Category: Մարզական
Հայրենի Վարպետներուն Մասնակցութիւնը` Տարբեր Մրցաշարքերու
Armchess.am ճատրակի յատուկ լրատուական կայքէջը կը հաղորդէ, որ հայրենի վարպետներ իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն տարբեր տեսակի ճատրակի մրցաշարքերու: Ողիմպիականի ախոյեան Գաբրիէլ Սարգսեան իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ 25-29 մայիսին Շիքակոյի մէջ ... Շարն.
Միհայլովիչ Նշանակուեցաւ Սերպիոյ Ֆութպոլի Ազգային Խումբի Մարզիչ
Եուկոսլաւիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի նախկին մարզիկ Սինիսա Միհայլովիչ նշանակուեցաւ Սերպիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի մարզիչ: 43 տարեկան Միհայլովիչ մարզիչ իր նշանակումէն անմիջապէս ետք յայտարարեց, որ եթէ չյաջողի իր կազմը հասցնել 2014-ի ... Շարն.
Փինկ Փոնկ. Լիբանանի Ա. Դասակարգի Խմբային Ախոյեանութիւն. Այսօր Տեղի Կ՛Ունենան Կիսաւարտականի Եւ Աւարտականի Մրցումները
Այսօր` չորեքշաբթի, 23 մայիսին, կ՛աւարտին Լիբանանի փինկ փոնկի տղոց եւ աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան մրցումները, երբ տեղի կ՛ունենան կիսաւարտականի եւ աւարտականի մրցումները: Մրցումները, որոնք տեղի կ՛ունենան Մոն լա Սալի մէջ ... Շարն.
Հայաստանի 19 Տարեկանէն Վար Ֆութպոլի Ազգային Հաւաքականը Մեկնեցաւ Իտալիա
Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքէջէն կը տեղեկանանք, որ երէկ Իտալիա մեկնեցաւ Հայաստանի 19 տարեկանէն վար ազգային հաւաքականը` իր մասնակցութիւնը բերելու համար Եւրոպայի 2012-ի ախոյեանութեան զտումի մրցումներուն: Իտալիոյ մէջ Հայաստան յաջորդաբար ... Շարն.
Կռփամարտ. Արթուր Քիրաճեան` Մինսքի Միջազգային Մրցաշարքի Տիտղոսակիր
PanARMENIAN.Net լրատուական կայքէջը կը հաղորդէ, որ Մինսքի մէջ (Պիելոռուսիա) տեղի ունեցած կռփամարտի միջազգային մրցաշարքին 11 երկիրներու կարգին եղած է նաեւ Հայաստան, որ իր մասնակցութիւնը բերած է հինգ մարզիկով: Այս մրցաշարքին ... Շարն.
Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր` ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – ՀՄԸՄ Պէյրութ
Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 3-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր` չորեքշաբթի, 23 մայիսին` ՀԲԸՄ-ի «Տեմիրճեան» կեդրոնին մէջ (Նաքքաշ) տեղի պիտի ունենայ ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ - ՀՄԸՄ Պէյրութ մրցումը: ... Շարն.
Թենիս. Նալպանտեան Բարձրացաւ 40-րդ Դիրք
Թենիսի միջազգային ֆետերասիոնին կողմէ այս շաբաթ հրապարակուած միջազգային նոր դասաւորման մէջ, արժանթինահայ Դաւիթ Նալպանտեան 2 դիրքի ոստում արձանագրելով այժմ կը գրաւէ 40-րդ դիրքը` 1005 կէտով: Առաջին դիրքին վրայ կը գտնուի ... Շարն.
Էն. Պի. Էյ. – Փլէյ-Օֆի Մրցումներ. Օքլահոմա Դուրս Ձգեց Լէյքըրզը
Էն. Պի. Էյ.ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան փլէյ-օֆի Բ. հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ Օքլահոմա Սիթի (Թանտըր) յաջորդաբար երկրորդ տարին ըլլալով ապահովեց Արեւմտեան շրջանի աւարտականին իր տոմսը, երբ 4-1 արդիւնքով յառաջացաւ Լոս ... Շարն.
Ֆուատ Ապու Շաքրա` Սաժեսի Նոր Մարզիչ
Երէկ` երեքշաբթի, 22 մայիսին, Սաժեսի ակումբին մէջ Ռիատի Պէյրութի մարզիչ Ֆուատ Ապու Շաքրա ստորագրեց Սաժեսի տոմարներուն վրայ` դառնալով ակումբին նոր մարզիչը: Սաժեսի նախագահ Էլի Մըշանթաֆ եւ Ապու Շաքրա տեղի ունեցած ... Շարն.
Ըստ Ֆրանս-Ֆութպոլի Տրոկպա Պիտի Լքէ Չելսին
Նախորդ շաբաթավերջին իր ակումբին` Չելսիի հետ «Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին տիրացած փղոսկրեայ ափունքցի յառաջապահ Տիտիէ Տրոկպա շատ հաւանաբար լքէ իր ակումբը, կը յայտնէ Ֆրանս- ֆութպոլ ֆրանսական մարզաթերթը: 34 տարեկան Տրոկպա, ... Շարն.
