Category: Մարզական
ԹԵՆԻՍ. ՎԻՆԸՍ ՈՒԻԼԻԸՄԶԻ ՅԱՂԹԱԿԱՆ ՎԵՐԱԴԱՐՁԸ
Ամերիկացի թենիսվումըն Վինըս Ուիլիըմզ, որ վերջին անգամ թենիսի դաշտերուն վրայ տեսնուեցաւ նախորդ յունուարին, հինգ ամսուան բացակայութենէ մը ետք (վիրաւոր ըլլալուն պատճառով) յաղթական վերադարձ մը ունեցաւ, երբ Իսթպուրնի (Անգլիա) մրցաշարքին իր ... Շարն.
ՅԵՏՍԱՊԱՀ ՖԻԼ ՃՈՆԶ ՄԻԱՑԱՒ ՄԱՆՉԵՍԹԸՐ ԵՈՒՆԱՅԹԸՏԻ
Անգլիոյ ախոյեան Մանչեսթըր Եունայթըտի կողմէ հրապարակուած պաշտօնական հաղորդագրութեան մը մէջ նշուեցաւ, որ Պլեքպըրնի երիտասարդ յետսապահ Ֆիլ Ճոնզ միացաւ իրենց կազմին` հինգ տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրելէ ետք ակումբին տոմարներուն վրայ: Ըստ ... Շարն.
ԱԹԼԵԹԻԶՄ. ԿՐԵԹԹԱ ԹԱՍԼԱՔԵԱՆ 400 ՄԵԹՐ ՎԱԶՔԻ ՄՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒՆ ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ՆՈՐ ՄՐՑԱՆԻՇ ՄԸ ՀԱՍՏԱՏԵՑ
«Ինթըր Լեպանոն» ակումբին մաս կազմող Կրեթթա Թասլաքեան 400 մեթր վազքի մրցումներուն լիբանանեան նոր մրցանիշ մը հաստատեց, երբ Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցող վազքի մրցումներուն արձանագրեց 53" 99 արդիւնք մը: Նախկին մրցանիշը ... Շարն.
ԸՄԲՇԱՄԱՐՏ. ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԵՐԵՔ ՄԵՏԱԼՈՎ ՎԵՐԱԴԱՐՁԱՒ ԹԻՖԼԻՍԷՆ
10-12 յունիսին հայրենի ըմբիշները իրենց մասնակցութիւնը բերին Վրաստանի մայրաքաղաք Թիֆլիսի մէջ տեղի ունեցած յունա-հռոմէական եւ ազատ ոճի ըմբշամարտի կրան փրի միջազգային մրցաշարքին: Հայաստանի հաւաքականը Թիֆլիսէն վերադարձաւ իրեն հետ բերելով 3 ... Շարն.
ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ 16 ՏԱՐԵԿԱՆԷՆ ՎԱՐ ԿՐՏՍԵՐՆԵՐՈՒ ԱԶԳԱՅԻՆ ՀԱՒԱՔԱԿԱՆԻ ՈՒՍՈՒՄՆԱՄԱՐԶԱԿԱՆ ՀԱՒԱՔԸ` ՄԻՆՉԵՒ 17 ՅՈՒՆԻՍ
Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը կը յայտնէ, որ 12 յունիսին Հանքաւանի մէջ ուսումնամարզական հաւաքի մը սկսած Հայաստանի 16 տարեկանէն վար կրտսերներու ազգային հաւաքականը այդ հաւաքը պիտի շարունակէ մինչեւ 17 յունիս: Նշենք, որ ... Շարն.
ՓԻՆԿ ՓՈՆԿ. ՌՈՔ ՀԱՔԻՄ ՊԱՏՈՒԵՑ ԱՏԵԼ ՀԱՔԻՄԻ ԱՆՈՒԱՆ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՄՐՑԱՇԱՐՔԻՆ ՄԱՍՆԱԿՑԱԾ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ
Ինչպէս ծանօթ է, նախորդ շաբաթավերջին աւարտեցաւ Ատել Հաքիմի անուան փինկ փոնկի վեթերաններու միջազգային մրցաշարքը, որ տեղի ունեցաւ Մոն լա Սալի մէջ (Այն Սաատէ)` հովանաւորութեամբ Լիբանանի փինկ փոնկի ֆետերասիոնին: Այս առիթով ... Շարն.
ՃԱՏՐԱԿ. ՔԻՐՍԱՆ ԻԼԻՈՒՄԺԻՆՈՎ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՄՐՑԱՇԱՐՔ ՄԸ ՊԻՏԻ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊԷ ԼԻՊԻՈՅ ՄԷՋ
Նախորդ շաբաթավերջին Լիպիա ժամանեց ՖԻՏԷ-ի նախագահ Քիրսան Իլիումժինով` մայրաքաղաք Թրիփոլիի մէջ ճատրակի միջազգային մրցաշարք մը կազմակերպելու համար: Կը կարծուի, որ այդ մրցաշարքը տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ 1 հոկտեմբերին: ՖԻՏԷ-ի նախագահը ... Շարն.
