Category: Մարզական

Իտալիոյ Ֆութպոլի Գերբաժակի Մրցաշարք.  Եուվենթուս Տիրացաւ Տիտղոսին

Իտալիոյ Ֆութպոլի Գերբաժակի Մրցաշարք. Եուվենթուս Տիրացաւ Տիտղոսին

August 20, 2013

Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ Իտալիոյ ֆութպոլի գերբաժակի մրցաշարքի Եուվենթուս - Լացիօ Ռոմա ճակատումը, որ աւարտեցաւ ախոյեան Եուվենթուսի յաղթանակով` 4-0 արդիւնքով: Իտալիոյ բաժակակիրին` Լացիօ Ռոմայի դէմ տեղի ունեցած այս մրցումին, որ ... Շարն.

Անգլիոյ «Փրեմիեր Լիկ»-ի Մրցումները Կը Պատկերասփռուին Երկու Ընկերութիւններու Կողմէ

August 20, 2013

Յառաջիկայ երեք տարիներուն, Անգլիոյ ֆութպոլի «Փրեմիեր լիկ»-ը 850 միլիոն եւրոյի շահ մը պիտի ապահովէ «Փրեմիեր լիկ»-ի մրցումներուն ցուցադրումին իրաւունքներուն վաճառքէն: Այս մասին կը տեղեկացնէ «ԱՐՄԵՆՓՐԵՍ» լրատու գործակալութիւնը` վկայակոչելով sovsport.ru կայքէջը: ... Շարն.

«Պիտի Ձգտինք Հասնիլ Առաւելագոյն Արդիւնքին»  Ըսաւ Վարդան Մինասեան

«Պիտի Ձգտինք Հասնիլ Առաւելագոյն Արդիւնքին» Ըսաւ Վարդան Մինասեան

August 19, 2013

Ինչպէս ծանօթ է, նախորդ շաբաթ ֆութպոլի միջազգային բարեկամական մրցումի մը ընթացքին Հայաստանի ֆութպոլի ազգային խումբը 2-0 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Ալպանիայէն: Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Վարդան Մինասեան Հայաստանի ... Շարն.

ՖԻԼԱ-ի Նոր Դասաւորման Մէջ`.  Արսէն Ջուլֆալակեան Եւ Արթուր Ալեքսանեան Կը Գրաւեն 2-րդ Դիրքը

ՖԻԼԱ-ի Նոր Դասաւորման Մէջ`. Արսէն Ջուլֆալակեան Եւ Արթուր Ալեքսանեան Կը Գրաւեն 2-րդ Դիրքը

August 19, 2013

Ըմբշամարտի միջազգային ֆետերասիոնը («ՖԻԼԱ») հրապարակեց յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի նոր դասաւորումը: PanArmenian.Net լրատուական կայքէջը կը հաղորդէ, որ լաւագոյն եռեակին մէջ են հայրենի երկու ըմբիշներ: 74 քկ դասակարգին մէջ երկրորդ դիրքը կը ... Շարն.

Ճատրակ. Աշխարհի Բաժակի Մրցաշարք.  Արոնեան Դուրս Մնաց

Ճատրակ. Աշխարհի Բաժակի Մրցաշարք. Արոնեան Դուրս Մնաց

August 19, 2013

Լեւոն Արոնեան` աջին Նորվեկիոյ Թրոմսօ քաղաքին մէջ տեղի ունեցող ՖԻՏԷ-ի ճատրակի աշխարհի բաժակի մրցաշարքի 1-16-րդ հանգրուանի ճակատումները այդքան ալ լաւ չեղան հայրենի կրանտմասթըր Լեւոն Արոնեանին համար` նկատի ունենալով, որ ան ... Շարն.

Եւրոպական Ֆութպոլ. Շաբաթավերջի Մրցումներուն Արդիւնքները.  Հենրիխ Մխիթարեանի Առաջին Մրցումը Տորթմունտի Հետ` «Պունտըսլիկա»-ի Մրցումներուն

Եւրոպական Ֆութպոլ. Շաբաթավերջի Մրցումներուն Արդիւնքները. Հենրիխ Մխիթարեանի Առաջին Մրցումը Տորթմունտի Հետ` «Պունտըսլիկա»-ի Մրցումներուն

August 19, 2013

Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցած եւրոպական ֆութպոլի ախոյեանութեան մրցումներուն ծիրին մէջ, Անգլիոյ ախոյեան Մանչեսթըր Եունայթըտ յաղթանակով սկսաւ նոր տարեշրջանը, երբ 4-1 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Սուանզին: Տենի Ուելպեք (36-րդ եւ 90-րդ) եւ ... Շարն.

