Category: Մարզական
Լիբանանի Պասքեթպոլի Ֆետերասիոնը Գուժեց Ռոնի Ապու Ժաուտէի Մահը
Իր հրապարակած պաշտօնական մէկ հաղորդագրութեան մէջ Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնը գուժեց Պըժժէ ակումբի խմբապետ Ռոնի Ապու Ժաուտէի մահը, որ պատահեցաւ երէկ` երեքշաբթի, 19 փետրուարին, շաբաթ մը առաջ իր ունեցած ինքնաշարժի արկածէն ... Շարն.
Անն-Մարի Ապտել Քարիմի Մրցաշարք. ՀՄԸՄ Անթիլիաս – Շուէյֆաթ Եւ Սաժես Պրազիլիա – Ռիատի Պէյրութ Կիսաւարտականի Մրցումներ
Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցան Անն-Մարի Ապտել Քարիմի անուան պասքեթպոլի աղջկանց մրցաշարքի (18 տարեկանէն վար) Ա. հանգրուանի երրորդ եւ վերջին մրցումները, որոնց արդիւնքներուն լոյսին տակ յստակացան կիսաւարտականի իրենց տոմսը ապահովող խումբերուն ... Շարն.
Դեսպան Աւետ Ադոնց Ընդունեց Կռփամարտիկ Ալեքս Միսքիրչեանը
Ուրբաթ, 15 փետրուարին, Պելճիքայի մէջ գտնուող Հայաստանի դեսպան Աւետ Ադոնց ընդունեց կռփամարտի թեթեւ կշիռի Եւրոպայի եռակի ախոյեան, պելճիքահայ Ալեքս Միսքիրչեանը: Դեսպանը շնորհաւորեց մարզիկը` վերջերս Դանիոյ Էսպերկ քաղաքին մէջ անոր տարած ... Շարն.
Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Պըժժէ – Ամշիթ Եւ Պիպլոս – Ռիատի Մրցումները Յետաձգուեցան
Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութեան կողմէ հրապարակուած պաշտօնական հաղորդագրութեան մը մէջ նշուեցաւ, որ Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան գծով տեղի ունենալիք Պըժժէ - Ամշիթ մրցումը, որ սկզբունքով տեղի պիտի ... Շարն.
Փինկ Փոնկ. Մուսթաֆա Ռիֆահիի Անուան Մրցաշարք
Նախորդ շաբաթավերջին Մոն լա Սալի մէջ (Այն Սաատէ) սկսաւ Լիբանանի փինկ փոնկի ֆետերասիոնի նախկին փոխնախագահ Մուսթաֆա Ռիֆահիի անուան փինկ փոնկի կրտսերներու մրցաշարքը` մասնակցութեամբ 20 խումբերու, որոնք բաժնուած են վեց խմբակի: ... Շարն.
«Չեմփիընզ Լիկ». Պայէրն Միւնիխ Եւ Փորթօ Յաղթեցին. Այսօր` Ա. Սէ. Միլան – Պարսելոնա Հետաքրքրական Ճակատում
Արսենալ - Պայէրն Միւնիխ մրցումէն «Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին, 1-16-րդ հանգրուանի երթի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ գիշեր տեղի ունեցած ճակատումներուն, Պայէրն Միւնիխ եւ Փորթօ յաղթանակ արձանագրեցին` յաջորդաբար պարտութեան մատնելով Արսենալը ... Շարն.
Ճատրակ. Ռոշֆորի Մրցաշարք. Կարէն Գրիգորեան` Առաջին Դիրքին Վրայ
Միջազգային վարպետ Կարէն Գրիգորեան, որ իր մասնակցութիւնը կը բերէ ֆրանսական Ռոշֆոր քաղաքին մէջ տեղի ունեցող ճատրակի միջազգային մրցաշարքին, 4-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք ապահովելով առաւելագոյն 4 կէտը, առանձինն կը գրաւէ դասաւորման ... Շարն.
Եւրոպայի Ողիմպիական Պատանիներու Ձմեռնային Փառատօնին Կը Մասնակցին Երեք Հայ Մարզիկներ
Ռումանական Պրաշով քաղաքին ողիմպիական համալիրին մէջ երէկ ազդանշանը տրուեցաւ Եւրոպայի ողիմպիական պատանիներու ձմեռնային 11-րդ փառատօնին: PanArmenian.Net հայկական լրատուական կայքէջը կը հաղորդէ, որ բացման հանդիսութեան ներկայ եղած են Միջազգային ողիմպիական կոմիտէի ... Շարն.
«Քիծ-Աթլեթիքս»-ի Մրցումներ` Անթունիէի Մէջ
Հսկողութեամբ Լիբանանի աթլեթիզմի ֆետերասիոնին, նախորդ շաբաթավերջին, Անթունիէի մէջ տեղի ունեցան «Քիծ աթլեթիքս»-ի մրցումներ` մասնակցութեամբ բազմաթիւ ակումբներու եւ վարժարաններու երկսեռ փոքրերու: Այս մրցումներուն հիմնական նպատակն էր այդ փոքրերուն եւ աշակերտներուն համար ... Շարն.
2014-ի Մոնտիալին Պիտի Կիրարկուի «Կոլ – Լայն – Թեքնոլոճի»-ն
Պաշտօնական հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով, երէկ ՖԻՖԱ-ն պաշտօնապէս հաղորդեց, որ 2014-ի Մոնտիալին պիտի կիրարկուի «կոլ-լայն-թեքնոլոճի»-ն, որուն հիման վրայ պիտի յստականայ, թէ արդեօք գնդակը դարպասին մէջ մտա՞ծ է, կամ` ոչ: Ցարդ երկու ... Շարն.
