Category: Մարզական
Գերմանիա Իր Իրաւարարներուն Ծանօթացուց «Անհետացող Փրփուրը»
Շաբաթասկիզբին Գերմանիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնը պզտիկ հանդիպում մը ունենալով երկրին Ա. եւ Բ. դասակարգի իրաւարարներուն հետ, անոնց ծանօթացուց «անհետացող փրփուրը», որ առաջին անգամ ըլլալով գործադրուեցաւ 2014-ի Մոնտիալին եւ տուաւ շատ դրական ... Շարն.
Մանիալա Փորթոյէն Տեղափոխուեցաւ Մանչեսթըր Սիթի
Ֆրանսացի միջազգային յետսապահ Էլիաքուիմ Մանիալա իր ակումբը` Փորթոն լքելով տեղափոխուեցաւ Անգլիոյ ախոյեան Մանչեսթըր Սիթի: Ըստ անգլիական մամուլին, 23 տարեկան մարզիկին փոխանցումը` Սիթիի, կը գնահատուի շուրջ 54 միլիոն ամերիկեան տոլարով: Թէեւ ... Շարն.
Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր` Աղջկանց «Ֆայնըլ Ֆոր»-ի Մրցումները
Այսօր` երեքշաբթի, 12 օգոստոսին, կը սկսին Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Բ. դասակարգի ախոյեանութեան «ֆայնըլ-ֆոր»-ի մրցումները: Նշենք, որ երեք մրցումէ երկու յաղթանակ արձանագրող խումբը կ՛ապահովէ աւարտականի իր տոմսը: Օրուան առաջին մրցումը, որ ... Շարն.
Աթլեթիզմ. Լիբանանի Բաժակի Խմբային Մրցաշարք (3-րդ Եւ Վերջին Օր). Պչաքճեան Եւ Թասլաքեան Առաջին. Եագուպեան` Երկրորդ
Ինչպէս նախապէս հաղորդած էինք, կազմակերպութեամբ Լիբանանի աթլեթիզմի ֆետերասիոնին, նախորդ շաբաթավերջին երեք օրերու վրայ տեղի ունեցան Լիբանանի աթլեթիզմի բաժակի խմբային մրցաշարքը` մասնակցութեամբ բազմաթիւ երկսեռ մարզիկներու, որոնք կը ներկայացնէին տարբեր ակումբներ: Նախքան ... Շարն.
Ճատրակ. Միջազգային 41-Րդ Ողիմպիական. Հնդկաստան – Հայաստան` 2-2. Հայաստանի Աղջիկները` Յաղթական
Թրոմսոյի մէջ (Նորվեկիա) տեղի ունեցող ճատրակի 41-րդ միջազգային ողիմպիականի 8-րդ հանգրուանի հանդիպումներուն, Հայաստանի տղոց հաւաքականը 2-2 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց Հնդկաստանի հետ: Հայրենի չորս կրանտմասթըրներն ալ հաւասարութեամբ բաժնուեցան իրենց մրցակիցներէն: ... Շարն.
Փինկ Փոնկ. Ամառնային Բաժակի Մրցաշարք. Պըպպօ Եւ Սահակեան Տիրացան Տիտղոսին
Նախորդ շաբաթավերջին Մոն լա Սալի մէջ (Այն Սաատէ) աւարտեցաւ Լիբանանի փինկ փոնկի ամառնային մրցաշարքը, երբ տեղի ունեցան մեծ տղոց եւ աղջկանց մրցումները: Տղոց տիտղոսին տիրացաւ Ռաշիտ Պըպպօ (Ռիատի Պէյրութ), որ ... Շարն.