ՍԹԻՒ ՄԱՔԼԱՐԸՆ ՆՇԱՆԱԿՈՒԵՑԱՒ ՆՈԹԻՆԿՀԱՄ ՖՈՐԵՍԹԻ ՄԱՐԶԻՉ
Անգլիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի նախկին մարզիչ Սթիւ Մաքլարըն երէկ նշանակուեցաւ Նոթինկհամ Ֆորեսթի մարզիչ` երեք տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրելով Ա. դասակարգին մաս կազմող խումբին հետ, որ նախորդ տարեշրջանի փլէյ-օֆի մրցումներուն (կիսաւարտական) ... Շարն.
ԷՆ. ՊԻ. ԷՅ.- ՏԱԼԱՍ ՄԱՎԸՐԻՔՍ ԱԽՈՅԵԱՆ` ԱՌԱՋԻՆ ԱՆԳԱՄ ԸԼԼԱԼՈՎ
Էն. Պի. Էյ.ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան աւարտական հանգրուանի վեցերորդ մրցումին, Տալաս Մավըրիքս 105-95 արդիւնքով պարտութեան մատնելէ ետք Մայեմի Հիթը եւ 4-2 արդիւնքով գերազանցելէ ետք զայն, հանդիսացաւ Էն. Պի. Էյ.ի ախոյեան` առաջին ... Շարն.
ԱՐԺԱՆԹԻՆԻ ՖՈՒԹՊՈԼԻ ԱԽՈՅԵԱՆՈՒԹԻՒՆ. ՎԵԼԵՍ ՍԱՐՍՖԻԼՏ ՀԱՆԴԻՍԱՑԱՒ ԱԽՈՅԵԱՆ
Արժանթինի ֆութպոլի ախոյեանութեան 18-րդ հանգրուանի մրցումներուն, պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Վելես Սարսֆիլտ 2-0 արդիւնքով յաղթական վերադառնալէ ետք Հուրաքանի դաշտէն, հանդիսացաւ երկրի ախոյեան` ութերորդ անգամ ըլլալով: 2-րդ դիրքին վրայ գտնուող Լանիւս ... Շարն.
«ՍԵՐՃԻՕ ԱԿՈՒԵՐՈՅԻ ՀԱՄԱՐ ՑԱՐԴ ԱՌԱՋԱՐԿ ՉԵՆՔ ՍՏԱՑԱԾ» Կ՛ԸՍԷ ԱԹԼԵԹԻՔՕ ՄԱՏՐԻՏ
Թէեւ արժանթինցի յառաջապահ Սերճիօ Ակուերօ նախորդ ամիս փափաք յայտնեց իր ակումբին, որպէսզի իր կնքած համաձայնագիրին վերջ մը դրուի, սակայն սպանական կազմը կը յայտնէ, թէ ցարդ ոչ մէկ ակումբէ առաջարկ ներկայացած ... Շարն.
ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՖՈՒԹՊՈԼԻ ԱԽՈՅԵԱՆՈՒԹԻՒՆ. ԳԱՆՁԱՍԱՐ ԳՐԱՒԵՑ ՊԱՐԱԳԼՈՒԽԻ ԴԻՐՔԸ
Հայաստանի ֆութպոլի ախոյեանութեան 12-րդ հանգրուանի մրցումներուն, որոնք տեղի ունեցան նախորդ շաբաթավերջին, պարագլուխի դիրքին վրայ տեղի ունեցաւ փոփոխութիւն` նկատի ունենալով, որ Ուլիս, 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրելէ ետք Արարատի հետ, նահանջեց ... Շարն.
ՓԻՆԿ ՓՈՆԿ. ԱՏԵԼ ՀԱՔԻՄԻ ԱՆՈՒԱՆ ՎԵԹԵՐԱՆՆԵՐՈՒ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՄՐՑԱՇԱՐՔԸ ԱՒԱՐՏԵՑԱՒ
Շաբաթ, 11 յունիսին, Մոն լա Սալի մէջ (Այն Սաատէ) աւարտեցաւ Ատել Հաքիմի անուան փինկ փոնկի վեթերաններու միջազգային մրցաշարքը, որ հովանաւորուած էր Լիբանանի փինկ փոնկի ֆետերասիոնին կողմէ: Մրցաշարքին վերջին օրը տեղի ... Շարն.