Թենիս. Մարկարիթա Գասպարեան Տիտղոսակիր` Մոսկուայի Մրցաշարքին
Ռուսահայ 17 տարեկան թենիսվումըն` Մարկարիթա Գասպարեան Մոսկուայի մէջ աւարտած թենիսի միջազգային աւարտականին 2-0 արդիւնքով յաղթելով Տարիա Կաւրիլովային, տիրացաւ տիտղոսին: Այս լուրը փոխանցեց «Արմենպրես» լրատու գործակալութիւնը` իր տեղեկութիւնը քաղելով Հայաստանի թենիսի ... Շարն.
Լիբանանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնի Ժողով
Իր գումարած շաբաթական հերթական ժողովին, Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը տեղեկացուց, որ երկուշաբթի, 21 մայիսին, Լիբանանի ֆութպոլի ազգային խումբը մեկնեցաւ Օման, ուր պիտի կատարէ բանակում մը մինչեւ յառաջիկայ հինգշաբթի, 31 մայիս` լաւապէս ... Շարն.
Հարկրէյվզ Պիտի Լքէ Մանչեսթըր Սիթին
Անգլիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի նախկին միջնապահ Օուըն Հարկրէյվզ պիտի լքէ իր ակումբը Մանչեսթըր Սիթին, երբ անոր ստորագրած մէկ տարուան պայմանագրութիւնը աւարտի: 31 տարեկան Օուըն, որ նախորդ օգոստոսին միացաւ Սիթիի` լքելով ... Շարն.
Սամպօ. Հայաստանի Մարզիկները Պիտի Փորձեն Թիւով Աւելի Շատ Ոսկի Մետալներու Տիրանալ
Հայաստանի Սամպոյի ֆետերասիոնի նախագահ Լեւոն Հայրապետեան, իր կողքին ունենալով հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Յովհաննէս Խոջոյեանը, տուաւ մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին անդրադարձաւ 2012-ին տեղի ունեցած սամպոյի մեծերու, երիտասարդներու եւ պատանիներու Եւրոպայի ... Շարն.
Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Պէյրութ – Ռըսոլ` 44-45
Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 2-րդ հանգրուանէն յետաձգուած մրցումի մը ընթացքին, երէկ ՀՄԸՄ Պէյրութի աղջիկները կրեցին իրենց երկրորդ յաջորդական պարտութիւնը Ռըսոլէն` 45-44 արդիւնքով: ՀԲԸՄ-ի «Տեմիրճեան» կեդրոնին մէջ (Նաքքաշ) տեղի ... Շարն.
Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Անիպալ Զահլէ` Լիբանանի Բաժակակիր
Երէկ` երկուշաբթի, 21 մայիսին, ՀԲԸՄ-ի «Տեմիրճեան» կեդրոնին մէջ (Նաքքաշ) տեղի ունեցաւ Լիբանանի տղոց պասքեթպոլի բաժակի մրցաշարքի աւարտական հանգրուանի մրցումը, որուն ընթացքին իրարու դէմ ճակատեցան Անիպալ Զահլէ եւ Հուփս: Իր պատմութեան ... Շարն.
Վարդան Մինասեան Հրապարակեց Հայաստանի Ազգային Հաւաքականին Կազմը
Երէկ` երկուշաբթի, 21 մայիսին, Հայաստանի ֆուպթոլի ազգային հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Վարդան Մինասեան հրապարակեց իր կազմը, որ 26 մայիսին պիտի սկսի ուսումնամարզական հաւաքի մը` պատրաստուելու համար յառաջիկայ 31 մայիսին Աւստրիոյ մէջ ... Շարն.
Ուու-Շու. Հայաստանի Մարզիկները Տիրացան Միջազգային Մրցաշարքին Մետալներուն Մեծամասնութեան
19-20 մայիսին Երեւանի Տինամօ մարզահամալիրին մէջ տեղի ունեցած ուու շու-սանտայի միջազգային մրցաշարքին մետալներուն մեծամասնութեան տիրացան Հայաստանի մարզիկները: Ինչպէս կը տեղեկացնէ «Արմենպրես» լրատու գործակալութիւնը, 18-էն բարձր տարիքային մրցումներուն առաջնութեան տիրացան Գարիկ ... Շարն.
Թրիաթլոն. Լիբանանցի Նասըր Եւ Անգլիացի Մորվուտ Առաջին Հանդիսացան
Կազմակերպութեամբ «Ինթըր Լեպանոն» ակումբին ու Պաթրունի քաղաքապետութեան, եւ հսկողութեամբ Լիբանանի Թրիաթլոնի ֆետերասիոնին, կիրակի, 20 մայիսին, Պաթրունի մէջ տեղի ունեցաւ Թրիաթլոնի մրցում մը` մասնակցութեամբ աւելի քան 400 երկսեռ վազողներու: Անոր ազդանշանը ... Շարն.
Հենրիխ Մխիթարեան` Շախտիոր Տոնեցքի 2011-2012 Տարեշրջանի Լաւագոյն Մարզիկը
PanARMENIAN.Net լրատուական կայքէջը կը հաղորդէ, որ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան իր ակումբին` Շախտիոր Տոնեցքի համակիրներուն կողմէ ընտրուած է 2011-2012 տարեշրջանի լաւագոյն մարզիկը` Ուքրանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան մրցումներուն իր ... Շարն.

