաբաթավերջին ՀՄԸՄ-ի մարզական կեանքը եղաւ բաւական արդիւնաւէտ` նկատի ունենալով, որ միաժամանակ արձանագրուեցան երեք յաղթանակներ: Նախ եւ առաջ ՀՄԸՄ-ի տղոց պասքեթպոլի ներկայացուցչական խումբը երթի իր պարտութեան մարզական վրէժը լուծեց Ռիատի ... Շարն.

