Category: Մարզական
Հեծելարշաւ. Արմսթրոնկի Եօթը Տիտղոսները Ոեւէ Մէկուն Պիտի Չտրուին
Հեծելանւորդներու միջազգային ֆետերասիոնը նախորդ շաբաթավերջին իր հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ նշեց, որ խթանիչ դեղերու գործածութեան համար կախակայուած ամերիկացի հեծելանւորդ Լենս Արմսթրոնկի «Թուր տը Ֆրանս»-ի եօթը տիտղոսները պիտի չտրուին ոեւէ մէկու: Նմանօրինակ ... Շարն.
Քարթինկ. Լիբանանի Ախոյեանութիւն. 6-րդ Հանգրուանի Մրցումներուն Արդիւնքները
PROFOTO Կազմակերպութեամբ եւ հովանաւորութեամբ Ա. Թէ. Սէ. Էլ.ին շաբաթ, 27 հոկտեմբերին, «Փիթ Սթափ»-ի վազքուղիին վրայ (Զուք) տեղի ունեցան Լիբանանի քարթինկի 2012 տարեշրջանի ախոյեանութեան 6-րդ հանգրուանի մրցումները: 10-13 տարեկան դասակարգին մէջ ... Շարն.
Եւրոպական Ֆութպոլ. Շաբաթավերջի Մրցումներուն Արդիւնքները
- Պայէրն Միւնիխ Եւ Չելսի Կրեցին Տարեշրջանի Իրենց Առաջին Պարտութիւնը - Պարսելոնա Եւ Ռէալ Մատրիտ Կոլերու Մեծ Տարբերութեամբ` Յաղթական - Եուվենթուս Եւ Միլանօ Քաղաքի Երկու Խումբերը Յաղթեցին Նախորդ շաբաթավերջին ... Շարն.
Լիբանանեան Ֆութպոլ. Ա. Դասակարգի 5-րդ Հանգրուանի Մրցումներուն Արդիւնքները
Ահտ - Ախա Ահլի Ալէյ մրցումէն (Լուսանկարը Տրամադրեց`Ատնան Հաժ Ալի) Լիբանանի ֆութպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 5-րդ հանգրուանի մրցումներուն, որոնք տեղի ունեցան նախորդ շաբաթավերջին, Նըժմէ 3-0 արդիւնքով յաղթելէ ետք Սալամ Սուրի ... Շարն.
Ֆութսալ. Լիբանանի Ախոյեանութիւն. Սատաքայի 4-րդ Յաջորդական Յաղթանակը
Լիբանանի ֆութսալի ախոյեանութեան 5-րդ հանգրուանի մրցումներուն (4-րդ հանգրուանը նախորդ շաբաթ յետաձգուեցաւ), պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Սատաքա արձանագրեց իր 4-րդ յաջորդական յաղթանակը եւ ապահովեց իր առաւելագոյն 12 կէտը, երբ 5-2 արդիւնքով ... Շարն.
«Փլէյ-Օֆի Հանգրուանը Անցնիլը Հրաշքի Համազօր Պիտի Ըլլայ» Կ՛ըսէ Մանչինի
Անգլիական «Մանչեսթըր Սիթի» ֆութպոլի խումբի գլխաւոր մարզիչ Ռոպերթօ Մանչինի ինքզինք մեղաւոր նկատեց «Չեմփիընզ Լիկ»-ի 3-րդ հանգրուանին հոլանտական «Այաքս»-էն կրած 3-1 պարտութեան համար: «Կը կարծեմ, թէ մրցակիցը մեզմէ լաւ կը խաղար: ... Շարն.
Չեմփիընզ Լիկի 3-րդ Հանգրուանի Արդիւնքներն Ու Դասաւորումները
Երեքշաբթի, 23 հոկտեմբերին եւ չորեքշաբթի, 24 հոկտեմբերին տեղի ունեցան Չեմփիընզ Լիկի 3-րդ հանգրուանի մրցումները: Ստորեւ մրցումներու արդիւնքներն ու խմբակներու դասաւորումները: Ա. ԽՄԲԱԿ Տինամօ Զաղրեպ - Փարիզ Սեն Ժերմեն 0-2 Փորթօ- ... Շարն.