Ըմբշամարտ. Աշխարհի Բաժակի Մրցաշարք. Հայրենի Ըմբիշները Սկսան Իրենց Ելոյթներուն
Թեհրանի մէջ (Իրան) երէկ սկսան յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի աշխարհի բաժակի մրցաշարքի առաջին օրուան մրցումները: PanArmenian.Net կը յայտնէ ըսելով, որ Հայաստանի հաւաքականը, որ մաս կազմեց Ա. խմբակին, սկսաւ իր հանդիպումը Ռուսիոյ ... Շարն.
ՀՄԸՄ ԼԵՎԱՄ-ի Պասքեթպոլի Մրցումներուն Արդիւնքները
ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ԼԵՎԱՄ-ի յանձնախումբը, վարժարաններու քննութիւններու արձակուրդէն ետք շաբաթավերջին վերադարձաւ իր յայտագիրներուն, ուր շարունակուեցան պասքեթպոլի մրցումները` «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ ... Շարն.
ՀՄԸՄ ԼԵՎԱՄ. Շաբաթավերջի Ֆութպոլի Մրցումներուն Յայտագիրը
ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ԼԵՎԱՄ-ի կազմակերպած ֆութպոլի մրցումներուն առաջին հանգրուանը տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ շաբաթ, 23 փետրուար 2013-ին, ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի «Հայր Պօղոս Արիս» մարզադաշտին վրայ` մասնակցութեամբ 6 վարժարաններու: ... Շարն.
«Չեմփիընզ Լիկ». Այսօր` Արսենալ – Պայէրն Միւնիխ Եւ Փորթօ – Մալակա
«Չեմփիընզ-լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի 1-16-րդ հանգրուանի երթի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր եւ վաղը տեղի պիտի ունենան երկուքական ճակատումներ: Պայէրն Միւնիխ, որ հիւրը պիտի ըլլայ Արսենալի, դաշտ պիտի ներկայանայ առանց Ժըրոմ Պոաթենկի ... Շարն.
Եւրոպական Ֆութպոլ. Պարսելոնա Եւ Պայէրն Միւնիխ Յաղթեցին. Փարիզ Սեն Ժերմեն Եւ Եուվենթուս Պարտուեցան
Լիոնել Մեսսի Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցած եւրոպական ֆութպոլի ախոյեանութեան մրցումներուն ծիրին մէջ, Պարսելոնա եւ Պայէրն Միւնիխ իրենց արձանագրած յաղթանակներուն շնորհիւ ամրապնդեցին իրենց դիրքերը, սակայն Ֆրանսայի մէջ պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող ... Շարն.
Փինկ Փոնկ. 27 Փետրուարէն 3 Մարտ Գարնանային Մրցաշարք` Մոն Լա Սալի Մէջ
Կազմակերպութեամբ Լիբանանի փինկ փոնկի ֆետերասիոնին, յառաջիկայ 27 փետրուարէն 3 մարտ 2013 Մոն լա Սալի մէջ (Այն Սաատէ) տեղի պիտի ունենայ Լիբանանի փինկ փոնկի գարնանային տարիքային մրցաշարքը: Տեղի պիտի ունենան հինգ ... Շարն.
«Էն. Պի. Էյ.» – «Օլ Սթար»-ի Մրցում. Արեւմտեան Շրջանը Յաղթեց Արեւելեանին` 143-138 Արդիւնքով
Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ «Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան «Օլ-Սթար»-ի մրցումը, որուն ընթացքին Արեւմտեան շրջանը յաղթեց Արեւելեանին` 143-138 արդիւնքով: Հակառակ անոր որ յաղթական շրջանին մարզիկներէն Քեւին Տիւրընթ նշանակեց 30 կէտ, ... Շարն.
Ֆութսալ. Լիբանանեան Բանակ, Ղըպէյրի Եւ Նըժմեթ Խալիժ Բարձրացան Ա. Դասակարգ
Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցան Լիբանանի ֆութսալի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան «Ֆայնըլ Սիքս»-ի Գ. հանգրուանի մրցումները, որոնց արդիւնքներուն լոյսին տակ երեք խումբեր` Լիբանանեան բանակ, Ղըպէյրի եւ Նըժմեթ Խալիժ, իրենց արձանագրած յաղթանակներուն շնորհիւ ... Շարն.
Թենիս. Նալպանտեան 15 Դիրքի Ոստում Մը Արձանագրեց
Երէկ` երկուշաբթի, 18 փետրուարին, թենիսի միջազգային ֆետերասիոնը հրապարակեց տղոց եւ աղջկանց աշխարհի նոր ընդհանուր դասաւորումը: Արժանթինահայ Դաւիթ Նալպանտեան, որ նախորդ շաբաթավերջին Պրազիլի թենիսի բաց մրցաշարքին հասաւ աւարտական հանգրուան, սակայն պարտուեցաւ ... Շարն.
Ըմբշամարտի Միջազգային Ֆետերասիոնին Նախագահը Պաշտօնանկ Եղաւ
Իր լուրը քաղելով ռուսական «Կազեթա» պարբերաթերթէն` «ԱՐՄԵՆՓՐԵՍ» լրատու գործակալութիւնը կը յայտնէ, որ ըմբշամարտի միջազգային ֆետերասիոնի նախագահ Ռաֆայէլ Մարթինեթի պաշտօնանկ եղաւ: Թայլանտի մէջ իր գումարած արտակարգ ժողովին, ըմբշամարտի միջազգային ֆետերասիոնը որոշում ... Շարն.