Ըմբշամարտ. Աշխարհի Երիտասարդական Ախոյեանութիւն. Ազատ Ոճի Հայ Ըմբիշները Ձեռնունայն Վերադարձան Զաղրեպէն
5-10 օգոստոսին, Խրուաթիոյ մայրաքաղաք Զաղրեպի մէջ տեղի ունեցաւ աշխարհի ըմբշամարտի երիտասարդական ախոյեանութիւն: Ազատ ոճի ըմբշամարտի մրցումներուն, հայ ըմբիշները ձեռնունայն վերադարձան Զաղրեպէն` ոչ իսկ մէկ մետալի տիրանալով: 66 քկ դասակարգին մէջ ... Շարն.
«Ա. Թէ. Սէ. Էլ.». Լիբանանի 37-րդ Միջազգային Ռելին` 28-31 Օգոստոսին
Պաշտօնական հաղորդագրութեան մը մէջ «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.» յայտարարեց, որ 28-31 օգոստոսին տեղի պիտի ունենայ Լիբանանի 37-րդ միջազգային ռելին, որ կ՛իյնայ Միջին Արեւելքի ռելիներու ախոյեանութեան ծիրին մէջ: Այս գծով յաւելեալ ... Շարն.
Եւրոպայի Գերբաժակի Մրցաշարք. Այսօր` Ռէալ Մատրիտ – Սեւիլլա Զուտ Սպանական Ճակատումը
Եւրոպայի ախոյեան Ռէալ Մատրիտ, որ նախորդ տարեշրջանին բարձրացուց «Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին տիտղոսը, այսօր պիտի մրցի «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի տիտղոսին տիրացած Սեւիլլայի դէմ` «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի գերբաժակի մրցաշարքին ... Շարն.
Լիբանանեան Ֆութպոլ. Մոհամետ Համմուտ Միացաւ Նըժմէի
Լիբանանի ախոյեան Նըժմէի հրապարակած պաշտօնական հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ Ախա Ահլի Ալէյի նախկին ֆութպոլիստ Մոհամետ Համմուտ (29 տարեկան) միացաւ իրենց կազմին: Ան ֆութպոլիստի իր ասպարէզը սկսաւ Սաժեսի հետ` 2001-ին, որուն ... Շարն.
Լեկիա Վարշաւա Սելթիքին Կը Թելադրէ Քաշուիլ «Չեմփիընզ Լիկ»-ի Ֆութպոլի Մրցաշարքէն
Տարիուսց Միոտունսքի Պաշտօնական յայտարարութիւն մը կատարելով Լեկիա Վարշաւայի (Լեհաստան) սեփականատէր Տարիուսց Միոտունսքի ըսաւ, որ իրենց թելադրանքը Սելթիքին այն է, որ խումբը պէտք է քաշուի «Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքէն` նկատի ունենալով, ... Շարն.
ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի Մարզիկները Մասնակցեցան Երէց Կարգի Սեւ Գօտիի Մրցաշարքին
Կազմակերպութեամբ Լիբանանի Թէյքուանտոյի ֆետերասիոնին, կիրակի, 10 օգոստոս 2014-ին տեղի ունեցաւ երէց կարգի սեւ գօտիի տարեկան ախոյեանութիւնը, տարբեր կշիռքներու դասակարգերու համար, Մոն Լա Սալի մէջ: ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի սեւ գօտի ունեցող մարզիկներ Նարեկ ... Շարն.
Հայկական Ֆութպոլ. Ալաշկերտ` Առաջին Դիրքին Վրայ
Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցան Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան 2-րդ հանգրուանի մրցումները: Ալաշկերտ, որ իր կատարած առաջին մրցումին յաղթանակ արձանագրած էր, 0-0 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրելէ ետք Միքայի հետ, գրաւեց ... Շարն.
Լիբանանի Պասքեթպոլի Տղոց Գ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն. Լուէյզի Զուք Մոսպեհ Հանդիսացաւ Ախոյեան
PROFOTO Նախորդ շաբաթավերջին Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Գ. դասակարգի ախոյեանութեան աւարտական հանգրուանի 2-րդ մրցումին, Լուէյզի Զուք Մոսպեհ 87-56 արդիւնքով (առաջինին անիկա 64-55 արդիւնքով յաղթած էր) պարտութեան մատնելէ ետք Էլիսարը (Սուր) եւ ... Շարն.