Ճատրակ. Փոպլա Տը Լիլեթի Մրցաշարք.  Կարէն Մովսիսեան Հանդիսացաւ Երկրորդ

Ճատրակ. Փոպլա Տը Լիլեթի Մրցաշարք. Կարէն Մովսիսեան Հանդիսացաւ Երկրորդ

August 19, 2013

Հայրենի կրանտմասթըր Կարէն Մովսիսեան, որ իր մասնակցութիւնը բերաւ Փոպլա տը Լիլեթի (Սպանիա) ճատրակի միջազգային մրցաշարքին, առաւելագոյն 9 կէտէն 7 կէտ ապահովելով հանդիսացաւ 2-րդ: Armchess.am կ՛աւելցնէ, որ տիտղոսին տիրացաւ սպանացի Լուիս ... Շարն.

«Ես Արժանի Եմ Ոսկիէ Գնդակին Եւ Ոչ Թէ Մեսսին Կամ Ռոնալտոն»  Կ՛ըսէ Ռիպերի

«Ես Արժանի Եմ Ոսկիէ Գնդակին Եւ Ոչ Թէ Մեսսին Կամ Ռոնալտոն» Կ՛ըսէ Ռիպերի

August 19, 2013

Պայէրն Միւնիխի եւ Գերմանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի միջնապահ Ֆրանք Ռիպերի կը կարծէ, որ այս տարի ինք արժանի է Եւրոպայի լաւագոյն ֆութպոլիստի տիտղոսին: «2012-2013 տարեշրջանը ամբողջացուցած եմ` ներկայացնելով բաւական լաւ խաղարկութիւն ... Շարն.

Թենիս. Հայրենի Մարզիկները Չկրցան Յաջողութիւն Ձեռք Ձգել

August 19, 2013

Նախորդ շաբաթավերջին Երեւանի մէջ աւարտեցաւ նախագահի բաժակի թենիսի միջազգային մրցաշարքը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին շուրջ 10 երկիրներու 18 տարեկանէն վար մարզիկները: Ինչպէս կը տեղեկացնէ «ԱՐՄԵՆՓՐԵՍ», 2-րդ հանգրուանէն անդին չկրցաւ անցնիլ ... Շարն.

Հենրիխ Մխիթարեան Չտպաւորեց Արսէն Վենկերը

Հենրիխ Մխիթարեան Չտպաւորեց Արսէն Վենկերը

August 19, 2013

Արսէն Վենկեր News.am Sport հայկական լրատուական կայքէջը կը հաղորդէ, որ Պորուսիա Տորթմունտի նորեկ մարզիկ Հենրիխ Մխիթարեան չէ տպաւորած Լոնտոնի Արսենալի մարզիչ Արսէն Վենկերը: «Մարդիկ կը գովաբանեն Պորուսիայի «Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի ... Շարն.

«Էն. Պի. Էյ.».  Միլուոքի Նոր Պայմանագիր Կնքեց Սանտերսի Հետ

«Էն. Պի. Էյ.». Միլուոքի Նոր Պայմանագիր Կնքեց Սանտերսի Հետ

August 19, 2013

Միլուոքի Պաքսի մարզիկներէն Լերի Սանտերս 4 տարուան նոր պայմանագիր մը կնքեց իր ակումբին հետ, որուն ընթացքին ան 44 միլիոն ամերիկեան տոլար աշխատավարձ պիտի ստանայ: Այս լուրը հրապարակած է «Սփոր Էքսփրես»` ... Շարն.

Սպանիոյ Գերբաժակի Մրցումները Պիտի Պատկերասփռուին Հայաստանի Մէջ

August 19, 2013

ArmSport.am հայկական լրատուական կայքէջը կը հաղորդէ, որ Սպանիոյ ֆութպոլի գերբաժակի մրցումները, որոնք տեղի պիտի ունենան 21 եւ 28 օգոստոսին, պիտի պատկերասփռուին Հայաստանի մէջ: Վերոնշեալ թուականներուն տեղի ունենալիք մրցումները իրարու դէմ ... Շարն.

29 Օգոստոսին. «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»-ի Մամլոյ Ասուլիսը` Լիբանանի 36-րդ Միջազգային Ռելիին Մասին

August 17, 2013

Պաշտօնական հաղորդագրութեան մը մէջ «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.» յայտարարեց, որ հինգշաբթի, 29 օգոստոսին, յետմիջօրէի ժամը 13:00-ին, Քասլիքի իր կեդրոնատեղիին մէջ պիտի տայ յատուկ մամլոյ ասուլիս մը` 5-8 սեպտեմբերին տեղի ունենալիք ... Շարն.