«Անընդհատ Յաղթելը Անկարելի Է» Կ՛ըսէ Քրիսթիանօ Ռոնալտօ
Ռէալ Մատրիտի ռմբարկու Քրիսթիանօ Ռոնալտօ` մեկնաբանելով Պորուսիա Տորթմունտէն իր խումբին կրած 2-1 արդիւնքով պարտութիւնը կը յայտնէ, որ «անընդհատ յաղթելը անկարելի է: Պորուսիան պատահական չէ, որ խմբակին առաջին դիրքին վրայ յայտնուած ... Շարն.
«Այո, Պարտուեցանք, Սակայն Ատիկա Ողբերգութիւն Չէ» Կ՛ըսէ Մուրինիօ
Ռիալ Մատրիտի գլխաւոր մարզիչ Ժոզէ Մուրինիօ` մեկնաբանելով գերմանական Պորուսիա Տորթմունտէն իր խումբի 2-1 արդիւնքով կրած պարտութիւնը կը յայտնէ, որ «այո՛, մենք պարտուեցանք, սակայն ատիկա չի նշանակեր, որ ողբերգութիւն տեղի ունեցած ... Շարն.
«Անհեթեթութիւն Է Այն, Որ Մեր Մասին Կը Խօսուէր Մրցաշարքի Սկսելէն Առաջ» Ըսաւ Քլոփ
Պորուսիա Տորթմունտի գլխաւոր մարզիչ Եուրկըն Քլոփ Ռէալ Մատրիտը 2-1 արդիւնքով պարտութեան մատնելէ ետք յայտարարած է, որ Չեմփիընզ Լիկ-ի 4-րդ խմբակին մէջ ուժերու դասաւորման վերաբերեալ նախատեսութիւնները անհիմն դուրս եկան: «Մրցաշարքի սկսելէն ... Շարն.
Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Գերբաժակի Մրցումը Յետաձգուեցաւ Անորոշ Թուականով Մը
Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի մամլոյ քարտուղարութիւնը երէկ հրապարակուած պաշտօնական հաղորդագրութեան մը մէջ յայտարարեց, որ սկզբունքով հինգշաբթի, 25 հոկտեմբեր 2012-ին տեղի ունենալիք Լիբանանի տղոց պասքեթպոլի գերբաժակի մրցումը, յետաձգուած է անորոշ թուականով մը: ... Շարն.
«Եթէ Պաքու Կ՛ուզէ, Որ Հայաստան Մասնակցի 2016-ի Ճատրակի Ողիմպիականին, Ապա Պէտք Է Մասնակցի Երեւանի Մէջ Տեղի Ունենալիք 2014-ի Եւրոպայի Ախոյեանութեան» Ըսաւ Աշոտ Վարդապետեան
Աշոտ Վարդապետեան Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնի փոխնախագահ Աշոտ Վարդապետեան երէկ PanArmenian.Net լրատուական կայքէջի թղթակիցին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին ըսաւ, որ եթէ Ազրպէյճան կ՛ուզէ, որ Հայաստան իր մասնակցութիւնը բերէ Պաքուի մէջ ... Շարն.
Ազրպէյճանցի Կռփամարտիկները Շատ Հաւանաբար Մասնակցին Երեւանի Մէջ Տեղի Ունենալիք Երիտասարդներու Աշխարհի Ախոյեանութեան
Իր լուրը քաղելով azerisport.com-էն PanArmenian.Net լրատուական կայքէջը կը յայտնէ, որ յառաջիկայ 25 նոյեմբերէն 8 դեկտեմբեր Երեւանի մէջ տեղի ունենալիք կռփամարտի երիտասարդներու աշխարհի ախոյեանութեան շատ հաւանաբար իր մասնակցութիւնը բերէ նաեւ Ազրպէյճանի ... Շարն.