Աթլեթիզմ. Խմբային Ախոյեանութիւն. Թասլաքեան Եւ Պչաքճեան Հանդիսացան Առաջին. Թապաքեան` Երկրորդ
Կրեթթա Թասլաքեան ետեւի շարքը` կեդրոնը Կազմակերպութեամբ Լիբանանի աթլեթիզմի ֆետերասիոնին, նախորդ շաբաթավերջին երեք օրերու վրայ տեղի ունեցան Լիբանանի աթլեթիզմի խմբային ախոյեանութեան մրցումները` Ժամհուր վարժարանին մէջ, ներկայութեամբ Լիբանանի աթլեթիզմի ֆետերասիոնի նախագահ Ռոլան ... Շարն.
Ճատրակ. Միջազգային 41-րդ Ողիմպիական. Հունգարիա – Հայաստան` 2-2 Սարգսեան Կրեց Իր Առաջին Պարտութիւնը
Թրոմսոյի մէջ (Նորվեկիա) տեղի ունեցող ճատրակի 41-րդ միջազգային ողիմպիականի 7-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Հայաստան 2-2 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց Հունգարիոյ հետ: Լեւոն Արոնեան (2805), Սերկէյ Մովսիսեան (2672) եւ Վլատիմիր Յակոբեան (2655) ... Շարն.
Պիչ-Վոլիպոլ. Ապի Շատիտ – Քազզի Եւ Ապու Ժաուտէ – Քարամ Զոյգերը Հանդիսացան Լիբանանի Ախոյեան
PROFOTO Երէկ աւարտեցաւ Լիբանանի Պիչ-վոլիպոլի 2014-ի ախոյեանութիւնը, երբ տեղի ունեցան տղոց եւ աղջկանց աւարտական մրցումները: Տղոց ախոյեան հանդիսացաւ Էլի Ապի Շատիտ - Ճօ Քազզի զոյգը, որ աւարտականին 2-1 արդիւնքով յաղթեց ... Շարն.
Ֆութսալ. Լիբանանի Ախոյեանութիւն. Մայատին 12-0 Արդիւնքով Ծանր Պարտութեան Մատնեց Ռապիհը
Մայատինի նշանակած կոլերէն մէկը ԱՏՆԱՆ ՀԱԺ ԱԼԻ Լիբանանի ֆութսալի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, Մայատին բաւական տպաւորիչ յաղթանակ մը արձանագրեց` 12-0 արդիւնքով ծանր պարտութեան մատնելով Ռապիհը: Յաղթական ... Շարն.
Մարատոնայի Սխրագործութիւններէն
Իր լուրը քաղելով «Մեթրօ» կայքէն` ArmSport.am հայկական լրատուական կայքը կը հաղորդէ, որ արժանթինցի ֆութպոլի նախկին աստղերէն Տիեկօ Մարատոնա դարձեալ իր վրայ կեդրոնացուցած է լուսարձակները, երբ իր ինքնաշարժէն դուրս ելլելով, յարձակած ... Շարն.
«Քոմիւնիթի Շիլտ». Արսենալ Տիրացաւ Տիտղոսին` 3-0 Արդիւնքով Պարտութեան Մատնելէ Ետք Ախոյեան Մանչեսթըր Սիթին
Երէկ յետմիջօրէին «Ուեմպլի»-ի մարզադաշտին վրայ` ներկայութեամբ աւելի քան 71 հազար հանդիսատեսներու, տեղի ունեցաւ Անգլիոյ նոր տարեշրջանին` «Քոմիւնիթի Շիլտ»-ի մրցումը, որուն ընթացքին իրարու դէմ ճակատեցան Անգլիոյ ախոյեան Մանչեսթըր Սիթին եւ բաժակակիր ... Շարն.