Ճատրակ. Աշխարհի Բաժակի Մրցաշարք.  Լեւոն Արոնեան Ապահովեց 1-16-րդ Հանգրուանին Իր Տոմսը

Ճատրակ. Աշխարհի Բաժակի Մրցաշարք. Լեւոն Արոնեան Ապահովեց 1-16-րդ Հանգրուանին Իր Տոմսը

August 17, 2013

Լեւոն Արոնեան (աջին) Նորվեկիոյ Թրոմսօ քաղաքին մէջ տեղի ունեցող ՖԻՏԷ-ի ճատրակի բաժակի մրցաշարքի 2-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, հայրենի կրանտ-մասթըր Լեւոն Արոնեան շրջանցեց 2-րդ հանգրուանի արգելքը, երբ թայ-պրէյքով յաղթեց ռուս ... Շարն.

Եւրոպական Ֆութպոլ. Շաբաթավերջի Մրցումներուն Յայտագիրը. Այսօր Կը Սկսին Նաեւ Անգլիոյ Եւ Սպանիոյ Ֆութպոլի Ախոյեանութիւնները

August 17, 2013

Ինչպէս ծանօթ է, նախորդ շաբաթավերջին սկսան Գերմանիոյ եւ Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեանութեան մրցումները: Այս շաբաթավերջին անոնց կը միանան նաեւ Անգլիոյ եւ Սպանիոյ ախոյեանութիւնները: Իտալիոյ մէջ տեղի պիտի ունենան բաժակի մրցումները: Անգլիոյ ... Շարն.

17-24 Օգոստոսին. Փիեռ Ժեմայելի Անուան Թենիսի 5-րդ Մրցաշարքը

August 17, 2013

Կազմակերպութեամբ «Տըլըպ Քաունթրի Քլապ» ակումբին եւ հսկողութեամբ Լիբանանի թենիսի ֆետերասիոնին, 17-24 օգոստոսին վերոնշեալ ակումբի թենիսի դաշտերուն վրայ տեղի կ՛ունենայ թենիսի տարիքային 5-րդ մրցաշարքը, նուիրուած` ճարտարարուեստի նախկին նախարար Փիեռ Ժեմայէլի յիշատակին: ... Շարն.

Հայկ Կէօքճեան Կը Փափաքի Ներկայացնել Հայաստանը

Հայկ Կէօքճեան Կը Փափաքի Ներկայացնել Հայաստանը

August 17, 2013

ArmSport.am հայկական լրատուական կայքէջը կը հաղորդէ, որ Լիբանանի մէջ յաջողութեամբ հանդէս եկած հայ պասքեթպոլիստ Հայկ Կէօքճեան կը փափաքի հանդէս գալ Հայաստանի դրօշակին ներքեւ: Ըստ հայկական աղբիւրին, Միացեալ Նահանգներու մէջ ձեւաւորուած ... Շարն.

Հայկական Ֆութպոլ. Շաբաթավերջին 2-րդ Հանգրուանի Մրցումները

August 17, 2013

Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան 2013-2014 տարերջանի 2-րդ հանգրուանի մրցումները տեղի կ՛ունենան այս շաբաթավերջին` ստորեւ տրուած յայտագիրին հիմամբ: Նշենք, որ Ա. հանգրուանի մրցումներուն, որոնք տեղի ունեցան օգոստոս ամսուան առաջին շաբաթավերջին, ... Շարն.

Թենիս. «Տէյվիս Քափ».  Նալպանտեան Շատ Հաւանաբար Բացակայի Կիսաւարտականի Մրցումէն

Թենիս. «Տէյվիս Քափ». Նալպանտեան Շատ Հաւանաբար Բացակայի Կիսաւարտականի Մրցումէն

August 17, 2013

PanArmenian.Net լրատուական կայքէջը կը հաղորդէ, որ արժանթինահայ Դաւիթ Նալպանտեան շատ հաւանաբար բացակայի թենիսի «Տէյվիս Քափ»-ի կիսաւարտական մրցումէն, երբ անոր կազմը սեպտեմբերին ճակատի Չեխիոյ դէմ: Արժանթինի թենիսի հաւաքականի մարզիչ Միկել Խորի ... Շարն.

Չեխիոյ Մէջ Արդէն Իսկ Կը Ծախուին Հայաստանի Դէմ Տեղի Ունենալիք Մրցումին Տոմսերը

August 17, 2013

ArmSport.am հայկական լրատուական կայքէջը կը հաղորդէ, որ Չեխիոյ մէջ արդէն իսկ կը ծախուին 6 սեպտեմբերին տեղի ունենալիք Չեխիա - Հայաստան ֆութպոլի միջազգային բարեկամական մրցումին տոմսերը: Լուրը հրապարակած է Չեխիոյ ֆութպոլի ... Շարն.