Ժիւտօ. Արեւմտեան Ասիոյ Կրտսերներու Ախոյեանութիւնը Յետաձգուեցաւ
Լիբանանի մէջ տիրող անապահովական անկայուն կացութեան պատճառով, Արեւմտեան Ասիոյ ժիւտոյի կրտսերներու ախոյեանութիւնը, որ սկզբունքով տեղի պիտի ունենար 3-4 նոյեմբերին, յետաձգուեցաւ անորոշ թուականով մը: Այս լուրը հրապարակեց Լիբանանի ժիւտոյի ֆետերասիոնը: Շարն.
Թենիս. Աննա Մովսիսեան Եւ Աշոտ Գէորգեան` Հայաստանի Ախոյեան
ArmSport.am մարզական լրատուական կայքէջը կը հաղորդէ, որ նախանցեալ օր աւարտեցան Հայաստանի տղոց եւ աղջկանց թենիսի ախոյեանութեան մրցումները: Աղջկանց տիտղոսին տիրացաւ Աննա Մովսիսեան, իսկ 2-րդ հանդիսացաւ Նունէ Խաչատրեան: Զոյգի տիտղոսին տիրացաւ ... Շարն.
Ա. Թէ. Սէ. Էլ. – 2012 Տարեշրջանի Մրցանակաբաշխութիւն
PROFOTO Երեքշաբթի, 23 հոկտեմբեր 2012-ին, ընթրիքի յատուկ երեկոյով Ա. Թէ. Սէ. Էլ., Քասլիքի իր կեդրոնատեղիին մէջ կատարեց 2012 տարեշրջանի տարբեր տեսակի ախոյեանութիւններու եւ մրցաշարքերու մրցանակաբաշխութիւնը: Այս մրցանակաբաշխութեան ներկայ էին Ա. ... Շարն.
Լիբանանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնի Ժողով. Անորոշ Թուականով Մը Յետաձգուեցան Ա. Դասակարգի 4-րդ Եւ Բ. Դասակարգի 3-րդ Հանգրուանի Մրցումները
Իր գումարած վերջին ժողովին Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը անորոշ թուականով մը յետաձգեց Ա. դասակարգի 4-րդ եւ Բ. դասակարգի 3-րդ հանգրուանի մրցումները, որոնք սկզբունքով տեղի պիտի ունենային սկիզբը` նախորդ շաբաթավերջին եւ ապա` ... Շարն.
Արցախի Խումբը Կը Մասնակցի Մոսկուայի Մէջ Տեղի Ունենալիք Պատանի – Սամպօ – 2012-ի Մրցաշարքի Աւարտականին
Իր լուրը քաղելով Հայաստանի Սամպոյի ֆետերասիոնէն` PanArmenian.Net լրատուական կայքէջը կը յայտնէ, որ յառաջիկայ 26-28 հոկտեմբերին Մոսկուայի մէջ տեղի ունենալիք Պատանի-սամպօ-2012-ի միջազգային մրցաշարքին աւարտականին Հայաստանը պիտի ներկայացնէ Ստեփանակերտի Արցախ մարզական ակումբին ... Շարն.
Պասքեթպոլ. Անդրանիկ Ներկայացուց 2012-2013 Տարեշրջանի Տղոց Իր Խումբը
Իր հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ, Անդրանիկ ներկայացուց իր տղոց խումբը, որ պիտի մասնակցի Լիբանանի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2012-2013 տարեշրջանին: Խումբին մաս կազմող մարզիկներն են. Ֆուատ Իթանի, Ռեմոն Տաղեր, Ժատ Մուպարաք, Մարուան ... Շարն.
Ճատրակ. Յարութիւնեան` 15-րդ, Իսկ Պետրոսեան` 17-րդ
Armchess.am կայքէջը կը հաղորդէ, որ հայրենի երկու կրանտմասթըրներ Նակփուրի (Հնդկաստան) միջազգային մրցաշարքին արձանագրած են գոհացուցիչ արդիւնքներ: Առաւելագոյն 11 կէտէն 7,5 կէտ ապահովելով` Գէորգ Յարութիւնեան գրաւեց 15-րդ դիրքը: Նոյնքան կէտ ապահովելով` ... Շարն.