24 ՏԱՐԵԿԱՆ ԱՐՏԱԿ ՕՍԷԵԱՆ ԼՔԵՑ ՖՈՒԹՊՈԼԻՍՏԻ ԻՐ ԱՐՀԵՍՏԱՎԱՐԺ ԱՍՊԱՐԷԶԸ
Շիրակ Գիւմրիի մամլոյ ծառայութիւնը տեղեկացուց, որ ակումբին միջնապահներէն Արտակ Օսէեան առողջական խնդիրներու պատճառով ստիպողաբար լքած է ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը: Սակայն 24 տարեկան ֆութպոլիստը ակումբին պաշտօնական կայքէջէն յայտարարեց, որ մտադիր ... Շարն.
ԱՐԹՈՒՐ ԵՏԻԿԱՐԵԱՆ ՎԵՐԱԴԱՐՁԱՒ ՀԱՅԱՍՏԱՆ
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Արթուր Ետիկարեան նախանցեալ շաբաթ վերադառնալով Հայաստան պայմանագիր կնքեց Բանանց Երեւանի հետ: Ան այսպիսով մինչեւ 2011 տարուան աւարտը փոխ տրուեցաւ իր նոր կազմին, յայտնեց վերջինիս պաշտօնական ... Շարն.
2014-Ի ՄՈՆՏԻԱԼԻ ՎԻՃԱԿԱՁԳՈՒԹԵԱՆ. ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՇԱՏ ՀԱՒԱՆԱԲԱՐ ՄԱՍ ԿԱԶՄԷ 5-ՐԴ ԴԱՍԱԿԱՐԳԻ ԽՈՒՄԲԵՐՈՒՆ
Յառաջիկայ ամիս` յուլիսին, Պրազիլի մէջ տեղի ունենալիք 2014-ի Մոնտիալի վիճակաձգութեան, շատ հաւանաբար Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը Եւրոպայի գօտիին մէջ մաս կազմէ 5-րդ դասակարգին, մինչդեռ կը կարծուէր, որ մարզիչ Վարդան Մինասեանի ... Շարն.
ՌՈՒՍԻՈՅ ՖՈՒԹՊՈԼԻ ԱԽՈՅԵԱՆՈՒԹԻՒՆ. ՄՈՎՍԻՍԵԱՆ ՆՇԱՆԱԿԵՑ ՔՐԱՍՆՈՏԱՐԻ ԵՐԿՐՈՐԴ ԿՈԼԸ
Ռուսիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան բարձրագոյն դասակարգի 12-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Քրասնոտար 3-1 արդիւնքով յաղթական վերադարձաւ Ռոսթովի դաշտէն: Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին մաս կազմող միջազգային յառաջապահ Եուրա Մովսիսեան, որ Քրասնոտարի հետ դաշտ ներկայացաւ ... Շարն.
ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ ՄԱՍ ՊԻՏԻ ԿԱԶՄԷ ՄԻՔԱՅԻ
Շիրակ Գիւմրի ֆութպոլի ակումբին պաշտօնական կայքը հաղորդեց, որ երկկողմանի համաձայնութիւն մը գոյացնելէ ետք Յովհաննէս Գրիգորեանի հետ, կնքուած պայմանագիրը խզուեցաւ: Գրիգորեան, որ նախորդ ձմրան մաս կազմեց Շիրակի, ընտանեկան պատճառներով լքեց իր ... Շարն.
ՖՈՐՄԻՒԼԱ-1. ՊԱԹԸՆ ՏԻՐԱՑԱՒ ԱՆՁՐԵՒՈՏ ԵՒ ԱՐԿԱԾՆԵՐՈՎ ՀԱՐՈՒՍՏ ՔԱՆԱՏԱՅԻ ԿՐԱՆ ՓՐԻԻՆ
Երէկ տեղի ունեցաւ Ֆորմիւլա-1-ի 2011 տարեշրջանի 7-րդ կրան փրին` Քանատայի մէջ: Անձրեւոտ եւ բնականաբար արկածներով հարուստ այս կրան փրին աւարտեցաւ Մաքլարըն Մերսետեսի անգլիացի վարորդ Ենսըն Պաթընի յաղթանակով: Ան 70-րդ եւ ... Շարն.
ՁԻԱՐՇԱՒ. ՖՐԱՆՍԱ ՊԻՏԻ ՕԺԱՆԴԱԿԷ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ
Հայաստանի ձիարշաւի ֆետերասիոնի նախագահ Հայրապետ Հայրապետեան նախորդ շաբաթավերջին կատարած իր մէկ յայտարարութեան ընթացքին ըսաւ, որ Ֆրանսայի ձիարշաւի ֆետերասիոնը իր օժանդակութիւնը պիտի տրամադրէ, որպէսզի այս մարզաձեւը լաւապէս կիրարկուի եւ անիկա յառաջխաղացք ... Շարն.

